ԱՆԴԱԴԱՐ ԱՂՕԹԵԼ

Հաւատքով արտասանուած աղօթքը չի կայանար միայն «Տէր, Տէր» ըսելուն մէջ, այլ՝ սիրտը ներդաշնակելու «Հօր կամքին հետ»։ Յիսուս կը յորդորէ Իր աշակերտներուն՝ որ իրենց աղօթքին մէջ կրեն աստուածային ծրագրին հետ գործակցելու վառ մտմտուքը։ Յիսուս կոչ կ՚ուղղէ «արթուն մնալու»։ Աշակերտները իրենց Վարդապետին հետ տեւապէս հաղորդութեան մէջ էին աղօթքով՝ որ պայքա՛ր մըն է, քանի որ աղօթքի մէջ հսկելով մարդ փորձութեան մէջ չի մտներ։

Աղօթքի մասին երեք գլխաւոր առակներ փոխանցուած են մեզի Ղուկասի Աւետարանին մէջ։

Առաջինը՝ «տաղտկացող բարեկամին» առակն է. (ՂՈՒԿ. ԺԱ 5-13), որ կը հրաւիրէ թախանձագին աղօթքի. «բախեցէ՛ք եւ պիտի բանան ձեզի»։ Այսպէս աղօթքին, երկնաւոր Հայրը «պիտի տայ անոր կարիքները», եւ յատկապէս Սուրբ Հոգին՝ որ բոլոր պարգեւներուն լրումն է։

Երկրորդը՝ «տաղտկացող այրիին» առակն է. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 1-8), որ կեդրոնացած է աղօթքին յատկութիւններէն մէկուն վրայ. հարկ է մի՛շտ աղօթել առանց յոգնելու, հաւատքի «համբերութեա՛մբ»։ «Բայց Մարդու Որդին երբ պիտի գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ…»։ Խնդրական է…

Երրորդը՝ «Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին» առակն է. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 9-14), որ կը հայի աղօթող սրտին խոնարհութեան. «Աստուա՛ծ իմ, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս»։ Այս աղօթքը, Եկեղեցին չի դադրիր իւրացնելէ, կրկնելով. «Տէր ողորմեա»։

Անդադար աղօթել՝ առանց ձանձրանալու։ Յարատեւ աղօթել, բայց ասիկա չի նշանակեր շատախօս ըլլալ, այլ կը նշանակէ տեւապէս հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ Աստուծոյ հետ, արդարեւ, «յարատեւութիւն»ը կրկնութիւն չէ, այլ՝ տեւականութի՛ւն։ Ուստի, աղօթքը պէտք է հաւատքով եւ վստահութեամբ ըլլայ. (ՄԱՐԿ. ԺԱ 22-25)։ Յուսահատութիւնը մե՛ղք է, քանի որ անվստահութիւն կ՚ենթադրէ եւ հաւատքին կը հակադրէ։ Աղօթքը ճիշդ կամ սխալի հարց չէ՛։ Աղօթքը պէտք է հոգիով եւ սիրտով ըլլայ, այնպէս որ «գինով, արբած» կարծուի արտաքնապէս, քանի որ հոգիով եւ սիրտով աղօթողը ինքզինք անջատած կ՚ըլլայ աշխարհէն եւ աշխարհային ամէն մտահոգութենէ։ Այսպիսի աղօթքի օրինակներն են՝ վերնատանը աղօթող Քրիստոսի աշակերտները եւ Աննայի աղօթքը. (Ա ԹԱԳ. Ա 1-28, Բ 1-11)։ Դաւիթ մարգարէ եւս աղօթքի մասին տիպար մը կը ներկայանայ հաւատացեալներուն։

Եթէ անդադար, յարատեւ աղօթենք, բայց պատասխանը ուշանայ, ասիկա չի նշանակեր, որ մեր աղօթքը չէ լսուած եւ կամ մերժուած է, ուրեմն պէտք չէ դադրինք աղօթելէ, քանի որ հաւանաբար կը պակսի «մաքուր սիրտ»ը եւ «ուղիղ հոգի»ն, այսինքն՝ մեր կամքը չի՛ ներդաշնակցիր Աստուծոյ կամքին։ Ահաւասիկ, այս կէտին, աղօթքի մէջ կարեւորութիւն կը ստանայ մաքուր սիրտը եւ ուղիղ հոգին։ Ո՞վ կ՚ուզէ աղտոտ պնակի մը մէջէն ուտել ճաշ մը՝ որքան ալ ան համեղ ըլլայ եւ ախորժելի տեսք ունենայ…

Յիսուս աղօթքի ճշմարիտ տիպարն է։ Յիսուս Իր ամբողջ կեանքով մեր տիպարը կը հանդիսանայ. (ՀՌՈՎՄ. ԺԵ 5), (ՓԻԼ. Բ 5)։ Ան «կատարեալ մարդ»ն է, որ կը հրաւիրէ մեզ Իրեն աշակերտելու եւ Իրեն հետեւելու։ Ան Իր ունայնացումով՝ Իրեն նմանելու օրինակը տուաւ մեզի. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 15), Իր աղօթքով մեզ կը քաշէ աղօթքի. (ՂՈՒԿ. ԺԱ 1), Իր աղքատութեամբ՝ կոչ կ՚ընէ ազատակամ ընդունելու չքաւորութիւնը եւ հալածանքները. (ՄԱՏԹ. Ե 11-12)։

Քրիստոս այնպէս կը գործէ, որ Իր ապրածը մե՛նք ալ կարենանք Իր մէջ ապրիլ եւ Ինք ապրի զայն մեր մէջ։

Յիսուս աղօթքին բանաձեւերը սորվեցաւ Իր Մօրմէն, որ իր սրտին մէջ կը պահէր եւ կը խորհրդածէր Ամենակարողին կողմէ կատարուած «մեծամեծ գործերը»։ Ան կը սորվի իր ժողովուրդին եւ Տաճարին խօսքերը եւ կշռոյթը, Նազարէթի ժողովարանին մէջ։ Անոր աղօթքը սակայն կը ժայթքէ ուրիշ գաղտնի ակունքէ մը եւ կ՚ըսէ. «Պէտք է որ Ես Հօրս գործին ըլլամ». անիկա որդիական սրտի աղօթքն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 10, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026