ԱՐԵՒԻՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ

Արեւը անխափան եւ անխախտ տեւականութեամբ մը, ամէն օր անշեղ կերպով կը ծագի եւ մայրը կը մտնէ՝ արեւմտեան հորիզոնին մէջ կը ծածկուի։ Եւ այս երեւոյթը աշխարհի ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր կը կրկնուի եւ պիտի կրկնուի մինչեւ աշխարհի վախճանը։ Եւ եթէ դադրի այդ երեւոյթը, արդէն կը նշանակէ, որ աշխարհի վախճանը եկած է։ Ուստի ան. «աննուաղ ծագումն եւ անմուտ արեգակն» է, քանի որ երբ մայրամուտ է, աշխարհի միւս կողմը ան կը ծագի եւ երբեք չի կորսուիր։ Եւ այս իմաստով, արեւը՝ արեգակը տեւականութեան, անշեղութեան, յարատեւութեան խորհրդանիշը եւ տիպարն է։

Արեւը անփոփոխ փառքով կը կատարէ շրջանը։ Ան կա՛մ ծովու մը ետին, կա՛մ հորիզոնին մէջ միշտ բռնկած բոլորակն է։ Եւ ո՜րքան հրաշալի տեսարան կը պարզէ արեւը, երբ դանդաղօրէն կ՚իջնէ երկնի երեսէն դէպի վար եւ կը հանգչի պահիկ մը հեռաւոր բարձունքներու գագաթին վրայ։ Եւ ան կարծես կը դիտէ շուրջը, զոր լուսաւորեր է օրնիբուն, եւ տեսնել կ՚ուզէ, թէ լոյսին օրհնութիւնը ո՞րքան եղած եւ տարածուած է՝ շա՞տ կամ քի՛չ, ամբողջ ստեղծագործութեան համար եւ յատկապէ՛ս մարդոց համար։

Եւ արեւը՝ մարդոց «գիշեր բարի» կ՚ըսէ եւ կը խոստանայ տեսնուիլ յաջորդ արեւածագին՝ «բարի լոյս» ըսելու համար։ Եւ այս երբեք չի դադրիր, չէ դադրած եւ պիտի չդադրի, թէեւ մարդիկ դադրին այլեւս արեւը եւ անոր լոյսը տեսնելէ…

Եւ ամէն երեկոյ հոգեկան եւ գեղեցկագիտական խնջոյք մը կը սարքէ արեւամուտը, եւ կը յիշեցնէ մարդուն՝ իր կեանքը, ծնունդը եւ մահը։ Բայց այն մահը՝ որ յաջորդ առաւօտ դարձեալ ծնունդի պիտի վերածուի՛։ Արեւը երբ դանդաղօրէն կը տեղափոխուի տարբեր ծագեր, ահաւասիկ կը պատէ եւ կը տիրէ մութ խաւարը, բայց անպայման լոյսը դարձեալ պիտի փարատէ զայն եւ պիտի տիրապետէ։ Եւ ահաւասիկ արեւը մեզի կենսական դաս մը կու տայ, ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, թէ մահը անմահութեան տանող կայան մըն է։

Արեւը երբեք չի՛ վախնար խաւարէն, ինչո՞ւ վրդովի անցաւոր խաւարէն, ժամանակաւոր մութէն։

Խաւարը արեւի վրայ յաղթանակ չէ՛, այլ արեւին «պարգեւ»ն է։ Արեւն է, որ թոյլ կու տայ գիշերուան իր երեսը ցոյց տալու։ Տիրապետողը արեւն է, ապա ուրեմն լո՛յսը։

Արդարեւ, տիրապետող ուժը դրական ուժն է՝ լուսաւորող, շինող եւ կենսաւորող ուժը։ Ամէն ժխտական, բացասական ուժը դատապարտուած է պարտուելո՛ւ։ Արեւը երբ կը ծածկէ իր երեսը՝ մարդը չի վհատեցներ, ընդհակառակը՝ կը քաջալերէ։ Յայտնի է, որ երբ գիշերը՝ խաւարը իջնէ, դարձեալ լոյս պիտի ծագէ։

Այս իմաստով արեւը Աստուծոյ հաւատարիմ ժամակոչն է, որովհետեւ երկնակամարին բոլոր մոմերը կը վառէ ննջելէ առաջ։ Արեւէն ետք աստղերը…

Իւրաքանչիւր մարդ՝ որ հաւատք ունի Աստուծոյ սիրոյն եւ սիրաբուխ խոստումներուն վրայ, ի՜նչ անպատմելի վայելք է անոր համար, երբ կեանքը մօտենայ արեւմտեան հորիզոնին, ինչո՞ւ համար այլայլի եւ անձկայ։ Արեւէն ետք նորէ՛ն արեւ, որ յաւիտենականութեան մէջ կը փայլի անշէ՛ջ, ինչպէս՝ կեանքէ ետք յաւիտենական կեա՛նք։

Յարութեան հրաշալի՜ արարը ամէն երեկոյ աչքերու առջեւ ներկայացուեցաւ այսպէս մայրամուտով։ Լո՛յսն է տեւականը եւ յաւիտենականը։ 

Կեա՛նքն է անմահը. անմահութեան խորհուրդը կը մարմնանայ, կը թանձրանայ, երբ արեւը իր գլուխը կը թաղէ խաւարին մէջ, եւ ահա՛ նորէն կ՚արթննայ իր լոյսին յաւիտենականութիւնը ապացուցանելով։

Անմահութեան «քարոզիչ» մըն է արեւը… օրհնեա՛լ քարոզիչ մը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 12, 2025, Իսթապուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025