ՀՈՂԷՆ ԴԷՊԻ ՓԱՌՔ
«Ճիշդ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեռելներու յարութիւնը։ Մարմինը հող կը դրուի եղծանելի վիճակով, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ անե՛ղծ. հող կը դրուի անարգ, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ փառաւո՛ր. հող կը դրուի տկար, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրաւոր. հող կը դրուի իբրեւ շնչաւոր մարմին, եւ յարութիւն կ՚առնէ իբրեւ հոգեւոր մարմին։ Ինչպէս որ շնչաւոր մարմին կայ, այնպէս ալ հոգեւոր մարմին կայ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 42-44)։
Աստուած մարդը ստեղծեց երկրի հողէն եւ շունչ փչեց կեանքի շունչէն։ Աստուծոյ ձեռքով մարդ կանգուն կը մնայ եւ Անոր ձեռքերուն պիտի դառնայ, երբ օրերը վերջանան։ Մարդ աղօթելու է՝ որ Ան շնորհ ընէ, որպէսզի իր մահկանացու ըլլալուն գիտակցութիւնը վախի չառաջնորդէ, այլ՝ հաւա՛տքի։ Աղօթելու է՝ որ իր տկարութեանը մէջ մարդուն սորվեցնէ Իրեն դիմել զօրութեան համար, իր ձախորդութիւններուն մէջ մարդուն դառնայ ներման համար, եւ մահուան ժամանակ՝ յաւիտենական երանելի՜ կեանքին սպասէ՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։
Թէեւ արեւը «ոսկի ժպիտ» մը կը դրոշմէ երկնքի դէմքին, բայց մարդուն սիրտը զայն կը տեսնէ սուգի եւ արտասուքի քօղով մը ծածկուած։ Եւ թաւշաւուն ամպերը կ՚երեւին որպէս գերեզմանի քարեր՝ որոնք երիտասարդ տարիներու վրայ կը փչեն, կը փշրեն մարդը՝ գոյութիւն մը դագաղ դնելու եւ թաղելու պէս…
Լո՛յս է աշխարհը հորիզոնէ հորիզոն։ Մութ եւ մշուշոտ անկիւն մը կարելի չէ երեւակայել նո՛յնիսկ ամենախոր եւ ամրափակ անձրեւներուն մէջ։ Նման «լոյսի թագաւորութեան» մը մէջ միայն խաղաղութեան ձիթենիներ կրնան ծաղկիլ եւ ուրախութեան, երջանկութեան այգիներ պտղաբերել։ Տեղ մը խաւար է եւ մութ սակայն՝ երկինքի տակ, ուր մարդ կը շնչէ հեղձամահի մը պէս։ Տեղ մը հով է սակայն։ Փոթորի՛կ է։ Տեղ մը ալեկոծ ծով է։ Տեղ մը՝ հողմածեծ անտառ։
Եւ հեռո՜ւն փնտռելու պէտք չունին մարդոց աչքերը եւ ականջները՝ տեսնելու եւ լսելու համար, թէ այդ ալեկոծումը մարդոց սրտին մէ՛ջ է, այդ հողմածեծումը հոգիին մէջ է։
Եւ երբ խաղաղութեան համը եւ ճաշակը չկայ հացին մէջ եւ ուրախութեան, երջանկութեան բոյրը չկայ ջուրին մէջ՝ խաղաղութեան աղաւնին չի թռչիր այդ երդիքին տակ եւ ուրախութեան առուակը չի ճռուողեր պարտէզին մէջ։ Աշխարհի հազար ու մէկ հոգերը փախցուցած են օրհնաբեր աղաւնին եւ ցամքեցուցած՝ երգաբաշխ առուակը։
Առանց խաղաղութեան՝ աշխարհը այսչափ «դժոխք» կրնա՞յ ըլլալ եղեր եւ կեանքը մաղ մաղ անչափ մահացում՝ առանց ուրախութեան։ Եւ նո՛յնիսկ ոսկոր, եւ նո՛յնիսկ ակռայ, եւ նո՛յնիսկ եղունգ չորս հորիզոններուն կը պոռան՝ երկինքի տակ՝ ուր մարդ կը գալարի անվերջանալի՜ մահամերձի մը պէս։ Ո՜վ, «կեանք» կոչուած կապարին անկարելի շղթային տակ, ո՜վ, «կեանք» կոչուած գիշերուան անհամրելի խաւարին մէջ, բայց ո՜վ, «կեանք» կոչուած մրրիկին անդադրելի ալիքներուն դիմաց, ո՞վ պիտի չփափաքէր եւ չփնտռէր մեռնիլ, պիտի չկանչէր «մահ»ը՝ անոր ձիւներով եւ յաւիտենականութեամբ պատանքուելու…
Միա՜յն թէ խաղաղութիւնը առաւօտեան ցօղի պէս հանգչէր մրրկածուփ ուղեղին վրայ եւ ուրախութիւնը բալասանի պէս օծէր թախծահար սիրտը։ Արդեօք առասպելական պարիկներ չե՞ն անոնք՝ որոնք լուսինէն այցելեր են մանուկներու երեւակայութիւնը։ Կամ չե՞ն երկինքէն ինկած «երեք խնձոր»ի հեքիաթներ՝ որոնք առակ գիրքերուն մէջ կը գրուին։
Հովի՛ն հարցումները՝ որոնք աւելի կը փորէին «վէրք»ը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 11, 2025, Իսթանպուլ