ՏԽՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը կայ հասարակական այնպիսի մթնոլորտի մը, ուր հոգեկան ապրումները, տագնապներն ու վիշտը չեն արհամարհուիր կամ պիտակաւորուիր։ Մարդիկ՝ մանաւանդ զգայուն հոգիով օժտուած ստեղծագործողները, կարիքն ունին հասկացողութեան, կարեկցանքի եւ հոգատարութեան։ Տխրութիւնը յաղթահարելը միայն անհատական պայքար չէ, այլ՝ հաւաքական պատասխանատուութիւն։
Աշխարհը համակած տխրութիւնն ու հոգեկան տագնապները հետզհետէ աւելի անողոք կը դառնան եւ մարդկութիւնը կանգնած է հոգեւոր ու բարոյական լուրջ մարտահրաւէրի մը առջեւ։ Ինչպէ՞ս դիմագրաւել այդ ներքին դատարկութիւնը, որ կրնայ հիւծել նոյնիսկ ամենատաղանդաւոր ու տոկուն հոգիները։ Պատասխանը յաճախ կը գտնուի ո՛չ թէ արդիական ու արհեստական միջոցներու, այլ՝ դարերու փորձառութեամբ սրբագործուած մշտատեւ արժէքներու մէջ։ Տխրութեան դէմ մղուող ներքին պատերազմին մէջ մարդուն հզօրագոյն վահանները կը դառնան դարերէ ի վեր զիրենք արդարացուցած միջոցները։
Մօտ ըլլալ բնութեան եւ վերագտնել բնական ազդակները։
Արդի կեանքի արագընթաց վազքն ու քաղաքային խճողումը մարդը հեռացուցած են իր բնական միջավայրէն՝ յառաջացնելով ներքին խոր խզում։ Բնութեան գիրկը վերադառնալը, անոր պարզութեան ու հանդարտութեան հետ հաղորդակցիլը հոգեկան բուժման առաջին քայլն է։ Բնութիւնը ունի ինքնաբերաբար սրբագրող ու խաղաղեցնող ուժ. անոր կշռոյթներուն, ձայներուն հետ ներդաշնակուիլը կ՚օգնէ մաքրել միտքը առօրեայ աղմուկէն եւ վերականգնել կորսուած ֆիզիքական ու հոգեկան ուժերը։
Կապ պահել արմատներուն, ծնողքին ու հարազատներուն հետ։
Մինակութիւնը տխրութեան ամենամեծ դաշնակիցն է։ Այն հոգիները, որոնք կտրուած են իրենց հարազատ միջավայրէն, աւելի դիւրահաղորդ կը դառնան վիշտին առջեւ։ Ծնողքին ու ընտանեկան յարկին հետ անդադար կապը մարդուն կու տայ անփոխարինելի անվտանգութեան ու սիրոյ զգացում։ Հարազատներու հետ կապը կը յիշեցնէ, որ մենք մինակ չենք աշխարհի մէջ. մենք մաս կը կազմենք աւելի մեծ ու ամուր շղթայի մը, որ մեզ կը պահէ կեանքի հողին վրայ։
Նախնեաց աւանդոյթներու որդեգրումը։
Նախնիներէն ժառանգուած աւանդոյթները կեանքի իմաստութեան կուտակումներ են։ Երբ մարդ կ՚որդեգրէ հայրենի ու ազգային աւանդոյթները, անոր կեանքը կը ստանայ որոշակի առանցք եւ հաստատուն հիմքեր։ Աւանդոյթները մարդը կը կապեն իր ինքնութեան, կու տան պատկանելիութեան զգացում եւ թոյլ չեն տար, որ ան մոլորի ժամանակակից աշխարհի անորոշութիւններուն մէջ։
Աստուծոյ խօսքի միջոցով կեանքի իմաստի վերագտնումը։
Ամենախորունկ ու մնայուն յաղթանակը տխրութեան դէմ հոգեւոր զարթօնքն է։ Յաճախ երկրային բոլոր միջոցները կը թուին սպառած, բայց Աստուծոյ խօսքը կը դառնայ այն կենդանի աղբիւրը, որմէ կը հոսի իսկական յոյսն ու մխիթարութիւնը։ Սուրբգրային ճշմարտութիւններուն եւ աղօթքի միջոցով մարդ կը վերագտնէ կեանքի բարձրագոյն իմաստները, կը հասկնայ իր տառապանքի խորհուրդը եւ կը ստանայ ներքին այնպիսի խաղաղութիւն մը, որ վեր է ամէն մարդկային տրամաբանութենէ։
Ի վերջոյ, տխրութիւնը պատնեշելու եւ զայն յաղթահարելու համար հարկ է վերադառնալ այն ակունքներուն, որոնք դարեր շարունակ պահած ու պահպանած են մարդ էակը։ Մօտենալով արարչագործութեան (բնութեան), սնանելով ընտանեկան ու ազգային արմատներէն եւ լուսաւորուելով Աստուծոյ խօսքով՝ մարդկային հոգին կը վերագտնէ իր կորսուած ուրախութիւնն ու ապրելու տոկունութիւնը։