ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՄԱՇՈՒՄԸ ՓՈՓՈԽԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԷՋ

Ընկերաբանութեան մէջ հասարակութիւնը կը համարուի համակարգ մը, որ բաղկացած է այնպիսի յարաբերութիւններէ, որոնք կը փոխուին եւ կը զարգանան մարդոց առօրեայ գործունէութեամբ եւ դասակարգային պայքարով նիւթական արտադրութեան մէջ, ըստ առարկայական օրէնքներու։ Այս համակարգը բաղկացած է հաստատութիւններէն եւ կազմակերպութիւններէն, որոնք ստեղծուած են անհատներու կողմէ՝ իրենց կարիքները բաւարարելու, հասարակաց նպատակներուն հասնելու եւ միասին, համերաշխ ապրելու համար։

Հասարակութենէ մը ներս անհատներ կը գտնեն ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ ապահովութեան զգացում։ Հասարակութիւնը անհատներուն կը մատուցէ զանազան հնարաւորութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են անոնց կարիքները բաւարարելու համար։ Բաց աստի, հասարակութենէ մը ներս անհատներ կ՚ունենան կենսական նշանակութեամբ բազում իրաւունքներ. օրինակ՝ կրթութիւն, առողջապահութիւն, ընկերային զանազան ծառայութիւններ եւ այլն։

Ժամանակակից հասարակութիւններու արագ փոփոխականութիւնը, թեքնոլոժիի սրընթաց զարգացումը եւ տնտեսական մարտահրաւէրները խոր հետքեր կը թողեն անհատներու եւ համայնքներու ընկերային կառուցուածքներու վրայ։ Այս հետքերը ժամանակի ընթացքին կը յառաջացնեն երեւոյթ մը, որ կարելի է անուանել «ընկերային քայքայում»։

Ընկերային քայքայումը կարելի է սահմանել որպէս հասարակութեան հիմնական բարոյական եւ էթիք արժէքներու թուլացման, անհատներու միջեւ վստահութեան նուազման եւ ընկերային կապերու խզման գործընթաց, ինչ որ կը նուազեցնէ հասարակութեան ընդհանուր բարեկեցութիւնը եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով կը յանգեցնէ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային խնդիրներու։

Հասարակութենէ ներս «ընկերային քայքայման» ախտանիշներէն գլխաւորը բարոյական արժէքներու մաշումն է։ Եթէ նախապէս ազնուութեան, արդարութեան եւ համագործակցութեան նման արժէքներ հասարակութեան հիմնասիւներն էին, այսօր սկսած է որդեգրուիլ ապրելակերպ մը, որ կը գերակայէ միայն անհատական շահերը։ Սա կը վնասէ ամբողջ հասարակութեան մէջ վստահութեան զգացումը եւ կը նուազեցնէ մարդոց յարգանքը իրարու նկատմամբ։

Ներկայ հասարակութիւններէ ներս նիւթական ունեցուածքին եւ սպառման չափազանց մեծ նշանակութիւն կը տրուի, ինչ որ մարդիկ կը ստիպէ անտեսել բարոյական արժէքները եւ առաջնահերթութիւն տալ միայն սեփական շահերուն։ Որովհետեւ աւանդական ընտանեկան եւ համայնքային կապերը նախկինին բաղդատմամբ թուլացան, իսկ անհատականութեան տրուած նշանակութիւնը չափազանց մեծցաւ։ Սա է պատճառը, որ մարդոց միջեւ համերաշխութիւնն ու համագործակցութիւնը թուլացած է, այնուհետեւ խրախուսուած է եսասիրութիւնը, ծայրայեղ պարագային՝ եսամոլութիւնը։

Որոշ կրթական համակարգեր բաւարար նշանակութիւն չեն տար բարոյական արժէքներուն եւ բարոյականութեան դաստիարակման։ Այդ իսկ պատճառով նոր սերունդը զուրկ կը մնայ բարոյական արժէքներէ եւ կը հակի հիւծեալ սխալ վարքագծի։

Կարգ մը լրատուամիջոցներ կը հրապարակեն բռնութիւն եւ անբարոյականութիւն քարոզող բովանդակութիւններ, որոնց ենթակայ անհատներ՝ մանաւանդ նոր սերունդը կը մնան անոնց ազդեցութեան տակ։ Առաւել՝ որոշ քաղաքական գործիչներու փտածութիւնը եւ հրապարակաւ ոչ-բարոյական պահուածքը դուռ կը բանայ հասարակութեան ընդհանուր բարոյական անկման։

Հասարակական կեանքի բարօրութեան տեսակէտէ բարոյական արժէքներու քայքայման վտանգի գիտակցումը եւ անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկելը շատ կարեւոր է ապահովել, որպէսզի մարդոց զարգացումը կատարուի բարոյապէս առողջ ձեւով եւ ապագայ սերունդներ ըլլան այդ բարոյական արժէքներու ջատագովներ։

Տնտեսական անհաւասարութիւնները կարելի է համարել ընկերային եւ բարոյական քայքայման հիմնական պատճառներէն մին։ Եկամուտներու բաշխման անարդարութիւնը կը խորացնէ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ անջրպետը եւ կը խթանէ դասակարգային հակամարտութիւններու ծաւալումը հասարակութենէ ներս։

Հաշուի առնելով ընկերային եւ բարոյական քայքայման խնդրի բարդութիւնն ու բազմակողմանիութիւնը, դժուար թէ լուծում գտնուի։ Այնուամենայնիւ, բաց եւ ազնուօրէն քննարկելով այս խնդիրը, կարելի է աւելի լաւ հասկնալ պատճառներն ու հետեւանքները, նաեւ աշխատիլ աւելի արդիւնաւէտ լուծումներ մշակելու ուղղութեամբ։

Այս խնդիրը կանխելու համար պէտք է քայլերու ձեռնարկուին անհատական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ։ Կրթական համակարգէ ներս պէտք է ընդգծել բարոյական եւ էթիք արժէքներու կարեւորութիւնը, ընկերային քաղաքականութիւն մշակել ընտանիքի կառուցուածքի ամրապնդման համար եւ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ համերաշխութեան համար ապահովել տնտեսական արդարութիւն։ Բաց աստի, հասարակութեան մէջ պէտք է որդեգրուին թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան սկզբունքներ՝ անհատներու միջեւ վստահութիւնը բարձրացնելու համար։

Պէտք չէ մոռնալ, որ բարոյական արժէքները հասարակութեան հիմնաքարերն են եւ անխտիր բոլորի պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ պահպանել այդ արժէքները։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025