Կ՚ԱՐԺԷ՞ ԱՆԿԵՂԾԱՆԱԼ (Ա.)
Մարդկային յարաբերութիւնները ունին որոշ հիմքեր, որոնցմէ մէկը անկասկած անկեղծութիւնն է, սակայն, մարդ արարած ի՛նք պայքարի մէջ է նախ ինքն իր անձին հանդէպ անկեղծ ըլլալու եւ ապա շրջապատին: Այդ պայքարը գոյութիւն ունի, որովհետեւ անկեղծութեան կարեւորութիւնը գիտնալով հանդերձ մարդ արարած կը գիտակցի, որ անկեղծութիւնը միշտ չէ՛, որ դրական արդիւնքներ կը ստեղծէ, մանաւանդ աշխարհի մը մէջ, ուր մարդը մարդուն ո՛չ թէ արենակից է՝ այլ մրցակից, որ պատրաստ է որեւէ անկեղծութիւն վերածել դաշոյնի՝ վիրաւորելու համար անկեղծը. մանաւանդ երբ կ՚ապրինք հասարակութեան մը մէջ, ուր անկեղծութիւնը, բարութիւնը եւ գրեթէ այն ինչ, որ լաւ է ու ազնիւ՝ որպէս տկարութիւն կ՚ընկալուի:
Մարդկութիւնը դարեր շարունակ ուզած է ապրիլ եւ կամ գէթ փորձած է այնպէս ապրիլ ձեւացնել՝ ինչպէս հասարակութիւնը կամ շրջապատը կ՚ուզէ տեսնել, շատ անգամ զոհելով շատ մը արժէքներ՝ որոնց մաս կը կազմէ նաեւ անկեղծութիւնը: Այսօր գոյութիւն ունի երկուութիւն մը. շատեր անկեղծանալը որպէս քաջութիւն ու խիզախութիւն կը դիտեն, իսկ շատեր որպէս տկարութիւն: Այս իրողութեան լոյսին տակ կ՚ուզենք ուսումնասիրել անկեղծութեան ինչութիւնը՝ անոր դրական ու բացասական երեսներով:
Ա.- Անկեղծութիւնը որպէս դրական երեւոյթ. Կեղծութիւնը գրեթէ բոլոր հաւատալիքներուն, ինչպէս նաեւ համայն մարդկութեան մօտ դիտուած է որպէս մեղք ու յոռի երեւոյթ, այդ իսկ պատճառով նախամարդէն ի վեր միշտ ալ շեշտուած է անկեղծութեան կարեւորութիւնը՝ մանաւանդ մարդկային յարաբերութիւններու պարագային: Աստուածաշունչի մէջ եւս բազմիցս կրնանք տեսնել, որ Աստուած կը սիրէ անկեղծները. այս մէկը շեշտելով Սաղմոս 12:22-ին մէջ կը կարդանք. «Տէրը կ՚ատէ ստախօսները»: Եկեղեցւոյ հայրերէն շատեր, ինչպէս օրինակ՝ Սուրբ Օգոստինոս, Սուրբ Հերոմինոս եւ ուրիշներ կը հաւատան, որ անկեղծութիւնը քրիստոնէական կեանքի գլխաւոր բաղադրիչն է, որովհետեւ տրամաբանականօրէն ինչ որ կեղծ է, արդար չէ եւ ինչ որ արդար չէ, ինքնաբերաբար բարի չէ: Կեղծը իր մէջ մեղքի բնոյթ ունի, որովհետեւ կեղծը, ինչպէս Աստուածաշունչի առաջին էջերուն մէջ կը տեսնենք, չարն է:
Սակայն հոգեւորէն անդին, որպէս մարդկային արժէք, անկեղծութիւնը ունի իր դրական կողմերը. այդ կողմերը մէկէ աւելի են. անկեղծութիւնը մարդկային յարաբերութեան մէջ սիրոյ եւ վստահութեան մեծագոյն ապացոյցն է եւ հիմքը՝ առողջ յարաբերութեան: Մարդկային յարաբերութեան մէջ սէրը, անկեղծութիւնը եւ վստահութիւնը ագուցուած է, որովհետեւ սէրէն ծնունդ կ՚առնէ անկեղծութիւնը, իսկ անկեղծութենէն վստահութիւնը, որովհետեւ եթէ հակառակ ուղղութեամբ դիտենք, մարդ կ՚անկեղծանայ միայն ա՛ն մարդուն մօտ, որուն հանդէպ վստահութիւն ունի եւ այդ վստահութիւնը ինքնին սիրոյ մը անժխտելի փաստն է: Ո՞վ երբեւէ պիտի ուզէր գտնուիլ յարաբերութեան մը մէջ, ուր գոյութիւն ունի սուտն ու կեղծը եւ անոնց վրայ հիմնուած յարաբերութիւն մը ինչքանո՞վ կայուն կարելի է նկատել:
Անկեղծութեան դրական միւս կէտը հոգեկան խաղաղութիւնն է. մարդ հանգիստ եւ ուրախ կը զգայ ինքզինք հոն՝ ուր իր զգացումները, մտածումներն ու ապրումները քօղարկելու եւ նոյնիսկ յոյզերը կեղծելու դժուարին բռնութեան տակ չի զգար ինքզինք: Մարդ հոգեկան խաղաղութիւն կ՚ապրի իր ներքին տառապանքներն ու կասկածները բարձրաձայնելէ, որովհետեւ բանտուած իւրաքանչիւր միտք եւ զգացում՝ մա՛նաւանդ պարտաւորուած վիճակի մէջ քօղարկուած հոգեկան տագնապ է: Անկեղծ չըլլալը իրականութեան մէջ խոչընդոտ է, որմէ կրնայ ծնունդ առնել խաբէութիւնը, կասկածը եւ վախը: Մտահոգութիւնը հոգեկան տագնապի տեսակ մըն է եւ հոն, ուր կայ մտահոգութիւն՝ բացակայ է անկեղծութիւնը:
Անկեղծութեան դրական մէկ երեսն ալ ներքին է. մարդ շրջապատէն անկախ իր անձին հետ ներքին պայքարի մը մէջ կը գտնուի եւ յաճախ ինքն իր անձին, իր զգացումներուն, համոզումներուն եւ խառնուածքին հետ կրնայ անկեղծ չըլլալ. այդ իսկ պատճառով հոգեբաններ անկեղծութիւնը՝ մանաւանդ սեփական անձին հանդէպ, կը դիտեն որպէս անհատական ներքին աճ: Մարդ մը չի՛ կրնար շրջապատին հանդէպ անկեղծ ըլլալ՝ երբ առաջին հերթին ինքն իր անձին հանդէպ անկեղծ չէ: Իր անձին հանդէպ անկեղծ մարդն է, որ կրնայ զարգանալ եւ լաւապէս հասկնալ իր դրական ու բացասական կողմերը, իր առաւելութիւններն ու թերութիւնները: Անկեղծութեան մակարդակը հասկնալու համար թող մարդ գէթ մէկ անգամ ինքն իր անձին տայ հետեւեալ հարցումները. ինչքանո՞վ մարդ ծանօթ է իր զգացումներուն եւ միտքերուն՝ որոնք կը վախնայ բարձրաձայնել ու արտայայտել. ինչքանո՞վ մեր որոշումները հայելին են մեր ներքին ցանկութիւններուն. ինչքանո՞վ ծանօթ ենք մեր թերութիւններուն. ինչքանո՞վ սրբագրելի են: Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելով մարդ կը շահի սեփական յարգանք իր անձին հանդէպ եւ իր անձը չյարգող անձին շրջապատը եւս չի յարգեր: Այդ իսկ պատճառով անկեղծութիւնը ունի իր դրական կողմերը. աշխարհը անկեղծութեան շնորհիւ կը գոյատեւէ, որովհետեւ սէր ու անկեղծութիւն անբաժան են:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ անձ մը անկեղծ է թէ ոչ:
Պատասխան. Անձի մը անկեղծութիւնը գիտնալը ունի մի քանի միջոցներ. առաջին հերթին նայեցէք անոնց բառերուն, որովհետեւ անկեղծ մարդիկ կը գործածեն բացայայտ ու անկեղծ բառեր, կը խուսափին չափազանցութիւններէ: Անոնք պատրաստ կ՚ըլլան լսելու եւ ամբողջութեամբ պարզ ըլլալու եւ երբեք չեն վախնար հարցումներու պատասխան տալէ, ինչպէս նաեւ իրենց կարծիքը արտայայտելէ: Անկեղծ մարդիկ անձ մը սիրաշահելու համար չեն փոխեր իրենց համոզումներն ու կարծիքները լոկ ազդեցութեան մը համար, այլ հակառակը, անոնց խօսքերը համահունչ կ՚ըլլան անոր գործերուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան