ԿԵՆԴԱՆԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մի քանի հոգիով ընդունարանի մը մէջ նստած կը խօսինք. ներս կը մտնէ մայր մը՝ իր հինգ տարեկան զաւկին հետ։ Մայրը կը բարեւէ, սակայն, զաւակը առանց ուշադրութիւն դարձնելու, առանց բարեւելու ընդունարանի միւս դռնէն դուրս կու գայ։ Այս անտարբերութեան դիմաց մայրը զաւակը դարձեալ ընդունարան կը բերէ եւ կը պարտադրէ, որ առ ի յարգանք բարեւէ եւ այդպէս դուրս գայ: 

Շատ մը մայրեր, վստահաբար, պիտի անտեսեն այս մէկը եւ կամ զաւակը պիտի պարտադրեն բարեւել միայն այն ժամանակ, երբ ծանօթ կամ սիրելի անձեր են հոն նստողները, սակայն, ամբողջովին օտարին համար տեղի ունեցած այս դաստիարակութիւնը ունի իր հոգեբանական ու մանկավարժական կարեւոր բացատրութիւնները։ Պարզ թուացող այդ «բարեւ»ի արարողութիւնը մի քանի կարեւոր կէտեր կը բացայայտէ.

Մօր հետեւողականութիւնը.- Մայրը այդ պահուն դիւրութեամբ կրնայ անտեսել եղելութիւնը (ինչպէս պիտի ընէին շատ մը մայրեր)։ Շատերու համար այդ մէկը «պարզ», «անիմաստ» ու «փոքր» պիտի թուէր։ Զաւակը այդ տարիքին չունի գիտակցութիւնը զանազանելու հետեւեալները. մայրը չտեսա՞ւ, թէ տեսաւ, սակայն, կարեւորութիւն չտուաւ։ Զաւկին համար տարբերութիւն չի դներ, մայրը չարձագանգեց՝ կը նշանակէ արարքը ընդունելի է եւ եթէ մայրը պարտադրաբար զինք բարեւելու համար դարձեալ չի բերէր ընդունարան, այդպէս ալ պիտի չյիշուէր, սակայն, մանուկին մէջ բացասական որոշ հետեւանքներ պիտի ունենար: Զաւակը կը յարգէ այն կանոնները, որոնք պարտադիր ու միշտ ի զօրու են. այն կանոնները, որոնք այսօր ի զօրու են եւ վաղը ոչ՝ այնքան ալ խոր տպաւորութիւն չեն ձգեր մանուկին վրայ։ Մայրը կրնար անտեսել՝ մտածելով, որ ունի ուրիշ գործեր, որոնք անհրաժեշտ են, սակայն, ժամանակ տրամադրեց ու զաւակը ետ բերաւ՝ նոյնիսկ գուցէ ուշանալու գնով, որովհետեւ զաւկին դաստիարակութիւնը շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ նկատեց՝ քան միւս ընելիքները: 

Շատ մը մայրեր կը բաւարարուին բացատրելով.- Անոնք կը կարծեն, թէ իրենց մանուկը ունի հասունութիւնը հասկնալու բոլոր ըսուածները, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Մանկավարժութիւնը կը վկայէ, թէ մանուկը վերացական բացատրութիւններէն անդին կրկնութեամբ ու փորձով կը սորվի։ Եթէ մայրը այդ պահուն զաւակը դարձեալ ընդունարան չի բերեր ու չի պարտադրեր բարեւ տալ, ապա մանուկը որոշ խրատականներ պիտի լսէր ու ո՛չ մէկ ձեւով տպաւորուէր եւ շատ մեծ հաւանականութեամբ միւս անգամ եւս կրկնէր՝ ակնկալելով, որ դարձեալ բացատրութեամբ մը «կ՚ազատի»։ Մայրը ո՛չ միայն բարեւեց, այլ նոյն պահուն, գործնական գետնի վրայ զաւկին պարտադրեց բարեւել։ Եթէ այդպէս չընէր ու տուն երթալէ ետք երեք ժամ քարոզ ալ կարդար, նոյն ազդեցութիւնը պիտի չունենար: 

Կը տեսնենք, թէ շատ մը մայրեր իրենց զաւակներուն կը դիմեն հետեւեալ սպառնալիքով. «Տունը կ՚ըսեմ քեզի»։ Դաստիարակութեան մէջ ժամանակը շատ կարեւոր է. տուն հասնելէ ետք դէպքը անցեալ ըլլալով ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ զաւկին վրայ, նոյնիսկ եթէ պատահարէն անցած է երեք ժամ, ազդեցութիւնը նոյնը պիտի չըլլայ, որովհետեւ հինգ տարեկան մանուկը խօսքը փորձառութեան հետ կապելու իմաստութիւնն ու կարողութիւնը տակաւին չ՚ունենար։ Այս պարագային մանուկը վերադարձաւ այն սենեակը, ուրկէ անցած էր առանց բարեւելու։ Բարեւեց այն անձերուն, որոնց չէր բարեւած եւ այդ պահուան տպաւորութիւնն ու մթնոլորտը շատ աւելի դաստիարակչական բնոյթ ունին, քան միւսները: 

Եթէ մայրը լոկ բացատրութիւն տալով բաւարարուէր, ապա մանուկը պիտի սկսէր ենթադրել, որ սխալներուն հետեւանքը բացատրութիւն լսել է եւ միւս անգամ դարձեալ պիտի չբարեւէր, որովհետեւ հետեւանքը գիտնալով, մարդ շատ աւելի դիւրաւ սխալելու կողմնակից կ՚ըլլայ, քան զանոնք չգիտնալով: 

Անշուշտ, մօր կատարածը ո՛չ միայն դաստիարակութեան, այլեւ մայր ու զաւակ յարաբերութեան համար կարեւոր է։ Զաւակը թէեւ դժուար, սակայն, ժամանակի ընթացքին կը նկատէ, որ մօր համար իր դաստիարակութիւնը, իր որպէս ՄԱՐԴ կազմաւորուիլը շատ աւելի կարեւոր է՝ քան ժամանակաւոր այլ բաներ, որոնք առաջնահերթ ըլլալ կը կարծուին: Մօր այս արարքը թէ՛ պարտադրանքով եւ թէ կենդանի օրինակով լաւագոյն դասն է զաւկին համար, թէ պէտք է բարեւել ու յարգել անձերը՝ անկախ անոնց ո՛վ ըլլալը կարեւորելով։ Կան մարդիկ, որոնք կը յարգեն լոկ իրենց ծանօթներն ու սիրելիները։ Այդ մէկը յարգանքէ աւելի փոխադարձ «շահ» մը կը նկատուի։ Մարդ պէտք է յարգելը սկզբունք դարձնէ եւ յարգէ նաեւ այն անձերը՝ որոնցմէ ո՛չ մէկ ակնկալիք ունի։ Յարգանքը պայմանական չի կրնար ըլլալ։ Եթէ մայրը լոկ ծանօթները բարեւել պարտադրէ, ապա զաւակը պիտի սորվի, թէ կարեւորը լոկ ծանօթներն են եւ անծանօթին հանդէպ յարգանք պիտի չունենայ։ Այս մէկը տարածուած դժբախտութիւն մըն է մեր մէջ եւ այդ է պատճառը, որ յաճախ նոյն անձին մէջ երկու տարբեր վարքեր կը նկատենք. մէկը սիրելիներուն ու ծանօթներուն, իսկ միւսը օտարներուն հանդէպ: 

Այս է պատճառը, որ կը հաւատանք, թէ ծնողք դառնալը բոլորին տրուած առաքինութիւն պէտք չէ ըլլայ։ Լոյս աշխարհ զաւակ բերելը դիւրին է, պսակուիլ եւ ամուսնանալը դիւրին է՝ դժուարը լոյս աշխարհ եկած այդ զաւակը լաւագոյնս դաստիարակելն է եւ մենք կը հաւատանք, որ զաւակ մը իր բոլոր տարիքներուն մէջ իր ծնողքին հայելին է։ Ինչքան ալ շրջապատը որոշ ժամանակ ետք զինք փոխել փորձէ՝ այն, ինչ որ արմատաւորուած է, կը շարունակէ մնալ անխախտ:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Այն պարզ իրողութիւնը, թէ հայը կրցեր է դիմադրել դարերու խորտակիչ ճնշումին, ինքնին արդէն յաղթանակ մըն է:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2026