ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԱ.)

Դաստիարակութեան մէջ խստութեան տեղը մենք եւս կը կարեւորենք, սակայն խստութիւն չի նշանակեր ֆիզիքական պատիժներ. նախ եւ առաջ մանուկը պէտք է իր մանկութեան ժամանակ հասկնայ, որ կեանքի մէջ իր բոլոր ուզածները իրականութիւն չեն դառնար՝ նոյնիսկ եթէ հարուստ ընտանիքի մը զաւակը ըլլայ. նիւթապէս ինչքան ալ հարուստ ըլլայ մարդ՝ միշտ չի յաջողիր իր երազները իրականութիւն դարձնել: Փոքր տարիքէն մանուկը պէտք է ծանօթանայ «ոչ» բառին հետ, որպէսզի պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան այդ «ոչ»երը շատ աւելի թեթեւ տանի: Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը ծնողներ «ճիշդ» ծնողք դառնալը կը տեսնեն մանուկին ամբողջ ուզածները իրականացնելու մէջ, առանց անդրադառնալու, որ այդ մէկը ապագային մեծ վէրքեր կրնայ յառաջացնել մանուկին մօտ:

Բոլորս ալ կ՚ուզենք մեր զաւակներուն համար վարդագոյն աշխարհ մը ստեղծել, սակայն, ճշմարտութիւնը չենք կրնար զանց ընել. կեանքը լեցուն է սահմանափակումներով. «ոչ» բառը դաստիարակութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ, որովհետեւ այդպիսով մանուկներ կը սկսին ծանօթանալ յուսախաբութեան եւ մերժուելու զգացումներուն հետ, ինչ որ միշտ պէտք պիտի ըլլայ կեանքի ապագայ հանգրուաններուն: Վարդագոյն մանկութիւն ունեցող զաւակ մը ապագայ դժուարութիւնները կրնայ յաջողութեամբ չյաղթահարել, որովհետեւ անոր քով գոյութիւն չունի «ոչ» բառը: Պէտք չէ մտածել, որ մանկութիւնը պատականեկութենէն կամ երիտասարդութենէն անջատ ժամանակաշրջաններ են. մանկութեան ժամանակ ծնողք իր մանուկը կը պատրաստէ ապագային եւ հետեւաբար հոն կարեւոր է նաեւ «ոչ»ն ու խստութիւնը: Միշտ «այո՛» լսելը մանուկներուն մօտ կը ստեղծէ «իրաւունք»ի զգացողութիւն մը. կը կարծեն, որ անոնք իրաւունք ունին ձեռք բերել ամէ՛ն բան, որ կ՚ուզեն եւ երբ ապագային հանդիպին այն ճշմարտութեան, որ կեանքը այդպէս չէ, կրնան յուսախաբ ըլլալ. հետեւաբար ամէն բան տալ մեր զաւակներուն «լաւ ծնողք» ըլլալ չի նշանակեր: 

Իսկ գալով խստութեան՝ ըսենք, թէ ինչու կը կարեւորենք. խստութիւնը որոշ կարգապահութիւն կը ստեղծէ. խստութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի մանուկը յարգէ մեծաւորը. ապագային մանուկները արդէն իսկ երիտասարդ դարձած շատ մը ընկերութիւններու մէջ տեղ պիտի գտնեն եւ խստութեամբ հասակ առած մանուկները շատ աւելի դիւրին ձեւով մթնոլորտին կը յարմարին՝ քան միւսները: Այդ խստութիւնը օգտակար կ՚ըլլայ իրենց աշխատանքային կեանքին մէջ աւելի յարմարելու, մա՛նաւանդ մեծաւորներուն հանդէպ իր ունեցած յարգանքին: 

Հետեւաբար պէտք է հասկնալ, որ մանկութիւնը հիմքն է երիտասարդութեան. խաղալիք մը ձեռք չձգելը, բան մը ուզել ու չստանալը զիրենք կը պատրաստէ ապագային: Այս մէկը անոնց մօտ կը ստեղծէ սահմանի հասկացողութիւնը. այն մանուկները, որոնք կը մեծնան առանց հասկնալու, թէ ի՛նչ է սահմանը, կ՚ունենան դժուար երիտասարդութիւն մը. խստութիւնը սահմաններ ընդգծելով անոնց կը սորվեցնէ, թէ կայ ճիշդ ու սխալ եւ ամէն ցանկութիւն ճիշդ չէ. ամէն ցանկութիւն իրականութիւն չի դառնար: 

Խստութեան մասին խօսեցանք, սակայն շատ աւելիով կարեւոր է նաեւ ընտանիքէն ներս սիրոյ ներկայութիւնը. անձի մը երջանկութեան հիմքը ընտանեկան սէրն է. սիրոյ միջոցով է, որ ընտանիքի անդամներուն մէջ կը ստեղծուին ամուր կապեր, սիրով է, որ կը խթանուի փոխհասկացողութիւնը եւ կը ստեղծուին ուրախ եւ ապահով պահեր. սէրը ապահովութեան զգացում կը փոխանցէ՝ մա՛նաւանդ մանուկներուն համար: Սէրը ինքնաբերաբար աջակցութիւն կը յառաջացնէ ընտանիքի անդամներուն միջեւ եւ այդ մէկը կը խթանէ վստահութիւնը. կեանքը լեցուն է մարտահրաւէրներով եւ պատանի-երիտասարդը այդ սիրոյ գոյութեամբ ինքնավստահութիւն մը կը զգայ, միշտ մտածելով, որ իր ձախողութեան պարագային եւս իր շուրջ կան անձեր, որոնք պատրաստ են զինք դարձեալ դէպի յաջողութիւն առաջնորդել. ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ սիրոյ մթնոլորտի մէջ հասակ առած մանուկներ շատ աւելի ինքնավստահ կ՚ըլլան: 

Այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք եղբայր ու քոյրեր, որոնք կապուած են իրարու եւ նեղութեան պարագային աջակից են միմեանց. իսկ անդին կը տեսնենք ընտանիքներ, որոնք ամբողջութեամբ հակառակը՝ կարծես թշնամիներ ըլլան. պատճառը սէրն է. այն ընտանիքին մէջ, ուր սէրը գոյութիւն ունի, եղբայրներն ու քոյրերը կապուած կ՚ըլլան միմեանց, իսկ այն տունը, ուր կռիւը անպակաս է՝ ապագան եւս տարբեր պիտի չըլլայ: 

Սէրը հաղորդակցելու ճիշդ ձեւը կը սորվեցնէ, իսկ սիրոյ չգոյութիւնը՝ կռիւ ու բռնութիւն կը յառաջացնէ: 

Այս բոլորը կը գրենք, որպէսզի յստակ ըլլայ, որ ծնողք ըլլալը զաւակ մը լոյս աշխարհ բերելով չի՛ վերջանար. իւրաքանչիւր արարք կամայ թէ ակամայ կ՚ունենայ իր արձագանգը: Ընտանիքին մէջ եղած սէրը միայն յարաբերութիւնը չի՛ զարգացներ. սիրոյ մթնոլորտը անհատին մէջ կը զարգացնէ բարութիւնը, կարեկցանքը եւ բազմաթիւ այլ դրական արժէքներ: Սէրը պէտք է ցոյց տալ թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով, որովհետեւ խօսքը առանց գործի նոյնպէս անարդիւն կը մնայ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Խօսէ սխալի մը մասին, ինչ որ ծնողները կ՚ընեն:

Պատասխան. Ծնողներու կատարած սխալներէն մէկը այն է, որ իրենց իրականութիւն չդարձած երազները կը փորձեն իրականացնել իրենց զաւակներուն մէջ: Շատ մը ծնողներ զաւակին երազներուն եւ ակնկալիքներուն տեղ իրենց երազները առաջ կը տանին. այդ մէկը յաճախ կու գայ իրենց զաւակները յաջողակ տեսնելու ցանկութենէն, սակայն, կրնայ վրդովմունք ստեղծել զաւակին մօտ: Ծնողքը պէտք է իր զաւակին անհատականութիւնը զարգացնէ եւ ո՛չ թէ ճնշում գործադրէ: Ծնողքը կրնայ ուզել բան մը՝ որ հակառակ է զաւակին ցանկութեան. պէտք է ձգել, որ զաւակը վստահի իր ուժերուն եւ իր կեանքի հնարաւորութիւնները ինք գտնէ, փոխան պարտադրելու, որ շատ մը երազներ իրականութիւն դառնան անոնց միջոցով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025