«ԹՌԷ՜Ք ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ…»Ի ՍՈՒՏԸ
Սփիւռքը տասնամեակներ շարունակ երգեց «Թռէ՜ք հայեր, թռէ՜ք դէպի Հայաստան»ը, սակայն հակառակ իր ունեցած կարելիութիւններուն երբեք թռելու փորձ մը չկատարեց, որովհետեւ անոր համար հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնը շօշափելի հող ու ջուր ըլլալէ աւելի մնաց վերացական զգացողութիւն մը՝ որ անոնց տուաւ այն համոզումը, որ հայրենիքը «բան» մըն է, որ պէտք է կարօտնաս, անսահման սէր զգաս անոր հանդէպ՝ սակայն գործնական գետնի վրայ բան մը չընես... որովհետեւ հայրենիքը անոր համար տեսականօրէն գոյութիւն ունէր եւ ո՛չ աւելին:
Ի դէպ, նոյն հիւանդութիւնը ունէին աւելի քան դար մը առաջ ապրող մեր գրողները, որոնք Պոլիս կամ այլուր նստած հայրենիքը լացին, սակայն, ջանք մը ի գործ դնելով չեկան տեսնելու այն երկիրը՝ որուն համար սիրային բանաստեղծութիւններ ու գրութիւններ հիւսեցին։ Անշուշտ, այս դժբախտութեան մէջ մեծ դեր ունի նաեւ կրթական համակարգը, որովհետեւ սփիւռքի մէջ մեզի սորվեցուցին հայրենասիրութիւն, հայրենիք ու Հայաստան, սակայն, բոլորը փոխանցեցին վերացական հանգամանքով՝ ինչպէս պիտի ընէր կրօնի ուսուցիչ մը՝ Աստուծոյ գոյութիւնը բացատրելու ժամանակ: Սորվեցուցին «սիրել»ով աջակցիլ հայրենիքին, առանց նկատելու, որ հայրենիքը այդ սէրէն աւելի գործի կարիքը ունի:
Այս բոլորին մէջ սերունդներուն մոռցան սորվեցնել ամենէն կարեւոր բանը.- հայրենադարձութիւնը։ Խօսեցան Հայաստանի մասին, սակայն, գործնական գետնի վրայ չբացատրեցին, թէ հայրենիք մը կը զօրանայ իր զաւակներով եւ մեծագոյն զոհողութիւնն ու նուիրատուութիւնը, զոր մարդ կրնայ ընել, իր դրամէն աւելի իր հայրենադարձութիւնն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդու Հայաստան վերադարձը մայր հողի վրայ նոր ընտանիք մը ստեղծել կը նշանակէ:
Բայց հայրենադարձութեան պակասի մեղաւորը ժողովուրդէն աւելի սփիւռքի ղեկավարներն են եւ հաւատացէ՛ք, որ անոնց համար մեծագոյն չարիքը հայրենադարձութիւնն է։ Մինչեւ օրս բազմաթիւ ղեկավարներ՝ ներառեալ եկեղեցւոյ գլուխը գտնուողներ, դէմ են հայրենադարձութեան, որովհետեւ այդ մէկը գաղութի մը թիւը նուազեցնելով կը նուազեցնէ նաեւ անոնց հեղինակութիւնը, որովհետեւ «աւերակներու վը-րայ չեն ուզեր իշխել»:
Կը հաւատանք, որ այս դըժ-բախտութեան ամենէն մեծ օրինակը ապրեցանք 2012 թուականին, երբ Սուրիոյ պատերազմը սկիզբ առաւ, բազմաթիւ հայորդիներ ուզեցին դուրս գալ Սուրիայէն՝ թէ՛ կուսակցութիւնները եւ թէ եկեղեցին չյորդորեցին դուրս գալ եւ տարբեր ձեւերով փորձեցին «օգնութիւն» ցուցաբերել եւ կարելի եղածին չափ կանխել դէպի դուրս հոսքը: Նոյն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ո՛չ մէկ ջանք ի գործ դրաւ պատերազմի մէջ գտնուող իր հայորդիները ներգաղթի հրաւիրելու եւ ջերմօրէն ընդունելու՝ վստահ ըլլալով, որ այդ ժողովուրդին Հայաստան հաստատուիլը ժամանակ մը ետք իր դրական արդիւնքը պիտի ի յայտ բերէ: Ի տարբերութիւն Հայաստանին, միւս երկիրները գիրկբաց ընդունեցին մեր հայորդիները։ Կուսակցութիւնը եւ եկեղեցին չուզեցին, որ հայը դուրս գայ. Հայաստանը չուզեց, որ հայրենադարձ ըլլան. արդիւնքը ի՞նչ եղաւ. հայը դուրս եկաւ Սուրիայէն եւ հայրենիքի փոխարէն գնաց Գանատա, Եւրոպա եւ այլուր... որպէսզի մի քանի սերունդ ետք իր հայութիւնը կորսնցնէ: Ի՞նչ շահ ունեցաւ եկեղեցին, կուսակցութիւնն ու հայրենիքը. ո՛չ մէկ շահ. ի՞նչ վնաս ունեցան.... չկրցան պահել հայը Սուրիոյ մէջ եւ զինք հայրենիք առաջնորդելու փոխարէն հեռացուցին հայրենիքէն եւ ժամանակ մը ետք, բնակաբար, պիտի հեռանան հայութենէն, եթէ ո՛չ իրենք, ապա իրենց գալիք սերունդները:
Սխալ՝ որուն հիմնական մեղաւորներն են ղեկավարները, որոնց համար Հայաստանն ու հայրենիքը այնքան ալ կարեւոր չեն՝ ինչքան իրենց դիրքն ու պաշտօնը:
Մերօրեայ պետութիւնը Խորհրդային Միութենէն աւելի հայրենասէր է թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր ազատ ու անկախ հայրենիքը այնքան հայրենադարձութեան կարեւորութեան մասին չխօսեցաւ, ինչքան Խորհրդային Միութիւնը։ Թէեւ ըսենք, որ պետութիւնը ունի հայրենադարձութեան մասին օրէնք, որուն մէջ կը խօսի հայրենադարձութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ի պահանջել հարկին պետական օժանդակութեան մասին. օրէնքին մէջ կը խօսի «հայրենադարձութեան խթանման եւ խրախուսման» մասին, որուն հիմնական նպատակն է հայապահպանումը, սակայն, իրական գետնի վրայ ինչպիսի՞ խթանում ու խրախուսում առկայ է. եթէ այսօր Սուրիայէն եւ կամ Լիբանանէն նիւթապէս անապահով ընտանիք մը ուզէ հայրենադարձ դառնալ, մեր հայրենիքը ինչպիսի՞ առիթներ ու աջակցութիւններ տալու պատրաստակամութիւնը ունի։ Մեր կարծիքը հետեւեալն է. ո՛չ մէկ: Փա՞ստ... մի քանի տարի առաջ ծանօթ-բարեկամ մը կ՚աշխատէր «Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ»էն ներս, որոնց պաշտօնն է օգնել սփիւռքահայերուն՝ իրենց հայրենադարձութեան ժամանակ: Անոնց տնօրէնը ըսած էր հետեւեալը. «Խօսեցէ՛ք Հայաստանի մասին, սակայն հայրենադարձութեան մասին մի՛ քաջալերէք»։ Պատճառը պարզ է. պետութիւնը նման կարեւոր խնդիրներու յատկացնելիք գումար չունի...:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պետութիւն մը ինչո՞ւ հայրենադարձութիւնը չի քաջալերեր:
Պատասխան. Շատ մը պետութիւններ հայրենադարձութիւնը չեն քաջալերեր, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ քաղաքական եւ հասարակական բարդ հետեւանքներ ունենալ: Հայրենադարձները կարիքը կ՚ունենան բնակարանի, աշխատանքի, ինչ որ պետութեան վրայ նիւթական նոր պարտաւորութիւններ կը դնէ: Բացի այդ, շատ մը կառավարութիւններ առաջնահերթ կը նկատեն ներքին խնդիրները. Ինչպէս՝ աղքատութիւնը, անգործութիւնը, քաղաքական անկայունութիւնը եւ նման պարագայի հայրենադարձութիւնը կը դիտուի որպէս երկրորդական եւ աւելորդ պատասխանատուութիւն: Երբեմն ալ քաղաքական կամ վարչական շահերը կը խոչընդոտեն, որովհետեւ հայրենադարձութիւնը կը պահանջէ ազգային միասնական մտածում եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան