ԱՐԱԲԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՎԱ՜Յ»ԵՐԸ
Նախորդ եօթ «վա՜յ»երը մեր ազգին ինչքանո՞վ կը համապատասխանէր՝ թող ընթերցողը ինք որոշէ, սակայն, կասկածէ վեր է, որ այս «վա՜յ»ը գրուած է մեր ազգին համար եւ մինչեւ անգամ կրնանք կասկածի տակ դնել անոր արաբական ծագումը, որովհետեւ նման «վա՜յ» մը միայն մեր ազգին արժանի կրնայ ըլլալ:
Արաբ բանաստեղծին նախավերջին վայը կ՚ըսէ.
«Վա՜յ այն ազգին, որուն խելացին համր է եւ ուժեղը՝ կոյր ու խորամանկը՝ շատախօս»:
Մեր ազգին մէջ մտաւորական ըսելով յաճախ կը հասկնանք այն անձերը, որոնք գիր ու գրականութիւն կը ստեղծեն եւ լեզուն կը զարգացնեն, սակայն, իրականութեան մէջ մտաւորական արտայայտութիւնը շատ աւելին է. ինչպէս ֆրանսացի փիլիսոփայ Ժան Փոլ Սարթր կ՚ըսէ. «Մտաւորականը անձ մըն է, որ կը միջամտէ հանրային կեանքին՝ պաշտպանելով համընդհանուր արժէքներ». մտաւորականը իր նիւթական կարողութիւններով մի քանի բառեր քով քովի բերելով գիրք հրատարակողը չէ. մտաւորականը այն չէ՛, որ իր բառերու կոյտը գիրքի մը մէջ հաւաքած ծախել կը ջանայ: Շատեր կրնան քով քովի բառեր դիզելով «գրող» դառնալ, սակայն, իսկական մտաւորականը այն է, որ կը յաջողի այդ բառերուն շունչ տալ, գաղափար ստեղծել եւ այդ բոլորով ներգործութիւն ունենալ:
Պատմութիւնը փաստ է, որ մտաւորականն ու իմաստունը միայն այսօր չէ՛, որ լռութեան կը մատնուի. վկայ Սոկրատէսը՝ որ մեր թուականէն 500 տարի առաջ «երիտասարդութիւնը մոլորեցնելու» մեղադրանքով Աթէնքի դատարանի որոշումով թունաւորուելով լռութեան մատնուեցաւ։ Վկայ Կալիլէոն՝ որ չհրաժարեցաւ իր գիտական հայեացքներէն:
Սակայն ինչո՞ւ լռութեան կը մատնեն մտաւորականները։ Ճշմարիտ մտաւորականը ան է, որ կը յաջողի ժողովուրդին մէջ արթնցնել քննադատական գիտակցութիւնը։ Բռնատիրութեան հիմնական գործիքը մի՛շտ լռութիւնն է. բռնապետ մը իր բըռ-նութեան մէջ ազատ է այնքանով՝ ինչքան ժողովուրդը կը լռէ, իսկ մտաւորականը ան է՝ որ այդ լռութեան դէմ պայքարելով որոշ «ինչո՞ւ»ներ կը ստեղծէ։ Այդ ճշմարտութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար բաւարար է սերտել հայոց պատմութիւնը. օրինակի համար, Մեծ եղեռնի նախօրեակին ինչո՞ւ համար առաջին հերթին մտաւորականները ձերբակալւեցան. անոնց աշխատութիւններէն քանի՞ն մոխրացաւ ու ոչնչացաւ. պատճառը պարզ է. ազգի մը արթնութիւնը, իմաստութիւնն ու զարգացումը կը չափուի անոր մտաւորականներով եւ երբ մտաւորականութիւնը կործանես՝ ազգը ինքնաբերաբար կործանած կ՚ըլլայ, որովհետեւ ազգի մը պատմութիւնը իրականութեան մէջ իր մտաւորականներուն պատմութիւնն է:
Ինչպէս ուղեղը կը ղեկավարէ մարմինը, այնպէս ալ մտաւորականութիւնը կը կառավարէ հասարակութիւնը. անցեալին անոնց լուծը օտար ձեռքերու մէջ էին, սակայն, այսօր կը նկատենք, որ մե՛նք ինքներս զանոնք կը դատապարտենք լռութեան. պատկերացուցէք մարդը՝ առանց ուղեղի. անասունէն ինչո՞վ պիտի տարբերի. ազգին մէջէն մտաւորականութիւնը հանելն ալ նոյնին կը նմանի: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ մտաւորական լռութիւնը ո՛չ միայն ներկայ, այլ նաեւ ապագայի կորուստ է եւ կ՚ունենայ քաղաքական, հասարակական եւ մը-շակութային կործանարար հետեւանքներ. քաղաքական ապականութիւնը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ մտաւորականներ լռութեան կը մատնը-ւին. քաղաքական որոշումները կը դառնան անվերահսկելի եւ այդտեղ կը սկսի սկիզբ առնել անարդարութիւն՝ հեռու հասարակական քննադատութենէն, որովհետեւ այն ազգը, որ չունի մտաւորականութիւն՝ չունի նաեւ քննադատական մտածողութիւն։ Յիշեցէ՛ք, Խորհրդային Միութեան տարիներուն ա՛յդ էր պատճառը, որ մտաւորականներ աքսորի կը մատնուէին՝ պարզապէս հանրութենէն ու հասարակութենէն հեռու ըլլալու համար՝ որպէսզի չըլլայ թէ արթնութիւն սերմանեն: Քաղաքական գործիչներ իրենց գործունէութեան մէջ յաճախ կը տեսնեն քաղաքական վտանգ-ներ, սակայն մտաւորականներն են, որ կը յաջողին հսկել ու տեսնել երկարաժամկէտ սպառնալիքները ո՛չ միայն քաղաքական, նաեւ մշակութային, լեզ-ւական, բարոյական:
Մերօրեայ Հայաստանի պատկերը տարբեր չէ. այսօր մեր մտաւորականները հեռու են թէ՛ քաղաքականութենէն եւ թէ՛ հանրութենէն, որովհետեւ ո՛չ թէ Խորհրդային Միութիւնը՝ այլ ժողովուրդը զիրենք մատնած է աքսորի՝ մարմնականէն անդին բարոյական ու հոգեկան: Ինչո՞ւ համար մտաւորականութիւնը գոյութիւն չէ՞ ազգային ժողովէն ներս. չէ՞ որ այդտեղ քաղաքականէն անդին հասարակութեան ապագան է, որ կը քննարկուի:
Այս «վա՜յ»ը մերն է, որովհետեւ չեմ կարծեր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենայ ազգ մը, որ իր մտաւորականները աւելի անպատուէ՝ քան հայը. վկայ մեր դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ մեր ուսուցիչներուն «խեղճ ու կրակ» վիճակը:
Ոչինչ. յաճախ կը կարծենք, որ կորսնցնողը մտաւորականը ի՛նք է, սակայն կը մոռնանք, որ մտաւորականութեան կորուստով, կը կորսուի նաեւ ազատութիւնը, ապագան, ազգային ու մշակութային ժառանգութիւնը. պարզապէս պէտք է յիշել։ Ազգ մը, որ կը լռեցնէ իր մտաւորականները, ինքզինք կը դատապարտէ մահուան:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցոււմ. Մտաւորականութիւնը կարեւո՞ր է ազգի մը համար:
Պատասխան. Այո, մտաւորականութիւնը ազգի մը համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ ան կը հանդիսանայ հասարակութեան ուղեղն ու խիղճը: Մտաւորականները ո՛չ միայն գիտելիք տարածելու դեր ունին, այլ ձեւաւորողն են արժեհամակարգերուն, քննադատական մտածողութեան զարգացման եւ ապագայ տեսլականի ստեղծման: Անոնք կ՚ուղղեն ժողովուրդը ճշմարիտ ու բարոյական ուղիով՝ պահելով ազգային ինքնութիւնը եւ խթանելով մշակութային գիտական ու հասարակական յառաջընթացը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան