ՅԻՍՈՒՍԻ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆԱԽԱՃԱՇԱԿ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ
Այլակերպութիւն՝ որ Պայծառակերպութիւն կոչումով կը տօնուի, Քրիստոսի քարոզութիւններու երրորդ տարիի ամրան տեղի ունեցած անօրինական դէպքի մը յիշատակութիւնն է։ Հայ Եկեղեցին՝ աւանդաբար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի վերագրուած կարգադրութեամբ՝ նախապէս կը տօնէր Հայոց տոմարի տարեգլուխին, այսինքն Նաւասարդ ամսու առաջին օրը՝ որ կը զուգադիպէր օգոստոս 11-ին։ Հաւանական է, որ այս կարգադրութեան նպատակը եղած ըլլայ հակազդել հեթանոսական այն մեծ տօնին, որ իբրեւ ամանորի աշխարհախումբ հանդիսաւորութիւն՝ կը կատարուէր Աշտիշատի մէջ եւ անկէ ոչ-շատ հեռու Իննակնեան մեհեանին շուրջը (յետոյ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանք), ուր էին հայկական հեթանոսութեան գլխաւոր սրբարանները։
Աւելի վերջի ժամանակներուն, երբ Մովսէս Բ. Եղիվարդցի կաթողիկոսի (574-604) ձեռքով Հայ տոմարի նորոգութիւնը կատարուեցաւ եւ այս տօնին կատարման ժամանակն ալ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ նկատելով, որ օգոստոսի մէջ սկսած էր կատարուիլ ուրիշ մեծ տօն մը. Աստուծածնի Վերափոխումը։
Պայծառակերպութիւնը բաժնուեցաւ Նաւասարդի ամանորական օրէն, եւ իբրեւ տնօրինական յիշատակ, կապուելով Յարութեան տօնին, աւելի առաջ տարուելով փոխադրուեցաւ Զատիկէն 14 շաբաթ, կամ 98 օր ետքը հանդիպող կիրակիին՝ շարժական տօներու կարգը անցաւ։
Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի տօնը Հայ Եկեղեցին կը կատարէ երեք օրի հանդիսաւորութեամբ։ Ան «Տաղաւար տօներ»ուն երրորդն է եւ այս պատճառաւ երկրորդ օրուան երկուշաբթին մեռելոց յիշատակի օր է։
Եւ ինչպէս Քրիստոսի ամէն մէկ խօսքը եւ գործը ունի խորհուրդ մը, Պայծառակերպութիւնն ալ ունի բազմաթիւ խորհուրդներ իր մէջ։ Այդ խորհուրդներէն մին է. «Արքայութեան նախաճաշակ»ը։ Ուստի, այն օրէն սկսեալ երբ Յիսուս Քրիստոսի կենդանի Աստուծոյ Որդին ըլլալը դաւանեցաւ Պետրոս առաքեալ, Ան սկսաւ յայտնել Իր աշակերտներուն, թէ Ինք պէտք էր Երուսաղէմ երթար, հոն չարչարուէր, խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր, ինչպէս կը վկայէ Մատթէոս աւետարանիչ. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 21)։
Պետրոս առաքեալ կը հակառակի այս տրուած լուրին. միւսներն ալ զայն աւելի լաւ չեն հասկնար։ Եւ ահաւասիկ, այս շրջանին մէջ է, որ կը տեղադրուի խորհրդաւոր դէպքը Յիսուսի Պայծառակերպութեան՝ կատարուած բարձր լերան մը վրայ, Իր ընտրած երեք վկաներուն՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներու ներկայութեան։ Յիսուսի դէմքը եւ զգեստները պայծառակերպուեցան, Մովսէս եւ Եղիա մարգարէներ յայտնուեցան, որոնք «կը խօսէին Յիսուսի հետ Անոր մեկնումին մասին, որ պիտի կատարուէր Երուսաղէմ». (ՂՈՒԿ. Թ 31)։ Ամպ մը ծածկեց զանոնք եւ երկինքէն ձայն մը ըսաւ. «Ասիկա Իմ Որդիս է. Իմ Ընտրեալս, Անոր մտիկ ըրէք». (ՂՈՒԿ. Թ 35)։
Պահ մը միայն՝ Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ, հաստատելով այսպէս՝ Պետրոսի դաւանութիւնը։ Ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք մտնելու համար «Իր փառքին մէջ». (ՂՈՒԿ. ԽԴ 26), պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։ Մովսէս եւ Եղիա մարգարէներ տեսած էին Աստուծոյ փառքը Լերան վրայ։
«Օրէնք»ը եւ «մարգարէ»ները տեսած էին Մեսիային չարչարանքները։ Յիսուսի մահուան չարչարանքը իրապէս Հօր կամքն է. Որդին կը գործէ իբրեւ «Ծառան Աստուծոյ», ինչպէս կը վկայէ Եսայի. (ԵՍ. ԽԲ 1)։ Ուստի, ամպը ցոյց կու տայ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը. «Ամբողջ Երրորդութիւնը երեւցաւ Հայրը՝ ձայնով, Որդին՝ մարդուն մէջ, Հոգին՝ լուսաւոր ամպին մէջ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Յիսուս պայծառակերպուեցաւ Լերան վրայ եւ աշակերտները իրենց կարողութեան եւ տարողութեան չափով հիացած դիտեցին Անոր փառքը. Քրիստո՛ս Աստուածը, որպէսզի երբ որ օր մը զինք խաչուած տեսնեն, հասկնան, թէ Իր չարչարանքը կամաւո՛ր էր եւ աշխարհի աւետեն, որ Ան ճշմարտապէ՛ս ճառագայթն է, լուսոյ ակը եւ աղբիւրը Հօր։
Հրապարակային կեանքի սեմին՝ Մկրտութիւնը, իսկ Զատիկի սեմին՝ Պայծառակերպութիւնը։
Յիսուսի Մկրտութեամբ՝ կը յայտնուի «մեր առաջին վերածնունդ»ին խորհուրդը՝ մեր Մկրտութիւնը։ Իսկ Պայծառակերպութիւնը «սուրբ խորհուրդն է երկրորդ վերածննդեան»՝ մեր սեփական յարութեան, ինչպէս եւ կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Ուստի, այժմէն իսկ մենք կը մասնակցինք Տիրոջ Յարութեան՝ Սուրբ Հոգիով, որ կը ներգործէ Քրիստոսի Մարմինին սուրբ խորհուրդներուն մէջ։
Պայծառակերպութիւնը կու տայ մեզի նախաճաշակը փառաւոր գալստեան Քրիստոսին, «որ պիտի վերանորոգէ մեր նուաստ մարմինը, որպէսզի ան կերպարանակից ըլլայ Անոր փառքի մարմինին». (ՓԻԼ. Գ 21)։ Պայծառակերպութիւնը կը յիշեցնէ մեզի նաեւ, թէ «հարկ է անցնինք բազմաթիւ նեղութիւններէ, որպէսզի մտնենք Աստուծոյ Արքայութեան մէջ». (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։
«Պետրոս այս բաները տակաւին չէր հասկցած, երբ կը փափաքէր Քրիստոսի հետ ապրիլ լերան վրայ». (ՂՈՒԿ. Թ 33)։
Ասիկա, Պետրոս, իր մահէն ետք վերապահեց Անոր։ Բայց այժմ՝ Ինք անձամբ կ՚ըսէ մեզ բոլորին.- իջի՛ր երկրի վրայ վաստակելու, երկրի վրայ ծառայելու, արհամարհելու, խաչուելու երկրի վրայ։ Կեանքը երկիր կ՚իջնէ, որպէսզի խաչուի, սպաննուի, Հացը՝ որպէսզի քաղցը զգայ, Ճանապարհը՝ որպէսզի ճամբաներու յոգնութիւնը զգայ, Աղբիւրը՝ որպէսզի ծարաւի. եւ դուն տակաւին կը մերժե՞ս չարչարուիլ, ինչպէս եւ կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Յիսուս կը յիշեցնէ նահատակուիլը մարգարէներուն, որոնք մահուան ենթարկուեցան Երուսաղէմի մէջ. (ՄԱՏԹ. ԻԳ 37)։ Այսուհանդերձ, Ան չի դադրիր կոչ ընելէ Երուսաղէմի, որ համախմբուի Իր շուրջ։
Յիսուս Իր պայծառակերպութեամբ աշակերտներուն ցոյց տուաւ Արքայութեան նախատիպարը եւ ճշմարտութի՛ւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 10, 2026, Իսթանպուլ