«ՃԻՒՐԻ ՏԻՅՈՒԹԻ»

Մեր ապրած այս երկրի օրինաւոր բոլոր հպատակներուն համար, գոնէ 5-6 տարին անգամ մը, դատարաններէն ներս «երդուեալներու» խումբի անդամ դառնալը իրենց քաղաքացիական պարտականութեան մաս կը կազմէ: Այլ խօսքով՝ «Ճիւրի Տիյութի»ի:

Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք հնչեցէ՛ք, կամ որակեցէ՛ք: Ու իբրեւ ազնիւ ծառայութիւն՝ պարտաւոր ես դատարան ներկայանալ եւ մաս կազմել «ճիւրի»ներու ցանկին: Պէտք է նաեւ ըսել որ, շատերու համար այս հրաւէրը մեծ «լրջութեամբ» կը դիմաւորուի: Նոյնիսկ՝ սիրայօժար: Մարդիկ, իրենք զիրենք տեսակ մը հպարտ եւ յարգուած կը զգան, իսկ ուրիշներու համար ճիշդ հակառակը՝ կը մերժեն: Չեն ուզեր մասնակից դառնալ: Կը փորձեն հազար տեսակ ելքեր, միջոցներ, սուտեր կամ կ՚ուզեն խուսափիլ այս «պարտադրանքէն»: 

Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ. -խօսքը մեր մէջ- իմ կարգիս, անձնապէս ե՛ս ալ կը պատկանիմ այս երկրորդ խումբին: Արդարանամ: Տարիներ առաջ էր, երբ այս իսկ պատճառով, քիչ մը չափէն աւելի «չարչարուեցայ», նոյնիսկ՝ «տանջուեցայ»: Տակաւին կը յիշեմ, ճիշդ քսան երկար օրեր, եւ ամէն առաւօտ, դպրոցական աշակերտի նման, մեր խճողուած քաղաքամէջը պէտք էր երթայի ու մեր «ճիւրի»ի խմբակի անդամներուն հետ, չորս-հինգ ժամեր վատնէի, անխօս եւ լուռ մտիկ ընէի տեղի ունեցած երկար-բարակ, իրաւ-սուտ պատճառաբանութիւններուն, զրպարտութիւններուն, փաստաբանական «ճարպիկ» խաղերուն, ըսի-ըսաւներուն, ձանձրանալի ամէն տեսակի խօսակցութեան, զանազան յոգնեցուցիչ եւ երկար վկայութիւններուն ու փաստերուն. ապա առանց արդիւնքի մը հասնելու, տուն վերադառնայի, յաջորդ օր կրկին ներկայ գտնուելու եւ շարունակելու՝ «արդարութիւն» որոնող եւ ճշդող ժամանակաւոր պաշտօնիս: Այսպէս քսան օր: Ժամանակի կորուստ: Անոր համար, անկէ ետք, երբ ամէն անգամ նամակատան միջոցով «ճիւրի»ի անդամ դառնալու հրաւէրը ստանայի, անպայման ձեւով մը կը փորձէի խուսափիլ՝ ինքզինքս «ճարպիկ»ներու շարքին դասողի մը յաւակնութեամբ: Ու երբեմն կը յաջողէի: «Սուտ կայ, կախաղան կը հանէ… սուտ ալ կայ կախաղանէն վար կ՚իջեցնէ»: Ճիշդ է: Արդէն սուտերովս ու շինծու պատճառաբանութիւններովս՝ որոշ «փորձառութիւն» ձեռք ձգած էի:

Սակայն՝ այս վերջինին չկարողացայ: Նախկին «մեթոտ»ներս ապարդիւն դարձան: Ձախողեցայ: «Բժշկական ժամադրութիւններ, աչքերու տկարութիւն, հիւանդագին վիճակ, սրտի հարց, փոխադրակառքի չգոյութիւն», եւ նման «արուեստական», շինծու ու սուտ զանազան պատճառաբանութիւններէս՝ ոչ մէկ օգուտ: Չկարողացայ դատարանը համոզել:

Իսկ վերջին, երբ հեռաձայնով դատարանէն ալ չեմ գիտեր ինչո՞ւ ներկայութիւնս խստօրէն պարտադրեցին, նոյնիսկ՝ սաստեցին. ստիպուած տեղի տուի եւ հնազանդեցայ: Ուրիշ ճար չունէի: «Հապը կլլեցինք», ինչպէս որ կ՚ըսեն. պէտք էր անպայման ներկայանայի եւ մաս կազմէի այդ «արդարութիւն» որոնող եւ ճշդող 12 հոգինոց խմբակին: Չերկարեմ:

Ու այսպէս, երկուշաբթի առաւօտ մը, դաս-դպրոց չսիրող ծոյլ աշակերտի նման, ներկայացայ քաղաքամէջի Կեդրոնական մեծ դատարանի շէնքին ճշդուած սրահը, ուր մարդկային խառնարանի փոքր նմոյշը կը ներկայացնէր: Ինծի համար նորութիւն չէր այս տեսարանը: Ապա, ճշդուած ժամուն, սրահի պատասխանատու քարտուղարուհին, մէկ առ մէկ բոլորիս անուն եւ հասցէն բարձրաձայն ստուգելէ ետք, մեզ խումբերու բաժնեց ու իւրաքնաչիւր խումբ տարբեր դատասրահ մը ղրկեց: Վերջին, քսան հոգինոց խումբին մէջ զիս ալ տեղաւորած էր:

Լուռ, խումբիս հետ մտայ ճշդուած դատասրահը ու գրաւեցի ինծի համար նշանակուած աթոռը ու բոլորին նման, հնազանդ, սպասեցի գալիք հրահանգներուն, մտքիս ծայրէն այս «փորձանքէն» զիս փրկող «պզտիկ» աղօթք մըն ալ փսփսալով:

Յանկարծ անդրադարձայ, որ ես ինծի եւ ակամայ սկսած էի քննադատել: Իրապէս որ այդ տարիքիս ինծի վայել չէր նման վիճակ: Ամօթ էր: Եղածը ի՞նչ է որ… մեծ մարդ մըն էի, լեզուս բերանս… իբրեւ քաղաքացի, կանչուած էի «արդարութիւն» փնտռելու, ճշդելու եւ անարդարը պատժելու: Ու յանկարծ այս մտածկոտ մթնոլորտիս մէջ, լսեցի մօտս նստողին ձայնը: Չինացի մըն էր, որ յարգանքով զիս բարեւելէ ետք, հազիւ լսելի ձայնով իր անունը տուաւ եւ իմս հարցուց: Ըսի: Բայց այսքանով չգոհանալով, ան շարունակեց, ըսելով. թէ ինք՝ «Ծայրագոյն Արեւելքէն էր…, ունէր կին եւ երեք գաւակ… այս երկիրը եկած էր շատ կանուխ տարիքէն…»: Ահա քեզի պատմութիւն: Խօսակցութեան ձեւ:

Ծօ՛, որո՞ւ հոգը… դուն ո՞վ ես: Ես ի՜նչ տագնապի մէջ եմ… իսկ դո՛ւն… նման բաներ մտիկ ընելու ատե՞նն էր… մեղա՜յ, այս ի՜նչ տեսակ մարդիկ են եղեր չինչինները…, ես ի՛մ մտահոգ աշխարհս ունէի… հասկցիր…

Սակայն, անկեղծօրէն, եւ դուրս գալու համար ներկայ այդ անօրինակ վիճակէս, ինքզինքիս պարտադրեցի պատասխանել: Քաղաքախարութիւնը ա՛յդ կը պահանջէր.

-Ես ալ Արեւելքէն եմ.- ըսի ու պզտիկ ժպիտ մը գծելով դէմքիս, աւելցուցի.- ունիմ վեց զաւակ եւ երեք կին…

Այսչափ: Մարդը ապշեցաւ: Պահ մը սառած մնաց: Հազիւ տեսանելի իր աչքերուն բիբերովը, նախ վերէն վար զիս չափեց, եւ նոյնքան ալ զարմանքով, արագ մը գլուխը աջ-ձախ շարժելով ու երեսը մեծ զարմանք մը գծելով, կռնակը ինծի դարձուց, քիթին տակէն բաներ մը փսփսալով: Բացայայտ էր, որ ներքնապէս նեղուած էր ու հետս խօսիլը՝ աւելորդ:

Է՜հ, ի՞նչ ընեմ, ձեռքս չէ…, ամէն առիթով, կը սիրեմ մթնոլորտ ստեղծել… ուրախ ձեւանալ, քիչ մը կատակ խառնել խօսակցութեանս մէջ… դիմացինս փոխել… չէ՞ որ «կեանքը կարճ է»:

Յանկարծ, դատաւորին ձայնը լռեցուց սրահը, որմէ ետք փաստաբանները ոտքի կանգնած սկսած էին մեզ դիտել: Պաշտօնապէս, մեր 20-էն, 12-ին ընտրութիւնը սկսած էր:

Աղջիկտեսի եկողներու նման, փաստաբանները յափշտակուած սկսած էին մեզ զննել: Այսպէ՛ս է օրէնքը: Քե՛զ լաւ մը կը դիտեն: Կը չափեն: Կը չափչփեն: Կը հարցուփորձեն… չըլլայ թէ մէկու մը ծանօթը ըլլաս: Հո՛ս արդարութեան ատեանն էր, ժողովրդային արդարութիւն. ուր կողմակցութիւնը… ստախօսութիւնը… խստիւ արգիլւած է: Վրաս գրէ…:

Իմ կարգիս, այդ պահուն, դասը չգիտցող աշակերտի մը կը նմանէի, որ կը խուսափի ուսուցիչի աչքերուն հանդիպելէ: Կարծես միայն լացս պակաս էր: «Մամաս կ՚ուզեմ» պոռացող լացս: Անօրինակ վիճակ: Անբնական կացութիւն: Խեղճացած էի, եւ անպայման կ՚ուզէի տուն երթալ:

«Ճուրի»ի ըտրութիւնը արագ մը կատարուեցաւ ու չար բախտէս, ես մնացած էի խմբակի անդամ: «Հապը նորէն կլլեցինք.- կ՚ըսէի մտովի.- ալ ազատում չկար…»:

Ապա, դատաւորը մեր այս նոր խումբին հրամայեց ոտքի ելլել ու բարձրաձայն երդում կատարել: Կատարեցինք: Չեմ յիշեր ես կատարեցի թէ ո՛չ… միայն կը յիշեմ, որ շրթներս շարժած էի՝ անիմաստ: Այնչա՜փ յուսահատած էի: Իրապէս որ նեղուած էի:

Ապա յետոյ, դատաւորը այս անգամ ի՛նք սկսաւ մեզ հարցաքննել: Անուն-մականուն, ամուսնական վիճակ, կնոջ կամ ամուսինի աշխատանք, զաւակ, զբաղում, օրուան հարցի մասին ծանօթութիւն… եւ այլն-եւ այլն: Երկար-բարակ հարցուփորձ:

Կարգը հասած էր դրացի չինչինիս: Մարդը ոտքի ելաւ ու ձեռքի փոքր պայուսակը ձախ թեւին տակ պահելէ ետք, շատ մեղմ ձայնով, առանց իմ կողմս նայելու, հատիկ-հատիկ պատասխանեց բոլոր հարցումներուն:

-Դուք մնացէ՛ք.- լսեուեցաւ դատաւորին հրահանգը:

Իբրեւ 12-րդ անուն, հիմա կարգը իմս էր: Իր ճակատագրին հաւատացողի մը նման այս անգամ ո՜վ հրաշք… ինքնավստահ, ոտքի ելայ ու դատաւորին բոլոր հարցումներուն հանդարտ պատասխանեցի: Ու երբ կը պատրաստուէի տեղս նստիլ, յանկարծ, նոյնիսկ առանց արտօնութեան, անակնկալ, դրացի չինչինս ոտքի ելլելով՝ բացագանչեց.

-Սուտ է, տէ՛ր դատաւոր… այս մարդը ստախօ՛ս է… ի՛նք մէկ կին չունի… Արեւելքէն է. երեք կին ունի…:

Ըսաւ շատ արագ եւ հեւալով, մեծ իրականութիւն մը յայտնաբերողի իր գոհունակ-ինքնավստահութեամբ ու վերէն վար զիս երկար չափելէ ետք, հանգիստ սրտով տեղը նստաւ: Վայրկեանին, կարծէք վրաս գաւաթ մը պաղ ջուր թափեցին: Ա՛ռ քեզի նոր խնդիր: Հիմա եկո՛ւր, ե՛ւ դատաւորին ե՛ւ փաստաբաններուն բացատրէ, որ ըրածս անմեղ կատակ մըն էր: Կաաատաաակ… ուրիշ ոչինչ:

Չինչինին այս բացատրութիւնը, սրահէն ներս խնդուքի ալիք մը ստեղծած էր: Դատաւորը սրահը լռեցնելէ ետք, անմիջապէս թիւս տալով, զիս ոտքի հանել տուաւ ու շատ բարկացած եւ ջղային նայուածքով, հարցուց խստապահանջ.

-Թիւ 12 … ըսէ՛ք… թիւ 11-ին ըսածը ճի՞շդ է թէ ո՛չ…

-Տէր դատաւոր.- ըսի գրեթէ իր յանցանքին վրայ բռնուող աշակերտի նման.- ըրածս կատակ էր… պարզ կատակ մը…:

Խօսքիս վրայ, դատարանը դարձեալ բարձրաձայն խնդաց: Դատաւորը կրկին զգաստութեան հրաւիրեց սրահը ու դառնալով ինծի այս անգամ աւելի բարձրաձայն ըսաւ.

-Քաղաքացի՛… հո՛ս դատարան է, եւ ո՛չ թէ փողոց… լաւ գիտցի՛ր… հո՛ս կատակի տեղ չէ՛… կը հասկնա՞ս…: Ու իրարու ետեւէ շարեց իմ հասցէիս եւ իմ արարքիս հետ կապուած դատապարտելի խօսքերը: Վայրկեանին կարծեցի, թէ մեծ «ոճիր» մըն էր գործածս: Մարդուն աչքերէն կարծես կրակ պիտի ժայթքէր: Աստուա՜ծ իմ… կարծես հիմա զիս բանտ նետել պիտի տայ… այս ի՜նչ փորձանք էր: Ու չձգեց, որ ինքզինքս պաշտպանեմ:

-Դո՛ւք.- դարձեալ խստօրէն շարունակեց դատաւորը.- դո՛ւք դո՛ւրս… դո՛ւք արժանի չէ՛ք այսօր ճիւրիի անդամ դառնալու… դատարանը որոշեց ձեզ ազատ կացուցանել այս պարտականութենէն… հրամմեցէ՛ք, դուրս…:

Ու հրահանգեց սրահի ոստիկանին, որպէսզի ինծի մօտենայ եւ դուրս առաջնորդէ:

Ականջներուս չէի հաւատար: Ներքնապէս, աշխարհի չափ ուրախ էի: Վիճակահանութեան մեծ պարգեւը շահողի մը ուրախութեամբ: Մինչ դատարանի ոստիկան պահակը սրահի անօրինակ նայուածքներուն տակ զիս դէպի դուռ կ՚առաջնորդէր, կամաց մը դրացիիս դառնալով.- «թենք եու» մը ըսի.- բարձրաձայն:

Արագ մը հասայ կանգառ: Ինքնաշարժիս մէջ վայրկեան մը ինքզինքս քննեցի: Թէեւ այդքան պախարակիչ խօսքերէն շշմած էի ու քրտնած, բայց կարծես ներքնապէս երջանիկ էի: Անհաւատալի: Հոգս չէր: Վերջապէ՜ս, փափաքիս հասած էի: Ես որ արդարութիւն ճշդելու համար եկած էի, հիմա արդէն դասալիք մը նկատուած էի քաղաքացիական իմ պարտականութեանս մէջ: 

Արդարութի՞ւն.- կ՚ըսէի մտովի.- ան ալ ա՞յս աշխարհի վրայ… ծիծաղելի է… արդարութիւն եւ մանաւանդ՝ «մարդկային արդարութիւն», որուն վրայ շատեր թքած են, թքած ունին ու տակաւին կը շարունակեն թքել:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 31, 2025