ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԻՐՈՅՆ ՏՈՒԳԱՆՈՒԵՑԱՒ. 150-ԱՄԵԱԿ ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ «ՎԱՐՊԵՏ»Ի
Այս տարի կը լրանայ հայ մեծատաղանդ բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, գրական-հասարակական գործիչ եւ հրապարակախօս Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակը։
Մեր գրականութեան մեծերէն մէկուն յոբելեանը նախատեսուած է տօնել պետական մակարդակով եւ կը սպասուի, որ զայն դառնայ համազգային տօնի մը։ Ձեռնարկներ եւ յոբելանական միջոցառումներ նախատեսուած են նաեւ սփիւռքի մէջ։
Աւետիք Իսահակեան ծնած է Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Կիւմրի) գաւառի Ղազարապատ գիւղին մէջ՝ 1875 թուականին։ Ունեցած է շեշտուած քաղաքական գործունէութիւն, որու զուգահեռ, վաղ երիտասարդական տարիներէն զբաղած է նաեւ գրականութեամբ։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք, անցած է Սուրբ Էջմիածին՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան, ուր իր ուսուցիչը՝ բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան, քաջալերած եւ ուղղութիւն տուած է իր գրական առաջին քայլերուն։ 1893 թուականին մեկնելով Եւրոպա՝ հետեւած է համալսարական ուսման Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ՝ Վիեննա ու ապա Լայփցիկ։ Քանի մը անգամ հայրենիք վերադարձած եւ ապա կրկին Եւրոպա անցած է։ Նաեւ՝ ձերբակալուած է իր քաղաքական գործունէութեան համար եւ ձերբակալութեան տարիները անցուցած մէ՛կ Երեւանի, մէ՛կ Թիֆլիզի բանտերու մէջ։ Համաշխարհային Ա․ պատերազմի սկսման օրերէն իսկ գտնուած է արտասահմանի մէջ, ուր մնացած է տասներկու տարի եւ թափառական կեանք վարած է։ 1926 թուականին Հայաստան կը վերադառնայ ու չորս տարի հայրենիքի մէջ ապրելէ ետք, Փարիզ կը տեղափոխուի։ 1936 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուի Հայաստան, ուր կ՚ապրի մինչեւ իր մահը՝ 17 հոկտեմբեր 1957 թուականը։ 1946-1957 թուականներուն Իսահակեան Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահն էր։ Հայ ժողովուրդը մեծապէս գնահատելով իր տաղանդը՝ զինք կոչած է «Վարպետ»։
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԻՐԱՀԱՐԸ
Աւետիք Իսահակեան եղած է համաշխարհային արուեստի մեծ սիրահար մը, իսկ իր յուշերուն, գրութիւններուն մէջ այդ մէկը նկատելի է։
Գրողի այդ հետաքրքրութեան մասին կը պատմէ նաեւ որդին՝ Վիգէն Իսահակեան՝ «Հայրս» յուշագրական գիրքին մէջ։ Ան կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Աւետիք Իսահակեան, Իտալիոյ մէջ տեսնելով իտալացի աշխարհահռչակ նկարիչ եւ քանդակագործ Անթոնիօ Քանովայի «Յաղթական Վեներա» նշանաւոր արձանը՝ կը հիանայ մարմարէ շինուած այդ գլուխ գործոցով, կը համբուրէ արձանին ուսը, ինչ բանի համար կը տուգանուի։
Այդ նշանաւոր քանդակը, որ կը կոչուի նաեւ՝ «Փաոլինա Պորկեզէն՝ Վեներայի դիրքին մէջ», իտալացի քանդակագործը ստեղծած է 1805-1808 թուականներուն․ Վեներա աստուածուհիի կերպարին համար իբր բնորդուհի եղած է Ֆրանսայի կայսր Նափոլէոն Պոնապարթի քոյրերէն մէկը՝ Փաոլինա Պորկեզէն։ Ան ո՛չ միայն գեղեցիկ էր, այլեւ՝ խելացի, սակայն, իր գեղեցկութեան պատճառով ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր խելքին։ Փաոլինա Պորկեզէ սիրային արկածախնդրութիւններու մէջ էր, իսկ Նափոլէոնին այդ մէկը շատ կը մտահոգէր։ Առաջին անյաջող ամուսնութենէն ետք ան երկրորդ անգամ քոյրը կ՚ամուսնացէ արքայազն Քամիլլօ Պորկեզէին հետ, իսկ այդ արձանն ալ ստեղծուած է այդ ամուսնութեան առթիւ՝ Պորկեզէի պատուէրով։ Ինք՝ Փաոլինան պնդած է, որ իբրեւ բնորդուհի մերկ ըլլայ, քանի որ ան Վեներան այդպէս կը պատկերացնէր։
Այդ արձանը Իսահակեանը տեսած եւ տեղն ու տեղը հիացած է կատարելութեամբ։ Վիգէն Իսահակեան այսպէս կը նկարագրէ իր յուշագրութեան մէջ․
Հայրս, ուր ալ գտնուէր, կը ձգտէր հնարաւորին չափ տեսնել տեղի տեսարժան վայրերը, արուեստի կոթողներն ու նշանաւոր յուշարձանները։ Վենետիկի ազնուականութիւնը քաղաքի թիկունքի ցամաք հողերուն մէջ, այսպէս կոչուած Ռեթրօ-Թերայի մէջ նախորդ դարերուն կառուցուած էր բազմաթիւ առանձնատուներ ու պալատներ։ Անոնց թիւը առնուազն երկու հազար էր, բայց շատերը այժմ լքուած, աւերակներու կը վերածուին։ Հայրս որոշեց Ազոլոյէն երթալ մօտակայ Վիչենցա քաղաքը եւ ճամբուն այցելել քանի մը պալատներ, որոնք բոլորն ալ նշանաւոր ճարտարապետ Փալատիոյի կամ ալ անոր աշակերտներուն գործերն էին։
Այս պտոյտը շատ երկար պիտի չըլլար, քանի որ ատոնք հազիւ 60 քիլօմեթրնոց շառաւիղի մը վրայ կը գտնուին։ Սակայն այն տարիներուն ատիկա մեզի պիտի թուէր մեծ ճամբորդութիւն մը։ Այդ վայրերը տակաւին հինէն իրարու հետ կապուած էին հաղորդակցութեան միջոցներով։ Այսօրուայ անաղմուկ հանրակառքերուն փոխարէն կը գործէին պատերազմէն մնացած փոքրիկ, զինուորական տիպի բաց հանրակառքեր։ Նստանք ատոնցմէ մէկը, վարիչը մեզի լաւ տեղ մը յատկացուց։ Ուրախ մարդ էր, իսկական ընդհանրական մարդ մը։ Ան ո՛չ միայն կառքը կը վարէր, այլեւ՝ ճանապարհին տեսարժան վայրերուն մասին բացատրութիւններ կու տար։ Ազատ մնացած րոպէներուն ալ իտալական երգեր կ՚երգէր, չէր ալ մոռնար աղբիւրներուն մօտ կենալ։
Այսպիսով, հասանք առաջին կանգառը։ Ատիկա Մազեր կոչուած գիւղական վայր մըն էր։ Այստեղ կար Փալատիոյի կառուցած մէկ պալատը, որ կը նկատուէր աշխարհի ամենագեղեցիկ պալատներէն մէկը։ Անոր ներսի նկարազարդումը Վերոնեզէի վրձնի գործն էր։ Այժմ զայն վերականգնումէն յետոյ կը պատկանէր Վենետիկի եւ Իտալիոյ ամենահզօր մարդոցմէ մէկուն՝ կոմս Վոլպիին։ Ան այս տունը տրամադրած էր գրողներու եւ արուեստագէտներու հանգստի համար։ Մտայ ստուերոտ պարտէզն ու նայեցայ պալատին։ Մեծ պատուհաններէն կ՚երեւէր ներսը։ Դահլիճներուն մէջ պատուարժան պարոնայք կը զրուցէին գեղեցիկ կիներու հետ, կը լսուէր 18-րդ դարու մեղմ երաժշտութիւն։
Վարիչը ձայնեց, եւ մենք շարունակեցինք ճանապարհը՝ հասնելով Պոսանիօ վայրը, որ հանճարեղ քանդակագործ Քանովայի ծննդավայրն էր։ Մեծ պալատ մը, դարձեալ Փալատիոյի նախագծած, որ նման էր Հռոմի պանթէոնին, կը պահպանէր Քանովայի գործերը։ Զայն վերածուած էր թանգարանի, եւ մենք տոմս գնելով՝ ներս մտանք։
Քանովան 18-րդ դարու պալատական Եւրոպայի ամենագնահատուած քանդակագործը եղած է։ Անոր գործերը կը զարդարեն Հռոմի ու Փարիզի պալատները, շատ գնահատուած էին նաեւ կայսերական Ռուսաստանի մէջ։
Կը դիտէինք անոր գործերը. բնօրինակնե՞ր են, թէ՞ պատճէններ, կարեւոր չէ, բոլորն ալ շատ գեղեցիկ են՝ «Սէրը եւ Փսիխէն», «Փսիխէի համբոյրը» եւ մանաւանդ՝ Նափոլէոնի քրոջ՝ Փաոլինա Պորկեզէի վեհաշուք արձանը։ Փաոլինան նստած էր բազմոցին՝ կռնակը բաց։ Ան այնքան գեղեցիկ էր, կարծես ողջ ըլլար։ Քանովան մարմարին շունչ ու կեանք տուած էր։
Հայրս հրապուրուած էր այդ գեղեցկութեամբ, եւ փափաքելով խոնարհուիլ Քանովայի հանճարի եւ Փաոլինայի դիւթանքներուն առջեւ՝ թանգարանի պահակէն թաքուն համբոյր մը դրոշմեց Փաոլինայի մարմարեայ ուսին։ Այդ պահուն մայրս ալ կարծես, թէ փոքր-ինչ նախանձեցաւ։ Դուրս ելլելու ատեն պահակը, որ այդ մէկը շատ լաւ նկատած էր, ըսաւ հօրս. «Դուք տուգանուած էք, հինգ լիրա պէտք է մուծէք»։ Հայրս հնազանդօրէն ենթարկուեցաւ։ Պահակը, բնականաբար, ոչ մէկ ստացական տուաւ, սակայն հօրս ըսաւ. «Դուք ո՛չ առաջինն էք, ո՛չ ալ վերջինը»։
Այս միջադէպը շատ զուարճացուցած էր իմ հօրս ու կ՚ըսէր. «Ի՜նչ հզօր է արուեստին ուժը, քարին կեանք կու տայ»։ Մեկնելէն առաջ հայրս նորէն նայեցաւ այդ կատարեալ պալատին եւ ըսաւ. «Ցաւալի է, որ իտալական կառավարութիւնը լաւ չի խնամեր այս պալատները, այս գանձերը։ Ատոնք կ՚աւերուին կամ ալ հարուստ օտարականներու բաժին կը դառնան։
ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՄԻՏՔԵՐԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍԻՆ
- Մարդ ամէն բանի մէջ գեղեցիկը կ՚որոնէ, եւ գեղեցիկը կը գտնէ։ Ամէն բանի մէջ գեղեցկութիւն. վերջիվերջոյ գեղեցիկը ըլլալու է մեր կրօնքը: Գեղեցիկ մարդը, գեղեցիկ կեանք, գեղեցիկ կրօնք, գեղեցիկ բարոյականութիւն, գեղեցիկ հասարակական կազմ…
- Եթէ բարոյականութիւն մը գեղեցիկ չէ, այն բարոյական չէ:
- Եթէ երեւոյթ մը, վարմունք մը գեղեցիկ չէ, ան բարոյական չէ։
- Պէտք է ապրիլ գեղեցիկ, մտածել, զգալ գեղեցիկ, հագուիլ, քալել գեղեցիկ, ուտել, խմել, քնանալ գեղեցիկ, մեռնիլ գեղեցիկ… Ամէն բան գեղեցիկ, գեղեցիկ…
- Ճշմարտութիւնը եթէ գեղեցիկ չէ, այն ճշմարտութիւն չէ, իսկ ինչ որ գեղեցիկ է՝ այն ճշմարիտ է:
- Գեղեցկութիւնը կատարելութիւն է եւ ընդհակառակը:
- Արուեստը պէտք է արտայայտէ արուեստագէտի հոգին, իրերուն հոգին, մարդու հոգին: Ան պատկերներով պիտի մեկնաբանէ մեր ներաշխարհը: Ան պիտի թարգմանէ բնութիւնը:
- Ան պէտք է տայ ո՛չ թէ իրականութիւնը, այլ անոր զգայութիւնը, զգացումը եւ պատրանքը:
- Ոչ թէ, օրինակ, նկարին մէջ երկաթուղիի արագութիւնը տայ, կամ հողմի, կամ գետի, այլ անոր զգայութիւնը, այսինքն՝ մենք զգա՛նք արագութիւնը:
- Մարդն է բնութեան իմաստը, եւ գեղեցիկն է ճշմարտութեան թագը, կատարը:
- Գեղեցկութիւնը, գեղարուեստը ինքնամոռացութիւն, մոռացութեան պահեր կը բերեն, կ՚երջանկացնեն:
- Գեղարուեստն է բնութիւնը, գումարած մարդը: Մարդը եւ բնութիւնը միասին: Բնութիւնը, առաւել՝ մարդը:
- Բնութիւնը խորհուրդ է, արուեստը՝ մեկնիչ, մեկնաբան (արուեստագէտը, բանաստեղծը):
- Արուեստ, գեղարուեստ կը նշանակէ ուղղել, սրբագրել, կատարելագործել բնութիւնը եւ իրերը… ոչ թէ կապկել, կրկնել…
- Արուեստն աւելի ճշմարիտ է, քան իրականութիւնը, որովհետեւ ան ստեղծուած է բանաստեղծի հոգւոյն մէջ:
- Գեղարուեստը մեր ներաշխարհի կատարելութիւններու դրսեւորումն է:
- Բանաստեղծը, արուեստագէտը իրենց սիրտի աչքով կը տեսնեն ու կը զգան աշխարհի իրերը, երեւոյթները, երեւոյթներու հոգին, ներքին, յաւերժական անփոփոխ կեանքը:
- Մեծ արուեստագէտները մեծ մարգարէներ են:
- Պէտք է «ըմպած» ըլլաս ողջ մշակոյթը, որ արուեստագէտ ըլլաս։
- Անձնական վիշտի եւ հրճուանքի միջոցով ներկայացնել հաւաքականը՝ ահա արուեստը:
- Արուեստը կրօնքի պէս բան մըն է. ան ընդունակ է մոռցնել տալու կեանքը եւ յաղթելու մահուան. միայն պէտք է զայն սիրես ու նուիրուիս:
- Եթէ չըլլար արուեստագէտին աչքը, մարդիկ շատ բան չէին կրնար տեսնել, կամ տեսած ըլլալ:
- Աստուածներու ամենամեծ բարիքը, որ տուած է մարդոց, ատիկա չափի զգացումն է (հին յոյները):
- Գեղեցկութիւնը պէտք չէ վերլուծել, տարրալուծել, պէտք է ամբողջին մէջ առնել, որովհետեւ ամբողջն է գեղեցիկ. մանրամասները կը դաւաճանեն:
- Արուեստի հոգին անկեղծութիւնն է:
- Արուեստը կը սրբագրէ, կ՚ուղղէ, կը բիւրեղացնէ իրը, մարդը, անոր մարմինը…
Իղձը, երեւակայութիւնը, քերթողութիւնը, արուեստը, կը գեղեցկացնեն չոր, մերկ, դաժան իրականութիւնը՝ դիակը, գերեզմանը, մահը: Կ՚ոսկեզօծեն, կը զարդարեն։
- Ամէն մէկ ստեղծագործութիւն անհատական կնիք ունի. անհատն է, որ միայնակ կը ստեղծէ, կը գրէ, կը նկարէ, կը քանդակէ, կը յօրինէ: Ատոր համար ալ երեխայ ստեղծելը երկու հայրով չ՚ըլլար, այլ՝ մէկ. երկու հայրով, ինչպէս եւ երկու հեղինակով ստեղծումները կը վիժին»:
ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻԷՆ
«Ես հայ թերթերը կը կարդամ՝ վրդովելու, հայհոյելու համար… Տեսնել հայկական աղէտն ու առողջ մնալ, անկարելի է… դաշնակցական թերթերը կը կարդամ՝ դաշնակցականներուն կը հայհոյեմ, համայնավարական թերթերը կը կարդամ՝ իրենց կը հայհոյեմ, իսկ ռամկավար-հնչակ թերթերը անպատիւ կը նկատեմ կարդալ…»:
*
«Ժամանակը վատ է, մարդիկ դարձած են անգութ, կեղծաւոր, եսամոլ: Ա՜խ, գլուխս ձգէի Շիրակ, փռուէի հայրենի հողին վրայ եւ լայի, լայի: Այնպէս ջղայնացած եմ, արդար զայրոյթով լեցուն»:
*
«Գլուխս կտրէ, եթէ անարդարութիւն կը գործեմ կամ կ՚ըսեմ. եթէ սրբութիւն մը կայ, որուն համար կ՚ապրիմ, ատիկա հայ որբն է, հայ չարքաշ ժողովուրդը, հայ ինքնագոհ բանակը, թքած եմ բոլոր միւսներուն վրայ՝ ըլլայ ընկեր, գործիչ, դիւանագէտ: Ձախ ոտքիս այլասերած ճկոյթը իր գիտակցութեամբ անոնցմէ բարձր է: Քեզի հաճելի չեն այս հայհոյանքները, ներէ, կը խնդրեմ, բայց ընդունէ, որ ճիշդ են»:
*
«Ժընեւի մէջ ինծի համար այլեւս անկարելի է ապրիլ, ոչ մէկ տեղէ փող կու գայ: Ամերիկա կը գրեմ, ո՛չ դրամ կ՚ուղարկեն, ո՛չ կը պատասխանեն: Ընկերներ եկան-գացին, կերան, լափեցին, ազգային գումարներով իրենք զիրենք ու իրենց կնիկները զարդարեցին, եւ ոչ ոք մտածեց զիս, նոյնիսկ նուէր չտուին երեխայիս: Վերջապէս, այդ մարդիկը ես կ՚արհամարհեմ, կը համարեմ աւազակներ, խաչագողներ եւ այլ ածականներով կը դիմեմ, որոնց արժանի են՝ չունենալով ո՛չ խելք, ո՛չ զարգացում, ո՛չ հեռատեսութիւն»:
*
«Ինչպէ՞ս չերթամ [հայրենիք]: Տասնհինգ տարի է՝ հեռացած եմ, կարօտը կը խեղդէ զիս, ոչ մէկ երկիր կը քաշէ զիս՝ ո՛չ Փարիզը, ո՛չ Պերլինը, ո՛չ Գահիրէն, կը հասկնա՞ս այս: Ո՛չ մէկ երաժշտութիւն, ո՛չ պալէ, միայն թառը, շուին, զուռնան, մեր աղջիկներուն պարերը… Մեր խորովածը, քիւֆթէն, մեր թարխունը, լաւաշ հացը: Դուն այդ մէկը լաւ կը հասկնաս, եւ գիտեմ, պիտի նախանձիս: Այս ալ գիտցիր՝ իմ բոլոր ընկերներս այնտեղ են»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան