ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ՆԿԱՐԻՉ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐԸ

Հետաքրքրական եւ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն մը կատարած է արուեստաբան, գեղանկարիչ, «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական համալսարանի Գեղարուեստական կրթութեան կաճառի ղեկավար Արա Յակոբեան։ Ան հետազօտած եւ յայտնաբերած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի այն ժառանգորդները, որոնք, իրենց մեծ հօր ուղին բռնելով, նոյնպէս զբաղած են գեղանկարչութեամբ։

Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ հայ իրականութեան մէջ նկարչական ուրիշ ընտանիքներ ալ եղած են, եւ նման օրինակներ համաշխարհային կերպարուեստի պատմութեան մէջ ալ կան: Հայոց մէջ ան յիշած է Պոլսոյ մէջ ստեղծագործող Մանասներու տոհմը, իսկ նոր շրջանի հայ կերպարուեստին մէջ՝ Յովնաթանեան տոհմը՝ եօթ նկարիչներով: Սակայն, Արա Յակոբեանի ուսումնասիրութենէն կը հասկնանք, որ եթէ իր նշած նկարչական անունները հայ կերպարուեստի մէջ հետք ձգած են, ապա Այվազովսքիի ընտանիքի նկարիչ ժառանգորդները գործած եւ ներդրում ունեցած են օտար, ոչ-հայկական միջավայրերու մէջ։ 

Արա Յակոբեան այս ուսումնասիրութիւնը կատարած է՝ Այվազովսքի երեւոյթը ամբողջական ընդգրկումով տեսնելու եւ գնահատելու համար։

Ինչպէս յայտնի է եւ ինչպէս յօդուածագիրն ալ կը գրէ՝ Յովհաննէս Այվազովսքին ամուսնացած է երկու անգամ. սկզբնապէս՝ անգլուհի Եուլիա Եաքովի Կրեւսի, ապա՝ հայուհի Աննա Մկրտիչի Պուռնազեանի հետ: Դժբախտաբար հայուհիէն ան զաւակ չէ ունեցած: Իսկ Եուլիա Կրեւսէն ծնած են Ելենան, Մարիամը (Մարիա), Ալեքսանտրան եւ Ժաննան: Այվազովսքիի թոռներէն Միխայէլ Լաթրին (1875-1942), Ալեքսէյ Կանզէնը (1876-1937), Նիկողայոս (1889-1956) եւ Կոնստանդին (1891-1980) Արցեուլովները շարունակած են իրենց մեծ հօր գործը, հանդիսանալով Կիմերեան գեղանկարչական դպրոցի ներկայացուցիչները: 19-րդ եւ 20-րդ դարերու սահմանագիծին Խրիմի մէջ զարգացում ապրեցաւ տարածաշրջանային գեղանկարչական հոսանք մը, որ յետագային անուանուեցաւ կիմերեան դպրոց։ 

Արա Յակոբեանի ուսումնասիրութենէն կը գիտնանք, որ Յովհաննէս Այվազովսքիի աւագ դստեր՝ Ելենայի անդրանիկ զաւակը՝ Միխայէլ Լաթրին, հետաքրքրական գեղանկարիչ մըն էր, որ նաեւ մասնագիտացած էր խեցեգործական արուեստին մէջ: Ան ծնած է 1875 թուականի հոկտեմբերի 31-ին Օտեսա քաղաքը, բժիշկ Պելոպիտ Լաթրիի ընտանիքին մէջ: Մանկութեան օրերուն մեծ մասը անցուցած է Թէոդոսիոյ մէջ, ուրկէ ալ սկիզբ առած է սէրը դէպի նկարչութիւնը: Մանուկ հասակէն ըլլալով աշխարհահռչակ մեծ հօր կողքին, ան հրապուրուած է արուեստով, ատկէ զատ տեսած ու շփուած է ժամանակի մտաւորականութեան գեղագէտ ներկայացուցիչներուն հետ (իսկ Այվազովսքիի արուեստանոցին մէջ յաճախ կը հաւաքուէին հայ եւ ռուս մտաւորականութեան ներկայացուցիչները), ինչ որ աւելի զօրացուցած է անոր ձգտումը դէպի արուեստը: Աւարտելով կրթական ընթացքը՝ Այվազովսքիի երաշխաւորութեամբ Լաթրին կ՚ընդունուի Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստից ակադեմիան, ուր կը սորվի յայտնի ռուս նկարիչ Արխիպ Կուինջիի արուեստանոցին մէջ: Մէջբերելով այդ օրերէն դրուագ մը, Արա Յակոբեան իր յօդուածին մէջ կը նշէ, որ ընդունելութեան ժամանակ Կուինջիի նման մեծութիւնը տեսնելով Լաթրիի ճեպանկարները, հիացմունք արտայայտած է եւ դիմելով իր ուսանողներուն ըսած. «Ահա, պարոնայք, ինչպէս պէտք է վերաբերուիլ ճեպանկարներուն, այսպիսի սիրով եւ պարտաճանաչութեամբ հարկաւոր է աշխատիլ»: Այստեղ ալ՝ ուսանողական շրջանին, Լաթրին կը ծանօթանայ եւ կը մտերմանայ Կուինջիի արուեստանոցին մէջ սորվող ռուս անուանի բնանկարիչ Կոստանդին Պոկայեւսքիի հետ: 1897 թուականին Լաթրին, ձգելով ակադեմական ուսուցումը, կը ճամբորդէ Յունաստան, Իտալիա, Օսմանեան կայսրութիւն, Ֆրանսա: Գտնուելով Գերմանիոյ մէջ՝ Լաթրին Միւնիխի մէջ որոշ ժամանակ կ՚ուսանի Ֆերրի Շմիտթի եւ Շիմոն Հոլոշիի մօտ. վերջինս իր արմատներով հայկական ծագում ունէր: 1899 թուականին Լաթրին կը վերադառնայ Սեն Փեթերսպուրկ եւ Այվազովսքիի նամակ-խնդրանքով կը ձեւակերպուի գեղարուեստից ակադեմիային մէջ որպէս ազատ ունկնդիր, արդէն Ալեքսանտր Կիսելեովի արուեստանոցին մէջ: 1902 թուականին կ՚աւարտէ դասընթացքները՝ պաշտպանութեան ներկայացնելով «Աշնանային քամի» բնանկարը: 

1905 թուականին կը մեկնի Թէոդոսիա, որուն շրջակայքը գտնուող Պարան-Էլի հողատարածքին մէջ (որ իր մօր նուէրն էր) կը ստեղծէ խեցեգործական արհեստանոց: Արա Յակոբեան կը գրէ, որ փաստօրէն, Լաթրին մինչեւ յեղափոխութիւնը Խրիմի մէջ միակ նկարիչն էր, որ լրջօրէն կը զբաղէր գեղարուեստական խեցեգործութեամբ: 1902 թուականին «Հին տունը» գեղանկար աշխատանքով կը մասնակցի Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստից ակադեմիայի գարնանային ցուցահանդէսին: 1909-1910 թուականներուն Լաթրին իր աշխատանքները կը ցուցադրէ արուեստի մէջ յեղափոխական միտումներով առաջնորդուող Վլատիմիր Իզտեպսքիի Օտեսայի նորաբաց սալոնին մէջ: Բացի այդ, Լաթրին պարբերաբար կը մասնակցի «Արուեստի աշխարհ» խմբաւորման կազմակերպած ցուցահանդէսներուն: Ցուցադրուած է նաեւ Մոսկուայի մէջ կայացած «Գեղանկարչութեան ցուցահանդէս, 1915 թուական» եւ 1918 թուականին Խրիմի մէջ «Արուեստը Խրիմի մէջ» ցուցահանդէսներուն: Հաւաքելով իր շուրջ յառաջապահական նոր գաղափարներու կողմնակիցները՝ գեղանկարիչներ, քանդակագործներ, ճարտարապետներ, ան հանդիսացած է «Նոր նկարիչներու ընկերութիւն» խմբաւորման հիմնադիրներէն մէկը՝ իր գործերը ցուցադրելով անոնց կազմակերպած ցուցահանդէսներուն (1905, 1906, 1915): 1920 թուականին՝ Խորհրդային կարգերու օրօք, Լաթրին կը գաղթէ Խրիմէն եւ կը հաստատուի Յունաստան: Այստեղ ալ՝ Աթէնքի մէջ կը ղեկավարէ Թագաւորական խեցեգործական գործարանը: Արա Յակոբեան կը նկատէ, որ Լաթրին իր մեծ հօր նմանութեամբ հետաքրքրուած եւ մասնակցած է հնագիտական բազմաթիւ պեղումներու: Չորս տարի անց՝ 1924 թուականին, Յունաստանի մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւններու պատճառով կը տեղափոխուի Փարիզ. կը կազմակերպէ Զարդարուեստական-գեղարուեստական արհեստանոց: 1932 թուականին Փարիզի աշնանային սալոնին մէջ կը ցուցադրէ իր զարդարուեստական մեծանկարներէն մէկը, իսկ 1935 թուականին՝ Ռէյմսի մէջ կը կազմակերպէ իր աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը, ուր մեծ մասամբ կը ներկայացուին փարիզեան շրջանի գծանկարչական եւ ջրաներկով կատարուած գործերը: Արա Յակոբեանի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, Լաթրին աշխատած է նկարչական զանազան թեքնիքներով, ստեղծած է ոչ-վաղ անցեալի (տպաւորապաշտներու) եւ ժամանակակից գեղանկարչական հոսանքներուն նմանող կտաւներ: Միաժամանակ յօդուածագիրը, իբրեւ արուեստաբան, վերլուծելով, կը նկատէ, որ անոր վաղ շրջանի աշխատանքներուն մէջ ակնառու կ՚երեւի Այվազովսքիի ազդեցութիւնը, իսկ կարգ մը իր կտաւներէն բացարձակապէս կը նմանին «հանճարեղ ծերուկի» գործերուն։ Անոնք արեւամուտի տեսարաններ են, այրող-ոսկեզօծ գոյներ, ծովու հորիզոնին երեւացող առագաստանաւեր: Նաեւ ազդեցութիւն կրած է իր ուսուցիչէն՝ Ա. Կուինջիէն: Այդ շրջանի աշխատանքներէն Արա Յակոբեան կը յիշատակէ «Լուսնեակ գիշեր», «Նաւը ծովուն մէջ», «Ծառը ձիւնի վրայ» (1903) ստեղծագործութիւնները: Սակայն շուտով՝ 1890-ական թուականներուն Լաթրին կը ձերբազատուի «այվազովսքեան ռոմանթիզմէն» եւ ամբողջովին կը հակի տպաւորապաշտական տպաւորութիւններուն: Այդ միտումները, ըստ Արա Յակոբեանի, կապուած են եւրոպական շրջագայութիւններու, մասամբ ալ՝ Շիմոն Հոլոշիի միւնիխեան դասընթացքներուն հետ: 

Լաթրիի ձգած ժառանգութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն ծովանկարները: Արուեստաբան Արա Յակոբեան կը մեկնաբանէ, որ անոնց մէջ նկարիչը ջանացած է արտայայտել բնութեան անվերջ փոփոխուող ներքին բովանդակութիւնը՝ մեծ մասամբ կատարելով ճեպանկարներու եղանակով: Նման մօտեցումը, ըստ արուեստաբանին, կու տայ ազատ աշխատելու հնարաւորութիւն, նկարներուն՝ թարմ շունչ եւ ինչպէս կը նկատէ՝ բնութեան բնորոշ պահերու ընկալման առաջին դասերը ան առած էր իր առաջին ուսուցիչէն՝ Յովհաննէս Այվազովսքիէն, սակայն, Լաթրին անոնք կ՚օգտագործէր իւրովի՝ տպաւորապաշտներուն բնորոշ պահի ազդեցութեամբ ու աւելի թանձր քսուածքներով: 1942 թուականի փետրուարի 11-ին Միխայէլ Լաթրին իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի մէջ: Անոր աշխատանքները համեմատուած են կարգ մը ռուս արուեստագէտներու գործերուն հետ: Ան ապրած է ժամանակի գեղարուեստական մտքի ռահվիրաներու կողքին, եղած է եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ, եւ արուեստաբանը կը նկատէ, որ անոր անունը այսօր 19-րդ դարու եւ 20-րդ դարու սկիզբի ռուսական կերպարուեստի ճանաչում գտած անուններու շարքին է։ Ժամանակ առ ժամանակ կազմակերպուած են անոր յետադարձ ցուցահանդէսները, անդրադարձ եղած է արուեստաբանական գրականութեան մէջ: 

Այվազովսքիի երկրորդ աղջկան՝ Մարիամի աւագ որդին՝ Ալեքսէյ Կանզէնը (Հանզէն) ծնած է Օտեսա, 1876 թուականի փետրուարի 2-ին, հայրական կողմէն շուէտական ծագումով, իսկական պետական խորհրդական Վասիլի (Վիլհելմ) Կանզէնի ընտանիքին մէջ: Աւարտելով Ռիշելեան կիմնազիայի դասընթացքները՝ Ալեքսէյը 1896-1900 թուականներուն կը սորվի Նովորոսիսքի (Օտեսայի) կայսերական համալսարանի իրաւաբանական բաժնին մէջ՝ զուգահեռաբար զբաղելով նկարչութեամբ: 1898-1904 թուականներուն կը ցուցադրուի Օտեսայի, այնուհետեւ՝ Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստից ակադեմիայի գարնանային ցուցահանդէսներուն: Արուեստաբանը կը նկատէ, որ այդ շրջանին Կանզէնի մօտ կ՚երեւին «այվազովսքեան» ազդեցութեամբ վիպապաշտական նկարներ. «Ծովային տեսարան», «Նաւը արեւամուտին», «Արեւածագը ծովու վրայ», «Հաւանայի մէջ»: 1900 թուականին Կայսրուհի Մարիայի կողմէ սահմանուած գերատեսչութեան մէջ Ալեքսէյը կ՚անցնի քաղաքացիական ծառայութեան: Կը մեկնի Գերմանիա. կը սորվի Պերլինի եւ Տրէզտէնի գեղարուեստից ակադեմիաներու ծովանկարչութեան արուեստանոցներուն մէջ՝ աշակերտելով Քարլ Զալցմանի եւ Փոլ Մէյերկէյմի: 1902 թուականին աւարտելով ակադեմական կրթութիւնը՝ կ՚ուղեւորուի Իտալիա, յատկապէս ուսումնասիրելով որմնանկարչութեան արուեստը: 1903 թուականին կը մեկնի Փարիզ, 1904-1907 թուականներուն կը սորվի Թոնի Ռոպէր-Ֆլիորիի (1837-1911) ու Ժիւլ Լեֆեւրի (1836-1911) արուեստանոցին մէջ: Այդ ընթացքին կը ցուցադրուի Վենետիկի մէջ, 1903-ին՝ Պերլինի Մեծ ցուցահանդէսին, իսկ 1907-ին Փարիզի մէջ՝ սալոնին մէջ կը ներկայացնէ «Սեւ ծովը» նկարը: Եղած է «Միջազգային աքուարելիստներու միութեան», «Փորագրանկարիչներու միութեան», «Փարիզի մէջ ռուս նկարիչներու միութեան», «Նկարիչներու ընկերակցութեան» խմբաւորումներու անդամ: Այդ ընթացքին Կանզէնը նկարած է ծովամարտերու քանի մը տեսարաններ, որոնց մէջ ներկայացուած են ռուս-ճաբոնական պատերազմին մասնակցած զրահանաւերը ու մարտի ընդհանուր դրուագներ: 

Արա Յակոբեան կը նկատէ, որ Եւրոպայի մէջ կատարելագործուելէ ետք Կանզէնի մօտ նկատելի կը դառնայ մօտեցման ու պատկերման ինքնատիպ եղանակ: Յաճախակի անդրադառնալով ժայռոտ ծովափերուն՝ նկարիչը կտաւի գողտրիկ մէկ անկիւնին մէջ կը տեղադրէ ձկնորսական նաւակ մը, կամ նաւակներ: Նկարիչը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ տրամադրութեան արտայայտման խնդիրներուն: Յիշատակելի են «Անձրեւէն առաջ», «Նաւակները ափի մօտ», «Տեսարան Նեւայէն. Սեն Փեթերսպուրկ» եւ քանի մը այլ գործեր: 1908 թուականին Փարիզի մէջ կը կազմակերպէ իր աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը: 1915 թուականին աշխատած է Ծովային նախարարութեան մէջ որպէս Ռուսաստանի գլխաւոր ծովային կեդրոնակայանի նկարիչ: 

Արա Յակոբեանի ուսումնասիրութենէն կը գիտնանք, որ նկարչական եւ հասարակական գործունէութենէն զատ, իր մեծ հօր օրինակով կատարած է բարերարութիւններ՝ կարգ մը որբանոցներու յատկացնելով գումարներ: 1911 թուականին նշանակուած է Սեն Փեթերսպուրկի որբանոցներու խորհուրդի պատուակալ անդամ: Ունեցած է մեծ հաւաքածոյ. Փարիզի մէջ գրած իր նամակներէն մէկուն մէջ կը նշէ Ռուսաստանի մէջ ձգած բազմաթիւ նկարներու մասին, որոնց մէջ կային Վերածնունդի ճանչցուած նկարիչներու գործեր: 1920 թուականին կը գաղթէ Զաղրէպ՝ ներկայիս Խրուաթիայի մայրաքաղաքը։ Եւրոպայի մէջ կը ցուցադրուի կարգ մը մայրաքաղաքներու մէջ, սակայն ամենէն նշանակալին Փարիզի «Ժորժ Փըթիթ» պատկերասրահին մէջ կազմակերպած իր նկարահանդէսն էր: 1937 թուականի հոկտեմբերի 19-ին Ալեքսէյ Կանզէն կը մահանայ Տուպրովնիք քաղաքի իր առանձնատան մէջ: Արա Յակոբեան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Ալեքսէյ Կանզէն զինք դրսեւորած է նաեւ կերպարուեստի զանազան ժանրերու մէջ. մասնաւորապէս կատարած է գիրքերու եւ հանդէսներու պատկերազարդումներ: Կը տեղեկանանք, որ նկարիչը արժանացած է ռուսաց կայսր Նիքոլայ Բ․-ի կայսրուհի Մարիայի եւ այլ երեւելի դէմքերու ուշադրութեան: Օտեսայի մէջ բացած է իր սեփական պատկերասրահը՝ թերեւս առաջին թանգարանը քաղաքին մէջ: 1912 թուականին արժանացած է Ֆրանսայի «Ակադեմիայի սպայ»ի տիտղոսին, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ բազմաթիւ շքանշաններու:

Համեմատաբար սակաւ են տեղեկութիւնները Այվազովսքիի չորրորդ աղջկան՝ Ժաննայի առջինեկին՝ Նիկողայոս Արցեուլովի մասին: Ծնած է 1889 թուականի յուլիսի 11-ին նաւաշինարար Կոնստանդին Արցեուլովի ընտանիքին մէջ: 1909 թուականին աւարտած է Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գործող կայսր Նիքոլայ Ա․-ի ծովային ճարտարագիտական ուսումնարանը: Ապա անմիջապէս անցած է նաւաշինարարական ճարտարագիտական աշխատանքի: Մասնագիտութեան մէջ ցուցաբերած ջանքերուն շնորհիւ 1920 թուականին դարձած է փոխ-գնդապետ: 1920 թուականին գաղթած է Թունուզ, ուր 1921 թուականին դասաւանդած է նաւաշինարարական արուեստ: Նոյն թուականին գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ Նիւ Եորք: 1944-1949 թուականներուն հանդիսացած է «Ամերիկայի մէջ ռուս նախկին սպաներու միութեան» անդամ: Մանուկ հասակէն Նիքոլայը զբաղած է նկարչութեամբ. դժբախտաբար քիչ բան պահպանուած է անոր ստեղծագործութիւններէն: Անոնցմէ առաւել ուշագրաւ են «Ռազմանաւ «Սեւասթոփոլ», «Եռակայմ ռազմանաւ «Սեւասթոփոլ», «Գծանաւ «Սեւասթոփոլ», «Ալմազ» կրէյսերի հրավառութեան ներքոյ «Կայսրուհի Մարիա» եռակայմ զրահանաւի ելքը նաւամատոյցէն» աշխատանքները, որոնց մէկ մասը կը ցուցադրուի Սեն Փեթերսպուրկի ռազմածովային կեդրոնական թանգարանին մէջ: Նիքոլայ Արցեուլով մահացած է 1956 թուականի յունիսի 20-ին, Նիւ Եորքի մէջ: Արա Յակոբեան կը դիտարկէ, որ Նիքոլայ Արցեուլով եթէ չզարգացուց ծովանկարչութեան ժանրը, ապա հանդիսացաւ ժամանակին ընդունուած ռազմանաւերու պատկերման ճանչցուած նկարիչներէն մէկը: Ժաննայի միւս որդին՝ Կոնստանդին Կոնստանդինի Արցեուլով, ըլլալով օդաչու, նոյնպէս զբաղած է նկարչութեամբ, մասնաւորապէս խորացած է պատկերազարդման արուեստին մէջ: Ծնած է 1891 թուականի մայիսի 29-ին, Եալթայի մէջ: Մանկութիւնը անցուցած է Թէոթոսիոյ մէջ՝ մեծ հօր՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի մօտ: Յակոբեան կը գրէ, որ թէպէտ Կոնստանդինը Այվազովսքիի արուեստանոցին մէջ չէ աշխատած, սակայն այդ ինն տարիներու ընթացքին մանկան մօտ արթնցած է սէրը դէպի արուեստը: 1908-1909 թուականներու ձմրան ընթացքին Մոսկուայի մէջ մասնագիտացած է յայտնի ռուս նկարիչ Կ. Եուոնի մօտ, ապա Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ Լ. Պաքստի եւ Մ. Տոպուժինսքիի արուեստանոցներուն մէջ: 1906-1908 թուականներուն սորված է Սեն Փեթերսպուրկի ծովային զօրամարմնին մէջ, ուր ուսման հետ զուգահեռ իր նկարչութեան ուսուցիչ Պ. Փաւլինովի ղեկավարութեամբ պատկերած է քանի մը ծովային նկարներ: Այնուհետեւ սորված է Օդային դպրոցին մէջ, 1911 թուականին ստացած է օդաչուի վկայական: Յետագային իր յուշերուն մէջ Կոնստանդինը կը գրէ, որ փափաքած է ընդունուիլ Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստից ակադեմիան, սակայն, ոչ-լիարժէք պատրաստ ըլլալուն պատճառով չէ յաջողած: Մասնակցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին՝ կատարելով բազմաթիւ թռիչքներ: 1933 թուականին աքսորուած է Արխանկելսք: Ապա նշանակուած է Սեւասթոփոլի օդագնացութեան դպրոցին մէջ որպէս ղեկավար: Ժամանակ առ ժամանակ ռազմական եւ քաղաքացիական օդագնացութեան ոլորտին մէջ զբաղեցուցած է բազում պաշտօններ: Աւելի ուշ Կոնստանդին ընդհանուր կապեր կը տեսնէր օդաչուի եւ նկարիչի մասնագիտութիւններուն միջեւ՝ տարածութեան զգացում եւ ընթացք, շարժում ու ռիթմ… Կոնստանդին աշխատած է նաեւ գեղարուեստական պատկերազարդման ոլորտին մէջ՝ կատարելով բազմաթիւ գիրքերու ու հանդէսներու գունաւոր նկարազարդումներ: Անոնց հետ մէկտեղ ստեղծած է մի շարք ծովային պատկերներ. «Փոթորիկ», «Ծով», «Երեք առագաստանաւ»: Արա Յակոբեան վերլուծելով զանոնք, կը նկատէ, որ վիպապաշտական արտայայտչաձեւերով կատարուած գործեր են՝ շատ ժամանակ «այվազովսքեան» ծովանկարներու նմանութեամբ: Կենդանութեան օրօք ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ (1962, 1966): Դարձած է Խորհրդային Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ, Ռուսաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ: Արցեուլով կապուած էր իր նախնիներու հողին հետ, եղած է Հայաստան, ձգած է սքանչելի տողեր: Կոնստանդին Արցեուլով իր մահկանացուն կնքած է 1980 թուականի մարտի 18-ին, Մոսկուայի մէջ։ 

Այսպէս, Արա Յակոբեանի ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը մեզ կը հասցնէ կարեւոր եզրակացութեան մը․ Յովհաննէս Այվազովսքիի արուեստը միայն իր անձով չի սահմանափակուիր, այլ կը շարունակուի նաեւ իր ժառանգորդներու ստեղծագործական ուղիներուն մէջ։ Թէեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կերտած է իր անհատական լեզուն, ընտրած է զանազան միջավայրեր եւ գեղագիտական ուղղութիւններ, սակայն, անուրանալի է այն ներշնչումը, որ կը բխի մեծ վարպետի ժառանգութենէն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2026