…ԵՒ ԵՐԳԸ ԴԱՐՁԱՒ ԱՂՕԹՔ - ԶԻԱՏ ՌԱՀՊԱՆԻ. ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՄԸ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ

Լիբանանը օրերս հրաժեշտ տուաւ իր տաղանդաւոր զաւակներէն մէկուն՝ երաժիշտ, թատերագիր, գրող, փիլիսոփայ Զիատ Ռահպանիին՝ լիբանանցի առասպելական երգչուհի Ֆէյրուզի 69 տարեկան որդիին։

Անոր մահը սգացին անոնք, որոնց համար Զիատի արուեստը դարձած էր արաբական աշխարհի մարդոց տագնապալից ներաշխարհի հայելին։

Զիատը տարբերուող անուն մըն էր արաբական ժամանակակից արուեստի եւ մշակոյթի մէջ։ 

Անոր յօրինած թատրոնն ու երգը միաժամանակ քաղաքական եւ գեղարուեստական էին՝ յագեցած սրամտութեամբ, հեգնանքով եւ համեմուած ճազով։ Այդ արուեստը կը հովացնէր շատերուն սիրտերը։ 

Զիատ արուեստագէտը չէր խոստանար փրկութիւն, բայց կը բացագանչէր ճշմարտութիւնը՝ առանց վախնալու ճնշումէ կամ հետապնդումէ։ Կը մերկացնէր քաղաքակրթութեան դիմակները՝ միշտ մօտեցած իր մօր՝ Ֆէյրուզի աստուածային ձայնին վերին բարձրութեան։

Զիատ Ռահպանի իր երգերն ու թատերական գործերը վերածեց գեղարուեստի ճակատամարտի եւ անմահացուց իր տեղը լիբանանեան արուեստին մէջ։ Իր համբաւը, սակայն, սահմաններ չճանչցաւ․ ան դարձած էր արաբերէնով ստեղծագործող մեծագոյն անուններէն։ 

ՖԷՅՐՈՒԶԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍՐԲԱՆԿԱՐԸ

Զիատ Ռահպանիի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու փութացած էին զանազան երկիրներէ, սակայն մեծամասնութիւնը, կարծես, աւելի փութացած էր տեսնելու Ֆէյրուզը՝ վերջին տարիներուն խորհրդաւոր լռութեան ու մենութեան մէջ ընկղմած երգչուհին, զոր կոչած են Լիբանանի սրբանկարը։

Յուղարկաւորութեան օրը տակաւին անյայտ էր, թէ արդեօք իննսունամեայ երգչուհին, որ գրեթէ անկողնային վիճակի մէջ է, պիտի կարենա՞ր ելլել եւ եկեղեցի հասնիլ՝ որդիին վերջին հրաժեշտը տալու։ Մամուլը կը յայտնէ, թէ անոր քով մշտական հերթապահ բժիշկներ կան։ 

Ֆէյրուզի լուսանկարը վերջին անգամ հանրութեան երեւցած էր 2020 թուականի սեպտեմբերին, երբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, այցելեց Լիբանան եւ օդակայանէն անմիջապէս մեկնեցաւ հանդիպելու Ֆէյրուզին։ Այդ հանդիպումը անգամ մը եւս յստակեցուց, թէ ո՛վ է արաբական աշխարհի իսկական խորհրդանիշը։ Ֆէյրուզ, որ երգած է աշխարհի մեծագոյն բեմերէն՝ Նիւ Եորքէն մինչեւ Փարիզ, Լոնտոնէն մինչեւ Աթէնք, վերածուած էր համամարդկային մշակոյթի ձայնի։ Միայն անոր հետ տեսակցելէ ետք Մաքրոն սկսաւ աջակցութեան արշաւին՝ Լիբանանի համար։

Շատերուն ծանօթ է, որ Ֆէյրուզ Լիբանանի քաղաքացիական արիւնաքամ պատերազմի տարիներուն եղած է հաւատարմութեան խորհրդանիշ։ Պատերազմը, որ Լիբանանը բաժնած էր կողմերու, կրօններու եւ շրջաններու, չկարողացաւ բաժնել Ֆէյրուզի ձայնը՝ իր երկրի ժողովուրդէն։ Ան մերժեց երգել որեւէ քաղաքական խմբաւորման համար, չյարեց որեւէ դիրքորոշման կամ շահի։ Ատոր փոխարէն Ֆէյրուզ երգեց արտասահմանի բեմերէն՝ Մոնրէալէն մինչեւ Դամասկոս, Փարիզէն մինչեւ Գահիրէ եւ իր ձայնը դարձաւ խաղաղութեան աղերս, աղօթք իր հայրենիքի համար։ Այդ տարիներուն՝ երբ ամէն մարդ կը ջանար կողմի մը պատկանիլ, Ֆէյրուզ պատկանեցաւ միայն իր ժողովուրդին։

Այսօր լիբանանցի ժողովուրդը, հակառակ իր կրած անասելի տառապանքներուն, տակաւին ունի բան մը, որ զայն կանգուն կը պահէ եւ ատիկա յիշողութիւնն է։ Այդ յիշողութեան մէջ է նաեւ Զիատ Ռահպանիի արուեստը՝ անկեղծ, ըմբոստ, մարդկային։

Ոչ մէկ բան այնքան համընդհանուր է Լիբանանի համար, որքան Ֆէյրուզը՝ իր կերպարով եւ արուեստով։ Ան այսօր ալ կը միացնէ բեկորներուն մէջ ապրող երկիրը՝ եղած ու չեղած պատկանելիութիւնները վերածելով մէ՛կ թախիծի, մէ՛կ յոյսի, մէ՛կ հաւատի։ Ֆէյրուզի ձայնին հետ կապուած են ամբողջ սերունդներ՝ արաբներ, հայեր, մարոնիներ, շիիներ, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններ։ Երբ Ֆէյրուզի ձայնը կը հնչէ՝ բոլորը կը յիշեն նոյն հին Լիբանանը, որ երազ դարձած է, բայց տակաւին կ՚ապրի երգի մէջ։

Եւ իր որդիի յուղարկաւորութեան օրը՝ ան, իբրեւ մայր, երեւցաւ։ Ֆէյրուզը միայն Զիատի մայրը չէ, ան երկրի մը մօր կերպարանքով յայտնուեցաւ զինք այնքան սպասող մարդոց մէջ։ Երգչուհին եկեղեցի մտաւ անվտանգութեան, առողջապահութեան աշխատողներու եւ դստեր՝ Ռիմայի ընկերակցութեամբ։ Անխռով տեսք ունէր։ Իր արտայայտութիւնը անփոփոխ էր։ Կարմիր մազերու փայլը ծածկած էր սգոյ գլխաշորով, իսկ աչքերը՝ սեւ ակնոցներով, որոնք անհասանելի կը պահէին այն հայեացքը, որ տարիներ շարունակ գերած էր ամբողջ աշխարհը։

Լիբանանի ղեկավարութիւնը, մշակոյթի նշանաւոր դէմքեր եւ հազարաւոր երկրպագուներ ծնկաչոք կը խոնարհէին երգչուհիին դիմաց, սակայն Ֆէյրուզ՝ կարծես անհասանելի ու անտարբեր, լուռ հայեացքով կը դիտէր բոլորը եւ դէմքին շարժումը չէր փոխեր։ Հաղորդակի՞ց էր արդեօք․ դժուար է դատել։

Ֆէյրուզ իր աշխարհին մէջ էր։ Ո՞վ գիտէ, ի՛նչ կը կատարուէր անոր հոգիին խորքը։ Անոր դուստրը մահացած էր 28 տարեկանին, մէկ որդին՝ մանկութենէն հաշմուած էր։ Զիատը՝ ծանր ամուսնական փորձառութիւններով, առողջական խնդիրներով տառապած էր եւ մահէն առաջ նոյնիսկ հրաժարած էր դարմանումէ։ Ֆէյրուզ այժմ կը բնակի դստեր (կրկին՝ արուեստագէտ) եւ հիւանդ որդւոյն հետ։

Ռահպանիներու ընտանիքը միշտ ալ պարուրուած է խորհրդաւոր շշուկներով։ Ֆէյրուզ (իսկական անունը՝ Նուհատ Ուատիհ Հատտատ), ամուսնանալով Ռահպանի եղբայրներէն Ասիին հետ, յաճախ գտնուած է լարուած յարաբերութիւններու կեդրոնը։ Իր ընտանիքին մէջ ալ յարաբերութիւնները հարթ չեն եղած։ Բայց ան տոկացած է։ Յանուն ինչի՞․ միայն իրեն եւ Աստուծոյ յայտնի է։ 

Զիատ Ռահպանիի մարմինը Պէյրութի քաղաքային հիւանդանոցէն տարուեցաւ Պիքֆայայի Մհէյտեհէի Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցի՝ կանգառ առ կանգառ։ Ճամբուն՝ ժողովուրդը վարդերով ու արցունքներով կը ճանապարհէր սիրուած արուեստագէտը եւ քալեց մինչեւ եկեղեցի, ուր արդէն հասած էր

Ֆէյրուզը՝ Արեւելքի յաւերժական ձայնը։ Ան գացած էր առանց խօսքի, առանց աղաղակի, սակայն իր ներկայութեամբ գերազանցեց տարիներու լռութիւնը եւ հեռաւորութիւնը իր սիրելի ժողովուրդէն։

Եկեղեցւոյ մթութեան մէջ, ստուերոտ պատերուն առջեւ՝ անոր աչքերը դարձան ճաճանչ մը՝ մայրական ցաւի, ոչ՝ հրապարակային արցունքի։ Այդ պահուն Ֆէյրուզը այլեւս երգչուհի չէր, այլ՝ մայր մը, որ իր որդին յանձնեց հողին եւ լուռ խօսեցաւ անոր հետ։

Տարիներ շարունակ լռութեան մէջ խեղդուած իրենց յարաբերութիւնները, բեմէն դուրս մշուշոտ ու խուսափողական, այդ օրը բառերէն անդին արտայայտուեցան։ Մէկ հայեացքը, պարզ ներկայութիւնը բացատրեց այն, ինչ որեւէ հարցազրոյց կամ յուշագրութիւն չէր կրնար։

ԶԻԱՏԻ ՃԱՄԲԱՆ

Զիատ՝ հակառակ փայլուն արուեստագէտներու ընտանիքի զաւակ ըլլալուն, իր ճամբան ինքնուրոյն կերտած էր։ Պզտիկ տարիքէն զգացած էր, որ ժառանգութիւնը պատիւ չէ, այլ՝ մարտահրաւէր։

Անոր «Նազլ էլ-Սուրուր» («Երջանկութեան պանդոկ») թատերախաղին առաջնախաղը տեղի ունեցաւ 1974-ին, երբ ան ընդամէնը 17 տարեկան էր։ Այդ համարձակ մուտքով տակաւին դեռահաս Զիատ Ռահպանի բացայայտեց իր ստեղծագործական ուղիի հիմնական թելը՝ այն համոզումը, որ լիբանանեան հասարակութիւնը մասնատուած է ո՛չ միայն պատերազմէն, այլ նաեւ՝ արմատացած իշխանութիւններէն ու ժառանգուած անհաւասարութիւններէն։

Իր երաժշտութիւնը երբեմն սուր քաղաքական էր, երբեմն՝ խոհական ու կարօտագին, իսկ երբեմն ալ պարզապէս՝ մարդասիրական։ Ան կ՚ակնարկէր իրականութիւն մը՝ լեցուն հակասութիւններով։ Իր գիծն էր՝ չընտրել մխիթարական գեղեցկութիւնը, այլ՝ բանալ վէրքերը ու կանգնիլ անոնց դիմաց՝ ճակատաբաց։

Թատրոնին մէջ Զիատ դարձաւ ժամանակակից լիբանանցիի պատկերը՝ զուարթ ու տագնապալից, հեգնող ու կարեկից, ողբացող ու երգող միաժամանակ։ 

Անոր գործերը հիմնովին փոխեցին արաբական բեմը։ Ան մերժեց թատրոնը դարձնել զուտ ժամանցի վայր եւ փոխարէնը ստեղծեց բեմ, ուրկէ հնչեց ժողովուրդի լռեցուած ձայնը։ Իր կերտած կերպարները՝ համեստ աշխատաւորներ, խոժոռ մտաւորականներ, պատերազմի զոհեր՝ լի էին մարդկային անկեղծութեամբ ու հեգնանքով։ Անոնք ճանչցուած են թէ՛ որպէս լիբանանցի, թէ՛ որպէս համամարդկային խորհրդանիշներ։

Որպէս երաժշտահան՝ Զիատ համարձակօրէն խաչաձեւեց արեւելեան դասական ժառանգութիւնը՝ ճազի, փոփի եւ արեւմտեան հնչողութիւններու հետ։ Իր առաջին ալպոմներու տարիներուն արաբ երաժշտութիւնը տակաւին աւանդական ձեւերու մէջ էր, իսկ Զիատ առաջիններէն էր, որ կրցաւ կոտրել այդ աւանդութիւնը։ Երգեր գրած է նաեւ իր մօրը համար եւ Ֆէյրուզի ձայնով հնչած ստեղծագործութիւնները դարձած են աշխարհատարած աղօթքներ։ 

Այսօր Զիատի գործերը կը շարունակեն հնչել արաբական աշխարհին մէջ՝ իբրեւ նոր մշակութային դպրոց, ուր խիզախութիւնը գեղեցկութենէ աւելի արժէք է, իսկ խօսքը՝ մեղեդիէ աւելի խոր արմատներ ունի։

Ան նաեւ խորապէս քաղաքական մտածողութիւն ունէր՝ սուր ձախակողմեան գաղափարներու կողմնակից էր եւ երբեք չէր բաժներ արուեստն ու քաղաքականութիւնը։ Միշտ պայքարած է համայնքային պառակտումներու, ընկերային անարդարութեան եւ արեւմտեան ներգործութեան դէմ։ Սակայն, ան երբեք քարոզիչ չէ եղած․ խօսած է նաեւ ձախակողմեան գաղափարներու ձախողութիւններու եւ մարդկային յուսախաբութեան մասին։ 

Իր մահէն ետք, երբ յիշուին արաբական արուեստի վեհագոյն ձայները, երբ խօսուի այն արուեստագէտներուն մասին, որոնք ապրեցան ժողովուրդի տագնապով, տեսիլքով ու ընդվզումով՝ Զիատ Ռահպանիի անունը վստահօրէն կը հնչէ առաջիններու շարքին։

Զիատի մահը կաշկանդեց թէ՛ արուեստագէտները, թէ՛ պարզ քաղաքացիները, որոնք իրենց մենութեան մէջ ընկերացած էին այդ ձայնին։ Զիատի ձայնը՝ ձայնապնակներէն անդին, ապրած էր մարդկանց կեանքի ու մտածումի մէջ։

ԼԻԲԱՆԱՆԸ՝ ԿՐԿԻՆ ՏԽՈՒՐ

Լիբանանը այսօր կանգնած է իր պատմութեան ամենատրտում խաչմերուկներուն վրայ։ Երկիրը կը յիշեցնէ աւերակներու մէջ մոլորուած էակ մը, որ տակաւին կը շնչէ․․․ Տնտեսական յոյսերը կը մաշին, իսկ քաղաքական կայունութիւնը դարձած է երազ՝ օր մը գուցէ իրականանալու։ 

Լիբանանցի ժողովուրդը կառչած է անցեալի լուսաւոր պատկերներուն եւ այն ժամանակներուն, երբ Պէյրութը կը կոչուէր «Մերձաւոր Արեւելքի Փարիզ»։

Այդ յիշողութիւնները՝ շոգ առաւօտներու երգերը, հաւաքոյթները ծովեզերքին, արուեստի ոսկեդարը, կը դառնան միակ ապաստանը՝ այսօրուան փլուզումին դիմաց։ ժողովուրդ մը, որուն պատմական յիշողութիւնը չափազանց ուժեղ է, կը շարունակէ ապրիլ իր երազներով՝ երբեմն այդ երազները վերածելով դիմադրութեան։ Երգը, լեզուն, ճաշատեսակները, ծովը, բարձր ճաշակը, Ֆէյրուզի ձայնը առաւօտեան՝ այն շղթաներն են, որոնցով կը կապուին անցեալին, ուր հայրենիքը դեռ տուն էր եւ ոչ՝ փորձարկման դաշտ։ 

Եւ ահաւասի՛կ, Զիատ Ռահպանիի մահը կրկին միացուց լիբանանցի ժողովուրդը եւ Ֆէյրուզը իր լուռ ներկայութեամբ օրհնեց այդ պահը․․․

ՌԱՀՊԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ՝ ՆԱԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐ ՈՒՆԻ

Լիբանանի գիւղերէն մէկուն մէջ, ուղղափառ ասորի ընտանիքի մը մէջ մեծցած աղջնակի երազանքները քիչ տեղ ունէին իրականութեան մէջ։ 

Անոր ձայնը՝ մեղմ, բայց աներեր, օր մը ոգեշնչեց Ռահպանի եղբայրները՝ արաբական երաժշտութեան երախտաշատ արուեստագէտները։ Այդ հանդիպումը ճակատագրական էր։ Ֆէյրուզը շուտով դարձաւ անբաժան մէկը Ռահպանիներու արուեստանոցէն, իսկ կարճ ժամանակ ետք՝ նաեւ ընտանեկան օճախէն, ամուսնանալով նշանաւոր երաժշտահան Ասի Ռահպանիի հետ։ 

Ռահպանիները մօտ եղած են հայկական մշակոյթին։ Արամ Խաչատուրեան, Շարլ Ազնաւուր լիբանանեան հիւրախաղերուն անոնց տուն կ՚ալցելէին եւ մտերմութիւն ունէին։ Լիբանանահայ Ալեքս Մնակեան եւ բազմաթիւ սփիւռքահայ արուեստագէտներ անոնց բարեկամներն էին։ Այդ տունը ո՛չ միայն երաժշտութեան բնօրրան էր, այլեւ մշակոյթներու միաձուլումի վայր, ուր արեւելեան հնչերանգը կը հանդիպէր հայկական գիծին հետ։

Այս կապը շարունակութիւն գտած է նաեւ Ռահպանիներու նոր սերունդներու մէջ։

Հայաստանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի երաժշտական ղեկավար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Կարէն Տուրգարեան նոյնպէս Ռահպանիներու ընտանիքի մօտ բարեկամներէն է։ Տուրգարեան ղեկավարած է Ֆէյրուզի կարեւորագոյն համերգներէն շարք մը՝ Տուպայիէն մինչեւ Պաալպէքի փառատօն (2013), ուր հայ երաժիշտի խմբավարական փայտիկո՛վ նաեւ հնչած է Ֆէյրուզի ձայնը։ 

Վերլուծելով Ռահպանիներուն արուեստին արմատները, ան վստահ է, որ Ռահպանիներու ստեղծած երաժշտական ժանրը, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ արաբական երաժշտական թատրոնի հիմնասիւն, իր խորքին մէջ հայ մշակոյթէն ներշնչուած է։

«Ռահպանիներու արուեստին սկիզբը Թաթուլ Ալթունեանն է,- կը յստակեցնէ Տուրգարեանը,- երբ անոնք Լիբանանի մէջ տեսան Թաթուլ Ալթունեանի երգի եւ պարի անսամպլի ելոյթը, այդ անմիջապէս խոր տպաւորութիւն գործեց իրենց վրայ։ Այդ իսկ պահէն սկսեալ՝ գիտակցաբար աշխատեցան այդ ուղղութեամբ՝ երգը, բեմական լեզուն ու պարային շարժումները վերածելով նորաձեւ արաբական թատերախաղի մը։ Աշխատեցան, զարգացուցին եւ վերջ ի վերջոյ դարձան այդ ժանրի իրական հիմնադիրները արաբական աշխարհին մէջ։ Ռահպանիներու արուեստը անկասկած կապ ունի հայ մշակոյթին հետ. այդ կապը, վստահ եմ, պէտք է ուրախութիւն պատճառէ հայ ունկնդիրին», կը նշէ Տուրգարեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025