ՊԱ­ՏՈՒ­ՀԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ Ե­ՏԵՒ

Մարտի ութն է եւ կը քալեմ փողոցներով...

Ո՞ւր են ձեր փողոցները. Երեւան, Գահիրէ, Իսթանպուլ, Պէյրութ, Հալէպ, ովկիանոսին մի՞ւս կողմը...

Ամէնուր են, մէջս են իմ փողոցներս։ Գլուխս բարձրացուցած, առանց գետին նայելու կը քալեմ ու չեմ վախնար իյնալէն. խորտուբորտ, թաց, փշոտ, զառիվեր, զառիվար, նեղ, անել... գիտեմ ես քալած ու քալելիք ճամբաներս։

Պատուհաններուն կը նայիմ՝ լուսաւոր են բացերը։

Կը մօտենամ. կանայք կան հոն...

Կին մը ծախելու համար բուրդէ վզկապ կ՚աշխատի, կին մը կողով մը լուացք կ՚արդուկէ, ուրիշ մը ցաւոտ կռնակով՝ զաւակներուն սիրած կարկանդակը կը պատրաստէ. կին մը երաժշտութիւնը ականջին՝ մարզանք կ՚ընէ, կին մը իր աղջկան համար պահած ձեռագործներու սնտուկը օդափոխելու համար կը բանայ, կին մը բեմին վրայ կ՚երգէ, ուրիշ մը ճաշարանի մէջ ամբողջ օրը աման կը լուայ. կին մը աշխարհը մոռցած, աչքը մանրադիտակին՝ վիրիւս մը կ՚ուսումնասիրէ, կին մը սառոյցին վրայ կը պարէ, ուրիշ մը պարել կը սորվեցնէ, կին մը աւազակներ կը ձերբակալէ, կին մը կենդանիներ կը բուժէ, կին մը իր չապրած սիրոյ պատմութիւնը կը գրէ, կին մը փաստաբան չունեցողի մը դատը կը պաշտպանէ, կին մը ծա՜նր թաւջութակ շալկած համերգի փորձին կ՚երթայ, կին մը կը ցանէ, կին մը երեսունհինգ մանուկի տետրակ կը սրբագրէ, կին մը ծովափին ձուկ կը ծախէ, ուրիշ մը ճաշարան մը կը ղեկավարէ, կին մը շքեղ խանութի մը մէջ մարդոց երեսին կը ժպտայ, կին մը անուաւոր աթոռին՝ թռչուն կը գծէ, կին մը լալով կը կարէ, ուրիշ մը կարուած այդ հագուստը կը ցուցադրէ, կին  մըն ալ իր վերարկուին պոչը բռնած գիւղի մանուկները ականներու միջեւ քայլելով դպրոց կը տանի... 

Աստուծոյ արարածներէն  կինն է միայն, որ կրնայ կրակին վրայ դրած ապուրի գլխուն, ձեռքի հեռաձայնին վրայ իր գործին վերաբերող պաշտօնական նամակ մը գրել, ներսը գիտութեան պարտականութիւն լուծող տղուն մէկ-մէկ հնչող հարցումներուն պատասխանել, այդ ընթացքին դրան զանգը հնչեցնող շէնքի աստիճան լուացողին հաշիւը փակել,  «ուաթսափ»ի վրայ բան մը հարցնող ընկերուհիին պատասխանել, ապուրը չմոռնալ, նամակը ճիշդ հասցէով ղրկել եւ «ի՞նչ ճաշ կ՚եփես»՝ ամուսնոյն տուած հարցման ի պատասխան՝ ապուրը որպէս թագաւորական ճաշ ներկայացնել...

Ժպիտ մը կայ ձեր շուրթերուն վրայ, կը տեսնեմ. մեր զօրութեան հմայքն է այդ...

Լուսաւոր են կանանց գտնուած տեղերը, տաք են անոնց դիմացկուն սրտերը, ջերմ են տոկուն ձեռքերը եւ անոնց համար հարազատ են աշխարհի բոլոր վէրքերը...  

Մարտի ութն է եւ անթիւ են մութ, անթափանց, ծա՜նր վարագոյրներով փակ  պատուհանները։

Կանայք չկա՞ն հոն, թէ հոն են խաւարով սնուող մարդակերպ ճիւաղները... 

Կանանց աչքն ու բերանը փակողները,

Ձեռքով կամ խօսքով լռեցնողները,

Անոնց մտածածը, զգացածը ազատօրէն արտայայտելու  իրաւունքը խլողները,

Իրենց վիզերուն փայլուն փողկապներ՝ կանանց վիզը շղթայով քաշողները,

Կանանց չարագործողները, զանոնք իրի մը պէս փայլեցնող ու գնողներուն մատուցողները, սակարկողները, վաճառողները... այդ գումարով տղամարդու մը հագուստներու տակ պահուըտողները...

Փակ այդ զնտաններուն մէջ ըլլալու են կանանց զարնողները, մաշկն ու սիրտը այրողները, անոնց ցաւցնողները, վարկաբեկողները,  ոտնահարողները, օրօրոցէն, խնդալէն ու երկինքէն զրկողները,

Անոնց մայրութիւնն ալ շահագործողները,

Արդարութեան նժարներուն քար աւելցնելու տեղ չձգողները,

Կնոջ մը յանցաւոր ըլլալուն համար՝ փաստ, բայց, տղամարդուն իրաւացի ըլլալուն համար պատրուակ փնտռողները,

Իրենց ամօթներով կանանց գլուխը կախողները,

Անոնց ներսի լոյսը մարողները...

Խաւարի մէջ ծնած ու աճած ըլլալու էք դուք։ Չեմ հաւատար, որ ձեզ սիրող, փայփայող, ձեր տուներուն մէջ լոյս վառող, ոչինչէն ամէն ինչ արարող կանայք եղած են։ Չեմ հաւատար, որ այդպիսի կանայք մօտեցած են ձեզի։ Չգտած ձեր գիրկերն են այսօրուան ձեր հասցուցած հարուածները եւ սիրազուրկ, չորցած ձեր հոգիներն են ձեր այրած կանա՜չ անտառները...

Ո՞ւշ է, թէ կրնաք ազատիլ ձեզ տմարդ դարձնող մութերէն։

Մարտի ութն է։

Բացէ՜ք պատուհանները, դուրս եկէք ձեր տգիտութեան ճաղերուն ետեւէն, վե՜ր նայեցէք, թերեւս ձեր աչքերը լեցուին չյանձնուողներուն, իրենց իրաւունքին ու ազատութեան համար անիրաւութեան ու խտրականութեան դէմ պայքարելով զոհուած կանանց հոգիներուն լոյսերով...

Լաւ նայեցէք, թերեւս ձեր մէջ կղպանք մը բանան, վաղը մայր ըլլալիք դպրոցական աղջնակներուն հիւսքերուն ծայրը խնամքով կապուած ճերմակ ժապաւէնները...

Թերեւս կոտրուին ձեր կարծր կաղապարները եւ դուք ալ ծունկի գաք ու հաւասարցնէք այդ աղջնակներուն գուլպաները...

Թերեւս սառած ձեր հոգիները կը ջերմացնեն ամէն չարիքի դէմ փխրուն սրտով, բայց ամո՛ւր կեցող կանանց գեղեցիկ արեւները...

Մարտի ութն է.

Բոլոր տուները մութ են մինչեւ կանայք լոյսերը վառեն...

ՍԵ­ՒԱՆ ՍԵ­ՄԷՐ­ՃԵԱՆ

Եգիպտոս

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025