ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Ժ.)
Ընդհանուր ձեւով խօսեցանք հին ժամանակ մարդոց ընտանեկան կառոյցին մասին ունեցած համոզումներուն եւ այդտեղ տեղ գտած արժէքներուն մասին եւ կամաց կամաց հասանք մինչեւ մեր օրերը. Սակայն, հիմա ընդհանուրէն դուրս գալով պիտի սկսինք շօշափել որոշ հարցեր, որոնք տեղ կը գտնեն մեր ընտանեկան կառոյցներէն ներս:
Առաջին հերթին պիտի վերլուծենք ծնողք-զաւակ յարաբերութեան մէջ բարկութեան, ջղայնութեան եւ ծեծի առկայութեան հետեւանքներն ու անկէ յառաջացող երեւոյթները:
Իրականութեան մէջ ծեծն ու բարկութիւնը դարեր շարունակ մնացած են հարցականի տակ, որովհետեւ միշտ ալ ունեցած են կողմնակիցներ ու հակառակորդներ, եւ այսօր՝ 21-րդ դարուն մէջ եւս կան հակակարծիք երկու խումբեր. ծեծի կարեւորութիւնը առաջին անգամ կը տեսնենք Հին կտակարանին մէջ. Առակաց գիրքը կ՚ըսէ. «Գաւազանը խնայողը իր որդին կ՚ատէ». Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. Այն, որ իր զաւակը գաւազանով՝ ծեծով չի խրատեր ու դաստիարակեր, կ՚ատէ իր զաւակը. եթէ կրօնական մօտեցումով հաւատանք, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչումով գրուած գիրքերն են, ապա Աստուած դաստիարակութեան մէջ կը յիշէ նաեւ ծեծը: Սակայն, եկեղեցւոյ հայրերը այնքան ալ համամիտ եղած չեն այս կարծիքին. օրինակի համար՝ եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ.
«Զաւակդ ուղղէ ո՛չ թէ որպէս վարպետ, այլ որպէս հայր. պատժէ զինք խօսքերով եւ ոչ թէ հարուածներով: Եթէ զինք ծեծով կը դաստիարակես, ապա զինք անամօթ ըլլալ կը սորվեցնես» (Քարոզ Եփեսացիներուն, 6):
Առ ի գիտութիւն կ՚ուզենք ըսել, որ վերոյիշեալ տողը Հին Կտակարանին մէջ յիշուած միակ տողը չէ, ուր կը խրատէ մանուկը ծեծով դաստիարակել: Շատեր այս մէկը կը մեկնաբանեն այնպէս, որ Հին Կտակարանին մէջ խստութիւնն ու կարգապահութիւնը առաջնահերթ էր, սակայն Նորով՝ Քրիստոսով այդ բոլորը փոխակերպուեցաւ սիրոյ եւ հետեւաբար բռնութիւնը՝ ծեծը վերացաւ:
Հին կտակարանի ծեծի յիշատակութիւնը զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ ժամանակը այդ մէկը կը պահանջէր. օրինակի համար՝ նոյնիսկ եթէ ուսումնասիրենք հին փիլիսոփաները, պիտի տեսնենք, որ անոնք եւս որոշ տեղ անհրաժեշտ կը նկատէին ծեծը. օրինակի համար՝ Արիստոտէլ կ՚ըսէ. «Կարգապահութիւնն ու հեղինակութիւնը անհրաժեշտ են երեխային զարգացման համար»:
Իսկ աւելին, նոյն ժամանակաշրջանին կարելի է գտնել տարբեր մտածումներ, որովհետեւ այդտեղ տակաւին անյստակ է մանկավարժութեան կանոնները, սակայն հակառակ անոր կային առողջ մտածումներ. Օրինակ՝ անոնցմէ մին կ՚ըսէ. «Երեխային պէտք է սորվեցնել ինչպէս մտածել, եւ ո՛չ թէ ինչ մտածել». ուրիշ մը կ՚ըսէ. «Այնպէս, ինչպէս կը խօսինք մեր զաւակներուն հետ, այդ մէկը կը դառնայ անոնց ներքին ձայնը». այլ խօսքով՝ բարկութիւնը ինքնաբերաբար բարկութիւն կը ստեղծէ անոնց մէջ:
Հակառակ այս բոլորին, արդի մանկավարժութիւնը ամբողջութեամբ դէմ է կրթութեան մէջ բռնութեան եւ ուժի գործածութեան. ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ մարմնական պատիժը, ծեծը բացասական ազդեցութիւն ունին երեխաներուն զարգացման վրայ, համոզուած ըլլալով, որ վախի վրայ հիմնուած կրթութիւնը եւ ուսումը երբեք արդիւնաւէտ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ վախի ազդեցութեան տակ զաւակը ո՛չ թէ կը սորվի, այլ այդ կացութենէն փրկուելու վրայ կը կեդրոնանայ. վախը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան ո՛չ թէ ճիշդը սորվի, այլ սորվի, թէ ինչպէս կրնայ այդ բոլորը պահել ու արժանի չըլլալ նոյնին, որովհետեւ վախը կ՚արգելափակէ անոր միտքը, կը մեռցնէ քննադատական մտածողութիւնը: Ուսումնասիրութիւններ կը փաստեն, որ ծեծի տակ մեծցող զաւակներ դպրոցի արդիւնքներուն մէջ եւս այնքան փայլուն չեն ըլլար, որովհետեւ ծեծը դրական ոչ մէկ բան կը ստեղծէ անոնց մէջ բացի ատելութենէն, վատ յիշատակներէ ու հոգեկան խնդիրներէ:
Ծեծի տակ մեծցող զաւակները ո՛չ թէ կը սորվին, այլ ժամանակի ընթացքին իրենք եւս ջղայնոտ կը դառնան եւ հեռու չէ որ իրենք եւս ի գործ դնեն ապագային այն ամէնը՝ որ տեսած ու ապրած են իրենց մանկութեան ժամանակ: Ծեծը անոնց մէջ կը մեռցնէ ինքնավստահութիւնը եւ կրնայ վնասել անոնց իրենց հասակակիցներուն հետ ունեցած յարաբերութիւնները, որովհետեւ ծեծի տակ մեծցող մանուկը կամայ թէ ակամայ ծեծի եւ բռնութեան հակում կ՚ունենայ:
Սակայն, այս բոլորը պէտք չէ նշանակէ, թէ անկարեւոր է խստութիւնը, որովհետեւ ծնողքը պէտք է սիրոյ եւ խստութեան միջեւ գտնէ հաւասարակշռութիւն մը, որովհետեւ երկու ծայրայեղութիւնները ինքնաբերաբար վնասակար են. ծեծը մէկ սխալ, անդին ամբողջութեամբ անտարբերութիւնը երկրորդ սխալ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ընտանիքին մէջ ծեծի գոյութիւնը դրական կողմ ունի՞:
Պատասխան. Ո՛չ, ընտանիքին մէջ ծեծի գոյութիւնը դրական կողմ մը չունի: Թէեւ ոմանք կը պնդեն, որ ֆիզիքական կարգապահութիւնը կրնայ սերմանել հնազանդութիւն, տոկունութիւն, սակայն, իրականութեան մէջ վնասները աւելի են քան օգուտները: Բռնութիւնը կը խթանէ վախը եւ յուզական անհանգստութիւն մը կը ստեղծէ եւ կը վնասէ առողջ յարաբերութիւնները: Կառուցողական կարգապահութիւնը հիմնուած է փոխըմբռնման վրայ եւ շատ աւելի արդիւնաւէտ է քան ծեծը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան