ՈՃԻՐՆ ՈՒ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք իսլամական կրօնը, պիտի տեսնենք, որ ինչպէս շատ մը ուրիշ կրօններ, այս մէկը եւս հիմնուած է բարոյականութեան, մարդասիրութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու վրայ. սակայն, վերջին տասնամեակին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմները, ահաբեկչական գործողութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունենալով ի դէմ աշխարհին՝ փոխեցին իսլամի դիմագիծը՝ իսլամը նոյնացնելով բռնութեան, ոճիրի, խոշտանգումի եւ արիւնահեղութեան:
Իրականութեան մէջ հիմնուելով իրենց սուրբ գիրքին՝ Քուրանին եւ կրօնը առնելով որպէս հաւատալիք ու սկզբունք կրնանք ըսել, որ ան կը քարոզէ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն. օրինակի համար, անոնց Սուրբ Գիրքին 49:9-րդ տողը կ՚ըսէ.- «Եթէ երկու կողմ հակամարտին, ապա խաղաղութիւն եղէք անոնց միջեւ... խաղաղութիւն եղէք անոնց միջեւ եւ արդարութիւն եղէք. Աստուած կը սիրէ արդարները»:
Անցնող տասնամեակին՝ եւ նոյնիսկ մինչեւ այսօր խաղաղութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած այս կրօնի ներկայացուցիչները Աստուծոյ անունը մեծարելով, փառաբանելով անոր զօրութիւնը կը շարունակեն իրենց դաժանութիւնները, հակառակող կողմերու մէջ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն ըլլալու փոխարէն ըլլալով վրէժ, պատիժ ու տառապանք՝ խեղաթիւրելով սկզբունքները՝ զանոնք ծառայեցնելով իրենց նպատակներուն ու շահերուն:
Այսօր ընդունինք թէ ոչ, աշխարհը իսլամը կը ճանչնայ ո՛չ թէ իր խաղաղ ու արդար սկզբունքներով, այլ ոճիրներով ու բռնութեամբ՝ մանաւանդ արաբական երկիրներու մէջ ապրող իսլամներու պարագային։ Այնպէս, ինչպէս քրիստոնեաներն ու Քրիստոսը տարբեր են, նոյնպէս տարբեր են իսլամներն ու անոնց ուսուցումները, այդ իսկ պատճառով այսօր կու գանք կատարելու այս կարճ ուսումնասիրութիւնը:
Ա.- Խաղաղութիւն.- Իսլամական կրօնին մէջ յաճախ շեշտուած է խաղաղութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։ Սուրա Ալ պայքարի 2:208-ին մէջ կը կարդանք. «Անոնք որոնք հաւատացեալ են, թող մտնեն խաղաղութեան մէջ եւ չհետեւին Սատանայի քայլերուն. ակնյայտ թշնամի է ան մեզի համար»: Այս տողով կը տեսնենք, թէ Աստուած իր հաւատացեալներէն առաջին հերթին կ՚ակնկալէ խաղաղութիւն։ Նշան խաղաղութեան կոչեր կարելի է գտնել Քուրանի տարբեր բաժիններու մէջ. նոյնիսկ Քուրանը դէմ է «աչքի դէմ աչք» գաղափարին. Սուրա Ֆուսիլատի 41:34-ին մէջ կը կարդանք. «Վատին հակադարձէք լաւով. եւ այդպիսով անոր մէջ որ թշնամութիւն կայ, պիտի վերածուի հաւատարիմ ընկերի»:
Սակայն, իսլամութեան խաղաղութեան հանդէպ համոզումը հասկնալու համար պէտք չունինք Քուրանին եւս։ Իսլամական կրօնի ներկայացուցիչներ՝ մանաւանդ արաբական երկիրներու մէջ զիրար կը բարեւեն «Խաղաղութիւնը ձեր հետ» արտայայտութեամբ, որուն ի պատասխան կ՚ըսեն «Խաղաղութիւնը ձեզ հետ». այս մէկը գործադրումն է այն պատուէրին, որ գրուած է Սուրա Ալ Անամ-ի 6:54-ին մէջ, ուր Աստուած կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք կու գան «Խաղաղութիւնը ձեր վրայ» ըսէք»:
Բ.- Եղբայրասիրութիւն.- Սուրա Ալ Հուճուրաթի 49:10-ին մէջ կը կարդանք. «Հաւատացեալները եղբայրներ են, ուստի հաշտեցուցէք եղբայրները եւ վախցէ՛ք Ալլահէն, որպէսզի գթութիւն գտնէք»: Այստեղ կը տեսնենք, թէ Աստուած տարբերութիւն չի՛ դներ սեւննի, շիի եւ այլ հոսանքներու միջեւ, այլ այս կրօնին հաւատացող բոլոր անհատները որպէս եղբայր սիրոյ կը հրաւիրէ: Քուրանի այլ էջի մը մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ տողին. «Բարիք ըրէք, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ բարիք գործողները»: Նոյնիսկ կարելի է գտնել տողեր, ուր ո՛չ թէ ոճիր, այլ նոյնիսկ զայրանալը կը բացառուի։ Ըստ Սուրա Ալ Իմրանի 3:134-ին, Աստուած կը սիրէ բոլոր անոնց, որոնք կրնան իրենց զայրոյթը զսպել:
Գ.- Ներողամտութիւն.- Իսլամական կրօնը կ՚ըսէ, եթէ կ՚ուզէք Աստուած ձեզի ներէ՝ դուք ալ պէտք է մարդոց ներէք (նման քրիստոնէութեան). Սուրա Ան-Նուրի 24:22-ին մէջ կը կարդանք. «Թող ներեն եւ աչքաթող ընեն. չէ՞ք ուզէր, որ Աստուած ալ ձեզի ներէ. Աստուած ներող է ու ողորմած»: Նման մտածումներ կարելի է բազմաթիւ այլ էջերու մէջ գտնել։ Իսլամութիւնը կը հաւատայ, որ չարը չարով հատուցելը չարին գործն է, իսկ ան որ չարը բարիով կը հատուցէ՝ Աստուած իր հետ կ՚ըլլայ ու կը ներէ իրեն (հմմտ. Սուրա Աշ-Շուրա 42:40):
Այսօր կը տեսնենք, թէ որոշ իսլամական խմբաւորումներ իրարու հանդէպ պատերազմ կը յայտարարեն, սակայն, Աստուած կու գայ բոլոր իսլամներուն ըսելու, որ եթէ երկու հաւատացեալ խումբեր իրարու դէմ պատերազմ մղեն, հաշտեցուցէ՛ք:
Սակայն, հարցը կը շարունակէ մնալ նոյնը. խաղաղութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած կրօն մը ինչպէ՞ս Աստուծոյ անունը մեծարելով ոճիրներ կը գործէ. ինչպէ՞ս կը հաւատայ, որ իր հաւատացեալ եղբայրը կը սպաննէ Աստուծոյ սիրոյն՝ առանց հասկնալու, որ Աստուծոյ ուզածը ներողամտութիւնն ու սէրն է ո՛չ թէ վրէժն ու ոճիրը:
Այդ բոլորը հասկնալու համար նախ պէտք է հասկնանք, թէ Քուրանը ինչ կ՚ըսէ ոճիրի եւ սպանութեան մասին:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Քուրանը դէ՞մ է Նոր կտակարանին, թէ ունին հասարակաց գիծեր:
Պատասխան. Քուրանն ու Նոր կտակարանը այնպէս, ինչպէս տարբերութիւններ, ունին նաեւ նմանութիւններ։ Քուրանը չ՚ընդունիր Քրիստոսի Աստուած ըլլալն ու խաչուիլը, սակայն՝ զինք կ՚ընդունի որպէս մեծագոյն մարգարէ՝ Իսա անունով: Երկու գիրքերն ալ կը քարոզեն սէր, ողորմածութիւն եւ արդարութիւն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւն: Երկու գիրքերն ալ կը կարեւորեն աղօթքն ու բարոյական ապրելակերպը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան