ՈՍԿԵԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Հայկական ուրոյն տառեր ունենալու պահանջքը անհրաժեշտութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին հոգեւոր կորովին՝ ինքնաբաւ ըլլալու ներքին իղձին եւ հաւատքին։

Ուստի, Սուրբ Սահակ Ա. Պարթեւ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոնց յաջորդող հայրապետներու եւ հսկաներու ամբողջ խումբ մը՝ ազգին հոգեւոր եւ մտաւոր կորովին առաջնորդները եղան։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ պատմական այս հսկայական անձնաւորութիւնը, եղաւ այս փաղանգի անձնուրացութեան տիպարը։ Ան խորհրդաւոր եղաւ իբր հոգեբանական երեւոյթ, իբր հայ ժողովուրդի ներքին ուժականութիւնը մարմնացնող իսկական տիպա՛ր, իր իսկական իմաստով։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց հայ պատմութեան հանճարեղ մարգարէն, միջնորդը Աստուծոյ եւ մարդոց կը համարուի իրաւացիօրէն։ Ան կրցաւ մարմնացնել իր հրաշալի՜ տեսիլքը Հայ Գիրերու ձեւին մէջ։

Կրկներեւոյթներ կը կատարուին մարդոց եւ ժողովուրդներու մէջ, եւ ասիկա պատահեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդին՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի տեսիլքով՝ վերածուելով հայ աստուածատուր գիրերու։ Եւ անոր միջոցով, ահաւասիկ, երեւակայութիւնը վերածուեցաւ իրականութեան՝ միտքը եւ հոգին մարմին ստացաւ հայ գիրերու պատկերներուն մէջ։

Արդարեւ, միտքը մարմնացնել, հոգին տեսանելի դարձնել միայն հանճարներու յատուկ՝ յատկութիւն մըն է, եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եղած է այդ յատուկ տիպարը հայ պատմութեան մէջ։ Ուստի, հայ գիրերով Սուրբ Գիրքը հայ լեզուին մէջ եւս գտած է իր քաղցրութիւնը եւ խորհուրդը ու այս իմաստով դարձած է արուեստի գործ, ստեղծագործութիւն եւ սեփական արժէ՛ք։

Մարդկային ամէն զգացումի արտայայտութիւն արուե՛ստ է, եւ այս ուղղութեամբ՝ կրօնքն ալ իր ամբողջականութեամբ՝ խորհուրդով եւ գործադրութեամբ արուեստ մըն է, մտքի, հոգիի՝ մտածումի եւ զգացումի գործի վերածուելու կերպ մը՝ խօսքով եւ գիրով զանոնք կենդանացնելու եւ ապրեցնելու առաջնակարգ միջոց մը։

Կասկած չկա՛յ, որ հայ ժողովուրդին անգիտակցութեան, կամ ըսենք, ենթագիտակցութեան խորը կը գտնուէին արմատները Հայ գիրերու գիւտին՝ այդ հրաշալիքին։ Ուստի, հայ գիրերը «գիւտ» են եւ ո՛չ «ստեղծում», այսինքն՝ արդէն գոյութիւն ունեցած բանի մը գտնուիլը եւ ոչ թէ ոչինչէն ստեղծումը։ Եւ ընդհանրապէս կ՚անտեսուի այս նրբերանգը եւ հայ գիրերու մասին «գիւտ» եւ «ստեղծուած» մերձիմաստ եւ երբեմն ալ հոմանիշ կը համարուին։ Ուստի, ենթագիտակցութեան մէջ «սաղմային» եւ «անկազմ» անձեւ պատկերները ձեւ եւ մարմին ստացան եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարեղ ոգեղինութեամբ յայտնուեցան։

Եւ մարդիկ, Հայ գիրերու գիւտով՝ հաւատքը արտայայտութեան միջոցի վերածեցին։ 

Հայ գիրերով հաւատքը մարմին ստացաւ։

Ուրեմն, Հայ գիրերու գիւտը եւ այդ գիւտին յաջողութիւնը կը բխի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հոգին եւ միտքը լաւագոյն կերպով օգտագործելու կարողութենէն։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ Ան կոչուած է «խորհրդաւոր հոգեբանական երեւոյթ», քանի որ ան հոգեբանի մը բծախնդրութեամբ եւ ճարտարութեամբ յաջողած է հայ ժողովուրդին ենթագիտակցութեան խորը թաղուած հայ գիրերու իրականութիւնը կենդանացնել՝ յառնել եւ լոյս աշխարհ բերել։

Արդարեւ, մշակոյթներ իերնց ազգային ուրոյն դրոշմը ունին, սակայն գիրը, լեզուն, արուեստը՝ որոնք իւրաքանչիւր անհատի եւ ժողովուրդի պարագային այդ տարբերութիւնները կը ճշդեն. արտայայտութեան կերպեր, միջոցներ են միայն։ Ուստի, արժէքը՝ գիրին ետեւ գտնուող անգրելի հոգին է, եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց գտաւ այդ հոգին։ Այս իմաստով ան եղաւ հայ ժողովուրդին հոգեբանը՝ խորհրդաւոր հոգեբանական երեւոյթը։

Հայ ժողովուրդը, նաեւ ամէն մէկ հայ անհատ շա՜տ բան կը պարտի մեծ հանճարեղ Հոգեբանին՝ իր ինքնապահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 9, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 10, 2025