ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔՆ Է ԱԶԳԻ ԱՊԱԳԱՆ

Շատեր կը կարծէին, որ գրականութիւնը կը ծառայէ լոկ լեզուն մշակելու, սակայն, իրականութեան մէջ շատ աւելին է՝ քան լեզուի ու ոճի զարգացումը։ Հայ գրականութիւնը կարեւոր է այնքանով, որ ո՛չ միայն հայ լեզուի եւ լեզուամտածողութեան զարգացումը կարելի է հասկնալ, այլ նաեւ կարելի է կշռել հայ միտքը՝ անոր ընկերային ու բարոյական բոլոր հարցերով: Այնպէս ինչպէս պատմութիւնը, նոյնպէս գրականութիւնը ամենէն լաւագոյն աղբիւրն է հասկնալու համար տուեալ ժամանակաշրջանը, ժողովուրդի համոզումներն ու սովորութիւնները:

Շատեր կը փորձեն հայ ազգը ներկայացնել որպէս անյառաջադէմ ու յետամնաց ժողովուրդ, սակայն, կարդալով հայ գրականութիւնը, կարդալով հայկական հին մամուլը՝ պիտի հասկնանք, որ հայ ժողովուրդը որոշ պարագաներու շատ աւելի զարգացած ու բացմիտ եղած է՝ քան այժմ զարգացած նկատուող շատ մը երկիրներ։ Աւելիով հասկնալու համար այս հաստատումը՝ բաւարար է կարդալ Խրիմեան Հայրիկ, Պէրպէրեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Սակայն, այսօր մեր դիմաց ունինք աւելի նուազ լսուած մտաւորական մը՝ Յարութիւն Սվաճեան. մտաւորական, որ ճակատագրի բերումով հեռու մնացած է դպրոցական կրթութենէն, սակայն, ինքնաշխատութեամբ յաջողած է արեւմտահայ գրականութեան առաջադէմ անդամներէն մէկը դառնալ։ Ցաւ ի սիրտ, Յարութիւն Սվաճեան անունը մեր ներկայ իրականութեան մէջ մոռացութեան տրուող անուններէն մէկն է, սակայն, համոզուած ենք, որ Սվաճեանը հայ իրականութենէն ներս կարիքը ունի լուրջ ուսումնասիրութեան: 

Յարութիւն Սվաճեան 1856 թուականին Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ «Մեղու» պարբերականը, որուն խմբագիրը եղած են նաեւ Արմենակ Հայկունի եւ Յակոբ Պարոնեան: 

Մեր թուականէն 165 տարիներ առաջ՝ 1861 թուականին, երբ հայ կինը «անտեսուած» կը նկատուէր եւ կրթութիւնը տղամարդոց մենաշնորհ, Յարութիւն Սվաճեան իր խմբագրականին մէջ կու գար հակառակ կարծիք յայտնելու։ Տակաւին երբ Եւրոպա նոր կը սկսէր կանանց վերաբերեալ հին համոզումներու դէմ պայքարիլ, Յարութիւն Սվաճեան Պոլիսէն կոչ կ՚ուղղէր հայ կանանց. Սվաճեան իր խմբագրականին մէջ կ՚ըսէր. 

«Իգական սեռը կոչուած է աշխարհ՝ անոր տիրելու համար եւ մարդկային սեռին բախտը անոր ձեռքը յանձնուած է: Հայ կիներուն ձեռքն է ազգին ապագան եւ անոնցմէ կը սպասուի ազգի կենդանութիւնն ու մահը, կանգնումն ու գլորումը: Եթէ անոնք չկրթեն իրենց զաւակը եւ չուղղեն անոնց սիրտը, նոր սերունդը ո՛չ իրեն օգտակար կրնայ ըլլալ եւ ո՛չ ազգին...»: Այս տողերուն մէջ յատկանշականը հետեւեալն է. Յարութիւն Սվաճեան ո՛չ միայն կինը երկրորդական չի նկատեր, այլ զայն «աշխարհի տէր» կ՚անուանէ՝ համոզուած ըլլալով, որ ազգի մը ապագան ամբողջութեամբ տրուած է կիներուն, որովհետեւ կինն է, որ իր զաւակը կը կրթէ եւ անհրաժեշտ բոլոր զգացումները կը սերմանէ անոր մէջ։ Մայրն է, որ մարդասիրութիւն, ազգասիրութիւն, բարոյականութիւն ու սրբազան նկատուող բոլոր զգացումները կը սերմանէ իր զաւկին մէջ։ Այդ թուականներուն կինը կը դիտուէր որպէս տան «աշխատող»՝ որ պատասխանատու է տան մաքրութեամբ, սնդունդով ու կարգ ու կանոնով, սակայն, Յարութիւն Սվաճեան կնոջ մէջ կը յաջողէր տեսնել աւելին։ Նոյնիսկ մարդկային կեանքն ու ապագան յանձնուած կը տեսնէր կնոջ ձեռքը։ Այդ ժամանակշրջանին նման յանդուգն արտայայտութիւն մը պարզապէս պայծառ միտք ու հեռատեսութիւն կը պահանջէր։ Սվաճեան կը գիտակցէր, որ լաւ մայրը միայն լաւ զաւակ կրնայ դաստիարակել եւ այդ լաւ մարդն է, որ ազգն ու ընկերութիւնը դէպի լաւն ու դէպի բարօրութիւն կ՚առաջնորդէ։ Ի՜նչ յանդուգն խօսք. «Հայ կիներուն ձեռքն է ազգին ապագան»։ Բազմաթիւներ այդ ապագան տղամարդոց ձեռքը կը տեսնէին՝ կարծելով, որ ազգ մը կը պահուի զէնքով ու պայքարով, սակայն, Սվաճեան կու գար պատերազմէն ու զէնքէն շատ աւելի կարեւոր երեւոյթ մը մատնանիշ ընելու, որովհետեւ ինչքան ալ զէնքով պահուի ազգը, եթէ անոր մէջ չկայ բարոյականութիւն, ազգասիրութիւն ու սրբազան արժէքներ՝ պատերազմական յաղթանակները եւս անիմաստ են: Կիներուն ձեռքն է հայ ազգի կենդանութիւնն ու մահը, որովհետեւ անոնցմէ լոյս աշխարհ եկած զաւակներն են, որ պիտի կենդանի պահեն ազգը եւ ապահովեն անոր խաղաղ ապագան կա՛մ նոյն այդ զաւակներն են, որ իրենց անտարբերութեամբ ազգը պիտի տանին դէպի կործանում։ Այո, ապագան յաճախ հիմնուած է ներկայի վրայ, սակայն, ներկայի դրական վիճակը ապագայի դրական ըլլալու ապահովագրութիւնը չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ուզենք-չուզենք ապագան պիտի յանձնենք մեր զաւակներուն եւ անոնց մէջ մեր այսօր բոյն դրած դաստիարակութեան հիման վրայ է, որ անոնք պիտի յաջողին փրկել կամ ամբողջութեամբ կործանել ազգը: 

Մենք այսօր յաճախ կը մեղադրենք երիտասարդութիւնը՝ իր այս կամ այն թերութեան մէջ. Սվաճեանի համոզումը արդարացի է. այսօրուան երիտասարդը հունձքն է երէկուան կրթութեան եւ եթէ այսօրուան երիտասարդութիւնը ունի թերացումներ՝ ապա թերացում ունին նաեւ անոնց ծնողները, որովհետեւ ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ, պտուղը իր ծառէն հեռու չ՚իյնար։ Հայրենասէր ու բարոյական սկզբունքներու տէր ծնողն է, որ իր նմանութեամբ երիտասարդ լոյս աշխարհ կը բերէ:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Իւրաքանչիւր ժողովուրդի պատմական բախտը կապուած է դաշտի մը, գետի մը, լեռի մը, որոնք կը սրբանան եւ բանականութիւն ու խօսք կը ստանան:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026