ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԱՌԱԿՆԵՐԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ

Այս տարի կը լրանայ 12-րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշի ծննդեան 905-ամեակը։ 

Մխիթար Գօշի (Գօշ բառը կը նշանակէ սակաւամազ) կենսագրական տուեալները հիմնականը պահպանուած են Կիրակոս Գանձակեցիի մօտ։

Գօշ ծնած է Գանձակ։ Ուսանած է ծննդավայրին մէջ։ Չափահաս դառնալով՝ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Աշակերտած է Յովհաննէս Տաւուշեցիին եւ ստացած՝ վարդապետի կոչում։ Այնուհետեւ Գօշ այցելած է Կիլիկիա։ Կորսնցնելով վարդապետական աստիճանը, ուսանած է Սեւ լերան երեւելի գիտնականներու մօտ եւ վերստին ստացած է վարդապետի աստիճան։ Վերադառնալով հայրենիք՝ սկիզբը ապրած է Գանձակի մէջ, սակայն ինչ-ինչ տարաձայնութիւններու պատճառով անոր եւ Աղուանէն Ստեփանոս կաթողիկոսի յարաբերութիւնները վատացած են եւ Մխիթար Գօշ տեղափոխուած է Հաթերքի իշխան Վախթանգի մօտ՝ Խաչէն, այստեղէն ալ՝ Նոր Գետիկի վանքը։ Որոշ ժամանակ անց երկրաշարժէն աւերուած են վանքն ու շրջակայ գիւղերը։ Ամիրսպասալար Զաքարէ եւ Իվանէ Զաքարեան իշխաններու հովանաւորութեամբ Գետիկէն ոչ հեռու՝ Տանձուտա ձորին մէջ կառուցած են Նոր Գետիկ վանքը եւ հանգրուանած են հոն։ Այնտեղ ան բացած է իր դպրոցը։ 1196-1198 թուականներուն Երուսաղէմ գացած է ուխտագնացութեան։ Մասնակցած է 1205-ի Լոռէի եւ 1207-ի Անիի եկեղեցական ժողովներուն։ Ժամանակակիցներն ու յետագայ սերունդը Մխիթար Գօշի անունը յիշած են յարգանքով եւ ակնածանքով, զայն մեծարած են՝ «այր իմաստուն ու հեզ», «վարդապետական ուսմամբ հռչակեալ», «մեծ վարդապետ», «հռչակաւորն եւ մեծ իմաստուն գիտութեամբ» պատուանուններով։ Մահացած է 1213 թուականին՝ Նոր Գետակի մէջ (այժմ՝ Հայաստանի Գօշ գիւղ)։ Մահէն ետք իր կողմէն հիմնուած Նոր Գետիկի վանքը վերանուանուած է Գօշավանք։ 

Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»էն եւ անոր հեղինակած խրատական թուղթերէն, աղօթքներէն զատ մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ առակները։

Գօշի առականերով 12-րդ դարուն հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է ժողովրդական բանարուեստի տեսակը՝ առակը, որ իր հետ բերած է նաեւ ժողովրդական ոգի եւ մտածողութիւն, ազդարարելով գրականութեան աշխարհականացման կարեւոր փուլ մը։ Անոր հեղինակած առակներու նիւթը հիմնականը հասարակական եւ կենցաղային խնդիրներն են, դասակարգերու, դասերու եւ խաւերու, անհատներու փոխյարաբերութեան հարցերը, որոնք նոր էին հայ գրականութեան մէջ։ Մխիթար Գօշ իր ժողովածուն կազմած է ուսուցողական նպատակներով։ Անոր համար առակը հրապարակախօսութեան միջոց է՝ դրուատելու առաքինութիւնները, ծաղրելու թերութիւնները, յիմարութիւնը եւ տգիտութիւնը, խարազանելու չարիքը։ Ժողովածուն ունի կուռ կառուցուածք. կը պարունակէ 190 առակներ, որոնք երեք գլխաւոր բաժիններուն մէջ դասաւորուած են որոշակի կարգով, ըստ գործող անձանց կամ նիւթի՝ երկնային մարմիններ եւ երկիր, ծառեր, բոյսեր եւ ծաղիկներ, միրգեր, լեռ, գետ, աղբիւր, ջրային եւ ցամաքային կենդանիներ, թռչուններ, մարդիկ։

Գրաբարէ աշխարհաբար բազմիցս փոխադրուած են Գօշի առակները։ Արեւմտահայերէն վերջին փոխադրութիւններէն մէկը կատարած է Կիլիկեան միաբանութեան երէց անդամներէն Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեանը եւ հրատարակած իր իսկ հիմնած «Գառնի» մատենաշարով, Լիբանան։ Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան գրաբարէ աշխարհաբար այս փոխադրական աշխատանքը կատարած է 1968-1970-ական թուականներուն, որպէս վարդապետական աւարտաճառ, որ սակայն մնացած է դարակներու մէջ։ Եւ հրատարակութեան յանձնելով՝ ան նաեւ իր երախտիքի տուրքը մատուցած է միջնադարեան հայ մեծ գործիչին։ 

ԱՐԵՒԻ ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բարձրանալու ընթացքին արեւը ինքզինք Աստուած կարծեց, բայց երբ խոնարհելով մայր մտաւ, այն ատեն գիտցաւ իր ինքնութիւնը։

Այս օրինակը ցոյց կու տայ, որ անմիտ թագաւորներէն ոմանք յաղթանակի փառքերով գոռոզացած, իրենք զիրենք Աստուած կը կարծեն, բայց երբ գերեզման կը մտնեն, այն ատեն կը ճանչնան իրենց իսկութիւնը։

ԼՈՒՍԻՆԻ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Լուսինը իր լրումին հասնելով՝ կարծեց, թէ ինք արեւն է եւ ցերեկը կը լուսաւորէ: Մինչ երբ իր լոյսը տկարանայ, գիշերն անգամ չի կրնար լուսաւորել:

Այս օրինակը կը յանդիմանէ անոնք, որոնք պատահականութեամբ մը պատուի արժանանալով, կը կարծեն մեծամեծներու կը հաւասարին, սակայն անոնք խելագարած՝ իրենց չունեցածը վայելել [կը կարծեն]։

ԱՍՏՂԵՐՈՒՆ ԶՂՋՈՒՄԸ

Անգամ մը երբ աստղերը հաւաքուած [կը խորհրդակցէին], անոնց երիցագոյնները ըսին. 

-Մենք թիւով աւելի շատ ենք, ինչո՞ւ արեւուն եւ լուսնին պէս չենք կրնար լուսաւորել ցերեկն ու գիշերը։

Անոնցմէ մէկը ըսաւ.

-Որովհետեւ, մենք միաբանութեամբ չենք գործեր։

Ուստի, միասնակամօրէն, որոշեցին նախ արեւը հալածել, բայց լուսնին ծագելուն պէս, պարտուած, ըսին.

-Լուսինէն աղօտացանք, արեւու ծագելուն ինչ պիտի ըլլանք:

Եւ զղջալով, խոստովանեցան իրենց պարտութիւնը:

Այս առակը կը խրատէ տկարները, որոնք որքան ալ թիւով շատ ըլլան, չեն կրնար յաղթել զօրաւորին. թէեւ իմաստութիւն է տկար վիճակով փորձելը եւ ապա զղջալը, որ ներումի արժանի է:

ԵՐԿՐԻ ՅՈԽՈՐՏԱՆՔԸ

Երկիրը, նայելով լեռներու բարձրութեան, համարձակութիւն ունեցաւ ինքզինք հռչակել նաեւ երկինք։ Սակայն երկիքի նման իր ներքեւ չկրցաւ առնել լուսաւորները եւ աշխարհը լուսաւորել:

Այս օրինակը կը յանդիմանէ կարգ մը աշխարհականներ, որոնք իրենց ճոխութեան մէջ ուռած եւ փքուած, կ՚ուզեն քահանաներու պատիւը եւս յափշտակել։ Սակայն [աշխարհականները] կը լուսաւորուին քան կը լուսաւորեն, երկրին պէս որ կը լուսաւորուի քան կը լուսաւորէ:

ՏՈՒՆԿԵՐՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Տունկերը խորհրդակցութիւն մը ունեցան, թէ իրենցմէ ո՞վ արժանի է թագաւորել իրենց վրայ: Ոմանք առաջարկեցին արմաւենին, որ հասակաւոր է եւ քաղցրապտուղ: Որթատունկը հակառակեցաւ եւ ըսաւ.

-Ես ուրախարարն եմ, ինծի կը վայելէ ըլլալ:

Իսկ թզենին ըսաւ.

-Ես եմ արժանին, որովհետեւ քաղցրահամ եմ:

Իսկ դժնիկը ըսաւ.

-Ես հարուածող եմ, ինծի կը վայելէ:

Այսպէս իրենց առաւելութիւններով իրաքանչիւրը իր անձը կը գովէր եւ միւսները կը նուաստացնէր։ Արմաւենին խորհելով հասկցաւ.

-Զիս չեն ուզեր որ թագաւորեմ եւ ուրիշներու ալ բարձրանալուն հակառակ են, ուստի ըսաւ.

-Ինծի կը վայելէ ցկեանս թագաւորութիւնը։ Բոլորը վկայեցին եւ ըսին.

-Բարձրահասակ ես եւ քաղցրապտուղ, բայց երկու թերութիւն ունիս. մեզի հետ չես պտղաբերիր եւ կազմուածքով չես յարմարիր մեզի, մանաւանդ բարձրութիւնդ պատճառ է, որ շատերուն համար անճաշակելի ըլլաս:

Արմաւենին պատասխանեց.

-Ձեզ իշխաններ կը կարգեմ եւ այնպէս կը թագաւորեմ։ Եւ ժամանակի աւարտին՝ կը ձգեմ, որ ձեր զաւակները թագաւորեն:

Եւ արմաւենին կարգի դնելով թագաւորութիւնը, որթատունկը նշանակեց գինեպետ, թզենին՝ հիւպատոս, դժնիկը՝ դահճապետ, նռնենին բժշկապետ, ուրիշ պտուղներ՝ դարմանող, մայրին՝ շինանիւթ, անտառները՝ վառելափայտ, մորենին՝ բանտ եւ միւսներուն իւրաքանչիւրին պաշտօն մը տուաւ:

Այս առակը ցոյց կու տայ, որ ոչ ոք կրնայ մեծնալ առանց խոնարհներու եւ ոչ ոք կրնայ բարձրանալ առանց պարզ մարդոց: Թէեւ շատեր, ուշացած յոյսի մը համար, ձեռքի նուէրներով կը դիմեն իրենց տէրերուն։

ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԸ ԵՒ ՄՈՐԵՆԻՆ

Գարնան եղանակին, որթատուկին [բեղմնաւորուած] ոստերէն մէկը կը կոտրի եւ ողբի ատեն, բոլոր տունկերը կու գան զինք մխիթարելու: Անոնց հետ կու գայ նաեւ մորենին։ Այսպէս կը մխիթարէին զինք.

-Մի՛ լար, դարձեալ զաւակներ կը ծնիս:

Որթատունկը կ՚ըսէ.

-Կը ծնանիմ, դարձեալ կը կտրեն, այդ ի՞նչ տեսակ մխիթարութիւն է: Իսկական մխիթարութիւնը կ՚ըլլայ այն, որ մնացած ճիւղերը պտղաբերին եւ մարդոց ուրախութիւն պատճառեն:

Այսպիսով որթատունկը ինքզինք կը մխիթարէր։ Իսկ մորենին կ՚ըսէ.

-Եկայ մխիթարելու քեզ, որ ինձմով աչքերդ սրբես:

Որթատունկը կ՚ըսէ՝ շնորհակալ կ՚ըլլամ տնկագործին, որ քեզ հեռացնէ արմատներէս:

Այս օրինակը կը յայտնէ, որ մնացած ապրողներով ատեն մը մխիթարուելու է, քանի մարդկային ցեղը մահկանացու է։ Իսկական մխիթարութիւնը այն է, որ ապրող ժառանգորդները Աստուծոյ հաճելի ըլլան։ Իսկ յիմարներուն խօսքը, ինչպէս մորենիին խօսքը, աւելի կը զայրացնէ, քան թէ կը մխիթարէ սգաւորը, որ շնորհակալ կ՚ըլլայ եթէ երբեք չտեսնէ նման անմիտ մխիթարիչներ։

ՄՈՐԵՆԻՆ ԵՒ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԸ

Մորենին ոխ պահելով որթատունկին դէմ, թշնամաբար կ՚ըսէ.

-Քեզի պէս կը բարձրանամ, կրկնապէս կը պտղաբերիմ եւ քեզ կը գերազանցեմ, քանի ձմեռը մշտադալար եմ։

Որթատունկը զայն լռութեան կը մատնէ, ըսելով.

-Հպարտութիւնդ կատարեալ կ՚ըլլայ, եթէ աշնան հնձան հաւաքեն քեզ:

Մինչ մորենին, աշնան ոտնակոխ կ՚ըլլայ:

Այս օրինակէն կը սորվինք, որ անմիտին յանդիմանութեան ատեն, յարմար է լռել եւ չնմանիլ անոր: Կատարեալին կարելի չէ նմանիլ մէկ արժանիքով։

ՆՌՆԵՆԻՆ ԵՒ ԹԶԵՆԻՆ

Նռնենին եւ թզենին փափաքեցան սիրոյ դաշինք կնքել իրարու հետ եւ սիրով մտերմացան: Սակայն նռնենիին թթուութիւնը զզուանք պատճառելով թզենիին, դաշինքը խզուեցաւ:

Այս առակին իմաստը այն է, որ զիրար սիրողներ, նախ իրենց վարքը պէտք է քննեն՝ տեսնելու համար, թէ ամբողջապէս իրարու նմա՞ն են թէ ոչ, այլապէս սէրը դիւրաւ կը լուծուի։

ԽՆՁՈՐԵՆԻՆ ԵՒ ՏԱՆՁԵՆԻՆ

Խնձորենին եւ տանձենին, եղբայրներ ըլլալով, նախանձով տարուեցան։ Հարցը այս էր։

Տանձենին կ՚ըսէր.

-Եթէ մենք հարազատներ ենք, ինչպէ՞ս թագաւորներ քու տեսքով կը ստեղծեն ոսկին եւ որպէս ոսկի կը ներկայացնեն քեզ նկարներու մէջ։

Խնձորենին կը պատասխանէ.

-Որովհետեւ կլոր եմ եւ անուշահոտ: Եթէ չնախանձիս, քեզ եւս ինծի հետ ճոխ սեղաններու վրայ դնել կու տամ, թէեւ ոսկիի ցոլքը ոսկին չէ:

Տանձենին դեռ կը նախանձէր, մինչեւ որ խոզերուն առջեւ նետուեցաւ:

Այս օրինակը կ՚ուզէ հասկցնել, որ նուաստ եղբայրը նախանձելու չէ իր եղբօր փառքին, որ մեծամեծներու կողմէ պատիւներու կ՚արժանանայ, որովհետեւ ինք ալ կը վայելէ անոր շնորհքը, այլապէս, եթէ հակառակի, առաւել եւս կը նուաստանայ։

ԽՈՆԱՐՀ ԹԶԵՆԻՆ

Թզենիին հարցուցին.

-Ինչո՞ւ բազմաթիւ ճիւղեր կը տարածես հողին վրայ:

Պատասխանեց.

-Որովհետեւ բազմաթիւ են թշնամիներս։ Կը խոնարհիմ, որ ճիւղակոտոր չըլլամ եւ նախքան վրաս մագլցիլը, կը յագեցնեմ զիրենք, որ մոռնան չարութիւնը։

Այս առակը կը խրատէ մեզ, որ թշնամիները խոնարհութեամբ, աղ ու հացով ու քաղցրութեամբ դիմաւորենք, երբ չենք կրնար դիմադրել անոնց, որպէսզի հանդարտին անոնց չար բարքերը եւ մոռնան չարիքները:

ԹԹԵՆԻՆ ԵՒ ՁԻԹԵՆԻՆ

Թթենին ու ձիթենին փափաքեցան խնամիանալ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ուժին վրայ կը պարծենար։

Ձիթենին մշտադալարութեան եւ պտղաւորութեան վրայ, մանաւանդ որ իր պտուղը ձէթի նիւթն է եւ ձէթը՝ լոյսին, իսկ լոյսը լուծիչը խաւարին։

Իսկ թթենին կը հպարտանար իր պտուղի քաղցրութեան եւ տերեւներուն վրայ, որոնք մետաքսի նիւթը կը հանդիսանան, որդեր կը ծնին, որոնցմէ կը պատրաստուի մետաքսը, զոր թագաւորներ եւ իշխաններ կը վայելեն։ Ձիթենին կը դիմադարձէ.

-Պտուղդ վաղանցուկ է եւ [տուած մետաքսեայ] հագուստդ արատաւոր՝ քան հարկաւոր, որովհետեւ գիշերները կը հանուի, մինչ լոյսը գիշերը կը վառի։

Թթենին կ՚ըսէ.

-Բայց լոյսը, ցերեկին կը մարի։

Ձիթենին կ՚ըսէ,

-Չի մարիր, այլ իր ազգակիցներուն հետ կը միախառնուի, մինչ քու փառքդ կը թառամի, անցաւոր է:

Այսպիսով թթենին կը պարտուի եւ կ՚ուզէ վերադառնալ իր իսկութեան։ 

Այս առակին իմաստը հետեւեալն է. թագաւորական սերունդը թէեւ փառաւոր է, սակայն երկրաւոր իրերով կը ճոխանայ, որոնք անցողական են, որուն օրինակն է թթենին։ Իսկ քահանայական դասը, թէեւ աղքատ, բայց հոգեւոր հարստութեան տէր է եւ արժանի թագաւորական տոհմին հետ դասուելու:

ԽՈՀԵՄ ՆՌՆԵՆԻՆ

Անփորձ տունկ մը նռնենիին կը հարցնէ.

-Ինչո՞ւ այդքան առատ կը ծաղկիս եւ ապա կը խոնարհիս ու կը կախուիս:

Նռնենին կ՚ըսէ.

-Երկրագործը ագահ է, իսկ ես՝ նրբոստ եւ ծանրապտուղ։ Եթէ ճիւղերս կակուղ չըլլան, չեմ կրնար այսչափ բեռնաւորուիլ [եւ դիմանալ], որով չկտրուելու համար կը կախուիմ։

Այս առակը կը յանդիմանէ անոնք, որոնք Աստուծոյ տուածէն աւելի կը պահանջեն իրենց հաւատաւոր ծառաներէն, որոնց հոգ տանելու է, որ ուժասպառ չըլլան ու չփճանան։ Նոյնը հոգեւորականներուն կը պատահի, որուն համար Աստուած խնամք կը տանի անոնց։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025