ՁՐԻԱԿԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄՔ ՆՈՐԻՆ

Մի քանի տարիներ առաջ բախտաւորութիւնը ունեցայ հայ գրող Վահրամ Մավեանի ձեռագիրները թերթատելու. մինչեւ օրս լոյս չտեսած արխիւին մեծամասնութիւնը նամակներ էին՝ գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ.- կը խնդրենք միջնորդէք, որպէսզի «այսինչ» աշակերտը առանց կրթաթոշակի կրթութիւն ստանայ:

Վստահաբար նկատի ունենալով ժամանակաշրջանը եւ լաւապէս գիտակցելով հայ ժողովուրդին անցած դժուարութիւնները, լաւապէս կը գիտակցինք, որ սփիւռքի տարածքին քիչ չէր այն երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն թիւը՝ որոնք կ՚ուզէին սորվիլ, համալսարանական կրթութիւն ստանալ, սակայն, նիւթականի պակասութեան պատճառով այդ երազը կը թաղէին եւ այդ երազները յարութիւն տալու համար մեծ կարեւորութիւն ունէին բարեգործական հաստատութիւնները՝ որոնցմէ մէկուն պատասխանատուներէն էր Վահրամ Մավեան: 

Սակայն միշտ չէ՛, որ նիւթական անապահով վիճակը պատճառ կ՚ըլլար նման նամակի մը խմբագրութեան, որովհետեւ այդ մէկը նիւթականէն աւելի հայ ժողովուրդի արիւնին մէջ մտած հիւանդութեան մը մաս կը կազմէ. եթէ առիթն ու կարողութիւնը ունինք դպրոցն ու կրթութիւնը անվճար ապահովելու՝ հետեւաբար ինչո՞ւ դրամ տանք: Հայ ժողովուրդը նոյնիսկ իր ամենէն դժուարին օրերուն պատրաստ է ամէ՛ն բանի դրամ տալ, բացի հայ թերթին, դպրոցին, եկեղեցիին ու գրեթէ այն բոլորին՝ որ հայկական են եւ ազգօգուտ: Այս աւելի քան դար մը առաջ նոյնն էր. նոյնն է նաեւ այսօր: Օրինակի համար, հին ժամանակ կը ստեղծուէր մամուլ մը. լոյս կը տեսնէ մամուլի առաջին թիւը եւ խմբագիրը կը սկսի նամակներ ստանալ. «Կը խնդրուի ձեր թերթէն օրինակ մը ղրկել նաեւ մեր կազմակերպութեան». կը հիմնուի դպրոց մը եւ հիմնադրութեան յաջորդ օրն իսկ մուրացկանական նամակները հեղեղի պէս կը թափուին. կը խնդրենք անվճար դաստիարակել մեր տղան. իսկ անոնք որոնք այդ մուրացկանութեան չեն դիմեր, գումարը վճարելով հանդերձ կը բողոքեն՝ որովհետեւ իրենց աչքին հայկական դպրոց մը, հայկական մամուլ մը գումար ունենալու եւ «շահ» ապահովելու իրաւունքը չունի: 

Անշուշտ, թերթի խմբագիրը, դպրոցի հիմնադիրը եւ ուրիշներ եթէ դրական արձագանգ չտան այդ նամակներուն՝ բնականաբար, ազգի «դաւաճաններ» կը նկատուին, որովհետեւ իրենց համար ամօթ է նման խնդրանքի մը մերժումը, սակայն երբեք ամօթ չէ՛ ձրիակերութիւնը: 

Նման բողոք մը կը կարդանք գրուած մեր թուականէն 141 տարիներ առաջ՝ 1884 թուականին. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Խիկար» հանդէսը իր մայիս, 1884-ի թիւին 150-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Կը զարմանամ, թէ այս նամակագրերն ինչո՞ւ չեն դիմեր նպարավաճառի մը խանութ բացողին եւ չեն խնդրեր իրմէ որ բարեհաճի իւր պանիրէն ամէն շաբաթ նուէր մ՚ընել. ինչո՞ւ չեն աղաչեր կտաւի վաճառականութեան սկսողի մ՚որ շնորհ ընէ իւր կտաւներէն ամէն օր մէյմէյ կտոր կտաւ նուիրել այսինչ ընկերութեան. ինչո՞ւ չեն խնդրեր սափրիչէ մ՚որ շնորհ ընէ աջակցիլ այս ինչ անդամոց ամէն շաբաթ ածիլել»:

Անշուշտ, օրինակները չափազանցուած են, սակայն իրականութիւն է. այսօր բոլորը գիտեն, թէ հայկական մամուլը ինչպիսի դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի. հաւատացէ՛ք, որ ունինք հայեր, որոնք սիրայօժար ֆրանսական, ամերիկեան այս կամ այդ թերթին բաժանորդ կը դառնան, սակայն հեռու կը մնան հայ մամուլէն... պարզ այն թիւր համոզումով, որ օտարինը շատ աւելի բան ունի տալիք՝ քան հայկականը: 

Ազգի մը համար ամենէն կարեւոր արժէքը ուսուցիչներն են. կարեւոր՝ որովհետեւ ապագայ սերունդը ընտանիքէն ետք իր բարոյական ու ազգային արժէքները անոնցմէ պիտի սորվին. սակայն մենք անտեսած ենք այդ ամենէն կարեւորը եւ մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն կողքին զիրենք եւս մատնած ենք աղքատութեան. վկայ մինչեւ օրս Հայաստանի անտրամաբանական վարձատրութիւն ստացող ուսուցիչները: Ազգի մը համար կարեւոր է մամուլը (մանաւանդ անցեալին). օտար ազգեր լաւապէս կը գիտակցին մամուլի կարեւորութեան, սակայն, մենք դարձեալ անտարբերութեամբ կ՚անտեսենք մամուլը: Բացէ՛ք անցնող մի քանի տարուան հայկական մամուլը եւ գտէ՛ք այդտեղ մամուլի գործիչներուն, խմբագիրներուն աղաղակը: 

Դարերու փոփոխութիւնը յաջողած է փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան, բացի հայու ձրիակերութիւնը։ Մեր այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել «Խիկար»ի խօսքերով. 

«Ո՛ անարգոյ նամակագիրք... անոնք պէտք ունին քաջալերութեան, որովհետեւ ազգի մը բարոյական եւ նիւթական զարգացման գործին մէջ՝ նպարավաճառէ մը, երկաթավաճառէ մը մեծ, աւելի մեծ, շատ մեծ դեր ունին: Դո՛ւք ալ համոզուեցէ՛ք այս ճշմարտութեան եւ գնացէք այսուհետեւ վաճառականներէն, սեղանաւորներէն եւ արուեստաւորներէն նուէր խնդրելու, թողլով կարող խմբագիրներն, դասատուներն եւ գրագէտներն որ յօժարակամ ընեն իրենց նուէրներն այն ընկերութեանց, վարժարանաց եւ թանգարանաց որ իրօք անոնց քաջալերութեանը արժանի եւ կարօտ են»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ազգի մը համար վաճառակա՞նը կարեւոր է, թէ ուսուցիչը:

Պատասխան. Ազգի մը ապագան պայմանաւորուած չէ ո՛չ թէ վաճառականներով, այլ ուսուցիչներով, որովհետեւ վաճառականին շահը հիմնուած է այսօրուան վրայ, մինչդեռ ուսուցիչը վաղուան միտքը, վաղուան երիտասարդը կը կերտէ: Վաճառականը կրնայ զարգացնել տնտեսութիւնը, սակայն, ուսուցիչը կը զարգացնէ միտքն ու հոգին, որոնց բացակայութեամբ հարստութիւնը եւս կը դառնայ վտանգաւոր: Ուսուցիչը կը սերմանէ արժէքներ, մտածողութիւն, պատասխանատուութիւն, առանց որոնց ազգը դիւրութեամբ կը մոլորի նոյնիսկ եթէ նիւթական հարստութեան մէջ գտնուի: Վաճառականները եւս անհրաժեշտ են, սակայն, ազգի մը հիմնական արժէքը քաղաքացին է, իսկ անոր հիմքը՝ ուսուցիչը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025