ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Թ.)
Զգալի փոփոխութիւն մը ապրեցաւ ընտանեկան կառոյցն ու յարաբերութիւնները 19-րդ դարէն մինչեւ 21-րդ դարը. 9-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար այնքան փոփոխութիւն չեղաւ, ինչքան վերջին այդ երկու հարիւր տարուան ընթացքին: Հիմնական փոփոխութիւնը, որ ընտանիքը ապրեցաւ, բազմազաւակութեան նուազումն էր. հին մարդը ամբողջութեամբ ուրիշ ձեւ կը մտածէր. հակառակ աղքատութեան, կը տեսնենք, թէ 19-րդ դարու մարդը բազմազաւակ էր. պատճառը այն է, որ անոնք ունէին այն համոզումը, որ ինչքան շատ աշխատող ձեռքեր ըլլան՝ այնքան շատ տնտեսապէս ապահով կրնայ ըլլալ ընտանիք մը: Մանաւանդ գիւղական շրջաններուն մէջ ինչքան շատ զաւակ, այդքան շատ հնձող, այդքան շատ մշակող կը նշանակէր եւ հետեւաբար բազմազաւակութիւնը կը նպաստէր այդ շահերը ապահովելու:
Սակայն կային նաեւ այլ պատճառներ. այդ թուականներուն սովը տարածուած էր՝ իր հետ բերելով տարբեր տարբեր հիւանդութիւններ. պէտք է նկատի ունենալ, որ բժշկութիւնը եւս այսքան զարգացած վիճակ մը չունէր. կային հիւանդութիւններ, որոնք կրնային զաւակները շուտ կեանքէն խլել (օրինակի համար՝ թոքախտը). բազմազաւակութիւնը միջոց մըն էր դարմանելու համար այդ դժբախտութիւնը, որովհետեւ ընտանիք մը կրնար բազմազաւակ ըլլալ, սակայն, բոլորը մեծահասակ դառնալու բախտաւորութիւնը չէին ունենար: Իսկ որպէս վերջին պատճառ կրնանք յիշել կրօնական հաւատալիքները, որովհետեւ թէ՛ մշակութապէս եւ թէ կրօնապէս կար այն համոզումը, որ բազմազաւակ ընտանիք մը Աստուծոյ օրհնութիւնն է. ինչքան շա՛տ զաւակ, այնքան շատ Աստուածային օրհնութիւն. օրհնութիւն՝ որ ծնողքը պիտի ստանար իր ծերութեան ժամանակ:
Սակայն 20-րդ դարու սկիզբն ու 21-րդ դարը եկաւ շատ մը համոզումներ փոխելու եւ իր ժամանակուան համոզումները ստեղծելու. առաջին հերթին կտրուկ ձեւով բարելաւում ապրեցաւ բժշկութիւնը եւ կարելի եղածին չափ նուազեցան մանկական ու պատանեկան մահերը: Աշխարհը ստեղծեց այնպիսի պայմաններ, որ այլեւս բազմազաւակութիւնը ո՛չ թէ նիւթապէս օրհնութիւն ու բարիք, այլ հակառակը՝ լուրջ պատասխանատուութիւն ստեղծեց, որ լուրջ նիւթական զոհողութիւններ կը պահանջէ: Շատ աւելի կարեւորութիւն ստացաւ կրթութիւնը. եթէ անցեալին բազմազաւակ ընտանիքի մէջ դպրոցի դուռ չտեսած զաւակներու գոյութիւնը բնական էր, ապա 20-րդ դարուն դարձաւ անբնական, որովհետեւ մարդիկ աւելիով սկսան գիտակցիլ ուսման կարեւորութեան եւ այդ դաստիարակութեամբ մարդ արարած աւելիով սկսաւ հասկնալ ընտանիք կառոյցի իմաստն ու կարեւորութիւնը, ինչ որ բնականաբար փոխանցեց այն համոզումը, որ աւելի լաւ է քիչ զաւակ ունենալ բայց կրթուած՝ քան բազմաթիւ երեխաներ, որոնք դպրոցի լոյս պիտի չկարենան տեսնել: Անշուշտ այս բոլորը՝ կրթութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահութիւնը մարդուն համար սկսաւ շատ աւելի սուղ արժել եւ հետեւաբար բազմազաւակ ընտանիքի մը համար այդ բոլորը արդէն կարողութեան սահմաններէն վեր էր: Մարդ արարած կամաց կամաց դուրս եկաւ նահապետական ընտանիքի կերպարէն։ Նորապսակ զոյգերը պսակուելէ ետք առանձնացան իրենց ծնողներէն եւ այդ տոհմի եւ մեծ ընտանիքի հասկացողութիւնը վերածուեցաւ փոքր փոքր ընտանիքներու:
Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ ինչքան բժշկութիւնը զարգացաւ, այնքան նոր հիւանդութիւններ ի յայտ եկան. մարդկային պատմութեան մէջ չբերութիւնը նոր սահմանում մը չէ, սակայն, վերջին մի քանի տասնամեակներուն անտրամաբանական աճ արձանագրեց. չբերութեան կողքին փոխուեցաւ մարդոց առաջնահերթութիւնները. տասնվեց տարեկանին ընտանիք կազմող երիտասարդուհին արդէն սկսաւ պսակուիլ աւելի ուշ տարիքի՝ առաջնահերթութիւն տալով իր ուսման եւ նպատակներուն: Ամուսնութեան պարտաւորութիւնը կամաց կամաց առնուեցաւ ընտանիքի ձեռքէն եւ ազատագրուեցաւ այդ մէկը եւս. երիտասարդը սկսաւ ի՛նք որոշել, թէ ե՞րբ եւ որո՞ւ հետ պիտի կազմէ իր ապագայ ընտանիքը եւ պարտականութենէն անդին վերածուեցաւ լուրջ որոշումի:
Այս բոլոր վերոյիշեալները բնականաբար ամբողջութեամբ փոխեցին ընտանիք հասկացողութիւնը եւ այդտեղ թէեւ ոչ-կատարեալ, սակայն, փորձ եղաւ հաստատելու ընտանեկան հաւասարութիւնը: Մարդիկ սկսան լրջօրէն հասկնալ, որ կեանքը լոկ ամուսնութիւն, աշխատանք ու ապագայ սերունդ պատրաստել չէ. այդտեղ կայ նաեւ հաճոյքը, ուրախութիւնն ու սեփական նախասիրութիւններ եւ այսպիսով մարդը դուրս եկաւ իր նախկին ընտանեկան վանդակէն: Ամուսնութիւնները ընտանեկան դաշինքներ նկատուելու փոխարէն սկսան նկատուիլ անձնական որոշումներ. այս մէկը մարդոց մէջ մեռցուց կրօնական սկզբունքներն ու օրէնքները եւ բնականաբար աճ արձանագրեց նաեւ ամուսնալուծութիւնները. այդ աճը կ՚արձանագրուի օրէ օր. այսօր շատ աւելի ամուսնալուծութիւններ կը տեսնենք, քան երկու տասնամեակ առաջ եւ այս ընթացքով յառաջիկայ քսան տարիներու ընթացքին թիւը շատ աւելիով աճ պիտի արձանագրէ՝ քան այսօր:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ընտանեկան գետնի վրայ ինչո՞վ կը տարբերի 19-րդ դարը 21-րդ դարէն։
Պատասխան. 19-րդ դարուն ընտանիքը հիմնուած էր աւանդութեան արժէքներուն վրայ. հոն յստակ էր իւրաքանչիւրին դերը: Ամուսնութիւնը ընդհանրապէս հիմնուած էր պարտականութեան գիտակցութեան վրայ, սակայն, 21-րդ դարը իր հետ բերաւ սեռերու հաւասարութիւն։ Աւանդական արժէքներու փոխարէն այդտեղ իշխած է անձնականն ու յուզական բարեկեցութիւնը, փոխելով նաեւ սպասումները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան