ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼ
Վերջին տարիներուն ամբողջովին կորսնցուցած ենք կեդրոնանալու մեր ունակութիւնը։ Այլեւս չենք կրնար քանի մը վայրկեանէն աւելի զբաղիլ որեւէ բանով, ուշադրութիւն դարձնել կամ կեդրոնանալ։ Մենք չենք կրնար նկարի մը վրայ կեդրոնանալ այնքան, որքան պէտք է, մենք անընդհատ կ՚ուզենք արագ անցումներ կատարել նկարներու միջեւ։ Մեր կեանքը կը սեղմենք քանի մը վայրկեան տեւողութեամբ շարք մը հաւաքական գործողութիւններու մէջ: Չենք կրնար աւելի հեռու երթալ, քան ըլլալ սպառողական արագընթաց մշակոյթի ժամանակակից ստրուկները: Ուրեմն ինչո՞ւ այդքան արագ ենք: Ինչո՞ւ չենք կրնար կեդրոնանալ:
Ներկայիս կ՚ապրինք մշակոյթի մը մէջ, որ մեզ անընդհատ ճնշուածութեան կը մղէ, արդիւնաբերական յեղափոխութեան արդիւնքին յառաջացած դրամատիրական ապրելակերպի սովորութիւնները իրականութեան մէջ կու տան մեր բոլոր խնդիրներու պատասխանը։ Այս խնդիրներէն առաջինը քունն է։
Մենք վաղուց կը փորձենք ապրիլ մեքենայական ռիթմով մը։ Մենք բաւական ուշ կը քնանանք եւ կ՚արթննանք (կը փորձենք արթննալ) բաւական վաղ՝ զարթուցիչի ձայնով։ Եւ մենք կ՚աշխատինք այնքան ժամանակ, մինչեւ ուժասպառ ըլլանք: Լաւ, այս շրջադարձը միշտ այսպէս պիտի շարունակուի՞։ Նախապէս մարդիկ կ՚ապրէին արեւի համաձայն: Երբ արեւը կը ծագէր, մարդիկ կ՚արթննային առանց որեւէ յաւելեալ սարքաւորման օգնութեան, իսկ երբ մութը կ՚իյնար, կամաց-կամաց կը քնանային՝ քունի կ՚անցնէին։
Հազարաւոր տարիներ քնացած եւ արթնցած ենք արեգակնային ռիթմի համաձայն: Բայց աւելի վերջ, ելեկտրական լապտերի յայտնագործմամբ, ուժ ստացանք կառավարելու այդ լոյսը եւ սկսանք խաթարել մեր քունի ռիթմը: Մենք սկսանք քնանալէ առաջ ենթարկուիլ մեր հեռաձայններու եւ համակարգիչներու արհեստական լոյսի ազդեցութեան։ Մենք մշտապէս կ՚ենթարկուինք արհեստական լոյսի ազդեցութեան՝ ամէնուրեք: Արդիւնքին մեր քունի ռիթմը կտրականապէս կը փոխուի։
Բացի արեւի եւ արհեստական լոյսի երկընտրանքէն, զգալիօրէն փոխուած է նաեւ մեր քունի տեւողութիւնը։ Այժմ մենք շատ աւելի քիչ կը քնանանք եւ կ՚ուզենք աւելի շատ արթուն մնալ: Այսօր բազում մարդիկ կը տառապին մնայուն անքնութենէն։ 1942 թուականէն ի վեր միջին մարդու քունի տեւողութիւնը մէկ ժամով նուազած է։ Քունի հետ կապուած խնդիրներով մեր ճանաչողական ունակութիւններն ու հմտութիւնները նոյնպէս շատ սահմանափակուած են: Նկատուած է, որ քունի պակասը սարսափելի հետեւանքներ կ՚ունենայ յատկապէս երեխաներու վրայ։
Որպէս անքնութեան լուծում՝ սկսանք մենք մեզ մարեցնել թմրանիւթերով: Բազմաթիւ մարդիկ կը դիմեն քնաբեր դեղերու, սակայն, քիմիական նիւթերով պայմանաւորուած քունը հեռու է իրական քունէն: Արհեստական միջոցներով քունը կրնայ տարբեր ազդեցութիւն ունենալ մեր առօրեայ կեանքի վրայ: Սա կը յանգեցնէ մելաթոնինի ընկալիչներու վատթարացման եւ հետզհետէ աւելի կը դժուարանայ բնական քունը: Թէեւ իրական քունը հաւասարակշռող գործօն մըն է մարմնի առողջութեան համար, սակայն, դեղամիջոցները կը յանգեցնեն այս հաւասարակշռութեան փոփոխութեան:
Մարդկային հոգեբանութիւնը մեծ փոփոխութեան ենթարկուած է եւ մենք նախընտրած ենք միապաղաղ կեանք մը՝ սահմանափակ գործիքներով եւ սարքաւորումներով ժամանակի հոսքը շարունակելու արդիւնքին: Այժմ շատ աւելի քիչ ժամանակ կը տրամադրենք գիրքերուն եւ կը կորսնցնենք երկար ժամանակ կարդալու ունակութիւնը։ Օրէ օր կը հեռանանք ժամանակի հոսքը տնօրինող ու ուղղորդող ըլլալէ եւ մենք մեզ թեքնոլոժիք սարքերու տիրապետութեան տակ կը թողենք։ Այսպիսով, հիմա մենք աւելի քիչ կը քալենք, աւելի քիչ կը մտածենք եւ աւելի քիչ կը կեդրոնանանք։
Մէկ խօսքով՝ հաւաքական ճնշուածութիւնը, քունի խանգարումները, ֆիզիքական եւ հոգեբանական մաշուածութիւնը եւ թեքնոլոժիք սարքերու հետ մեր կապը՝ զգալիօրէն փոխած են մեր կեդրոնանալու ունակութիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ