ՍԻՐՈՅ ՃԱՄԲԱՆ
Բարիներուն,
Մինակներուն,
Լոյսով ջերմացողներուն,
Նամակներ չստացողներուն,
Հիւրեր չունեցողներուն,
Հաւատքով մոմ վառողներուն,
Երկինքէն բան մը հայցողներուն,
Երկա՜ր շարքերու մէջ սպասողներուն,
Լաւ չերգողներուն,
Որոտումին ձայնը, անձրեւին կաթկթոցը եւ անկէ վերջ թրջուած հողին ու խոտին հոտը սիրողներուն,
Հանրային պարտէզին մէջ առանձին նստողներուն,
Պարի չհրաւիրուողներուն,
Դարակներէն հին նկարներ հանողներուն,
Բոյսերուն ու կենդանիներուն հետ խօսողներուն,
Հովին հպումը զգացողներուն,
Խունկին բոյրը սիրողներուն,
Իրենց համար յատուկ զեղչեր չունեցողներուն,
Հեզերուն,
Ծովին դիմաց լուռ նստողներուն,
Կռնակին ետեւ կեա՜նք մը ձգած՝ ժպտալով հեռացողներուն,
Տակաւին թուղթ ու գրիչ գործածողներուն,
Գգուանքով իրենց ծաղիկները ջրողներուն,
Գինիներուն անունները չգիտցողներուն,
Իրենց տոպրակները շալկող չունեցողներուն,
Ուրախութենէն լացողներուն,
Բազմութեան մէջ որբ մնացածներուն,
Լիալուսնին արծաթը նկատողներուն,
Ծաղիկներուն հովէն թափուած թերթերը հաւաքողներուն,
Արհամարհուածներուն,
Չերեւցողներուն,
Երկրի՛ն վրայի արդարութեան հաւատացողներուն,
Անճար հիւանդներուն,
Յոյսով սնուողներուն,
Բանաստեղծութիւնները իրենց սիրտերուն ու միտքերուն մէջ պահողներուն,
Պատէն կախուած, ծռած նկարները անզգալաբար շտկողներուն,
Մանուկներուն աղմուկը սիրողներուն, անոնց երգով յուզուողներուն,
Մահը իրօ՛ք ճանչցողներուն,
Գիշերը իրենց ծածկած մէկ սիրածը հողին յանձնածներուն,
Ծովափին աւազը, գետնին հողը, ծառին տերեւը եւ աղբիւրին ջուրը իրենց ափին մէջ պահողներուն,
Առանց լուսաւոր ցուցափեղկերուն նայելու՝ շքեղ խանութներուն առջեւէն անցնողներուն,
Արմանին եւ Շանէլը չճանչցողներուն,
Հանրաշարժի խճողումին մէջ ճմռթկուած իրենց հագուստները հանող, այդ խանութներուն կոկի՜կ տարազները հագուող, յաճախորդին ժպտացող տիպար պաշտօնեաներուն,
Բանտին մէջ գիրք կարդացողներուն,
Իրենց հի՜ն տիսքերը եւ քասէթները պահողներուն,
Անապատի մը մէջ վրանին առջեւ քարով ֆութպոլ խաղացող եւ անիւի մը մէջ օրօրուող իրենց զաւակները դիտողներուն,
Գիշերը, անտառի մը մէջ իրենց վառած կրակին շուրջ երգողներուն,
Իրենց արուեստին սիրահար, վարպետ արհեստաւորներուն,
Աւազով գծողներուն,
Շիշով, ամանով մեղեդի հանողներուն,
Աչքերը փակ, շուրջի գոյները տեսնողներուն,
Աթոռին վրայ նստած շարժողներուն,
Հոգո՛վ թռչողներուն,
Սրտո՛վ նուագողներուն,
Ապրողներո՜ւն,
Իրե՛նց կեանքը սիրողներուն,
Ձերը չէ՛ ամէն տեղէ կախուած մոմ ու արջուկներուն, սիրողներուն տօնը՝ կարմիր,
Առեւտուրի շուկայ է անոնցինը,
Ձերինը՝ ապրուող սէր։
Մի՜ շեղիք դուք, առջի օրուան, երէկուան, այսօրուան, վաղուան ու գալիք օրերուն պէս սիրով ըրէք ամէն բան.
Շարունակեցէք դուք սիրոյ ամէնօրեայ ձեր ճամբան...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիր