ԶԱՒԱԿ-ԽՈՀԱՆՈՑ-ԵԿԵՂԵՑԻ

Ի տարբերութիւն այսօրուան, անցեալին կնոջ դերը թերագնահատուած էր. կինը դուրս էր ընտանեկան որոշումներէն. անոր ձայնն ու կարծիքը անտեսուած էր: Կինը հասարակական կեանքին մէջ մասնակցութիւն չունէր. անոր կատարածը գնահատուած չէր, որովհետեւ այդ բոլորը իր «պարտականութիւն»ներուն եւ «պարտաւորութիւն»ներուն մաս կը կազմէին: Ան որպէս անհատ ներկայանալու փոխարէն, տղամարդու մը «օգնական»ի դերին մէջ կը գտնէր ինքզինք, որուն անհատականութիւնը, կարծիքն ու կարողութիւնները երկրորդական էին: Անոնց վրայ կար խիստ կանոններ՝ սահմանուած ընկերութեան կողմէ, որ կ՚արգիլէր նոյնիսկ սեփական կարծիքը բարձրաձայնել: 

Կնոջ դերը գնահատող օրէնքներն ու առածները բազմաթիւ են եւ մենք այս յօդուածով պիտի փորձենք անդրադառնալ անոնցմէ մի քանի օրինակներու: 

Ոչ-շատ հեռու անցեալին՝ 19-րդ դարուն Գերմանիոյ մէջ սկսաւ տարածում գտնել արտայայտութիւն մը, որ շատ մը աղբիւրներու համաձայն կը պատկանի Գերմանիոյ Ուիլհըմին Բ. կայսրին. խօսքը՝ որ տարածում գտած էր ամբողջ Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ, հետեւեալն էր.- «Kinder, Küche, Kirche».- Զաւակ-խոհանոց-եկեղեցի»: Այս երեքով կը սահմանափակուէր կնոջ դերակատարութիւնը: Այս խօսքը աւելիով հասկնալու համար կ՚ուզենք խորանալ այս երեք բառերուն մէջ: 

Ա.- Զաւակ.- Կնոջ մեծագոյն եւ կարեւորագոյն առաքելութիւնը զաւակ ծննդաբերելն էր եւ մա՛նաւանդ՝ անցեալին այն կինը, որ զաւակ լոյս աչքեր չէր բերեր, ընկերութեան կողմէ կ՚ընդունուէր որպէս «անօգուտ» եւ «անիծեալ» արարած մը: Կինը միջոց էր ընտանիքի գոյատեւման. կինը պիտի ծննդաբերէր՝ որպէսզի ցեղը իր շարունակականութիւնը ունենայ, այդ իսկ պատճառով ընդհանրապէս չծննդաբերողին կողքին հալածուած էր նաեւ աղջիկ զաւակ լոյս աշխարհ բերողը, որովհետեւ տղան է, որ ցեղին շարունակականութիւնը կ՚ապահովէ: Տղամարդուն նոյնիսկ իրաւունք վերապահուած էր դարձեալ պսակուիլ կնոջ մը հետ՝ որպէսզի զաւակ լոյս աշխարհ բերէ: Ի դէպ, այս օրէնքը միայն անցեալին չի պատկանիր. նոյնիսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ամուսնալուծութեան ժամանակ լուրջ տեղ ու կարեւորութիւն կու տայ զաւակի ծննդաբերութեան՝ այդ մէկը նկատելով տղամարդու մը իրաւունքը:

Անշուշտ, հին փիլիսոփաները եւս երկար ժամանակ փորձած են ուսումնասիրել կնոջ դերը. օրինակի համար, Արիստոտել կնոջ մասին կը խօսի որպէս «վերարտադրող». այն կինը, որ զաւակ լոյս աշխարհ չէր բերեր, կը նշանակէ բնութեան օրէնքներուն դէմ կը գործէ, որովհետեւ ծննդաբերելու շնորհը տրուած է կնոջ եւ բնութեան օրէնքներուն համաձայն՝ անոր գոյութեան նպատակն է ծննդաբերել: Նոյնիսկ քրիստոնէական շրջանին մէջ անզաւակ կինը կը նկատուէր «պատժուած». օրինակի համար, Ս. Օգոստինոս եւս կնոջ մեծագոյն պարգեւը կը նկատէ ծննդաբերութիւնը եւ այն կինը, որ չի ծննդաբերեր՝ Աստուծոյ պատիժին արժանացած կը նկատէ: Կար հաւատալիք՝ նոյնիսկ հեթանոսական շրջանին, որ կնոջ մը չծննդաբերելը ընտանիքի մը պատիժն է եւ կինն է, որ այդ պատիժը կը կրէ: 

Ի դէպ, մինչեւ օրս ալ Միջին Արեւելքի մէջ այս համոզումը գոյութիւն ունի. կինը որպէս անհատ արժէք մը չի ներկայացներ. ան կը յիշուի կա՛մ իր ամուսնոյն եւ կամ իր զաւակին անունով. օրինակի համար, մինչեւ օրս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ մօր անունը կը յիշուի իր զաւակին անունով. օրինակ՝ եթէ զաւակին անունը Լեւոն է, հետեւաբար Լեւոնի մայրը կը դառնայ «ըմ» Լեւոն՝ որ արաբերէնով մայր կը նշանակէ: Հետեւաբար կինը կա՛մ իր զաւակով պիտի յիշուի եւ կամ ամուսինով եւ այս մէկը ոտնակոխ կ՚ընէ կնոջ անհատականութիւնը եւ ան կը սկսի յիշուիլ լոկ իր ամուսնոյն եւ կամ զաւակին լոյսին տակ: 

Ի դէպ, զաւակ լոյս աշխարհ բերելը կամքի խնդիր մը չէր, այլ պարտաւորութիւն էր։ Անցեալին գրեթէ ամէն մարդ կը զբաղէր հողագործութեամբ եւ ընտանիքի մը համար բազմաթիւ զաւակներ լոյս աշխարհ բերելը անհրաժեշտութիւն էր. զաւակները պիտի մեծնային ու աշխատէին ընտանեկան արտին մէջ՝ որով պիտի բարելաւուէր ընտանիքի տնտեսական դիրքը։ Մարդ արարածի ծերութեան յոյսը աշխատող զաւակներն էին եւ այն ընտանիքը, որ զաւակ չունէր, կրնար ենթադրել, թէ պիտի ունենայ ոչ-փայլուն ծերութիւն մը՝ տնտեսական եւ ամէն տեսակի դժուարութիւններով լեցուն: Այդ իսկ պատճառով օրէնքը մարդուն կ՚արտօնէր կինը չծննդաբերելու պարագային ամուսնալուծուիլ, որովհետեւ կինը իր անպտղութեամբ արգելք էր մարդուն «բնական» իրաւունքներուն: 

Այս բոլորը ինչքան ալ անցեալին պատկանող նկատենք, տակաւին որոշ մշակոյթներու մէջ կը տեսնենք, որ կնոջ ծննդաբերութիւնը լուրջ դեր կը գրաւէ ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ։ Այսօր բազմաթի՜ւ ընտանիքներ կը քանդուին զաւակ չունենալու պատճառով. բազմաթի՜ւ կիներ իրենց ամուսիններուն, իրենց կեսուրներուն կողմէ հալածանքի կ՚ենթարկուին՝ զաւակ լոյս աշխարհ չբերելու պատճառով:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Զաւակ չունենալու պատճառով կատարուած ամուսնալուծութիւնը արդար կը նկատէ՞ք:

Պատասխան. Զաւակ չունենալու պատճառով կատարուած ամուսնալուծութիւնը դժուար է արդարացի համարել, որովհետեւ ընտանիքի մը կազմութեան պատճառը միայն զաւակ ունենալով սահմանափակուած չէ: Ամուսնական յարաբերութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի եւ հոգատարութեան վրայ եւ ո՛չ միայն կենսական պարտաւորութեան: Որոշ մշակոյթներու եւ ընկերութիւններու մէջ զաւակ ունենալը կարեւոր է, ուստի զաւակ չունենալը կրնայ ճնշում եւ հիասթափութիւն ստեղծել եւ զոյգը առաջնորդել ամուսնալուծութեան: Սակայն, արդարութեան եւ սեփական երջանկութեան տեսակէտէն ամուսնութիւնը պէտք չէ միայն զաւակի առկայութեամբ կամ բացակայութեամբ չափորոշուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2025