ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆ
Մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ զանազան առիթներով խօսած ենք նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին բարձրաձայնուած սուտ խոստումներուն մասին, սակայն, ի տարբերութիւն անցեալին, մերօրեայ նախընտրական քարոզարշաւը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս, զուրկ է այդ խոստումներէն։ Անշուշտ, այս մէկը դրական մօտեցումով չենք գրեր, որովհետեւ աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար քարոզարշաւը ողողել սուտ խոստումներով՝ քան ատելութեամբ ու թշնամանքով։ 2026 թուականին տեղի ունեցած նախընտրական քարոզարշաւներու ընթացքին խոստումները իրենց տեղերը զիջած էին ատելութեան. գրեթէ ամէն քաղաքական գործիչ հակառակ ճակատ ներկայացնող քաղաքական գործիչի հասցէին հայհոյանքներ ու սպառնալիքներ ներկայացուցին։ Յստակ քաղաքական ծրագիր մը ներկայացնելու փոխարէն՝ խումբ մը հալածեց Փաշինեանը, Փաշինեանը իր կարգին հալածեց Քոչարեանն ու Կարապետեանը եւ այսպէս ամէն մէկը իրեն համար թիրախ մը ընտրելու ծրագրի փոխարէն՝ «չարչարել», «բանտարկել», «հալածել» ու «աղքատացնել» խոստացաւ:
Այս մէկը ժողովուրդին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ, բնականաբար, դրական, որովհետեւ մեր ժողովուրդին համար ինչ խօսուածը այնքան կարեւոր չէ. բաւարար է, որ ըսողը իր «պաշտած» քաղաքական գործիչը ըլլայ։ Այդ պարագային կամաւոր պատրաստ են ծափահարել որեւէ արտայայտութիւն՝ նոյնիսկ եթէ քաղաքական ու մարդկային յարգանքի սահմաններէն դուրս ըլլան:
Այս բոլորին ականատես դարձած ժամանակ ակամայ կը յիշեմ մի քանի տասնեակ առաջ ապրող քաղաքական գործիչները, որոնք պայքարը ո՛չ թէ անձնական ու անուանական, այլ գաղափարային կը տեսնէին։ Կուսակցութիւններ իրարու գաղափարներն է, որ կը մերժէին եւ ո՛չ անձերը. օրինակի համար, խումբ մը իր գաղափարախօսութիւնն ու անոր արդիւնքը հանդիսացող կայանալիք աշխատանքը կը ներկայացնէր, իսկ այլ խումբ մը այդ գաղափարին հանդէպ իր ունեցած հակառակութիւնը իր գործերով, իր ծրագիրներով կը փորձէր ներկայացնել։ Այդ պայքարը հետաքրքրութիւն մը ունէր իր մէջ՝ որովհետեւ կուսակցութիւններ ուրիշին ինչ ուզելէն աւելի իրե՛նց կուսակցութեան ի՛նչ ուզելը գիտէր։ Այսօր վիճակը տարբեր է. իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ իր ծրագիրէն, իր կուսակցութեան գաղափարականէն աւելի գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ «հակառակորդ» կողմը։ Հակառակորդ բառը չակերտներու մէջ կը դնենք՝ որովհետեւ կը հաւատանք, որ քաղաքականութեան մէջ հակառակորդ չի կրնար գոյութիւն ունենալ. հակառակորդը միայն ու միայն թշնամին է:
Հայաստանը կառավարել ուզող ներկայ ուժերը իրենց յստակ ծրագիրը ներկայացնելու փոխարէն, կը բաւարարուին այլոց խօսածներուն պատասխանելով՝ քարոզարշաւի մէջ ստեղծելով կնոջական ըսի-ըսաւի մթնոլորտ մը։ Փաշինեան որպէս նախընտրական «խոստում» կը սպառնայ Քոչարեանը բանտարկելով։ Անշուշտ, այս յայտարարութիւնը ժողովուրդին ծափը կը խլէ։ Եթէ Փաշինեան կը կարծէ, թէ այս մէկը նախընտրական պայքարի մէջ «յաղթել»ու լաւ միջոց մըն է՝ կրնայ սխալած ըլլալ, որովհետեւ քիչ մը խելք ունեցող մարդը հետեւեալը պիտի մտածէ. եթէ Քոչարեան իրապէս մեղաւոր մըն է՝ ինչպէս Փաշինեան կ՚ըսէ եւ այդ մեղաւորութեան համար փաստեր գոյութիւն ունին, ինչո՞ւ համար անցնող ութ տարիներու ընթացքին անոր մեղաւորութիւնը հիմնաւորելու բանտարկութեան չարժանացաւ եւ 2018-2026 թուականներուն «անմեղ» ձեւով հանգիստ կեանք մը ապրելով յանկարծ հիմա բանտարկութեան պիտի արժանանայ։ Այս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան վնաս է այնքանով, որ մարդիկ կամայ-ակամայ պիտի սկսին մտածել, որ Հայաստանի դատական համակարգը ճիշդ ձեւով չ՚աշխատիր (ինչ որ սխալ արտայայտութիւն մը պիտի չնկատուի)։ Այս մէկը կը շեշտենք, որովհետեւ Քոչարեանը բանտարկելու նոյն միտքը Փաշինեան յայտնած էր նախորդ երկու նախընտրական քարոզարշաւներուն եւ նոյն անձերուն կողմէ արժանացած՝ նո՛յն ծափահարութեան: Միւս կողմէ, անշուշտ, ինքնին տարօրինակ է Հայաստանի երկրորդ նախագահին վարչապետ դառնալու ցանկութիւնը. տարօրինակ ու զաւեշտալի՝ որովհետեւ Քոչարեանը արդէն իսկ երկար տարիներ գտնուած է այս երկրին գլուխը եւ բոլոր այն խոստումները՝ որոնք այսօր կը բարձրաձայնէ, արդէն իսկ կատարած պարտէր ըլլար իր ժամանակաշրջանին։ Հայ ժողովուրդը Փաշինեանի եւ Քոչարեանի օրով ապրեցաւ եւ հետեւաբար անոնց կողմէ բարձրաձայնուած որեւէ խոստումին ճշմարտ ըլլալ չըլլալը կրնայ նժարի վրայ դնել։ Անոնք, որոնք տակաւին երբեք իշխանութիւնը չեն ունեցած, տեղ մը խոստումներ տալու իրաւունք մը ունին՝ որովհետեւ միայն ընտրուելէ ետք կարելի է փաստել անոնց ճշմարիտ ըլլալ չըլլալը:
Բոլոր քարոզարշաւը աչքի դիմաց ունենալով՝ հետեւեալը կրնանք հասկնալ. ընտրութիւններէն ետք յաղթանակած խումբը իր իշխանութեան ամբողջ ժամանակը հակառակ կուսակցութիւնները հալածելով պիտի անցընէ։ Իրենց աշխատանքներէն պիտի հեռացուին բոլոր այն անձերը, որոնք այսպէս կամ այնպէս կ՚աջակցէին հակառակ կուսակցութեան. պետական մակարդակի վրայ գրեթէ բոլո՛ր նախարարութիւններն ու կառոյցները պիտի յանձնուին յաղթանակած կուսակցութեան անդամ եղող անհատի մը՝ որովհետեւ գործէն աւելի անոր գլուխը գտնուին, գոյնը կարեւոր է։ Այս բոլորին հետեւանքով սխալ մարդը պիտի գտնուի սխալ պաշտօնի վրայ, ժողովուրդը պիտի շարունակէ խայտառակ կեանք մը ապրիլ՝ մինչեւ հասնին յառաջիկայ ընտրութիւնները եւ նոյն բովանդակութեամբ նոր նախընտրական քարոզարշաւներ հրապարակ նետուին:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ըսի
ըսաւները փոքր որդեր են, որոնք, շատ անգամ, մտերիմ բարեկամութիւնները աւելի շուտ կը փճացնեն, քան ընտանեկան մեծ խնդիրները եւ կռիւները:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան