ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՄՇԵՑԻ (ՆԱՐՈՅԵԱՆ) (1875 - 1944)

Ծնած է 1875-ին, Մուշի Արդերդ կամ Յարդերդ գիւղը: Աւազանի անունով Խաչատուր:

Վաղ տարիքէն կորսնցուցած է իր հայրը, որով զինք տարած են Ս. Կարապետ վանքի Ժառանագաւորաց վարժարան, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը: Աւարտած է 1895-ին:

Աւարտելէ ետք նոյն տարին ուղարկուած է Արմաշի դպրեվանք, ուր ուսանած է մինչեւ 1899 թուականը: 

1899-ին, ձեռամբ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի, սարկաւագ ձեռնադրուած է:   

20 մայիս 1901-ին, ձեռամբ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է, վերակոչուելով Մեսրոպ:

Ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք ուսուցիչ կարգուած է Արմաշի դպրեվանքէն ներս, իսկ 1904-ին՝ տեսուչ կարգուած է եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ 1909 թուականը:

1907-ին, Մաղքիա Օրմանեան Պատրիարքը անոր շնորհած է մանիշակագոյն ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք, իսկ Մկրտիչ Կաթողիկոսէն ալ իրաւունք կը ստանայ կրելու ականակուռ լանջախաչ: 

1909-ին, Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան Կաթողիկոսի (որ այդ օրերուն տակաւին Պոլիս կը գտնուէր) ձեռամբ ստացած է ծայրագնութեան աստիճան եւ կարգուած է դպրեվանքի փոխ-վանահայր:

25 օգոստոս 1913-ին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոսական օծում ստացած է՝ ձեռամբ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:

Վերադառնալէն ետք շարունակած է վանահայրութեան պաշտօնը մինչեւ 1915 թուականը:

1915-էն 1916 տարագրուած է Գոնիա: Յաջորդ տարին Պոլիս վերադառնալով՝ քարոզիչ կարգուած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եւ Պէյօղլուի (Բերա) Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներուն: Քարոզիչի պաշտօնը վարած է մինչեւ 1927 թուականը: Նոյն ընթացքին ուսուցչական պաշտօններ վարած է Կեդրոնական, Էսաեան, Պէզազեան եւ Նոր Դպրոց վարժարաններէն ներս, դասաւանդելով կրօնագիտութիւն, կրօնքներու պատմութիւն, գրաբար եւ հայ մատենագրութիւն:

1916-1919 տարիներուն Պէշիկթաշի Մաքրուհեան վարժարանի տնօրէնը եղած է:

19 հոկտեմբեր 1918-էն 19 փետրուար 1919 ժամանակահատուածի ընթացքին վարած է պատրիարքական տեղապահի պաշտօնը, մինչեւ տարագրեալ Զաւէն Պատրիարքի աթոռ վերադառնալը:

26 յունիս 1927-ին ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարք եւ նոյն օրն իսկ կատարած է իր պատրիարքական ուխտը, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Գումգաբու:

5 յուլիս 1927-ին, Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը կոնդակով մը անոր արքութեան պատիւ շնորհած է: 

Պատրիարքի պաշտօնը վարած է մինչեւ իր ի Տէր հանգումը, 31 մայիս 1944 թուականը: Վերջին օծումը եւ յուղարկաւորութեան կարգը կատարուած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 3 յունիսին, ձեռամբ Գէորգ Արք. Արսլանեանի: Մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան կուսակրօն եկեղեցականներու թաղամասին մէջ: 

Իր գահակալութեան տարիներուն հիմնովին վերակառուցուած է Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին:

Մեսրոպ Նարոյեան եղած է գրիչի մարդ եւ շատերու կողմէ արժանացած է «Գրագէտ Պատրիարք» կոչումին: «Հարմակ» ծածկանունով ստորագրած է գրական եւ կրօնաբարոյական բազմաթիւ յօդուածներ տարբեր օրաթերթերու, պարբերաթերթերու եւ տարեգիրքերու մէջ:

«Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» վերնագրով աշխատութիւն մը հեղինակած է, սակայն, դժբախտաբար, բնագիրը կորսուած է բնագիրը, որմէ փրկուած մասը հրատարակուած է Գէորգ Մեսրոպի «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» երկհատոր գիրքին մէջ (1913 եւ 1914):

1948-ին, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Նարոյեանէն հատոր մը՝ «Նշխարներ» խորագիրով, ուր ամփոփուած են անոր ցիրուցան յօդուածները: Սոյն հատորի նախաբանին մէջ, բժիշկ Պաղտասար Մանուէլեան կը գրէ.

* Ո՛չ միայն մտաւոր ճիգերու արդիւնք թանկագին ժառանգ մը կորուստէ փրկելու մտահոգութեամբ, այլ մանաւանդ այդ ժառանգը ներկայ ու ապագայ սերունդներուն սեփականութիւն դարձնելու նպատակո՛վ է, որ կը ձեռնարկերնք հատորի մը մէջ ամփոփել Գրագէտ Պատրիարքի գրութիւնները, ցրուած զանազան պարբերականներու մէջ:

Գրագէտ՛տ Պատրիարքը:

Այսպէս կոչեցին զինք իր ժամանակակիցները, գրական շնորհը միայն վեր առնելով այս օժտուած մարդուն բազմապիսի կարողութիւններուն մէջէն, թերեւս իբրեւ ամենէն ցայտունն ու բնորոշիչը: Եւ ապրո՛ղը անշուշտ, որովհետեւ անով միայն պիտի կրնայ դիմագրաւել ժամանակի աւերիչ գործը, որ շուտով ամէն ինչ աղօտ յիշատակի մը կը վերածէ, աւելի վերջ, ի սպառ մոռացութեան տալու համար:

Դժուար է Մեսրոպ Նարոյեանի գրականութեան համար տեղ մը որոշել գրական դասակարգութեանց մէջ: Անիկա ո՛չ մասնաւոր սեռ մը մշակած է եւ ո՛չ ալ դպրոցի մը պատկանած: Գրելու մասնաւոր արուեստարկում (թեքնիք) ալ որդեգրած չէ որպէս պայման կամ յատկանիշ գրական գործի:

Սրբազան գրականութիւն պիտի ըսէինք իր գրականութեան, սակայն հոն կը բացակային աստուածաբանութիւնն ու ամէն ինչ որ վարդապետական է (dogmatique):

Բարոյագիտական գրականութիւն թերեւս, առանց խրատի եւ քարոզչական հասարակ տեղիքներու:

Գեղապաշտ գրականութիւն գուցէ, ուր սակայն ո՛չ երեւակայութիւն, ո՛չ երազանք եւ ո՛չ ալ զգայարանական տպաւորութիւններ իբր նպատակ հետապնդը-ւած են:

Անիկա համադրութիւն մըն է, ուր իմացականը, զգացականն ու գեղագիտականը հաճելի ներդաշնակութեամբ մը կը գիրկընդխառնուին ու կ՚ընդելուզ-ւին գեղեցիկ ամբողջութիւն մը կազմելու համար:

Տեղ-տեղ խորհրդազգած եկեղեցականն է, որ ի յայտ կու գայ թռիչներով: Մերթ խորհողն է, որ կը յայտնուի բարձր տեսլականներու մէջ: Երբեմն ալ զգացողն է, որ կ՚երեւի սրտին ազնիւ թրթռացումներով:

Ու այս բոլորը գեղազարդուած որքան պարզ ու քնքնուշ, նոյնքան ճոխ ու պերճ լեզուով մը, որ դէպի բանաստեղծական քնարականութիւն կ՚երթայ:

Լեզուի այդ յստակութիւնն ու ճշդութիւնը, բառերու գոյնն ու բոյրը, անսեթեւեթ ոճին հետ, մշակումով ձեռք բերուած յատկութիւններ ըլլալէ աւելի, ձիրքեր են, բնատուր շնորհներ իր քով («Նշխարներ», Իսթանպուլ, 1948, էջ 3-4):

[Նարոյեան Պատրիարքի կենսագրական այս տեղեկութիւնները կազմելու համար մեր տրամադրութեան տակ ունեցած ենք հետեւեալ հատորները. «Նշխարներ», Իսթանպուլ, 1948: «Անդրանիկ կոնդակներ», Իսթանպուլ, 2013: Եւ՝ «Հանրապետական շրջանի հայ հոգեւորականներ 1923-2023» (անտիպ)]:

***

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ երանաշնորհ Մեսրոպ Նարոյեան Պատրիարքի գրիչէն:

* Հայ Եկեղեցին, սիրելիներ, ամենէն սրբազան եւ անօտարանալի ժառանգութիւնն ու սրբութիւնն է, իբր բարոյական վերածնունդի ազդակ, զոր մեր նախնիք կտակած են մեզի: Ան եղած է հոգեւոր մայրը, եւ սիրոյ, խաղաղութեան եւ սրբութեան պատգամներով սնուցած եւ դաստիարակած է մեզ: Ան իր առաքելական ծագմամբն ու վեհութեամբը իր պատկառելի հնութեամբ, իր գերազանց զոհաբերութեամբ եւ ժողովրդավար ոգիով արեւելեան եկեղեցիներու մէջ մասնաւորապէս եւ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ ընդհանրապէս իր ուրոյն պատուոյ տեղն ունի: Հայ Եկեղեցին անցեալին մէջ հայուն հանճարին եւ հոգեւոր կարողութեանց բիւրեղացումն ու հանդիսարանն եղած է, հայ գրականութեան, գեղարուեստի ներշնչարանը, նկարագրի ազդակը եւ գոյութեան անկիւնաքարը: Մեզի նման փոքր ժողովուրդ մը երբ չդաստիարակուիր Աւետարանի բարոյացուցիչ սկըզ-բունքներով, դատապարտուած է փճանալու: Հայ ժողովուրդը այդ ճշմարտութիւնը ըմբռնած եւ ապրած է զայն դարերէ ի վեր՝ զերծ մնալով բարոյական անկումներէ եւ դժնդակ փորձութիւններէ:

Դուն պէտք է մշակես քու մէջ այն հոգեւոր կենցաղը, որուն գերագոյն տիպարն է մեր Տիրոջ աստուածային կեանքը, որ Սուրբ Աւետարանով քարոզուեցաւ: Կրօնքը ո՛չ նախապաշարում, ո՛չ մոլեռանդութիւն է, այլ մաքուր եւ պարկեշտ կեանքի մը վարքագիծը, որով պանծալի եղած են մեր առաքինի նախնիք: Դուն ես ուրեմն, հայ ժողովուրդ, Քրիստոսի Տեառն մերոյ ճշմարիտ գաղափարական եկեղեցին: Քու կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ խորհուրդով, զգացումով եւ գործերով պէտք է ցուցնես սուրբ եւ աստուածահաճոյ կեանք մը (Հատուած Անդրանիկ կոնդակէն, «Անդրանիկ կոնդակներ», Իսթանպուլ, 2013, հրատարակութեան պատրաստեց՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան (այժմ Յովակիմ Վարդապետ), էջ 188-189):

* Սիրելի հայրեր եւ մայրեր, ձեր պարտականութիւնը մեծ է եւ անժխտելի, դուք ընտանիքի ամրակուռ սիւներն էք, ձեր վրայ կրելով ամբողջ շէնքին ծանրութիւնը: Քրիստոնէական սիրոյ, խաղաղութեան եւ զոհաբերութեան տաք շունչը թող խնկաւէտէ ձեր ընտանեկան յարկը: Դուք ձեր բարի նիստ ու կացովը, առաքինի վարքով, ժուժկալութեամբ, չափաւորութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ կենդանի օրինակ պիտի ըլլաք ձեր զաւակներուն, ձեր հոգեհատորներուն, որոնք ձեր ընտանեկան գոյութիւնն ու յիշատակը պիտի յաւերժացնեն: Հսկեցէք ձեր զաւակներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան, որպէսզի անոնք իրենց պատանեկութեան բախտորոշ շրջանին մէջ սուրբ ներշնչումներով սնանին, բարի ունակութիւններ արմատացնեն իրենց մէջ, մշակեն իրենց միտքը, ազնուացնեն իրենց սիրտն ու հոգին եւ մանաւանդ բարձր նկարագիր մ՚ունենան (նոյն, անդ, էջ 191):

* Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը երկու հոմանիշ բառեր չեն, ո՛չ ալ երկու ներհակ ուժեր իրենց գործառնութեանց մէջ, այլ անոնք իրենց առանձին պաշտօններն ունին միեւնոյն գետնի վրայ: Դաստիարակութիւնը բարոյական մարդը կը բովանդակէ եւ նկարագիրը կը շինէ, կրթութիւնը ծանօթութիւններ կու տայ եւ միտքը կը բեղմնաւորէ: Առաջինը կենսական է եւ անհրաժեշտ, ամէն անհատի համար առհասարակ, վասնզի կեանքի խարիսխը կը կազմէ, երկրորդը կարեւոր է եւ օգտակար, մեր նիւթական բարօրութեանը համար («Նշխարներ», Իսթանպուլ, 1948, էջ 37):

* Պատիւը ուրեմն, պսակն է բեղմնաւոր, անշահախնդիր եւ գեղեցիկ կեանքի մը, որ դիրքերու չի նայիր, հասարակաց կարծիքէն վեր կը մնայ, գովեստէ կամ պարսաւէ չ՚ազդուիր, իր միակ հրճուանքն է գիտակցութեան պայծառութիւնը:

Եթէ ճշմարիտ մեծութիւն մը խօսի քու մէջդ, փոյթ չէ թէ պսակդ ըլլայ դափնիէ հիւսուած կամ ոչ, արժանիքիդ փառքը չի նսեմանար, պատիւը նորէն կրնայ ճառագայթել բոլոր թուփերուն կամ չոր տատասկներուն տակ (Նոյն, անդ, էջ 90):

* …Սակայն Արեւմուտքի մէջ Եկեղեցւոյ շուրջը կատարուած իրադարձութիւնները պէտք չէ որ իբր դատանիշ ծառայեն գնահատելու համար Հայ Եկեղեցւոյ պատմական ու իրական արժէքը: Մեր Եկեղեցին լայնամիտ ու բարեացակամ եղած է ամէն մտաւորական ու բարոյական շարժումներու նկատմամբ: Ան միշտ մտքի լոյս ու բարոյականի սնունդ ջամբած է իր զաւակներուն: Ո՛չ խարոյկներ բարձրացուցած է հաւատքի անունով եւ ոչ Կալիլէոսներ շղթայած՝ գիտութիւնը արհամարհելով, այլ մայրական խանդակաթ սիրով ամէնուրեք հետեւած է իր վայրավատին զաւակներուն, ուր որ ազգային դժբախտութիւններ եւ սաստկաշունչ հովեր քաշած նետած են զանոնք:

Ուստի հրամայական պահանջ կայ, որ Եկեղեցին վերակենդանանայ ու նորոգուի, ընդառաջ երթալու համար այն վտանգներուն, որոնք կը սպառնան թէ՛ իր եւ թէ՛ իր ցեղին գոյութեան, որպէսզի արժանաւորապէս կատարէ իր ծանր ու փափուկ պարտականութիւնները, զոր ներկայ քաղաքականութիւնը կը պարտադրէ իրեն: Զի պայքարը լուրջ է եւ ընդդիմամարտ ուժերը գերազօր: Եւ առաջին պայման այս փրկարար կերպարանափոխութեան իր պաշտօնեաներուն բարձրացումն է. վասն զի իսկապէս պաշտօնեաներն են որ կ՚արժեցնեն Եկեղեցին: Հոգեւորական մը ո՛րքան եռանդուն, անձնուէր եւ գիտուն ըլլայ, այնքան կը շահի եւ կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը, այնքան Աւետարանի լոյսը կը թափանցէ մութ սիրտերը, այնքան իր սրբութիւնը կ՚ազնուացնէ հոգիները, եւ բարձր նկարագիր մը կը ստեղծուի բարոյական մթնոլորտի մը մէջ («Արմաշ», պարբերագիրք, Մոնթրէալ, 1984, Ա. տարի, թիւ 2, էջ 10):

* Միայն Յիսուսի կրօնքն է, որ փրկարար գոհացում մը կու տայ մեր անձկալից որոնումներուն: Հոգեբանական փորձառութիւնը, կրօնական յայտնատեսութիւնը եւ Աւետարանի քարոզութեան պատմութիւնը կը ցուցնեն, թէ Յիսուսի կեանքը կը յայտնաբերէ բոլորովին նոր կեանքի եւ նորոգեալ էակի յատկութիւն մը, այն է հոգեկան վերածնութիւնը: «Եթէ ո՛չ ոք ծնցի ի ջրոյ եւ ի հոգւոյ, ոչ կարէ մտանել յարքայութիւն երկնից»:

Մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ ջանալ Յիսուս հասկնալ միայն տեսական վարդապետութիւններով եւ դաւանաբանական բանաձեւերով: Աստուածաբանութիւնը եւ բոլոր մեկնաբանական նրբութիւնները անբաւական են այդ մասին: Սուրբ կեանքի մը բոցն է, որ պիտի լուսաւորէ մեր մթին շրջապատը: Եւ երբ իր ճշմարտութեան հատիկները իյնան ընդունող սիրտերու մէջ, աստուածային զօրութեամբ մը պիտի այլակերպեն ներքին մարդը, փթթեցնելով հոն սրբութեան շքեղ ծաղիկներ: Ասով չենք ուզեր նուազեցնել գիտական ուսումնասիրութիւններու արժէքը, ինչ որ միշտ կարեւոր է պատմական իրադարձութիւններու ճշգրիտ հասկացողութեան համար: Սակայն ամենէն էականը եւ փրկարարը փորձառութեամբ զայն հասկնալն է. «Որ կամի զկնի իմ գալ, ուրասցի զանձն եւ եկեսցէ զհետ իմ»: Քրիստոնէական ճշմարտութիւններու ուժն ու գեղեցկութիւնը գիրքերու եւ ձեւականութիւններու մէջ չէ որ կը տեսնուի, այլ միայն քրիստոնեաներու նկարագրին ու կենցաղին մէջ («Հայ խօսնակ», հանդէս կրօնական, բարոյական եւ գրական, Ա. տարի, թիւ 2 (4), սեպտեմբեր, 1924, Կ. Պոլիս, էջ 30):

* Արդարեւ, Աստուծոյ Արքայութիւնը միշտ պայքարի մէջ է աշխարհի հետ: Կռիւ լոյսի եւ խաւարի, ճշմարտութեան եւ ստութեան մինչեւ Գողգոթայի կառափնատը: Յիսուսով աստուածային կեանք մը մտաւ աշխարհը, հոգեկան՝ բարոյական նոր յեղաշրջում մը: «Հուր եկի արկանել յերկիր…» ճշմարտութեան այդ հուրքը վերածնութեան քուրային մէջ հալեցնելով մարդոց բրտութիւնները՝ պիտի դարբնէր ձոյլ ու անարատ նկարագիր մը՝ ըստ պատկերի Աստուծոյ:

Տիրոջ իշխանութեան պայքարին եղանակը, ուրեմն, տարբեր է. ո՛չ սուրով եւ արիւնով, այլ բարութեան զէնքերով, սիրով, հեզութեամբ, զոհողութեամբ. պայքար յաւերժական, մինչեւ որ Սուրբ Հոգին տիրապետէ աշխարհի: 

Ներկայ քրիստոնէական աշխարհի պատկերը տխրեցուցիչ է: Մամոնայի պաշտամունքը իր ոսկեհորթը կանգնեցուցած է Տիրոջ նուրիական բարձունքներուն վրայ: Ոսկիին փայլէն եւ հեշտութեան խնծիղներէն շլմորած աչքերը կոյր կը մնան հանդէպ այն լուսեղէն իտէալներուն, որոնք սիրոյ խաչէն կը բոցափայլին: Քրիստոնէական պիտակի եւ թափանցիկ ծածկոյթի ներքեւ խաւար ու ժանտ հեթանոսութիւնն է, որ կը խայտայ եւ կը մռնչէ, գայթակղութիւն սփռելով միամիտ հոգիներուն:

Սակայն ապագան բարիին՝ Աստուծոյ է: Քրիստոս յաւիտենական Փրկիչն ու յաղթականն է. «Ո՞վ յանդիմանեսցէ զիս վասն մեղաց…»: Բոլոր ժխտական քննադատութիւնները չեն կրնար խախտել զայն, ճշմարտութեան յաւիտենական կրանիթ ժայռը, որուն զարնուելով պիտի փշրուին Չարին բոլոր ճարտար փորձերը եւ մեղքին բոլոր դարանակալ յարձակումները («Հայ խօսնակ», հանդէս կրօնական, բարոյական եւ գրական, Ա. տարի, թիւ 9-10, ապրիլ-մայիս, 1925, Կ. Պոլիս, էջ 198):

* Հայ Եկեղեցին ոչ միայն տաճար մըն է, ուր հոգեւոր երգեր կ՚երգուին եւ սաղմոսերգութիւններ կ՚ըլլան, այլ եւ անիկա հիմն է մեր ամբողջ էութեան: Հոն խտացած են գեղարուեստ, գրականութիւն, պատմութիւն, դիւցազներգութիւն: Հայ Եկեղեցիին մէջ, հայ ժողովուրդը ինքզինքը իր տան մէջ կը զգայ:

…Մեր եկեղեցականութիւնը պէտք է պատրաստուի ուրեմն իր կոչումին բարձրութեան վրայ մնալու համար: Հիմա ժողովուրդը առաջուընէ շատ աւելի զարգացած է. կրթութիւնը պարտաւորիչ է, եւ անհրաժեշտ է եկեղեցականութեան ալ համեմատական զարգացումը, վեր՝ ժողովրդային զարգացման մակարդակէն: Եկեղեցականութիւնը պէտք է նաեւ իր բարոյական կենցաղով նոյն բարձրութեան վրայ գտնուի:

Այնպիսի ատեն մը երբ բուռն է պայքարը՝ գիտութեան եւ Եկեղեցիին, գիտութեան եւ կրօնքին միջեւ, անհրաժեշտ է եկեղեցականին՝ իմացական եւ բարոյական բարձրութեան հաւասար աստիճանի մը վրայ գտնուիլը («Հայ խօսնակ»,  հանդէս կրօնական, բարոյական եւ գրական, Բ. տարի, թիւ 1, հոկտեմբեր, 1925, Կ. Պոլիս, էջ 5, 6-7):

* Քրիստոնէական Զատիկը որ կը վերակոչէ սուրբ յիշատակը Տիրոջ Յարութեան, բարոյական-հոգեկան կեանքի մը վերաստեղծումն է: “Զի ես կենդանի եմ, եւ դուք կենդանի լինելոց էք”. Ս. Յարութեան հաւատքը որքան կազդուրիչ ու փրկարար է կեանքի խաւարին եւ անէացման մէջ։ Ան վե՛ր առաւ մեռելութեան կափարիչը, որ կը ծանրանար հեթանոս մարդուն գերեզմանին վրայ: Սիրոյ ճառագայթները աստուածային լոյսի մը քաղցրութիւնը ծորեցին ապականութեան այդ դանդիռին մէջ հեծող հոգիներուն.- “Լոյս ծագեաց այնոցիկ որ նստէին ի խաւարի”. ա՛լ օտար ու թշուառ չենք զգար ինքզինքնիս այս ցուրտ երկրին մէջ, զոր յոռետեսները ցաւոց հովիտ կ՚անուանեն: Մեր հոգիները կը խայտան այդ ջինջ հաւատքովն ու աներկմիտ վստահութեամբը, որ Յիսուսէն կը բխի եւ կը միացնէ զմեզ յաւիտենականութեան: Քիչ մը հեթանոսական մտայնութիւն է կարծես թէ հանդերձեալ կեանքը իբր հակադրութիւն նկատել ներկայ պատահական տառապանքներու կամ սոսկական վիշտերու, առանց որոշ արժանիքներու եւ գիտակից ապրումներու,- “որոց զբարիս գործեալ իցէ ի յարութիւն կենաց եւ որոց զչար արարեալ ի յարութիւն դատաստանաց”: Վասն զի աշխարհ սքանչելի դպրոց մըն է կատարելագործուելու համար նկարագրով եւ հոգիով: Վիշտը, չարիքը, մահը գերազանց խթաններ են հոգեկան զարգացման, եւ բարոյական արժէքներն են որ կը շինեն ճշմարիտ կեանքը։ Ա՛յս եղած է անխախտ հաւատքը բոլոր սուրբերուն եւ ներքին փորձառութիւնը բոլոր նահատակներուն, որոնք Յիսուսի կեանքը ապրեցան:

Տիրոջ Ս. Յարութեան յիշատակը՝ ուրեմն՝ ճշմարիտ կեանքի բարձր խորհուրդը կը պատկերացնէ: Անով կը համոզուինք, թէ յաւերժապէս կ՚ապրի ինչ որ կայ ճշմարիտ, գեղեցիկ եւ բարձր մարդուն մէջ: Ամէն գործ, շարժում, գաղափար ուր կայ վերածնունդ, ստեղծագործութիւն, լոյս եւ սրբութիւն, հոն կայ յարութիւն, հոն կա՛ անմեռ տարր մը, որ վեր կը մնայ ժամանակէ եւ միջոցէ, որ աստուածային ցոլք մը կը բիւրեղացնէ իր մէջ, եւ որուն լուսեղէն թելերը կ՚երկարաձգուին մինչեւ աստուածային բարձունքները: Դարերու բարդ ի բարդ մշուշները անզօր են ստուեր ածելու այն աստուածային դէմքին վրայ որ Յիսուսինն է, Փառաւորեալ Յարուցեալինը, որ մշտապէս կը ներշնչէ մեր սիրտերը, կ՚ուժաւորէ մեր դեդեւուն քայլերը, կը բոցավառէ մեր հաւատքը եւ կը պատրաստէ յաւերժական երանութեան։

* Յիսուս բացարձակապէս անձնական սէր եւ հաղորդակցութիւն կը փնտռէ մեր մէջ. ո՛չ վարդապետութիւն, ո՛չ գիտութիւն, ո՛չ հրաշք. այլ կրել զայն մեր հոգիին մէջ որպէս փրկիչ եւ լոյս աշխարհի:

Կրօնքին խորունկ փիլիսոփայութիւնը այն է, որ մարդիկ կարենան մոռնալ իրենց արատաւոր անցեալը, ընելով զայն վերելակ մը, որով պիտի բարձրանան դէպի աւելի գեղեցիկ ապագայ մը:

* Հաւատք եւ սէր մէկ աղբիւրէ կը հոսին, հաւատք եւ սէր, երկու զօրութիւններ՝ որով Ս. Հոգին կը վերաստեղծէ աշխարհը: Հաւատքը մարդը աստուածային բարձունքներու կը հանէ, սէրը զԱստուած մարդկային խաւերու մէջ կ՚իջեցնէ: Հաւատքով եւ սիրով կը զարգանայ եւ կը կոչուի քրիստոնեայ նոր մարդկութիւն մը, ուր կը ճառագայթէ հաւատքին փառքը, եւ ուր կը ծաղկի սիրով յաջողած երանութիւնը։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025