ԱՍՏՈՒԱԾ ՎԿԱՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ
Դարերու ընթացքին Աստուած յաճախ վկաներ գործածած է, որպէսզի եթէ մարդիկ Իր ճշմարիտ եւ անսխալական Խօսքին չհաւատան, գէթ վկաներուն վկայութեան հաւատան։ Արդարեւ, խնդրոյ առարկայ նիւթը մահու եւ կենաց հարց մը չէ միայն, այլ շատ աւելին՝ յաւիտենական կեանքի եւ հոգեւոր ուրախութեան, Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան եւ կամ Անոր բացակայութեան անվախճան ապրելու հարց մըն է։
Ուստի եւ սիրելի՜ բարեկամներ, անշուշտ հաճելի չէ՛ տեւապէս «չար»ի մասին գրել կամ յաճախ յոռետես զգացումներով վրդովել եւ տակնուվրայ ընել կեանքեր, բայց պէտք է զգաստ եւ պատրաստ ըլլալ ամէն տեսակ «չար»ի դէմ, քանի որ կեանքի մէջ որքան ճշմարիտ է բարին, նոյնքան՝ չարը։ Առանց չարի գոյութիւնը ընդունելու՝ կեանքը ապրիլ կարելի չէ՛, չարը մի՛շտ կայ…
Բայց վա՜յ է այն մարդուն՝ որ կը ճանչնայ ճշմարտութիւնը, ծանօթ է ճշմարտութեան եւ չի տարածեր, չի փոխանցեր ճշմարտութիւնը ուրիշներուն՝ գիրով կամ խօսքով։ Սակայն Ճշմարտութեան՝ որ է նոյնինքն Աստուած, եւ բարիին մասին յաճախ գրել կամ խօսիլ միայն բաւական չէ, այլ պէտք է գրել կամ խօսիլ նաեւ Անոր արդար դատաստաններուն մասին։
Աստուծոյ արդարութիւնը բացարձակ է, Աստուած երբեք սուտ չի խօսիր, երբեք աչառութիւն չ՚ըներ եւ երբեք չի փափաքիր հոգիի մը կորուստը եւ երբ արդար դատասան կ՚ընէ՝ մարդուն ազատ կամքը՝ որոշում առնելու իրաւունքը երբեք չի բռնաբարեր։
Անշուշտ, պէտք է գրել կամ խօսիլ նաեւ կեանքի ճշմարտութեան պայծառ կողմին՝ բարիի մասին եւ նոյնիսկ ա՛լ աւելի, մինչ մարդ տակաւին բարին ընտրելու՝ չարը մերժելու ժամկէտը չէ հասած եւ դուռը վերջնականապէս չէ գոցուած։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Աստուած սէ՛ր է եւ սէրը երկայնամիտ է։
Աստուած երկնային Իր փառքը եւ հանգիստը թողուց եւ երկիր՝ աշխարհ իջաւ, որպէսզի կորսուելու դատապարտուած հոգիները փրկէ, Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ։ Եւ մարդը եղաւ «նոր մարդ»՝ որպէս «նոր արարած»։ Ուստի, կեանքի մեծագոյն որոշումն է Աստուծոյ շնորհը ընդունելու հաւանիլ։ Եւ արդէն Աստուած պատրա՛ստ է ընդունիլ ան՝ որ Իր շնորհքը ընդունելու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ։ Յստակ է Յիսուսի Խօսքը. «Ան որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ…». (ՅՈՎՀ. Զ 37)։ Եւ Աստուած Իր ճշմարտութիւնը իմացնելու համար վկաներ կ՚ընտրէ եւ անոնք պարտաւոր են վկայութիւն տալ Ճշմարտութեան։ Եւ ահաւասիկ այդ վկաներէն մին է եղած գալիֆորնիաբնակ բժիշկ՝ Ռիչըրտ Իպիի, որ իր կնոջ հետ Երուսաղէմ եւ Սուրբգրային երկիրներ կ՚այցելէին, երբ Տէր Յիսուս հրաշքով մը ցոյց կու տայ իրեն դժոխքը եւ անոր սարսափը։
Տքթ. Ռիչըրտ կ՚ըսէ. «Ղազարոսի գերեզմանին քով կանգ առած էի. մաշած աստիճաններէ իջայ, մօտ երկու յարկ վար՝ ուր ելեկտրական լամբ մը կը լուսաւորէր… մտածեցի այդ դամբարանին մէջ կատարուած հրաշքը… յանկարծ լոյսը մարեցաւ եւ ներկայ գտնուողներէն ճիչեր արձակուեցան եւ կարծես սիրտս ալ տրոփելէ կանգ առաւ… գետնէն երկու յարկ վար՝ թանձր խաւարը վրդովեցուցիչ էր։ Ենթադրելով, որ լուծանիչ մըն էր այրածը, ջանացի քաջալերել ներկաները, որպէսզի հանդարտին, աղօթեն եւ փա՛ռք տան։ Եւ ահա հրա՛շքը։ Նոյնիսկ առիթը չունեցայ իրենց հետ աղօթքով մասնակից ըլլալու։ Յանկարծ զգացի, թէ բոլորովին առանձին էի թանձր խաւարի մը մէջ։ Ներկաներէն ո՛չ մէկ շշուկ կը լսուէր, կարծես անոնք աներեւութացած էին։ Քովս մարդ մը կայնած էր, մասամբ ծնկաչոք վիճակիս մէջ զգացի ներկայութիւն մը՝ որ ինծի կը դպչէր, իր մէկ ձեռքովը՝ իմ ձախ ուսիս վրան։ Տեսայ ոտքին մատները իր երկար շղարշին տակէն։ Մինչ նայուածքս դէպի վեր ըրի, տեսայ Իր ոսկեգօտին, թիկնեղ՝ հաստ թիկունք ունեցող մարմինը եւ մինչեւ ուսը երկար՝ բաց ոսկեգոյն մազերը։ Հասակը վեց ոտք եւ աւելի՝ դէպի վար՝ ինծի կը նայէր…
«Անդրադարձայ, թէ Ան իմ Տէրս էր։ Առանց դոյզն կասկածի, գիտցայ թէ՛ Իր ներկայութեան մէջն էի եւ թէ Քրիստոսի միտքը ունէի ճիշդ այնպէս՝ որ զգացած էի այս դէպքէն հինգ տարի առաջ երկինքի իմ փորձառութեանս ատեն։ Ան ինծի հետ կը խօսէր ուղղակի՛ իմ մտքիս միջոցաւ՝ յայտնելով, թէ ես իրապէ՛ս Իր հետ եւ Իր մէ՛ջն էի հոն՝ գերեզմանին մէջ…»։
Սիրելի՜ բարեկամներ, այս եւ այսպիսի իրական դէպքեր յաճախ կը պատահին մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ։ Երբեմն չենք անդրադառնար, երբեմն կ՚անդրադառնանք, բայց չենք հաւատար, որովհետեւ մարդկային միտքը գերբնական իրողութիւնները հասկնալու կը դժուարանայ, բնական է այդ, քանի որ մարդու միտքը սահմանափակ է, սովորականէն դուրս համակերպելու անընդունակ է, գոնէ միջոցի մը համար։ Չմոռնանք, որ Յիսուսի աշակերտները՝ որոնք Յիսուսի հրաշքները մարմնաւոր աչքերով կը տեսնէին, բայց հոգեւոր աչքով չէին հասկնար եւ մտքի աչքով չէին կրնար ըմբռնել իրենց տեսածները։ Աշակերտները, որոնք Յիսուսի այնքան մօտ էին, ներկայ վկաներ, ապա մենք ինչպէ՞ս անդրադառնանք պատահած հրաշքներուն, եթէ վարժ չենք անոնք հոգեւոր եւ մտաւոր աչքերով դիտել եւ տեսնել։ Այո՛, հրաշքներ միշտ կը պատահին…
Եւ անոնք՝ որոնք կ՚անդրադառնան հրաշքներու, պարտաւո՛ր են անոնք փոխանցել գիրով կամ խօսքով անոնց՝ որոնք տակաւին վարժ չեն հոգեւոր եւ մտաւոր աչքերով նայիլ անոնց… Աստուած ասոր համար վկաներ կ՚օգտագործէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 5, 2026, Իսթանպուլ