ԹԻԶ ՄԸ ՄՆԱՑ

Մեր թուականէն մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ, ժողովուրդը կը քննադատէր Շահան Շահնուրը «Հայ ժողովուրդը պէտք է ոչնչանայ» արտայայտութեան համար։ Անշուշտ, այդ արտայայտութիւնը իր խորքին մէջ հայատեաց ըլլալու հետ աղերս չունենալով, ունէր ամբողջութեամբ ուրիշ նշանակութիւն մը. այդ իմաստը հասկցողներէն ու անոր հակառակ այս արտայայտութիւնը քննադատողներէն քանի՞ հոգի կայ՝ չենք գիտեր, սակայն, նոյն ինքնավստահութեամբ կը պնդենք. «Հայ ժողովուրդը պէ՛տք է ոչնչանայ»: Չհասկցող, սակայն, այս արտայայտութիւնը քննադատելու պատրաստուողներուն համար բացատրենք այս արտայայտութիւնը. 

- Պատմութեան ընթացքին այն ազգը, որ իր անցեալէն չէ՛ կրցած դասեր քաղել՝ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է ոչնչանալու։ Գոյութիւնը ապահովելը շատ անգամ ուժի հետ ալ աղերս չունի, որովհետեւ պատմութիւնը վկան է այն ճշմարտութեան, որ հայ ազգէն շա՜տ շատ աւելի ուժեղ ազգեր այսօր կորսուելով բաժին դարձած են պատմութեան։ Հրաշքով մը հայ ժողովուրդը յաջողած է իր գոյութիւնը ապահովել, սակայն, ամէն անգամ յարութեան ճամբան գտնելէ ետք, ձեւով մը դարձեալ բռնած է գողգոթայի ճամբան՝ որպէսզի խաչուի, թաղուի եւ ապա նոր յարութիւն առնէ՝ որպէսզի դարձեալ ինքզինք գտնէ դէպի գողգոթա ճամբուն վրայ: Հայ ժողովուրդը պէտք է ոչնչանայ, որովհետեւ եթէ այս ընթացքով առաջնորդուինք, մենք մեզ պիտի ոչնչացնենք եւ կը կարծենք համամարդկային պատմութեան մէջ պայքարի դաշտին վրայ յաղթուիլն ու ոչնչանալը ինքզինք ոչնչացնելէն շատ աւելի պատուաբեր է. վերջապէս Աստուծոյ համար եւս սպաննուած զոհը ինքնասպան եղածէն շատ աւելին կ՚արժէ:

Այս տխուր արտայայտութեան դրդապատճառը այն է, որ հայ ժողովուրդը պատմութենէն դասեր չքաղելէն անկախ, երբեւէ ականջ չտուաւ իր մտաւորականներուն։ Այժմ դիմացս բացած ունիմ մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ՝ 1922 թուականին գրի առնուած հրապարակախօսութիւն մը՝ գրուած Արշակ Մահտեսեան անուն գրողին կողմէ։ «Ատելութեան առջեւէն կործանում կ՚երթայ» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Կարելի է ըսել, ապահովաբար, թէ այն եռանդեամբ, որով հայ ղեկավարներ եւ մեծ ու պզտիկ կուսակցականներ կ՚աշխատին տապալել զիրար, եթէ ջանային կործանել թշնամին, Հայաստանի վիճակը շատ աւելի նախանձելի պիտի ըլլար»։ Անցնող ամիսներու ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նախընտրական քարոզարշաւները փաստեցին, որ գրեթէ մեր բոլոր կուսակցութիւնները հիմնական գաղափարախօսութիւն, ծրագիր ու նախագիծ չունին. բոլորին հիմնական նպատակը զիրար տապալելն ու ոտնակոխ ընելն է։ Ի դէպ, նոյն այս մահացու ընթացքը ունին թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ գտնուող կուսակցութիւնները։ Վերջին ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ 19 կուսակցութիւն. 19 տարբեր կուսակցութիւն երկիրը «փրկելու» երազը ունի. հնարաւոր չէ՞ր արդեօք 19 տարբեր կուսակցութիւններու ընդհանուր ուժերը միացնել եւ ստեղծել այն Հայաստանը, որ բոլորը կ՚երազեն ունենալ։ Ամէն կուսակցութիւն կը ցանկայ իր խոստումները կատարել միայն ու միայն պաշտօնի անցնելէ ետք։ Եթէ այդ խոստումները իրապէս շահ է հայ ժողովուրդին համար, ապա ինչո՞ւ պաշտօնի կը սպասուի: 

Ե՞րբ պիտի փոխուի մեր այս դժբախտ իրականութիւնը։ Շաբաթ, 19 յունիս 2021 թուականին դարձեալ Հայաստանի ընտրութիւններու առիթով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակած էինք «Տարանջատուած միասնութիւնը…» խորագրեալ յօդուած մը, որուն մէջ ըսած ենք. «Այսօրուան «քարոզարշաւ»ները ո՛չ թէ միայն օգուտ չունին մեր միասնականութեան, այլ մեզ իրարու դէմ կը գրգռեն ու կը թշնամացնեն՝ մի՛ միայն ի օգուտ այս կամ այն կազմակերպութեան կամ կուսակցութեան: Նման ելոյթներ անհաւատութիւն եւ երկմտութիւն կը սերմանեն մեր մէջ, մինչ մենք պէտք է իրարու յենարան ըլլայինք՝ ազգային միասնականութեամբ՝ ամէն բանի պատրաստ»։ Այսօր վիճակը ամբողջութեամբ նոյնն է. հինգ տարուան մէջ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն, սակայն, մտահոգիչ չէ՞ միթէ. արդեօք յիսուն տարիներ ետք մեր ապագայ սերունդները նոյն հարցերուն դիմաց պիտի գտնուի՞ն՝ այնպէս ինչպէս մենք մեզ կը գտնենք 104 տարուան հնութիւն ունեցող նոյն հարցերուն դէմ յանդիման: 

Հինգ տարիներ առաջ արդարացիօրէն գրած ենք… «Իրապէս ողբալի վիճակի մէջ ենք, որովհետեւ տարիներ շարունակ երբ մենք իրարու «միս» կ՚ուտէինք՝ թշնամին կը զօրանար: Երբ մենք իրարու մազ կը փետէինք՝ թշնամին մեր ոճիրը կը ծրագրէր: Երբ մենք մեր դասագիրքերուն մէջէն կրօնագիտութիւնն ու Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը դուրս դնելով զբաղուած էինք, թշնամին կը զօրանար: Միասեռականութեամբ կամ սեռափոխութեամբ զբաղուած ժամանակ թշնամին կը զօրանար: Երբ «աչք ներկելու» համար այս կամ այն անձնաւորութիւնը դատելով կը զբաղէինք՝ թշնամին կը զօրանար: Եւ աւելին՝ կը զօրանար ակներեւ կերպով եւ ո՛չ թաքուն: Իսկ մե՞նք…»։

Շահնուրը կարելի է քննադատել միայն ու միայն մէ՛կ պատճառով. ան «կը նահանջէր» կը յայտարարէր այն ժամանակ՝ երբ տակաւին այս մակարդակի նահանջած չէր հայ ժողովուրդը։ Եթէ իր ժամանակաշրջանը կ՚որակէ որպէս «նահանջ»՝ ապա մենք հիմա մեռեալներ ենք, որովհետեւ այդ խիստ քննադատութեանց հազարապատիկը քիչ է նոյնիսկ մեր այսօրուան ներկան բացատրելու համար: Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք յօդուածին կցուած այս նկարը. նոյն վիճակի մէջ կը գտնուի մեր գոյութիւնը. նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին մեր արժէքները։ Կորուստը կրնայ անվերադարձ ըլլալ, որովհետեւ հազար դժոխքներու մէջէն յարութիւն առած ազգ մը կրնայ հազարումէկ երրորդը չտեսնել… Այդ իսկ պատճառով՝ ունինք միայն այսօրը, ներկան՝ փրկուելու եւ դուրս գալու այս ընթացքէն, այլապէս զիրար տապալելով միայն ու միայն մեր հայրենիքը տապալած կ՚ըլլանք:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեր միակ գանձը, մայրենի լեզուն, որ խլուած չէ մեզմէ, հայրենի եւ գրական աւանդութիւնները, մեր ազգային մշակոյթի թանկագին արժէքները պիտի դառնան մեր պաշտամունքի ու գուրգուրանքին առարկան:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2026