ՈՃԻՐՆ ՈՒ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Իսլամական կրօնին մէջ ոճիրը խստօրէն կ՚արգիլուի, որովհետեւ մարդու կեանքը Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ըլլալով սուրբ կը նկատուի եւ հետեւաբար զայն խլելը անօրինութիւն ու մեղք կը նկատուի: Իսլամական կրօնը սպանութեան համար յստակ օրէնք կը դնէ. Սուրա Ան-Նիսա 4:93-ին մէջ կը կարդանք. «Ով որ ուրիշը դիտաւորութեամբ կը սպաննէ՝ պատիժը դժոխքն է, ուր յաւիտեան պիտի մնայ»: 

Սակայն կայ տարբերութիւն մը, նրբութիւն մը, որ կրնայ շատ անգամ իսլամութեան մէջ ոճիրը ընդունելի դարձնել. սոյն կրօնը կ՚արգիլէ մարդու սպանութիւնը, սակայն, անոնց սուրբ գիրքին մէջ գրուած տող մը կրնայ ամբողջութեամբ փոխել պարագան. այդ բառերը հետեւեալներն են. «բացի արդար պատճառով». այլ խօսքով՝ կ՚արտօնէ սպանութիւն գործել՝ եթէ պատճառը արդար է. այդ պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ ինքնապաշտպանութիւնը, սակայն, ոչ կամայական սպանութիւններու պարագային:

Սուրա Ալ-Իսրայի 17:33-ին մէջ կը կարդանք. «Սի՛ սպաննէք այն հոգին, որ Աստուած արգիլած է, բացի եթէ իրաւունքով էք». իրականութեան մէջ այս տողը թերեւս վտանգաւոր է, որովհետեւ իրաւունք ունենալը եւ ճիշդ ըլլալը յարաբերական է եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր ոճիր կրնայ «արդարանալ» իրաւունքով եւ կամ ոչ արդարացի պատճառով մը. ահաբեկչութիւն իրականացնող մը այս պարագային ունի բանաւոր պատճառ եւ իրաւունք մը, որ կրնայ արդարացնել ոճիրի ամբողջ յանցանքը: 

Իսլամական օրէնքի մէջ գոյութիւն ունի փոխհատուցման օրէնքը, զոր կը կոչեն քիսաս. օրինակ՝ դիտաւորեալ սպանութեան պարագային կրօնը կ՚արտօնէ փոխադարձ պատիժ. ոճիրը արդարացնող միւս պատճառներէն մէկը ինքնապաշտպանութիւնն է. երրորդ պատճառ մը կարելի է ընդունիլ որոշ սահմանուած պատիժներ. ինչպէս՝ շնութիւնը, գողութիւնը եւ այլն մեղքեր: 

Անշուշտ, այս մտածումներ դարեր շարունակ մեծ մտածողներու կողմէ քննարկուած են. օրինակի համար՝ փիլիսոփայ մը այս մարդասպանութեան մէջ իրաւունքը կը փորձէ տեսնել ու վերագրել պետութեան, արդարութիւնը պետական կառավարման համար ընդունելով օրէնքի հիմնաքար. այս համոզումով օրէնքի լոյսին տակ մարդուն կեանքը կրնայ խլել միայն կառավարութիւնը՝ օրինական ու բարոյական ընթացքով: Շատեր այս մէկը կը կապեն ժամանակին արդարութեան հանդէպ ունեցած համոզումներուն ու ըմբռնումներուն:

Անցեալին շատ մը մտածողներ, թէ՛ իսլամութեան պարագային եւ թէ ընդհանուր օրէնքի սահմաններուն մէջ եղած են համոզուած, որ կառավարութիւնը պարտի ունենալ որոշ անձերու կեանքը խլելու իրաւունք՝ մահապատիժի ճամբով: Թէեւ այսօր շատեր դէմ են մահապատիժին, սակայն, շատեր հաւատացած են եւ գուցէ կը շարունակեն հաւատալ, որ մահապատիժը արդար է, երբ այդ մէկը հասարակութեան համար բարիք կը դառնայ:

Այս բոլորը եթէ նկատի ունենաք, այսօր պիտի չյաջողինք Աստուծոյ անունը բարձրաձայնելով ոճիր գործողները կասեցնել։ Վերջապէս կռուելու պատճառ մը պիտի ունենան եւ ոճիրը երբ ունի պատճառ՝ այնքան ալ քննադատելի չէ իրենց համար: Սուրա Ալ-Պաքարա 2:190-ն կ՚ըսէ. «Աստուծոյ ճամբուն մէջ կռուեցէք անոնց դէմ, որոնք կը կռուին ձեր դէմ»։ Քրիստոնէութիւնը կը քարոզէր ապտակ զարնողին միւս երեսն ալ դարձնել, սակայն, այստեղ կը տեսնենք, որ իրենց սուրբ գիրքը կ՚ըսէ, թէ կարելի է կռուիլ՝ երբ կը կռուին ձեր դէմ: 

Այս բոլորէն ետք եթէ տակաւին կը փնտռենք, թէ Աստուծոյ անունը բարձրաձայնելով անձի մը կեանքը խլելը ի՞նչ տրամաբանական բացատրութիւն կրնայ ունեցած ըլլալ, ապա ըսենք. մարդկային պատմութեան ընթացքին յաճախ կրօնը եղած է պատճառ, արդարացնելու համար որոշ պատերազմներ ու բռնութիւններ. օրինակ կրնանք վերցնել խաչակիրները, որոնք «սրբազան պատերազմ»ներ մղեցին եւ այդ գաղափարին սիրոյն կոտորեցին: Օրինակ վերցուցէք ո՛չ թէ միայն կրօններու, այլ յարանուանութիւններու մէջ եղած պատահարները, որոնց ընթացքին բողոքականը ջարդեց կաթոլիկը, կաթոլիկը՝ առաքելականը, առաքելականը՝ այլ հոսանք մը՝ առաջ բերելով կրօնի եւ «փրկութեան» համար մղուած մարտեր:

Այս բոլորէն ետք գիտենք, որ իսլամական կրօնի հիմնական սկզբունքը ոճիրը եւ արդար սպանութիւնը չէ. այո՛ այսօր աշխարհը լեցուած է որոշ վայրագ իսլամներով, սակայն, անոնց քով կայ նաեւ օրինակելի իսլամը՝ որ իր կեանքի մաքրութեամբ կրնայ եզակի դեր ունենալ մարդկային պատմութեան մէջ. նման վայրագ ներկայութիւններ ամէն կրօն կրնայ ունենալ. այսօր քրիստոնեաներուն մէջ ալ կան անձեր, որոնք կը սպաննեն, կը գողնան ու կ՚ընեն այն բոլորը՝ որ մեղք է եւ անօրէնութիւն. սխալը մարդկային պատմութեան ընթացքին մի՛շտ եղած է եւ պիտի ըլլայ, սակայն վտանգաւոր է, երբ մարդ այդ անօրինութեան համար գտնէ արդարացի պատճառ մը. լոկ այդ պատճառի արդարացումն է, որ կեանքը կը վերածէ դժոխքի: 

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ճի՞շդ է, որ իսլամներուն խորհուրդ կը տրուի սպաննել քրիստոնեաներ:

Պատասխան. Ո՛չ, այս մէկը սխալ համոզում ու ընկալում է: Իսլամութիւնը որպէս կրօն կը քարոզէ եղբայրսիրութիւն ու խաղաղութիւն: Քուրանի մէջ կան որոշ հատուածներ, որոնք կապուած են պատերազմներու եւ ինքնապաշտպանութեան, սակայն, անոնք հրահանգներ չեն։ Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ քրիստոնեաներ ապրած են ու տակաւին կ՚ապրին իսլամական պետութիւններու հսկողութեան տակ եւ որպէս փոքրամասնութիւն ունեցած են եւ ունին կրօնական, մշակութային ազատութիւն, նաեւ զիրար սիրած են ու կը սիրեն եղբայրաբար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025