ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐՆԵՐԸ. Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅՈՒՇԷ ԵՐԿԻՆՔԸ… Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ՕՐՕՐԸ, ԳԱԹԱՆԱԽՇԸ…

Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հանրահռչակման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն շրջանակէն ներս կարեւոր ու յատկանշական քայլ մը կատարուեցաւ։ 

Գործադիրին որոշմամբ, Հայաստանի պետական մշակութային արժէքներու պաշտօնական ցանկը համալրուեցաւ 12 նոր տարրերով՝ մեր մշակոյթի բազմազանութիւնն ու կենսունակութիւնը վերստին արժեւորելու նպատակով։ Այս վերջին յաւելումով, ցանկին մէջ ընդգրկուած արժէքներուն ընդհանուր թիւը արդէն հասաւ 80-ի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնատիպութեան, պատմական յիշողութեան եւ ազգային դիմագիծի կարեւորագոյն արտայայտութիւնն է։ Անոնց պահպանումն ու սերունդներու միջեւ շարունակականութեան ապահովումը առանցքային դեր ունին միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացման գործին մէջ։ Այս նոր արժէքներու շարքին կը գտնուին ինքնատիպ դրսեւորումներ. ինչպէս՝ լուսատուներու հետ կապուած եղանակի կանխատեսման ժողովրդական գիտելիքները, Շիրակի մարզի օրօրոցային երգերը, գաթանախշի պատրաստման աւանդոյթը, խաբ ու խազի (կաթփոխի) սովորութիւնը, դհոլի ու գոսի պատրաստման արուեստը, «Որսորդներ ու բադեր» գնդակախաղն ու «Թաք ծաղկեցաւ» երգը։ Ցանկին մէջ տեղ գտած են նաեւ Գաւառի թաղման ծիսական փոխօգնութեան ձեւերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խոհանոցի ու խաղերու եզակի նմոյշներ՝ Մարտունիի կանեփով կոլոլակը (քիւֆթան), Սեւանի ձուկով լիցքը (տոլման), Վարդենիսի չորթանի լիցքը եւ Ճամբարակի «Չիլինկի փետ» աւանդական խաղը։ Ստորեւ կ՚անդրադառնանք այս ուշագրաւ նորեկներէն քանի մը հատին։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԵՐԿԻՆՔԸ. ԵՂԱՆԱԿԻ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀՆԱՐՔՆԵՐԸ ՀԱՅՈՑ ՄԷՋ

Արեւին, լուսնին ու աստղերուն նայելով՝ հայ գիւղացին դարեր շարունակ կրցած է կանխատեսել օդի փոփոխութիւնները։ Ազգագրական ուշագրաւ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս այս աւանդական գիտելիքը կը շարունակէ ապրիլ մեր օրերուն, հակառակ արդի արհեստագիտութեան գոյութեան։ Դարեր շարունակ, երկրագործութեամբ, այգեգործութեամբ եւ անասնապահութեամբ զբաղող հայ մարդուն համար եղանակի կանխատեսումը պարզ հետաքրքրութիւն մը չէր, այլ կենսական անհրաժեշտութիւն։ Մինչեւ արդիական օդերեւութաբանական սարքերու յայտնուիլը, հայ գիւղացիին միակ «օդերեւութաբանական կայանը» բաց երկինքն էր։

Ազգագիր Ասպրամ Ազարեանի կատարած վերջին հետազօտութիւնները, որոնք հիմնուած են դաշտային ուսումնասիրութիւններու վրայ (յատկապէս Հայաստանի Լոռիի եւ Տաւուշի շրջաններուն մէջ), լոյս կը սփռեն երկնային լուսատուներու միջոցով եղանակը գուշակելու ժողովրդական հնարքներուն վրայ։ 

Այս գիտելիքը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ Անանիա Շիրակացի, այսօր կորուստի վտանգի տակ է, սակայն, տարեցներու մօտ տակաւին անվերապահ վստահութիւն կը վայելէ։

Հայ գիւղացին եղանակի մասին առաջին հերթին կը տեղեկանար արեւուն վարքէն։ Օրինակ՝ եթէ արշալոյսին երկինքը կարմիր կամ վառ կարմիր երանգ ստանար, ատիկա անձրեւի կամ փոթորկալից օդի նշան էր։ Լոռեցիները մինչեւ այսօր ալ հովոտ օդ կը սպասեն, երբ առտուան երկինքը մուգ կապոյտ կամ կարմրած կ՚ըլլայ։ Իսկ եթէ արեւը «կծէ», մէկ ամպէն միւսը մտնէ, Վայոց Ձորի մէջ գիտեն, որ անձրեւը մօտ է։ Ընդհակառակը, մայրամուտի ոսկեգոյն կամ նարնջագոյն երանգները միշտ ալ բարենպաստ ու արեւոտ օրուան աւետաբերն էին։ Ձմրան մայրամուտին արեւուն դեղնաւուն տեսքը պարզ ու ցուրտ օրերու նախանշան էր։

Ժողովրդական պատկերացումներուն մէջ ամենէն ազդեցիկ դերը ունեցած է լուսինը։ Հայերը աւանդաբար աւելի շատ կը վստահէին լուսնային օրացոյցին, քան եղանակային օրացոյցին, որովհետեւ համոզուած էին, որ լուսնի փուլերը ուղղակիօրէն կ՚ազդեն բնութեան վրայ։ Տարեցները յատուկ ձեւեր ունէին լուսնի տարիքը հաշուելու (օգտագործելով տարուան վերադիր թիւը)։ 

Ըստ ժողովրդական հաւատալիքի՝ նորալուսնի առաջին օրը լուսինը «մանուկը կը լողցնէ», այսինքն՝ գրեթէ միշտ անձրեւ կու գայ։ Նոյնպիսի օդային փոփոխութիւններու կը սպասուին լուսնի 5, 15 կամ 25 օրուան ընթացքին։ Ամենէն հետաքրքրական հնարքը, որ մինչեւ այսօր կը յիշուի Տաւուշի (օրինակ՝ Կոթի գիւղին) մէջ, լուսնի մահիկէն երեւակայական դոյլ կախելն է։ Եթէ մահիկի դիրքը այնպէս է, որ կարելի է անկէ «դոյլ կախել» եւ այն վար չ՚իյնար, ուրեմն ամիսը կամ տարին չորային պիտի ըլլայ։ Եթէ դոյլը «վար կը գլորի» (այսինքն մահիկի ծայրը դէպի վար է), օդը անձրեւային եւ խոնաւ պիտի ըլլայ։

Եթէ արեւուն եւ լուսնին հետեւելու սովորութիւնը դեռ կ՚ապրի, ապա աստղերու միջոցով եղանակը գուշակելու արուեստը գրեթէ մոռացութեան մատնուած է։ Հնագոյն պատառիկներէն գիտենք, որ Մուսա լերան հայերը կը հաւատային, թէ երբ գիշերը աստղերը մանուկի աչքերու պէս արագ-արագ թարթեն, հիւսիսէն պաղ քամի պիտի փչէ։ Իսկ Լոռիի Շնող գիւղին մէջ գիտէին, որ երբ գիշերը աստղերը արտակարգ փայլուն ու վառ ըլլան, յաջորդ օրը թէեւ արեւոտ, բայց գիշերը սաստիկ սառնամանիք պիտի ընէ։

Այսօր, երբ բջիջային հեռախօսները վայրկեանը վայրկեանին կը յայտնեն օդի տեսութիւնը, մեր գիւղերու մեծահասակները տակաւին յաճախ աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնեն։ Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայերուն մեծամասնութիւնը այս նախնական գուշակութիւններուն մէջ կը տեսնէ ո՛չ թէ սնահաւատութիւն, այլ իւրայատուկ «գիտական հիմք»՝ ձեւաւորուած հազարամեակներու փորձառութեան եւ բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելու հանճարին շնորհիւ։

Ահա, ասիկա նկատի առնելով՝ լուսատուներու միջոցով եղանակը գուշակելու հնարքը ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պաշտօնական ցանկին մէջ, որպէսզի դարերու խորքէն եկող ու սերունդներու կենսափորձով բիւրեղացած այս ժողովրդական գիտելիքը չկորսուի արդի աշխարհի համահարթեցնող յորձանուտին մէջ: 

ՇԻՐԱԿԵԱՆ ՕՐՕՐՈՑԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԴՐՈՇՄԸ

Հայերու ոչ-նիւթական արժէքներու շարքին մէջ ներառուած են նաեւ Շիրակի շրջանի օրօրոցային երգերը․ անոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ պատմամշակութային եւ երաժշտական այնպիսի առանձնայատկութիւններու վրայ, որոնք այս տարածաշրջանի ժառանգութիւնը կը դարձնեն բացառիկ։ Շիրակեան օրօրներուն ամենամեծ ուշագրաւ կողմը այն է, որ անոնք ծառայած են իբրեւ պատմական Հայաստանի երգային յիշողութեան իւրայատուկ շտեմարան։ Գաղթականութեան ճամբով Շիրակ հասած է Վանի, Մուշի, Պայազիտի, Ալաշկերտի, Կարինի եւ Կարսի աւանդական երգաստեղծութեան պատառիկները, որոնք տեղական միջավայրին մէջ չեն կորսուած, այլ ձուլուելով ու վերստեղծուելով՝ ստացած են յատուկ տեղային դրոշմ։

Այս օրօրները օժտուած են բովանդակային եւ թեմաթիք մեծ հարստութեամբ։ Քնամուտի եւ մանկախնամ սովորական խօսքերու կողքին, հոն խորապէս արմատացած են հայրենասիրական ու արթնացման տարրերը, որոնց միջոցով մայրը օրօրի ընդմէջէն մանկան հոգիին մէջ կը սերմանէ ազգային իղձեր։ Յաճախ երգերուն մէջ կը թափանցեն նաեւ ողբական ու պանդխտութեան շեշտեր, ուր կ՚արտացոլւին մօր անձնական ցաւը, կեանքի դժուարութիւններն ու հեռաւոր սիրելիներու կարօտը։

Կառուցուածքային գետնի վրայ շիրակեան օրօրոցայինները կը հանդիսանան երկու հիմնական ձեւաչափերու խտացում։ Մէկ կողմէ կը հանդիպինք աւանդական կայուն երգերու, որոնք ունին ժամանակի ընթացքին բիւրեղացած յստակ մեղեդային կառուցուածք եւ կրկներգներ։ Միւս կողմէ՝ լայն տեղ տրուած է յանպատրաստից, յանկարծաբանական օրօրներուն, որոնք կը ստեղծուին անմիջապէս կատարման պահուն։ Այս պարագային մօր ազատ շարադրանքին մէջ կը միախառնուին դիպուածային արտայայտութիւններն ու ընթացքին ծնող ձայնարկութիւնները։

Ասկէ զատ, Շիրակի աւանդական երաժշտութեան համատեքստին մէջ օրօրոցայինը սերտօրէն շաղկապուած է տեղւոյն աշուղական արուեստին հետ։ Աշուղները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են այս ժանրին՝ անոր մէջ դնելով խրատափիլիսոփայական ու վիպական գաղափարներ։ Ի տարբերութիւն գրական կամ հեղինակային գործերուն, բանաւոր աւանդութեան մէջ ապրող այս օրօրները ենթակայ են անդադար փոփոխութեան եւ յարմարեցման, ինչ որ կ՚ապահովէ անոնց կենդանի կենսունակութիւնն ու գոյատեւումը մինչեւ մեր օրերը։

ԳԱԹԱՆԱԽՇԸ 

Հայկական աւանդական սեղանի թագուհին՝ գաթան, ծիսական ուտեստ մըն է, որուն կլոր ձեւը կը կապուի արեւի հնագոյն պաշտամունքին հետ։ Այս սրբազան հացին երեսը դրոշմող գործիքը՝ գաթանախշիչը կամ գաթանախշիկը, դարեր շարունակ եղած է հայ օճախներու ամենայարգի առարկաներէն մէկը, իսկ այսօր անոր պատրաստման եւ կիրառման աւանդոյթը արդէն ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկին մէջ։ Գաթանախշիչը օգտագործուած է հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Անոնք կը պատրաստուէին զանազան նիւթերէ՝ փայտէ, թրծկաւէ կամ քարէ։ Ըստ ձեւի եւս բազմազան են. կը հանդիպին գրտնակաձեւ, սանտրաձեւ, զուգահեռանիստ եւ սկաւառակաձեւ տեսակներ, որոնցմէ վերջինը ամենատարածուածն է՝ դարձեալ արեւուն կլորութիւնը կրկնելու խորհուրդով։ Այս իւրօրինակ գործիքներուն հարուստ հաւաքածուն այսօր կը պահուի Հայաստանի Փայտարուեստի թանգարանին մէջ, ուր հին նմոյշները յատուկ տեղ կը գրաւեն։

Թանգարանի հին մշակոյթի բաժնին մէջ ցուցադրուած գաթանախշիչներէն մէկը ունի խաչաձեւ նախշ, պատրաստուած է 18-րդ դարուն եւ բերուած է Վանէն։ Այս նմոյշը ճարտարապետական յստակ սկզբունքներով քանդակուած է եւ բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ, որովհետեւ ունի երկերես փորագրութիւն։ 

Մէկ այլ գաթանախշիչ ունի յուզիչ պատմութիւն մը եւ նուիրատուութիւն է Իսպենչեան գերդաստանի ժառանգորդուհիէն։ Այս ընտանիքին անդամները, Կեսարիայէն գաղթելով, ի վերջոյ հաստատուած են Գանատա։ Օտարութեան մէջ տեղափոխուող ընտանիքը, իբրեւ տունէն մնացած սրբազան մասունք, իր հետ տարած է նաեւ ընտանեկան գաթանախշիչը։ Տարիներ անց, գերդաստանի ժառանգորդուհին վերադարձած է Հայաստան, այցելած Փայտարուեստի թանգարան եւ այս պատմական առարկան նուիրաբերած հայրենիքին։

Փայտէ գործիքներու կողքին, թանգարանին մէջ իր ուրոյն տեղն ունի նաեւ 19-րդ դարու կաւէ պատրաստուած գաթանախշիչը, որուն կեդրոնը կը գտնուի վեցաթերթ վարդեակ մը՝ երիզուած խորունկ ակօսային նախշով եւ գլանաձեւ բռնակով։ Ընդհանրապէս, գաթանախշիչներուն զարդաձեւերը հիմնականօրէն երկրաչափական ու բուսական են։ Այսօր ալ ժամանակակից գաթանախշիչները մշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն հայկական կիրառական արուեստին մէջ։ Հայաստանի Փայտարուեստի թանգարանը մեծապէս կը նպաստէ անոնց հանրահռչակման՝ ներկայացնելով նոր վարպետներու գործերը, որոնք կը ստեղծուին բացառապէս աւանդական հայկական զարդանախշերու եւ ձեւերու հաւատարմութեամբ, որպէսզի հայկական գաթան միշտ պահէ իր դարաւոր տեսքն ու խորհուրդը։

ԽԱԲ ՈՒ ԽԱԶ․ ԿԱԹՓՈԽ

Հայկական լեռնաշխարհի աւանդական կենցաղին մէջ անասնապահութիւնն ու կաթնային տնտեսութիւնը միշտ եղած են գոյատեւման եւ տնտեսական կայունութեան հիմնասիւները։ Սակայն, փոքր եւ միջին գիւղացիական տնտեսութիւնները յաճախ կը բախէին լուրջ մարտահրաւէրի մը. ընտանի կենդանիներէն օրական ստացուող կաթի քանակը բաւարար չէր մեծ քանակութեամբ պանիր, իւղ կամ կարագ պատրաստելու եւ ձմեռուան հարուստ պաշար կուտակելու համար։ Այս խնդրին դիմագրաւելու նպատակով, հայ կանայք դարեր շարունակ կիրառած են ինքնատիպ, կազմակերպուած եւ արդարացի համակարգ մը, որ ծանօթ է «Խաբ ու խազ» կամ «Կաթփոխ» անունով։ 

Այս սովորոյթը գիւղական համայնքի ընտանիքներու միջեւ կաթի փոխադարձ, հերթականութեամբ կատարուող փոխանակութեան իւրայատուկ ձեւ մըն է, որուն էութիւնն այն է, որ քանի մը դրացիներ կամ ազգականներ կը միաւորեն իրենց կովերու կամ ոչխարներու օրական կաթի արդիւնքը եւ զայն ամբողջութեամբ կը յանձնեն խումբի մասնակիցներէն մէկուն։

Այդ օրը տուեալ տանտիկինը կը ստանայ մեծ քանակութեամբ կաթ, ինչ որ թոյլ կու տայ անցնիլ կաթնամթերքի լայնածաւալ վերամշակման՝ հարել խնոցի, պատրաստել մեծ գլուխներով պանիր կամ հալեցնել կարագ։ Յաջորդ օրերուն հերթը յաջորդաբար կ՚անցնի խումբի միւս անդամներուն, մինչեւ որ շրջանը աւարտի եւ բոլորը ապահովուած ըլլան իրենց ձմեռնային պաշարով։

Այս իմաստուն սովորութեան անուանումը ուղղակիօրէն կը նկարագրէ գործընթացին արհեստագիտական ու կազմակերպչական կողմը։ Խաբը (կամ ղաբը) կը նշանակէ տարողութիւն, կաթի չափման կամ տեղափոխման յատուկ աման, քանի որ ամէն ընտանիք իր կաթը կը բերէր չափուած «ղաբերով»՝ յստակեցնելու համար, թէ ով որքան ներդրում ունի ընդհանուր գործին մէջ։ Իսկ խազը կը նշանակէ գիծ, նշան կամ փայտիկի վրայ արուող կտրուածք։ Քանի որ անցեալին գիւղական կիներուն մեծ մասը գրաճանաչ չէր, հաշուառումը կը կատարուէր «խազերու» միջոցով։ Յատուկ փայտիկի՝ սարքի վրայ իւրաքանչիւն ընտանիքի համար խազեր կը քաշուէին՝ նշելով տրուած կաթի քանակն ու հերթը, ինչ որ կատարելապէս կը բացառէր որեւէ անարդարութիւն կամ սխալմունք։

«Խաբ ու խազը» պարզապէս տնտեսական գործարք մը չէր, այլ ունէր խորունկ ընկերային ու մշակութային արժէք, որ հիմնուած էր բացառապէս փոխադարձ վստահութեան, համերաշխութեան եւ դրացիական կապերու ամրապնդման վրայ։ Միաժամանակ, անիկա պաշարներու արդիւնաւէտ կառավարման փայլուն օրինակ էր, քանի որ փոքր քանակով կաթը ամէն օր զատ մշակելը կը պահանջէր հսկայական ժամանակ, վառելափայտ եւ կենսուժ, իսկ կաթի միաւորումը մեծապէս կը խնայէր կանանց տնտեսական միջոցները։ Ամենակարեւորը՝ այս համակարգը ամբողջութեամբ կը ղեկավարուէր ու կը վերահսկուէր կիներուն կողմէ՝ փաստելով աւանդական հասարակութեան մէջ հայ կնոջ բարձր կազմակերպուածութիւնը, թուաբանական ու տնտեսագիտական ճկուն մտածողութիւնը։

Այսօր «Խաբ ու խազը» կամ «Կաթփոխը» կը դիտարկուի իբրեւ Հայաստանի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան բացառիկ արժէք։ Հակառակ ժամանակակից արհեստագիտութեան եւ կաթի ընդունման արդիական կեդրոններու գոյութեան, Հայաստանի որոշ բարձրլեռնային գիւղերու մէջ այս սովորութիւնը կամ անոր ձեւափոխուած տարբերակները տակաւին կը կիրառուին՝ ապահովելով բնապահպանական մաքուր, տնական մթերքի ստացումը եւ վառ պահելով նախնիներու դարաւոր փորձառութիւնը։

Այս չորս յատկանշական արժէքները՝ երկնային լուսատուներու դիտարկումը, Շիրակի մեղեդային օրօրները, գաթանախշիչի սրբազան դրոշմն ու «խաբ ու խազ»ի կանացի տնտեսագիտութիւնը, առաջին հայեացքով կրնան թուիլ իրարմէ անջատ կենցաղային պատառիկներ։ Սակայն, խորքին մէջ, անոնք կը կազմեն հայուն աւանդական կեանքի ներդաշնակ ու ամբողջական շղթան, ուր բնութիւնը, արուեստը, հոգեկանութիւնն ու համայնքային կազմակերպուածութիւնը միահիւսուած են։

Այս բոլորը միայն անցեալի յուշեր չեն, այլ հայ տեսակի գոյատեւման, ճկունութեան եւ բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելու կենդանի վկայութիւնները, որոնք արդի աշխարհի արհեստագիտական թռիչքներուն կողքին կորուստի եւ մոռացութեան վտանգի տակ կը գտնուէին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026