ԿԵՆԴԱՆԻ ՄԵՌԵԱԼ ՄԸ
Համաշխարհային գրականութեան մէջ յայտնի դէմքերէն ամերիկացի գրող Էրնեստ Հեմինկուէյ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ծերութիւնը յաղթանակ չէ. այն պարտութիւն է, որ կու գայ կամաց կամաց»։ Վստահաբար, ծերութեան ինչ ըլլալը ծերը աւելի յստակ ձեւով կը հասկնայ, բայց, եթէ պարտութիւն է, ապա պարտութեա՛ն ալ պարտութիւնը կայ՝ որուն զգացումը կարելի չէ նկարագրել: Այս մտածումները սկսայ ունենալ, երբ այսօր առաւօտ Արցախէն տեղահանուած 85-ամեայ պապիկը ծերանոց ղրկուեցաւ:
Անունը ի՞նչ էր՝ չեմ գիտեր. մեզի համար «Պապիկ» էր. շատ անգամ կը խուսափէի բարեւ տալէ, որովհետեւ այդ բարեւին պիտի յաջորդէր իր պարտութեան պատմութիւնը. անոր պարտութիւնը միայն ծերութիւնը չէր. ունէր մի քանի պարտութիւններ եւ այդ բոլորը միատեղ զինք կենդանի գերեզման ղրկած էին:
Ա.- Տարիներ շարունակ աշխատած ու կառուցած էր իր տունը Արցախի մէջ. հսկայական տուն մը ունէր՝ իր պարտէզով ու ծառերով. այդ բոլորը կառուցած էր, որպէսզի իր զաւակներուն, իր թոռներուն ժառանգ ձգէ՝ որպէս պապենական ժառանգութիւն: Մեծահարուստ մը չէր եղած, սակայն, իր տունը մեծագոյն հարստութիւնն էր իրեն համար՝ որովհետեւ ճակտի քրտինքով կառուցած էր զայն եւ այժմ «անտուն» մնացած էր Երեւանի փողոցներուն մէջ: Տակաւին իր մէջքին կը պահէր Արցախի տան բանալիները. ամէն առիթի ցոյց կու տար բանալիներու այդ տրցակը եւ իր այդ պարտութիւնը կը սգար: Այդ բանալիները շատերու համար ծաղրանքի առարկայ էին, սակայն, իրեն համար յիշողութիւն էր: Երեւանը, նոյնիսկ անոր երկինքը անծանօթ էր իրեն. մի՛շտ կը խօսէր Արցախի երկինքին մասին, իր տան բարձրութեան մասին եւ ինքզինք օտարութեան մէջ զգալով իր այդ տունը կ՚երազէր: Այս մէկը պարտութիւն մըն էր իրեն համար, որովհետեւ այդ տունը կառուցելու համար տուած էր հոգի, տուած էր իր կեանքէն տարիներ:
Բ.- Ունէր կարօտ՝ տունէն աւելի զաւակներու եւ սիրելիներու: Բոլոր թաղը նուազագոյնը մի քանի տասնեակ անգամ լսած էր անոր կեանքի պատմութիւնը. ունէր երեք զաւակներ, որոնք լքած էին զինք. անոր դուստրը կ՚ապրէր Երեւան՝ սակայն, երբեք չէր այցելեր իրեն։ Պապիկը կը պատմէր, թէ ինչ դժուարութիւններով զաւակները ղրկած էր համալսարաններ, տանջուած էր, որպէսզի անոնք բարձր կրթութիւն ստանան, սակայն, անոնցմէ ո՛չ ոք մտածած էր իր իրենց հայրը իրենց մօտ առնել: Պապիկին երկրորդ պարտութիւնը իր զաւակներն ու ընտանիքն էին. ան շատ անգամ իր նեղութեան մէջ կ՚արտայայտուէր, թէ չէր ուզեր անոնց տունը երթալ. հեռաձայն մը, բարեւ մը անգամ բաւարար պիտի ըլլար իրեն համար:
Գ.- Պապիկի երրորդ պարտութիւնը Երեւանի շրջապատն էր։ Պապիկը ամբողջ օրը փողոցները կը թափառէր եւ մէկ մէկ այս կամ այն անկիւնը նստելով կը փորձէր արեւէն պաշտպանուիլ. ան իր հանգիստի տեղերէն մէկը ընտրած էր ծառ մը, որ կը գտնուէր Յարութ անունով «մարդ»ու մը տան գրեթէ մօտիկ։ Առիթով մը Յարութ ջուր թափած էր Պապիկին վրայ՝ որպէսզի անգամ մըն ալ այդ ծառին տակ չնստի: Պապիկը այս մէկը պատմած ժամանակ սրտնեղած կ՚ըսէր. «Իմ տանս գոմը իրենց տունէն աւելի փառաւոր էր...»:
Դ.- Պապիկի միւս պարտութիւնը ծերանոցն էր։ Սեփական աչքերով ականատես եղած էի, թէ քանի անգամ զաւակները մարդ ղրկելով փորձած էին համոզել, թէ ծերանոցը լաւ տեղ է. փորձած էին համոզել, որ իրենք զբաղ են եւ չեն կրնար իրմով հետաքրքրուիլ, սակայն, ծերանոցին մէջ ինք միշտ խնամքի եւ ուշադրութեան կեդրոն կը դառնայ: Պապիկը ընդդիմացած էր. իր կեանքը իր տան, իր զաւակներուն նուիրած հօր մը համար անհանդուրժելի էր ծերանոցը՝ որ իրականութեան մէջ մարդու մը կեանքին վերջին հանգրուանն է. ծերանոցէն ետք մարդիկ գերեզման միայն կ՚երթան:
Իրականութեան մէջ մարդկութեան համար մեծագոյն պարտութիւն թուացող մահը այս պապիկին համար փրկութիւն էր. քանի անգամ ժամերով հեռացած էր փողոցէն՝ կորսուելու եւ կամ արկածի մը հետեւանքով այդ մահուան արժանանալու համար՝ սակայն, այդ կողմէ այլ բախտը չէր ժպտացած: Ամէն բանէ աւելի ան մեռնիլ կ՚ուզէր, ո՛չ թէ որովհետեւ յոռետես է, ո՛չ թէ որովհետեւ պայքարի ոգին կը պակսի անոր մէջ. պարզ այն պատճառով: Իրականութեան մէջ տեղ մը ապրիլը իմաստ չ՚ունենար, երբ գոյութիւնդ մէկու մը ուրախութիւն, մէկու մը իմաստ ու հաճոյք չի պատճառեր։ 20-րդ դարու մեծագոյն գրողներէն Անթուան տը Սէն թ՚Էքիւփերի (Antoine de Saint-Exupéry) իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Մարդ շնչելէ դադրելէ ետք չէ՛, որ կը մահանայ. կը մահանայ, երբ այլեւս սպասող չունի». եւ սպասող չունեցող այս ծերը, իր մի քանի հատ բարդուած պարտութիւններուն հետ այսօր գնաց ծերանոց՝ ուրկէ պիտի ուղղուի գերեզմանատուն:
Մենք մեր աչքերով տեսանք այս Պապիկը. սակայն անոր նման կան բազմաթի՜ւ տեղահանուած արցախահայեր, որոնք իրենց սիրելիներուն շիրիմները, իրենց ամբողջ ճակտի քրտինքն ու յիշողութիւնը այդտեղ՝ սահմաններէն անդին ձգած՝ իրենց մահը կը փնտռեն Երեւանի փողոցներուն մէջ։ Երեւան ապրող հայը, ցաւ ի սիրտ, լաւ չի՛ հասկնար անոնց ցաւը, որովհետեւ նման ցաւի մը պատճառած տրտմութիւնը զգալու համար պէտք է այդ ցաւը ապրիլ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ զգացում կ՚ունենայ ծեր մը, երբ ծերանոց դրուի:
Պատասխան. Ծերուկի մը համար ծերանոց փոխադրուիլը ո՛չ միայն մարմնական փոփոխութիւն է, այլեւ՝ հոգեկան, ուր կը տիրէ կորուստի, հարազատ միջավայրէ հեռանալու եւ անկախութենէ զրկուելու զգացումը: Այդ զգացումը իր հետ կը բերէ միայնութեան եւ անտեսուած ըլլալու զգացում: Այս մէկը ծերի մը համար ծանր բեռ է, որ իր մէջ կը ստեղծէ յուզական տագնապներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան