ՄՈՒԿԸ ԵՒ ԿԱՏՈՒՆ…

Մարդ մը կէս գիշերին շտապ օգնութիւն կանչելով հերթապահ բժիշկին կ՚ըսէ.

-Յարգելի բժի՛շկ, շուտ հասի՛ր, զոքանչս բերանը բաց քնացած ժամանակ մուկ մը մտաւ բերանը։

Բանգէտ բժիշկը կը թելադրէ «մտահոգ» մարդուն կտոր մը պանիր բռնել զոքանչին բերնին վրայ։

Տասը վայրկեան չանցած երբ բժիշկը կը հասնի, կը տեսնէ, թէ մարդը կտոր մը թոք բռնած զոքանչին բերնին վրայ, ճօճանակի նման կ՚օրօրէր։ Բժիշկը սոսկալի բարկացած կը պոռայ.

-Մա՛րդ, ես քեզի չըսի՞ կտոր մը պանիր, ուրեմն այս թոքը ի՞նչ գործ ունի։

-Յարգելի բժիշկ, կը պատասխանէ մարդը, հազիւ պանիրի կտորը պիտի բերէի, մէյ մըն ալ տեսնեմ, որ մեր կատուն մուկին ետեւէն զոքանչիս բերանը մտաւ…

*

Մի քանի ընկեր կ՚որոշեն շաբաթավերջի մը, ձկնորսութեան երթալ։ Հետեւաբար, իրենց երթալիք տեղը՝ լիճին վրայ գեղեցիկ խրճիթ մը եւ փոքրիկ զբօսանաւ մը կը վարձեն, ապա կ՚երթան եւ կը գնեն հարկաւոր ձկնորսական առարկաները։

Իրենց եռօրեայ արկածախնդրութեան ամբողջ ընթացքին, այս ընկերները հազիւ կը յաջողին միայն մէկ ձուկ որսալ։

Ընկերներէն մին յուսախաբ կ՚ըսէ.

-Երեւակայեցէ՛ք ընկերներ, որ այս մէկ ձուկը իւրաքանչիւրիս արժեց երկու հազար ոսկի։

Ընկերներէն մին, յանկարծ ընդմիջելով իր ընկերը, կ՚ըսէ.

-Ծօ՛, լաւ որ ուրիշ ձուկ չենք որսած…

*

Երկու ընկեր կը պտտին. մին միւսին կը հարցնէ, անտառ մը ցոյց տալով.

-Այս անտառը կը տեսնե՞ս։

-Ո՛չ, կը պատասխանէ միւսը, անկեղծ եւ միամիտ, ծառերը արգելք կ՚ըլլան, որ անտառը տեսնեմ…

*

ՄԱՐԴԻԿ, ԵՐԲԵՄՆ ԿԸ ԿԱՐԾԵՆ ՈՐ ԾԱՌԵՐԸ ԱՐԳԵԼՔ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՆ ԱՆՏԱՌԸ ՏԵՍՆԵԼՈՒ… բայց չեն խորհիր, որ երբ ծառերը գոյութիւն չունենան՝ անտառն ալ գոյութիւն չ՚ունենար։ Արդարեւ, ամբողջը կազմողը՝ մանրամասնութիւններն են…

*

Մարդ մը քաղաքը պտտած ատեն ճամբուն վրայ թանձրահաւ մը (penguin) կը գտնէ։ Ան ոստիկանատուն երթալով ցոյց կու տայ թանձրահաւը եւ կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պիտի ընէր այդ անասունը։

Ոստիկանը կ՚ըսէ.

-Տա՛ր կենդանաբանական պարտէզ։

Յաջորդ օր այս նոյն ոստիկանը պատահաբար կը տեսնէ, թէ մարդը կը պտտէր այդ թանձրահաւով. մօտենալով կը հարցնէ.

-Ես երէկ քեզի չըսի՞ որ այս անասունը կենդանաբանական պարտէզ տանէիր։

-Անշուշտ տարի, կը պատասխանէ մարդը հպարտ։

-Լաւ ուրեմն ինչո՞ւ տակաւին քովդ է։

-Որովհետեւ այսօր ալ շարժանկարի սրահ պիտի տանիմ…

*

Ոստիկանը կը կեցնէ ծայր աստիճան գինով վարորդը, որ հակառակ ուղղութեամբ կը քշէր եւ կը հարցնէ.

-Ըսէ՛ տեսնեմ, ո՞ւր կ՚երթաս այսպէս։

Վարորդը ծանրացած լազուով կը պատասխանէ.

-Չեմ գիտեր, բայց կարծեմ, թէ արդէն ուշացած եմ, որովհետեւ ամէն մարդ արդէն ետ կը դառնայ…

*

Ընկերը կը հարցնէ.

-Ինչո՞ւ գողը ձգեցիր, որ փախչէր եւ չհետապնդեցիր զայն։

-Որովհետեւ խոտ ցանուած տեղէ մը սկսաւ վազել։

-Քեզի ի՞նչ խոտը…

-Խոտին վրայի ազդարարութիւնը կ՚ըսէր. «Արգիլո՛ւած է խոտին վրայ քալել»։

*

Կեանքի մէջ «արգելք»ներ յարաբերական են, ուստի կարեւորը արգելքին նպատակը հասնկալ եւ ըստ այնմ շարժիլն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 28, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025