ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՉՔԵՐԸ

Հաւատացեալը յաճախ գործածելու է «հաւատքի աչքեր»ու իր հեռադիտակը՝ տեսնելու դրախտի գեղեցկութիւնը եւ երկնային երանութիւնը, եւ բաղդատելու զանոնք երկրային հրապոյրներու հետ։ Այս առումով առաքեալը կը թելադրէ. «Վերի բաները փնտռել» եւ «Վերի բաները մտածել», որպէսզի մեր երկրային կապերէն լման անջատուած ըլլանք եւ երկրի «գեղեցիկ բաները» աննշան դառնան եւ չնախադասուին քան երկնայինը։ «Այն բաները զորոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր եւ որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 9)։ Ուրեմն, ի՞նչ է հաւատքին հիմքը։

Բոլոր կրօնքներու մէջ՝ անոնց կորիզը կը տեսնենք, որ կեդրոնացած է «աստուծոյ» մը՝ անձի մը կամ անձերու գոյութեան, զօրութեան եւ կամ միջոցի մը վրայ՝ որով անհատը, ընտանիքը, ցեղախումբը, ժողովուրդը եւ կամ ազգ մը կարենայ ուղիղ կերպով յարաբերիլ «Աստուծոյ» հետ։ Եւ ուրեմն սխա՛լ պիտի ըլլայ ըսել, թէ բարոյական որակումին մէջ «Աստուած» ըմբռնումը կը կայանայ կրօնքի մը, հաւատալիքի մը կամ համոզումի մը իրական արժէքը։

Կրօնքը՝ մարդուս զԱստուած փնտռտուքն է, Անոր հետ ուղիղ յարաբերութիւն մշակելու համար, որ արժանի է պաշտամունքի եւ բարձրագոյն նուիրումի։ Այս իմաստով քրիստոնէութիւնը, յատկապէս, կրօնք մըն է՝ որ հիմնուած է Աստուծոյ կատարած հռչակումներուն վրայ՝ ուղղուած մարդուն, Քրիստոսի մասնայատուկ յայտնութեամբ, որով Հայրը նպատակ ունի մարդկութիւնը Իրեն հետ հաշտեցնել։

Շատ հետաքրքիր է, որ Աստուածաշունչ Մատեանը երբեք չ՚աշխատիր Աստուծոյ գոյութիւնը փաստելու։ Արդարեւ, Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ իրականութիւնը արդէն իբր անուրանալի եւ անվիճելի՝ յստակ ճշմարտութիւն ընդունուած կը յառաջանայ։ Եւ ա՛յս է ահաւասիկ աներկբայ, անտարակոյս եւ հաստատ հաւատքը եւ այդ հաւատքով եւ համբերութեամբ յուսալը։

«Աստուած սկիզբէն ստեղծեց երկիրը եւ երկինքը», երբ կ՚ըսուի, առանց Աստուծոյ գոյութիւնը փաստելու կը խօսուի, քանի որ Ան կա՛յ եւ Ան Է՛, Աստուծոյ մասին խօսուած ատեն ո՛չ մէկ տարակոյս, ո՛չ մէկ երկմտութիւն, քանի որ մենք գոյութիւն ունինք, ապա ուրեմն Աստուած ալ գոյութիւն ունի, Ան՝ որ Արարի՛չ է։ Եւ այսքան յստակ ճշմարտութեան մը հանդէպ տակաւին տարակուսիլ, տակաւին երկմտիլ մարդկային բանականութեան հակառա՛կ է։

Իսկ երբ սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, թէ «անմիտը իր սրտին մէջ ըսաւ, որ Աստուած չկայ». (ՍԱՂՄ. ԺԴ 1), կարելի է հասկնալ, թէ այս անզգամ-անմիտը վարկածային մտածողութեամբ չէ որ կ՚արտայայտուի, այլ՝ գործադրական մտածողութեամբ, քանի որ իր մտքին մէջ չէ՛ որ կ՚ըսէ, այլ՝ իր սրտի՛ն մէջ։ Այս ուղղութեամբ, Հին կտակարանին մէջ, անոնք որոնք Աստուած չեն ճանչնար. «Քահանաները չըսին թէ Տէրը ո՞ւր է եւ օրէնքի վարդապետները զիս չճանցան եւ հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան։ Մարգարէները Բահաղով մարգարէութիւն ըրին եւ անօգուտ բաներու ետեւէն գացին». (ԵՐԵՄ. Բ 8), դատապարտուած են, ոչ թէ բանաւոր գիտութեան պակասին համար, այլ՝ բարոյական իմաստով՝ Աստուծոյ մասին անտարբեր եւ անհոգ կեցուածք որդեգրելուն համար։

Նոյն դիրքաւորումը Նոր կտակարանին մէջ ալ կարելի է տեսնել։ Աստուած այնպիսի քայլեր վերցուցած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին, որ տեղ մը եկած է, ուր Իր յայտնութիւնը կարելի եղաւ Իր Որդւոյն Յիսուսի մարդեղութեամբ, որպէսզի մենք տեսնենք զԻնք, շօշափենք, Անոր հետ ուտենք եւ քալենք եւ մանաւանդ Անոր հրաշագործութիւններուն ականատես ըլլանք եւ վկայենք։

Նոր կատակարանի մէջ Աստուած կը ճանչցուի իբր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը. (Բ ԿՈՐՆԹ. Ա 3), ինչպէս նաեւ ուրիշ հատուածներու մէջ։ Արդարեւ, Հին կտակարանը մեզի կը թելադրէ, որ Աստուած սիրէ մեզ։ Իսկ Նոր կտակարանը մեզի ցոյց կու տայ, թէ Ան ո՜րքան կը սիրէ մեզ։

Թէեւ հաւատքը երբեք փաստի չի կարօտիր, սակայն, մարդ կ՚ապրի այնպիսի զգացումներ՝ որոնք յստակ կերպով ցոյց կու տան Աստուծոյ ներկայութիւնը. մարդուն մէջ ներբնակ «խիղճ»ը եւ բարոյական բնոյթը ցոյց կու տան, որ Ստեղծիչը գոյութիւն ունի՝ որ իրմէ շա՜տ աւելի եւ բացարձակ գերազանց է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 10, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 11, 2025