ՈՒՍՈՒՄ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. ուսումը, գիտութիւնը կրնա՞յ փոխել մարդուս նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը։ Հարցումը կրկնենք տարբեր ձեւով. մտքի զարգացումը լոկ, կարո՞ղ է նաեւ ազնուացնել սիրտը։ Ձեր իւրքանչիւրին արդիւնալի կեանքի փորձառութիւնը, արդարեւ, կրնայ տարբեր ձեւերով պատասխանել հարցումին՝ դրական կամ բացասակա՛ն։ Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդ՝ «կատարեալ մարդ» կ՚ըլլայ, երբ մտքի զարգացումը եւ սրտի ազնուութիւնը համընթաց եւ զուգահեռ ընթանան եւ միասնաբար հասնին բարձրագոյն նպատակին։ Արդարեւ, միտքը եւ սիրտը անբաժան են մարդկային մարմնական կեանքէն։
Սիրելի՜ բարեկամներ, անշուշտ որ ուսումը եւ գիտութիւնը հպարտացուցիչ վիճակներ են մարդուս համար, բայց անոնք պէտք չէ՛ ինքնահաւանութեան եւ անձնական պարծանքի վերածուին։
Եւ ուսեալ, գիտուն մէկը երբեք պէտք չէ մոռնայ մարդուս բնատուր հաւասարութիւնը։ Երբ ուսեալ, գիտուն, իմաստուն մէկը կը բարձրանայ բեմ՝ պէտք չէ ինքզինք նկատէ բարձր քան զինք վարէն դիտող կամ մտիկ ընող մարդոցմէ, քանի որ անոր բարձրութեանը խորհուրդը իր համեստութեան մէջ պէտք է գտնուի։
Այս իմաստով սիրելի՜ներ, դիրքեր, աստիճաններ, տիտղոսներ պէտք չէ մարդս հեռացնէ համեստութենէ եւ խոնարհութենէ, քանի որ անոնք բոլորը ի պաշտօնէ տրուած, ստացուած ժամանակաւոր կացութիւններ են եւ անոնց նախապատճառը՝ ծառայութիւն է եւ իրերօգնութի՛ւն։
Մարդուս առաջնակարգ պաշտօնը, ինչ դիրք եւ աստիճան, տիտղոս ալ ունենայ, որքան ալ ուսեալ եւ գիտուն ըլ-լայ՝ միշտ որպէս մարդ իրեն հաւասար իր նմաններուն ծառայել, օգնե՛լ է։
Մանաւանդ, ուսեալ եւ գիտուն մարդը պէտք չէ՛ իր ուսումը եւ գիտութիւնը ինքնիրմով հպարտութեան առարկայ ընէ. թո՛ղ ուրիշներ հպարտանան իրմով՝ որ իրենց մէջէն այսպիսի անձ մըն է ելած։
Ըսինք, որ ամէն մարդ այս հարցին տարբեր տեսանկիւններէ կը նայի եւ ըստ այնմ որոշում մը կու տայ։ Իսկ այս տրուպ գրիչը կը խոստովանի, թէ իր կեանքի փորձառութիւնը իրեն ցոյց տուած է, որ ընդհանրապէս, հազուագիւտ յարգելի բացառութիւններով, ուսումը եւ գիտութիւնը առիթ եղած են յաւակնոտ, պարծենկոտ եւ ինքնահաւան ըլլան մարդիկ եւ իրենց արդար ուսումը եւ գիտութիւնը շահագործեն։
Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աղքատ եղբայրը թող պարծենայ, երբ Աստուած կը բարձրացնէ զինք, իսկ հարուստը թող պարծենայ, երբ Աստուած կը խոնարհեցնէ զինք». (ՅԱԿՈԲ. Ա 9-10)։
Ուստի, հոս պէտք է յիշեմ համեստութեան հրաշալի՜ տիպար մը։ Բոլորիս ծանօթ է աշխարհահռչակ աստղագէտ փրոֆ. Յակոբ Թերզանը (1927-2020), Կեդրոնական վարժարանի ընթացաւարտ եւ նաեւ երեք աստղերու յայտնաբերողը՝ որոնք աստղագիտութեան մատենագրութեան մէջ իր անունով կ՚անուանուին, բազմաթիւ համաշխարհային մրցանակներու տէր, Հոգեգալուստի օր մը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին՝ դասի մէջ մեզի ինքզինք սապէս ծանօթացուց. «Ես Յակոբ Սարկաւագ Թերզան…»։
Իր հիանալի՜ համեստութիւնը կանխած էր ամէն գիտութիւն, ուսում, աստիճան եւ տիտղոս։ Ան Յակոբ Սարկաւագ Թերզանն էր. համեստութեան տիպար՝ իրապէս մե՛ծ եւ հպարտանալի անձը։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…
Մարդ, ընդհանրապէս կը խօսի այն առաքինութիւններու եւ առաւելութիւններու մասին, որոնք կը պակսին իրմէ։ Ուստի, պատիւը, փառքը, ուսումը եւ գիտութիւնը, իրենց ճշմարիտ իմաստով, երբ կը պակսի իրմէ, մարդ յաճախ իրեն կը վերագրէ եւ կը խօսի, կը պարծենայ անոնցմով։ Եւ, դարձեալ այս իմաստով, երբեք պէտք չէ՛ կանխեն մարդուս դիրքը, աստիճանը, տիտղոսը իր անձը։
Մարդ երբ պիտի պարծենայ, պէտք է պարծենայ իր իսկ անձնական առաքելութիւններուն, սրտի ազնուութեան եւ բնատուր առաւելութիւններուն վրայ եւ ո՛չ՝ ստացականներու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 30, 2025, Իսթանպուլ