ՁԱՅՆ ՄԸ ՊՈԼԻՍԻ ՄՕՏԻԿ ԱՆՑԵԱԼԷՆ - ՈՍԿԵՂԷՆ ՄԵԾ ՈՒՌԸ ԵՒ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Նկատի ունենալով վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռնարկած վայրագ յարձակումները Մայր Աթոռ Սուբր Էջմիածինի նկատմամբ, նկատի ունենալով, որ անոնք ամէն կարելի սահմանները անցած են եւ իրենք զիրենք թշնամիէ մը աւելի ահաւոր եւ գէշ կը պահեն, կը կարծենք, որ կարիք կայ, որ մեր ժողովուրդը վերահասու դառնայ Սուրբ Էջմիածինի կարեւորութեան, անուրանալի դերին եւ դերակատարութեան մեր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի կեանքին մէջ: Առ այդ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան Պատրիարքի գրութիւնը՝ «Ոսկեղէն մեծ ուռը եւ Սուրբ Էջմիածին», որ գրած է Ս. Էջմիածինի 1655-ամեակին առիթով:
*
«ՏՕ՜Ն ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ» կը հնչէ՜ հեռուէն մելանոյշ նուագը Կաթողիկէ զանգակատան: Կ՚արձազանզէ այն մեր ականջներուն, հիւսուած ու դաշնաւորուած՝ անդադրում թրթռումներովը դարերուն եւ դեռ օդին մէջ ժուռ եկող ծիծաղծաւալ ալիքներովը հետզհետէ մարմրող զիլ կոչերուն՝ երբեմնի երկաթեայ կամ փայտեղէն ժամահարին,- «Օրհնեա՜յ է Աստուած…», պատասխաներ է սրտաբուխ մրմունջը շրթներուն հայ հաւատաւորին՝ երկնահայեաց խաչակնքումովը կուրծքին: Հայ շրթները շարժած հայ հոգիէն, որ կը ցոլանայ պրիսմակին մէջէն իր բիւրեղեայ հաւատքին: Ինքն ալ շունչն է Աստուծոյ, կենդանի բոցովը Սիրոյ Հուրին՝ հողացուած, սերունդէ սերունդ, ջերմիկ եռանդովը աւանդական բարեպաշտութեան, Աստուածաշունչ եւ աստուածատուր է այն:
***
Ահա՛ ՏԵՍԻԼԸ, վերանորոգուած -տարիէ տարի՞,- ո՛չ այլ ժամանակի անընդհատ եւ անկշռելի քայլերուն հետ. «լուսակերպ, բարձր եւ ահեղ ՄԱՐԴուն, Ոսկեղէն Մեծ Ուռը», իր ձեռքին մէջ: Եւ իր վայրէ՜ջքը…- սլացեալ խոյացեալ,- ըստ նմանութեան «արագաթեւ արծուոյ»: «Եւ լոյս հոսեալ վերուստ ի վայր մինչեւ յերկիր հասանէր, եւ ընդ լուսոյն՝ զօրք անչափք ուռեղէն եւ երկթեւեանք՝ ի տեսիլ մարդկան եւ թեւք իբրեւ զհուր»:
Ապա Տեսիլը միւս Մարդուն, «ի զարթման հարեալ -հսկող- եւ արթուն»: Տգիտութեան խաւարի Խորվիրապին մէջ նետուած եւ ապա դուրս եկած անկէ աստուածգիտութեան լոյսով ջահաւոր: «Մտախորհ» Մարդը, որ կը տեսնէ, պայծառ ու յստակ, հոգւոյ աչքերով, «յանկարծահաս հանդիպումը Աստուածութեան ողորմութեան անքնին սքանչելիքներուն», «Երկնային այցելութի՛ւն մը»՝ նորատո՛ւնկ Հայուն:
ԵՐԿՈՒ ՏԵՍԻԼՆԵՐ «արթուն բնութեամբ Արարիչ»ին՝ ՄԻԱԾԻՆին եւ արթնանուն արարածին՝ Պարթեւածին ԳՐԻԳՈՐին- աստուածայինը եւ մարդկայինը իրերախառնուած եւ շաղահիւսուած, յաւէտ անբաժանելի միութեամբ:
Եւ վարը, «Սանդարամետը անդունդներո՞ւն», թէ Սպանդարամետը հնաբոյր «սրբութեան եւ իմաստութեան»: Խաւարը տգիտութեան կամ ստուերը «անգիտութեան» երկրպագու «Անծանօթ Աստուծոյն»: Կ՚իջնէ հարուածը Ոսկէուռին՝ լայնատարած թանձր գետնին: Կը հնչէ «մեծ ու անչափ դրընդիւնը» օրհասական «մոլորութեան» ոգիին կամ Աստուծմէ յիմարեցուցուած «աշխարհի իմաստութեան» ոգիին: Եւ ո՞վ պիտի կարողանար դիմանալ այդ քանդող, բայց նոյն ատեն հրաշակերտող ուժեղ «բախիւն»ին՝ Ոսկեձոյլ Ուռէն բխած: Չէ՞ որ Միածնի աստուածային «Զօրութիւնն» է այն, այդ Ուռը սքանչելագործ: Զօրութիւնը «հրաշափառ եւ միշտ բարեխնամող Աստուծոյն, որ յառաջգիտութեամբ՝ Հայոց փրկութիւնը կը սկզբնաւորէր, պարթեւական մեղապարտ ազգէն Լուսաւորիչ շնորհելով մեզի». (ՇԱՐԱԿԱՆ):
Կը սարսի հիմէն մեհեանը «հին աստուածներ»ուն, որոնց մէջ նիւթականացած է պաշտամունքը Ոսկիին, Լոյսին եւ Հուրին աղօտ ոգեղինացումով մը միայն, եւ կը կանգնի Տաճարը նոր, բայց աւելի քան հին աստուածները «Հինաւուրց» Աստուծոյն, որուն մէջ պայծառօրէն ոգեղինացած եւ խորհրդապաշտօրէն ծիսականացած ու կենսագործուած են անոնք - այդ Ոսկին, այդ Լոյսը եւ այդ Հուրը -, եւ որ «հոգւով եւ ճշմարտութեամբ երկրպագութեան» միակ առարկան է դարձած Հայուն: Անոր՝ որ Արարիչն է տիեզերքին՝ իր բոլոր գեղեցկութիւններով, ճշմարտութիւններով եւ բարութիւններով: Անոր՝ որ ԿԵԱՆՔՆ իսկ է իր թաքուն եւ յայտնի, ժամանակաւոր ու յաւիտենական սքանչելիքներով: Անոր՝ որ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ Է ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ,- «Խորհուրդ մե՜ծ եւ սքանչելի» իր վերջին յայտնութեամբն ալ, որով «Անծանօթ»ը կը ծանօթանար աշխարհին՝ իր պատկերովը լման:
Կ՚իջնէ՛ հարուածը Ոսկեուռին, կը չքանայ խաւարը իր բոլոր ստուերներով ու մշուշներով,- սուտն ու կեղծիքը, մոլորանքն ու տարտամութիւնը, շփոթն ու տարակոյսը, եւ կը յայտնուի Լոյսը իր ամբողջական ճառագայթումովը,- ճշմարիտն ու իրականը, ուղիղն ու պայծառութիւնը, վստահն ու հաստատը, իրենց տեսլային խորհրդաւորութեամբը:
Երկնքի «խորանաշէն Յարկ»ին տակ կը բարձրանայ, «հարթ հաւասար դաշտաձեւ յատակած» երկրի վրայ, ԼՈՅՍԻ ԽՈՐԱՆԸ լուսաւորչակերտ: Արարատեան դաշտի սրտին վրայ կաթողիկէացած՝ տաճարաձեւ: Սիրտը Հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալին: Հայ Տաճարը տեսլագեղ եւ խորհրդազգած: Ինք իսկ «տաճար Աստուծոյ կենդանւոյ»:
***
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ,- Անոր «Սիւնի խարիսխը ոսկի է, սիւնը հրեղէն, թակաղակը՝ ամպեղէն եւ անոր վրայի խաչը՝ լուսեղէն»: Վասնզի այդ խարիսխը ՎԷՄՆ Է հաստատուն եւ անշարժ, սիւնը՝ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, որ իր թեւերուն տակ կը հաւաքէ՝ հաւատքի միաբանութեամբ՝ լրութիւնը ժողովուրդին. թակաղակը՝ Հանգստարանը յաւիտենական բոլոր արդարներուն համար:
Ա՛յսպէս է Տեսիլը մեր Լուսաւորչին: Ա՛յսպէս է, եւ ա՛յսպէս պարտի ըլլալ յաւէտ Հայ Եկեղեցւոյ լուսաւորչածին հարազատ զաւակներուն:
***
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻ՜ՆԸ,- քար առ քար շաղախուած ու շինուած եւ Շահաբասներու իսկ ակնածանք ներշնչած՝ Նիւթեղէնը, եւ սիրտ առ սիրտ ընդելուզուած եւ յօրինուած եւ ամէնուն պատկառանք ազդած Հողեղէնը: Սիրտեր՝ ատելութեան ժահրէն պարպուած եւ սիրով առլցուած, մոլորանքի խաւարին խաւերէն թօթափուած եւ լոյսի ճաճանչներով ողողուած: Որով եւ յաւիտենական Տեսի՜լը Հայուն, անեղծ սիրով եւ անպղտոր լոյսով ծիածանուած եւ հաւատքի հուրով բոցավառուած:
Կա՛յ միշտ ՈՍԿԷՈՒՌԸ, մե՜ծ, տարածո՜ւն, անսահմա՜ն, կտակուած հայ հաւատացեալին,- քանդելու համար ձեռակերտ եւ անշունչ կուռքերը բոլոր հին աստուածներուն, եւ քանդակելու խոր ու բարձր, անեղծ պատկերը նոր ու հինաւուրց Աստուծոյ ՄԻԱԾԻՆ Որդւոյն: Քանդակելու՝ խօսո՛ւն քարերով,- «կենդանի վէմեր»ովը Հայուն գիտակից ու անսասան հաւատքին:
Եւ ահա, տիպար խորհրդապատկերը այդ պարզ, շնորհալի, վեհ ու պատկառելի քանդակուածին,- ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻ՜ՆԸ ԿԱԹՈՂԻԿԷ. ան կայ ու կը մնայ, նիւթեղէն կառուցուածքին հետ ոգեղէնը: Անաղարտ, անձեռնմխելի, անփոխանակելի:
***
ՄԷԿ ՈՒ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ: Վասն զի Միածնի ձեռակերտն է այն՝ իր Ոսկէուռով, իր անպարտելի Զօրութեամբ: Եւ իր մարմինն իսկ է այն՝ անխոցելի, անհերձելի, աներկփեղկելի: Որեւէ ապիրատ մատի անմերձենալի եւ անհպելի: Մի՛ մոռնաք, որ ԼՈՅՍԻ ԽՈՐԱՆՆ է այն:
***
Աւելի քան ՏԱՍՆԵՒՎԵՑ ԴԱՐԵՐԷ ի վեր կանգուն է այն, կուրծք տուած բազմապիսի փոթորիկներու, մրրիկներու եւ ամէն կողմէ կատաղօրէն խուժող ու խորտակուող յորձանաձիգ ալիքներու: Տեղափոխուած երբեմն, բայց ոչ հիմնախիլ եղած: Հո՛ն է մնացեր միշտ ԼՈՒՍԱԲԵՒԵՌԸ՝ Տեսիլին բովանդակ ճշմարտութեամբն ու թովչութեամբը: Զի հոգին է իր զօրութիւնը, զոր պահպանած է նաեւ իր մարմինը: Ոչ սովորական մարմինի պէս միս եւ ոսկոր, ջիղ եւ արիւն՝ ենթակայ փտութեան եւ քայքայման, այլ նման Յարուցեալ Միածնի “փառաւոր մարմին”ին, անտարրալուծելի եւ անապական: Իրերայաջորդ սերունդներ, որչափ ալ
“Եթէ օր մ՚երբեք նոր հովիւ նոր hօտ
Պաշտամունքի նոր ծէսով գան քեզ մօտ, “Օշական”
Ու իրենց համար նոր Աստուած մ՚ուզեն”,-
«Գիրի Երազէն» արթննալու հրաւիրուած Օշականի «Հսկայ»էն առաջ արթուն մնացող առաջին հսկային հսկումին տակ, այդ սերունդները, կ՚ըսենք, կը պահեն զայն ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ՝ նոյն հոգիով, նոյն բովանդակութեամբ եւ յաւէրժութեան վաւերական դրոշմով:
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈ՜ՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ,- Ան է եւ կը մնայ անշրջելի եւ անպակաս բովանդակութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ:
Եւ այս Եկեղեցին աւելի քան ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ է, Ս. Էջմիածինով գլխաւորուած բացարձակապէս. վասն զի ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ է, Միածնի տեսլային մարմինովը ոգեղինացած ու լուսակերպուած: Եւ այս, այնքան իրական, որքան մարմինը Յարուցեալին «անհաւատ» առաքեալէն շօշափուած ու հաւատացուած: Եւ Հայը եղած է միշտ հաւատարիմ իր անփշրելի ՎԷՄ-ՀԱՒԱՏՔին եւ իր հաւատքի ՄՇՏԱՎԱՌ-ԼՈՒՍԱԽՈՐԱՆԻՆ,- ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻՆ, իր «ՍՐԲՈՒԹԵԱՆՑ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ»ին:
Բարձրասլաց եւ երկնամերժ վերամբարձումով Կաթողիկէն է ան մեր, անսասան՝ երկրի վրայ, բայց մանաւանդ անքանդելի՝ մեր մէջ: Խորահիմն եւ ամբակուռ՝ իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալի հոգւոյն մէջ:
Հայրապետներ, հայ հաւատացեալներու լրութեան եւ ընդհանրական ձայնով ընտրուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչէն մինչեւ Ս. Սահակ Պարթեւ, Յովսէփ Հողոցմեցիէն մինչեւ Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ Գրիգոր Մուսաբեգեան, Կիրակոս Վիրապեցիէն մինչեւ Գէորդ Զ.,- թէ իսկ մերթ աստանդական եւ պանդուխտ- անբաժան պահեցին տեսլային մարմինն անոր, կամարակապուած միշտ հրեղէն Սիւնին հետ, նախախնամութեամբ բարձրացած «ԱՆՇԱՐԺ ՎԷՄ»ին վրայ Ս. Էջմիածնի ճարտարապետական կառուցումով: Խաչակնիք գագաթով Կաթողիկէն Ս. Էջմիածնի:
Եւ ասոր հրավառ ներշնչումն էր որ պտտցուց 130-րդ Հայրապետը՝ Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, ուր որ այցելեց: Ի զուր է անոր վերագրել յանձնարարուած այլ առաքելութիւն, քան զոր սրբալոյս Միւռոնի օծումը եւ հայրապետական սպիտակափառ քօղը կը թելադրէին իրեն: Ս. Հոգին էր իրեն առաջնորդ եւ ոչ հոգին՝ «այս աշխարհ»ին: Չեղծել այդ սրբութիւնը, չթողլով որ հայհոյուի անկէ բխող բարին, եւ արծարծել սիրոյ հուրը հանդէպ Հայուն հոգեւոր Մօր, Հաւատքի Միածնակերտ Վառարանին՝ Ս. Էջմիածնի,- ահա իր իսկական առաքելութիւնը:
Հայը գիտցած է, գիտէ եւ պիտի գիտնայ յաւէտ ՏԱԼ ԿԱՅՍՐԻՆ՝ ԻՆՉ ՈՐ ԿԱՅՍՐԻՆՆ Է ԵՒ ՏԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ՝ ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ Է: Այս՝ իր դարաւոր եւ անխախտ հաւատքն ու դաւանանքը, իր կրօնական վարքագիծը: Ո՞վ կարող է բաժնել մեզ այս հաւատքէն ու դաւանանքէն կամ շեղեցնել մեզ այս շիտակ զիծէն, եւ այս հաւատքի ժայռին վրայ հիմնուած հանուր Հայոց Ս. Էջմիածինէն: Ունինք մեր հայրերու հաստատ վկայութիւնը.- «Յայսմ հաւատոց զմեզ ոչ ոք կարէ խախտել, ո՛չ հրեշտակք եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուր եւ ո՛չ հուր, ո՛չ ջուր, ո՛չ ամենայն զինչ եւ են դառն հարուածք»: Եւ «եթէ սովին հաւատովք թողուս -կը գոչեն անոնք Յազկերտին- ո՛չ յերկրի ա՛յլ տէր փոխանակեմք ընդ քեզ եւ ո՛չ յերկինս ա՛յլ Աստուած փոխանակեմք ընդ Յիսուսի Քրիստոսի»: Հին եւ հինցած չէ այս վկայութիւնը՝ իր կատարեալ լրջութեան շեշտով, հանդէպ բոլոր անոնց՝ որոնք կը փորձեն պաշտած Աստուածը սպաննել եւ «նոր աստուած մը» տալ մեզի: Կ՚արթնցնենք ՀՍԿՈՂԸ՝ իր Տեսիլէն եւ Օշականի ՀՍԿԱՆ՝ «Գիրի երազէն»…:
***
Ո՛չ մէկ յաւակնութիւն, ո՛չ մէկ ամբարտաւանութիւն, ո՛չ մէկ կեղծպարիշտ նախանձախնդրութիւն, ո՛չ մէկ սոփեստութիւն, եւ մանաւանդ ո՛չ մէկ կողմնակի նկատում ու յետին միտք, որ օտար եղած ըլլայ Հայ Եկեղեցւոյ կոչումին եւ ոգւոյն,- կարող են բաժնել հայ հաւատացեալը անոր ԿԱԹՈՂԻԿԷՈՒԹԵԱՆ -Ընդհանրականութեան- վրայ բեւեռուած անքակտելի միութենէն, անոր արբանեակներուն տալով հաւասարազօրութեան, անջատողականութեան եւ բացարձակ անկախութեան խրոխտ կեցուածքը:
Ժամանակի պահանջներէն թելադրուած փոխանցման շրջանի որպէս կարգադրութիւն ապակեդրոնացումի երբեմնի ջատագովութիւնը բարուրանք եւ կցկցուն պատճառ բռնելով՝ արդարացնել նկրտիլ վերոյիշեալ մտամոլորանքները,- առնուազն բարեմտութիւն չէ: Հրամայական պահանջներու առջեւ ողջադատութեամբ եւ ոգին չզոհելու նախանձախնդրութեամբ եղած ակամայ եւ ժամանակաւոր նահանջներն ու զիջումները՝ չեն փոխեր կամ վտանգեր հիմնականը:
Ո՞վ պիտի կարենար կամ կամենար ուրանալ, թէ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆՆ Է ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ԱՄԷՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ, թէ իսկ Աթոռակալը, պայմաններու անդիմադրելի հարկադրանքին տակ տեղ փոխած ըլլայ առժամաբար: Այսպիսի տեղափոխութիւններ եղեր են դարերու ընթացքին, առանց անաւագութեան ստորաստիճանին իջեցնելու Աթոռը իր սեփական վայրին եւ գաղափարին մէջ, Դուինէն մինչեւ Աղթամար, մինչեւ Անի եւ Սեաւ Լեռ, մինչեւ Հռոմկլայ եւ Սիս - յիշած համար գլխաւորները- Հայ Եկեղեցւոյ պետերը ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐ էին: Եւ 1441 թուականէն սկսած մինչեւ այսօր շարունակեցին ա՛յնպէս՝ Միածնաէջ Սրբավայրին մէջ:
Մուսաբեգեանի պարագան թող չմոլորեցնէ ոչ-ճշմարտախոյզ խորհուրդներէ առաջնորդուած հոգիները:
Նա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս էր մինչեւ 1441. անկից անդին ուղիղ գիծը կը շարունակուի օրինաւորապէս Վիրապեցիով, համաձայնութեամը նոյնինքն Մուսաբեգեանի: Եւ Վիրապեցիին այժմու յաջորդն է Տ. Վազգէն Ա.: Ո՛չ Աղթամար, որ դադրած է հիմակ, ո՛չ ալ Սիս, որուն Աթոռը փոխադրուած է Անթիլիաս: Ասոնք չեն կարող երբեք զուգահաւասարիլ Ս. Էջմիածնի եւ անարդարանալի յաւակնութիւններ սնուցանել:
Գիտենք եւ կը գնահատենք ներկայիս շեշտուած կարեւորութիւնը Անթիլիասի մէջ նստող Հայրապետին, երբ նկատի ունենանք մանաւանդ կարկառուն դէմքերը յաւերժայիշատակ ՍԱՀԱԿ-ԲԱԲԳԷՆ-ԳԱՐԵԳԻՆի. բայց ներելի չենք գտներ բնաւ, որ նա փորձէ «եղջիւր ածել» գլուխ հանդիսանալու՝ իր հարազատ գլուխն ունեցող ՄԻԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻՆ, որ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՆ Է Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան:
Ոչ ոք այս համեստ գրիչին կարող է վերագրել դիմափոխութիւն, հակասութիւն, ուրացում, եւ տակաւին ուրիշ շատ չքնաղ ստեղծաբանութիւններով մոլորանքներ: Անտարակոյս որ անսխալականութեան մենաշնորհեալներէն չենք: Բայց մենք տէր ենք մեր երէկի եւ այսօրուայ տեսութիւններուն կամ տեսակէտներուն, զորս պարզած ենք մեր իսկ թէ ծածկանուն ստորագրութիւններով: Ասոնք -անգամ մըն ալ կը կրկնենք- արդիւնք են եղած ժամանակի պայմաններուն եւ պահանջներուն նկատառման: Ո՞ր պատասխանատու անձ այլապէս շարժած է երբեք եւ կարող է շարժիլ, առանց անխուսափելի վտանգներու եւ կորուստներու ենթարկուելու: Վկայ՝ մօտաւոր անցեալը:
Ա՛յլ է դիմափոխութիւն, եւ ա՛յլ է պատշաճեցում ժամանակի հրամայական պահանջներուն, եւ այս, ձեւականօրէն եւ առանց էութիւնը կամ ոգին զոհելու:
Թող կարդան ուշադրութեամբ, անկողմնակալութեամբ եւ որեւէ նախապաշարումէ զերծ, «Ընծայեցի»ին ալ «ՎԷՄ» հանդէսի 1937 ապրիլ-յունիս թիւին մէջ հրատարակուած «Ի՞նչպէս կարելի է պահել Հայ Եկեղեցու միասնականութիւնը» յօդուածը: Եւ պիտի գտնեն հոն հետեւողականութիւնը նոյն տեսութեան եւ մտահոգութեան,- ժամանակաւոր պատշաճեցում անցողակի պահանջներուն: Ասիկա չհասկնալ՝ ոչ թէ տգիտութեան կամ անգիտութեան, այլ ոչ-բարեմտութեան -չըսելու համար փոխ առնուած բառով մը՝ «քինախնդրութեան»- վերագրելի է միայն: Իմաստութիւնը թող տայ իր վճիռը:
Եւ երբ այսօր տարբեր կը տեսնենք մենք պարազաները, շրջուած, որոշ չափով, դէպի լաւն ու բաղձալին -ի՞նչ տրամաբանութեամբ եւ ի՞նչ խիղճով- եթէ աւելորդ չէ վերջինը փնտռել «դիմափոխութիւն» կարելի է որակել մեր այժմու կեցուածքը, երբ դէպի Մայր Աթոռ դարձած է մեր դէմքը, մեր Հաւատքի ԼՈՒՍԱԿԷՏին սեւեռուած է մեր նայուածքը կարօտալի:
Եւ ասիկա պատճառ մը չէ, որ այլ աթոռներ -հայրապետական, պատրիարքական թէ առաջնորդական- չպահեն, իրենց իրաւասութեանց որոշ ծիրին մէջ, իրենց անկախութիւնը՝ վերաբերմամբ վարչական-մատակարարական գործերու կամ գործառնութեանց -ի զուր է խաղալ բառերով- Հայ Եկեղեցւոյ ոգւոյն եւ տեղական պայմաններուն համաձայն խմբագրուած ուրոյն կանոնագրութիւններով:
Գահիրէի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական ժողովի (1956) որոշումները եւ խմբագրել առաջադրուած ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, հաստատ հիմերու վրայ դնելու համար ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ կամ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ուրիշ կերպ թարգմանել եւ խեղաթիւրել գործ չէ ո՛չ ողջմտութեան, ո՛չ բարեխղճութեան: «Կուսակցական խնդիր է այս, ինչո՜ւ չէք պաշտպաներ Զարեհ Սրբազանը»: Նամակագրի մը խօսքերն են ասոնք, ինչպէս կը շշնջեն հեռուէն մեր ականջին: Շշունջ կամ անշշունջ, այս է դժբախտաբար մերկ իրականութիւնը: Դարձեալ, մենք ոչ թէ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական-միաւորական ոգին, այլ զայն եղծող կուսակցապետական-անջատողական ոգին է որ կ՚ուզենք արմատախիլ ընել: Եկեղեցին ժողուվուրդինն է, ժողովուրդին համար է եւ ժողովուրդով է: Ինքն իսկ ժողովուրդն է, ոգեղինացած՝ իր կենդանի հաւատքով, իր հարազատ քրիստոնէութեամբ, ասոր խորհուրդներու դաւանութեամբ եւ կիրառութեամբ. բայց ոչ երբեք կողմ մը կամ կուսակցութիւն մըն է այն. եւ մանաւանդ քաղաքական բնոյթ ունեցող եւ հաւատքէ դատարկացած. «Զի՞նչ միաբանութիւն է Քրիստոսի ընդ Բելիարայ, կամ զի՞նչ բաժին կայ հաւատացելոյն ընդ անհաւատին»: Առաքեալի այս խիստ դատաստանէն դուրս չի մնար որեւէ անաստուածեան հոգի: Այլ է Կեսարը, այլ է Աստուած,- իւրաքանչիւրին իր արժանի տուրքը: Եւ Եկեղեցին՝ ՏՈՒՆՆ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ, Եկեղեցին՝ ՄԱՐՄԻՆՆ Է ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Ի՛նչ վայրի մէջ եւ ի՛նչպիսի կառավարական վարչաձեւի տակ իր գոյութիւնը պահպանելու հարկին մէջ գտնուի Եկեղեցին,- ոչինչ պիտի զոհէ ժառանգութիւններէն եւ աւանդութիւններէն՝ որոնք կապ ունին զուտ կրօնական համոզումներուն հետ եւ ոչինչով կ՚արգիլեն եւ կը հրամայեն իսկ, կատարելու ամենայն հաւատարմութեամբ քաղաքացիական բոլոր պարտականութիւնները: Անկրօն կամ ապակրօն եղած երկրի մը վարչաձեւը, բաւական է որ չըլլայ կրօնական հալածանք եւ ցոյց տրուի հանդուրժող ոգի, ժողովուրդը, որպէս նոյն երկրին քաղաքացին պիտի չթերանայ իր պարտականութեանց մէջ: Բայց պիտի չլքէ իր կրօնական համոզումները եւ պիտի չդեդեւի պաշտպանելու եւ պահելու զանոնք ամէն գինով: Պատմութիւնը վկայ: Վկայ նաեւ հոգին, որուն Զօրութեամբը -Ոսկեմուրճովը- խորաքանդակած է իր հաւատքը:
Կը շեշտենք այստեղ դարձեալ պատշաճեցումը ժամանակի պահանջներուն:
***
Կ՚ըսենք ասիկա՝ անվարան եւ անվախ, առանց ծուռ մտածումներու: Իսկ «քինախնդրութի՞ւն» -այդ շատ հեռու է մեզմէ: Այդ կ՚անդրադառնայ անոնց վրայ միայն՝ որոնք կ՚երեւակայեն զայն մեր մէջ: Ունինք վկայութիւնը ճշմարտութեան, որ յայտնի է բոլոր աննախապաշար եւ ողջադատ միտքերու: Կայ նաեւ վկայութիւնը մեր բոլոր հրապարակային թէ մտերմական դրութիւններուն: Նոյնիսկ շատերուն անոնցմէ, որոնք այսօր չեն խղճահարիր այս վերագրումն ընելու մեզի:
Ժամանակը կը վարձատրէ եւ կը պատժէ իր զաւակները՝ համաձայն իրենց գործերուն եւ ոչ թէ իրենց խօսքերուն: Բաց է հրապարակը ամէնուն առջեւ. ոմանք կ՚իջնեն հոն մեծաշռինդ աղմուկներով եւ սպառնալիքներով՝ միտքեր պղտորելու եւ մոլորեցնելու համար. ուրիշներ՝ լռութեամբ, գործին յանձնելով խօսքն անբարբառ:
Դատաստանը, ի վերջոյ, արդարադատ Աստուծոյն է, Որուն մենք ունինք, սրտի խորերէն, Խաչէն կտակուած աղօթքը միայն՝ առաջիններուն համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ