ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ

Երկրային մեր ճամբորդութեան մէջ, Յիսուսի արիւնով լուացուած, Աստուծոյ որդիներս, կ՚անցնինք կեանքի փոթորիկներէն։ Դժուարութեան, նեղութեան, փորձութեան, հիւանդութեան եւ կորուստներու ատեն, ունինք երկնային ներքին խաղաղութիւն մը՝ որ ամէն միտքէ վե՛ր է։ Ահաւասի՛կ, այդ պահուն կը վայելենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Հօր Աստուծոյ սէրը, Սուրգ Հոգիին հաղորդութիւնը, Աստուծոյ Խօսքը եւ հրեշտակներուն անտես ընկերակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։

Այս քաղցր ներկայութիւնը, Իր շնորհքով, տեսանելի՝ յայտնի կերպով պիտի վայելենք երկինքը դարե՜ր անվերջ եւ պիտի փառաբանենք Փրկիչը։

Հրեշտակներ, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած սպասաւորող հոգիներ են։ Անոնք յաճախ մարդկային մարմին հագած աշխարհ կը ղրկուին՝ մարդոց օգնելու, ծառայելու, վտանգէ ազատելու։

Գաբրիէլ հրեշտակը պատգամ բերող էր եւ է՛։

Հրեշտակներուն թիւը «բիւրք բիւրոց եւ հազարք հազարաց են». (ՅԱՅՏ. Ե 11)։

«Յարութեան ատեն ոչ կին կ՚առնեն եւ ոչ էրկան կը տրուին, հապա երկինքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 30)։

Աստուածաշունչ մատեանին մէջ՝ Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն կը հանդիպինք հրեշտակներուն։ Տէրը կը յայտնուի՝ որպէս Տէրոջը հրեշտակը, Տէրոջը զօրավարը։

Սերովբէներ եւ Քերովբէներ, բարձր դասակարգի հրեշտակներ են. (ԵՍ. Զ 2-3)։ Ադամ եւ Եւա Քերովբէներով վռնտուեցան Եդեմէն. (ԾՆՆԴՈՑ, Գ 24)։ Տէրոջը հրեշտակը անապատին մէջ Հագարի երեւցաւ։ Հագար ըսաւ.- Դուն իմ տեսիլքիս մէջ երեւցած Աստուածն ես։ (ԾՆՆԴՈՑ, ԺԶ 1-16)։

Երեք մարդ կայներ էին Աբրահամի վրանին մօտ եւ հիւրասիրուեցան։ Երկու հրեշտակ Սոդոմ գացին Ղովտը կործանումէն ազատելու, բայց տակաւին Աբրահամը Տէրոջը առջեւ կայներ էր. (ԾՆՆԴՈՑ, ԺԸ 22)։ Տէրոջը հրեշտակը Աբրահամը կեցուց Իսահակը զոհ ընելէ. (ԾՆՆԴՈՑ, ԻԲ 1-18)։

Յակոբ երազին մէջ սանդուխ մը տեսաւ, Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ՚ելլէին եւ կ՚իջնէին. (ԾՆՆԴՈՑ, ԻԸ 10-15)։ Յակոբ երբ կը քալէր, Աստուծոյ հրեշտակները անոր պատահեցան. (ԾՆՆԴՈՑ, ԼԲ 1)։ Յակոբ Եսաւը պիտի դիմաւորէր, մինակ մնաց, մարդ մը կը գօտեմարտէր անոր հետ մինչեւ արշալոյս։ Երբ անունը հարցուց, գիտցաւ որ Աստուած էր. (ԾՆՆԴՈՑ, ԼԲ 24-30), (ՈՎՍԵԱՅ, ԺԲ 3-6)։

Լեռը, Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն Մովսէսի հետ խօսեցաւ. (ԵԼԻՑ. Գ 1-6)։

Տէրը Յիսուսի հետ խօսեցաւ որպէս Տէրոջը զօրավարը. (ՅԵՍՈՒԱՅ, Ե 14)։ Տէրոջը հրեշտակը մերկ սուրով Բաաղամի իշուն, յետոյ Բաաղամի երեւցաւ. (ԹՈՒՈՑ, ԻԲ 21-31)։ Տէրոջը հրեշտակը հնձանին մէջ Գեդէոնի երեւցաւ. (ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ, Զ 11-24)։ Տէրոջը հրեշտակը Սամփսոնի մօրը, յետոյ հօրը Մանուէի հետ խօսեցաւ սքանչելի՜ անունով. (ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ, ԺԳ)։

Դաւիթ ժողովուրդը համրեց, Աստուծոյ հրեշտակը պիտի զարնէր Երուսաղէմը, Տէրը Դաւիթի աղօթքը լսեց. (Բ ԹԱԳԱՒՈՐ. ԻԴ 10-25)։

Հրեշտակ մը քնացած Եղիան արթնցուց, որ բերած շօթը ուտէր եւ ջուրը խմէր. (Գ ԹԱԳԱՒՈՐ. ԺԹ 5-7)։ Եղիան մրրիկով, հրեղէն կառքերով եւ հրեղէն ձիերով (հրեշտակներով) երկինք բարձրացաւ. (Դ ԹԱԳԱՒՈՐ. Բ 1-12)։ Տէրը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով եւ կառքերով լեցուց. (Դ ԹԱԳԱՒՈՐ. Զ 17)։

«Ի՜նչ մեծ ես դուն ով Աստուած։ Տէրը Իր հրեշտակը ղրկեց Սեդրաքը, Միսակը, Աբեդնագովը բորբոքած կրակի հնոցէն ազատեց. (ԴԱՆԻԷԼ, Գ 25-28)։ Դանիէլ ըսաւ.- Իմ Աստուածս հրեշտակը ղրկեց եւ առիւծներուն բերանը գոցեց. (ԴԱՆԻԷԼ, Զ 22)։

Զաքարիա մարգարէն եւ Յեսու քահանան հրեշտակները տեսան. (ԶԱՔԱՐԻԱ, Ա-Զ)։ Տէրոջը հրեշտակը Զաքարիա քահանային երեւցաւ տաճարին մէջ. (ՂՈՒԿ. Ա 5-25)։

Հրեշտակ մը ժամանակ ժամանակ աւազանը կ՚իջնէր եւ ջուրերը կը խառնէր, ո՛վ որ ամենէն առաջ մտնէր կը բժշկուէր, ինչ հիւանդութիւն որ ունենար. (ՅՈՎՀ. Ե 4)։

Աղքատ Ղազարոս երբ մեռաւ, հրեշտակներ զինք տարին… (ՂՈՒԿ. ԺԶ 22)։

Տէրոջը հրեշտակը բանտէն ազատեց առաքեալները. (ԳՈՐԾՔ. Ե 19-25)։ Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսի հետ խօսեցաւ. (ԳՈՐԾՔ. Ը 26-40)։ Կորնէլիոս տեսիլքի մէջ Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ. (ԳՈՐԾՔ. Ժ 1-33):

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 9, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025