ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔ
Քրիստոնէութիւնը հաւատքի վարդապետութիւն է եւ առանց ճշմարիտ հաւատքի վարդապետութեան կեանքը անիմաստ է եւ աննպատակ։
Արդարեւ, Յիսուսով սկսաւ քրիստոնէութիւնը։ Քրիստոնէութիւնը ո՛չ թէ Յիսուսի անձնական համոզումներն է, այլ՝ Քրիստոսով Աստուծոյ էութեան բո՛ւն պատկերն է՝ որ մարդացաւ, մարմնացաւ Աստուծոյ կողմանէ յատուկ առաքելութեամբ աշխարհ ղրկուեցաւ։
«Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ եւ Անոր փառքը տեսանք Հօրմէն միածնի փառքին պէս, շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն». (ՅՈՎՀ. Ա 14)։
Քրիստոս՝ Աստուած, Աստուծոյ մարմնացած պատկերն է. քրիստոնէութիւնը՝ Քրիստոսի հաւատալ եւ հաւատարմութեամբ հետեւիլ է. քրիստոնէութիւնը՝ Աստուծոյ ծրագի՛րն է՝ նախքան ստեղծագործութիւնը, արարչութիւնը՝ որպէսզի Իր ստեղծած մարդը հաղորդ ըլլայ Աստուածային բնութեան։ Եւ մարդ արարածը կ՚ուզէ ստանալ իր գոյութեան, իր կեանքի կարեւորագոյն հարցումին պատասխանը.
«Ես ինչո՛ւ գոյ եմ։ Ես ինչո՛ւ կ՚ապրիմ»։
Մարդ արարածին ստեղծուած ըլլալուն նպատակը այն է, որ ան ըլլայ Աստուծոյ զաւակ, ապրի Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ հետ, աստուածութիւնը մարմնացնել յաւիտենական փառքով եւ գոհութեամբ։ Եւ այս իմաստով իսկ, քրիստոնէութիւնը Աստուծոյ ներկայութի՛ւնն է եւ բնականութիւնը մարդուն մէջ՝ երկրի վրայ։ Այս ճշմարտութիւնը ահաւասի՛կ, Յիսուսի մէջ է։ Աստուածպաշտութեան ամբողջ լեցունութիւնը Անոր մէջ կը բնակի մարմնապէս։ Այս ճշմարտութիւնը Յիսուսէ կը բխի եւ կը ճառագայթէ ամէնուրեք, եւ այս ճշմարտութիւնը ապրեցաւ Ինք՝ Յիսուս։ Այս ճշմարիտ կեանքը Յիսուս փոխանցեց իր հետեւորդներուն։
Հետեւաբար քրիստոնէութիւնը՝ Քրիստոսի ուսուցանած վարդապետութիւնն է՝ Քրիստոսի հաւատարմութեամբ եւ ազատ կամքով հետեւիլն է, եւ Քրիստոսի պատկերին կերպարանակից ըլլալ է։
Պօղոս առաքեալին քրիստոնէութիւնը հիմնուած էր վարդապետութեան վրայ, այդ վարդապետութիւնը Յիսուսն էր եւ Յիսուսի վարդապետութիւնն էր։ Ուստի, Յիսուսի վարդապետութեան եւ ուսուցումին հաւատալով, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդելով փոխուեցաւ Պօղոս առաքեալի միտքը։ Փոխուեցաւ նաեւ Պօղոս առաքեալի վարմունքը եւ կենցաղավարութիւնը՝ նպատակը եւ աշխատանքի ասպարէզը։
Արդարեւ, անոնք՝ որոնք կ՚ուզեն քրիստոնէութիւնը ապրիլ առանց քրիստոնէական վարդապետութեան գիտակցութիւնը ունենալու, պիտի ձախողի՛ն։ Անոնք՝ որոնք կը կարծեն, թէ քրիստոնէութիւնը ճիշդ աւանդութիւն մըն է, որ պահելու են, դարձեալ պիտի ձախողին։
Քրիստոնէութիւնը քաղաքակրթութիւն չէ՛, ինչպէս ան միտքի գիտութիւն չէ։ Քրիստոնէութիւնը նաեւ օրինապահութիւն ալ չէ՛, ինչպէս ան ժառանգական կրօնք չէ։
Եթէ այսօր Յիսուս, որ կենդանի է, աշխարհ գայ, եւ պիտի գայ, եւ մտնէ Իր անունով հիմնուած եւ կոչուած Եկեղեցին, պիտի մաքրէ զայն, ինչպէս որ մաքրեց Աստուծոյ՝ Հօր Տաճարը. (ՄԱՏԹ. ԻԱ 12-17), (ՄԱՐԿ. ԺԱ 15-19), (ՂՈՒԿ. ԺԹ 45-46)։
Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ժամանակի ընթացքին քրիստոնէական ըմբռնումը հետզհետէ սկսաւ փոխուիլ, ընդլայնիլ եւ շեղիլ իր սկզբնական վարդապետութենէն։ Եւ ոմանց համար քրիստոնէութիւնը եղաւ «ազատութիւն» աշխարհային արժէքներու նկատմամբ։ Ոմանց համար քրիստոնէութիւնը եղաւ «ժամանակավրէպ»՝ «զզուելի ծանր բեռ» մը։ Ոմանց համար քրիստոնէութիւնը եղաւ համազգային խմբակցութիւն։ Ոմանց համար քրիստոնէութիւնը եղաւ վիճելի։
Ինչո՞ւ որոշ վարմունք մը ոմանց համար ընդուելի է եւ ուրիշներու համար՝ գայթակղութիւն։ Ինչո՞ւ քրիստոնէութիւնը ոմանց համար է։ Պօղոս առաքեալ նախապէս օրինապաշտ էր, եւ անձնական փորձառութեամբ քրիստոնէութեան՝ անժամանակ եւ յաւիտենական վարդապետութեա յանձնուեցաւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 11, 2025, Իսթանպուլ