ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԱՆԱՉԱՌ
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ, թէ՝ պէ՛տք է հաւատքով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ։ Այս կը նշանակէ՝ միտքը եւ սիրտը միացնել, քանի որ միտքը եւ սիրտը իրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կատարելագործուի կեանքը իր ամենալայն իմաստով։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, խորհիլ կը նշանակէ՝ ներքնապէս խօսիլ։ Այս ներքին խօսակցութիւնը մարդ կը մղէ մտածելու, խորհելու եւ գաղափարներ յղանալու։ Ուրեմն, առանց խօսքի գաղափար եւ մտածում չի գոյանար։ Եւ ճիշդ գաղափար կազմելու համար պէտք է շիտակ, անկեղծ եւ գիտակցաբար խօսիլ։
Ահաւասիկ, Աստուծոյ հետ խօսիլն ալ, այսինքն աղօթելու ատեն ալ պէտք է խօսքը անկեղծ, հասկնալի, գիտակցաբար ըլլայ։ Այսինքն՝ աղօթքի սիրտը պէտք է միանայ աղօթքի միտքին հետ։ Սիրտէն բխած աղօթքը պէտք է զօրանայ մտքին մէջ եւ այն ատեն երբ կ՚ամբողջանայ խօսքը՝ լսելի եւ ընդունելի կ՚ըլլայ եւ կը հասնի իր բուն նպատակին։
Ինչպէս ամէն գործի մէջ, խօսքի եւ խորհուրդի մէջ ալ անհրաժեշտ պայման է արդար եւ անաչառ ըլլալ։ Ուստի, խորհուրդը պէտք է համաձայն ըլլայ խօսքին եւ, անշուշտ, փոխադարձաբար՝ որոնց պիտի յաջորդէ գործը։ Ուստի, խօսքին պատասխանն է՝ գո՛րծը։
Երբեմն պատասխանը կ՚ուշանայ, որովհետեւ ամէն ինչ ժամանակ մը ունի՝ համբերութիւնն է այդ ժամանակը համակարգողը։ Եւ կ՚ուշանայ պատասխանը, քանի որ խօսքը պէտք եղածին պէս չէ արտայայտուած՝ անկեղծ, սրտանց եւ խորհուրդին համաձայն չէ՛։ Ուրեմն, խօսքը արդա՛ր ըլլալու է, որ լսուի եւ պատասխանուի։
Կեանքի մէջ ամէն բան դիւրին չէ, այս աշխարհի վրայ դժուարութիւններ, նեղութիւններ միշտ կան, հակառակորդներ, հակախօսներ կեանքը պայքարի մը կը վերածեն, բայց երբ դէմ յանդիման կու գանք դժուարութիւններու, նեղութիւններու, բարոյական արգելքներու, պէտք չէ՛ վհատինք, քաջալերուինք հաւատքով եւ միշտ կանգո՛ւն՝ դիմակալենք զանոնք։
Արդարեւ, «անիրաւ դատաւոր»ի առակը յարատեւութեան, հաստատամտութեան եւ անվհատութեան դասեր կը պարունակէ. հոն կայ նաեւ՝ յարատեւութեան, անվհատութեան դասեր։
Մարդ երբ բան մը կ՚ուզէ ուրիշէ մը, նախ պէտք է ինք համոզուի, հաւատայ, որ իր ուզածը օգտակար է, արդար է եւ մանաւանդ անկեղծ է եւ սրտաբուխ։ Եւ ասիկա կը պահանջէ ամուր հաւատք անշուշտ։ Ուստի, սովորական, միայն շրթունքներով արտասանուած աղօթքը «աղօթք» չէ, այլ աղօթքը պէտք է կենցաղավարութիւն մը ըլլայ՝ անդադար, անընդհատ վարմունք մը։ Այս պատճառով է, որ ըսուած է. «աղօթքի կեանք», այն իմաստով, որ ան կեանքի անհրաժեշտ մէկ մասն է, ընթացք մը՝ որ անբաժան է կեանքէն։
Մարդ կրնա՞յ ապրիլ առանց հացի եւ առանց ջուրի։ Անշուշտ չի կրնար։ Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ առանց աղօթքի ալ չի կրնար ապրիլ մարդ։ Արդարեւ, մարդուս համար «խօսիլ»ը բանական պահանջք մըն է, քանի որ մարդ «բանաւոր» արարած մըն է։ Քանի որ աղօթքը «խօսք» է, ապա ուրեմն ան ալ պահաջք մըն է։
Շատ յաճախ մարդիկ կը գանգատին, թէ իրենց աղօթքներուն անմիջապէս պատասխան չեն ստանար։ Աղօթողներուն շատերուն աղօթքի նկատմամբ տրտունջքը ա՛յս է ընդհանրապէս։
Ասիկա երկու պատճառ կրնայ ունենալ. անշուշտ որ Աստուած ամէն աղօթք կը լսէ, բայց կրնայ ըլլալ, որ ուզածը թէեւ աղօթողին նկատմամբ բարի կամ օգտակար է, սակայն Աստուծոյ համար չար է եւ վնասակար, ուրիշ խօսքով՝ այն ինչ որ կ՚ուզուի պատշաճ չէ եւ արդար։ Մինչդեռ Աստուծոյ կամքը մի՛շտ բարի, արդար եւ օգտակար է։ Յետոյ ամէն պատասխան ժամանակի մը կը կարօտի, ամէն բան ատեն մը ունի։ Մնաց որ, Աստուած անժամանակ է եւ Անոր համար ամէն ատեն «ներկայ»ն է եւ մա՛րդն է, որ ամէն ինչ կը չափէ ժամանակի եզրով։ Ուստի, Աստուած գիտէ մարդուն ժամանակը, գիտէ «ե՞րբ», «ինչպէ՞ս», «ինչո՞ւ» պէտք է պատասխանէ եւ կատարէ խնդրանքը։ Բայց սա յստակ է, Աստուած անպայմա՛ն կը լսէ ամէն խօսք, ամէն աղօթք, քանի որ Աստուած ամենատես է եւ ամենագէտ։ Աղօթքը միշտ հաւաքական է, այսինքն՝ այն որ կ՚աղօթէ, կ՚աղօթէ նաեւ ուրիշի համար ալ, եւ այսպէս ամէն մարդ կ՚աղօթէ նաեւ մէկ ուրիշին համար։
Երբ կ՚աղօթենք, զոր օրինակ, խաղաղութեան համար, պէտք է նախ մե՛նք մեր մէջ խաղաղութիւն ունենանք։ Եւ անիկա ուզենք նաեւ ուրիշներու համար։
«Անիրաւ դատաւոր»ի առակին մէջ կը ներկայացուի «դատաւոր» մը՝ որ կը ստորադասէ, կ՚անտեսէ տկարը, խոնարհը եւ համեստը։
Այս առակին մէջի դատաւորը բոլորովին հակապատկերն է Աստուծոյ՝ քանի որ ան անիրաւ է, իսկ Աստուած՝ արդա՛ր, ան աչառու է, իսկ Աստուած՝ անաչա՛ռ, ան անողորմ է, իսկ Աստուած՝ ամենողորմ։ Եւ ամէն դիրք կը պահանջէ անկողմնակալութիւն եւ արդարութիւն։ Եւ ո՛չ մէկ դիրք ուրիշներու ստորադասութեան միջոց կամ առիթ ըլլայ։
Դիրքերը, պաշտօնները, «աթոռ»ները պէտք չէ՛ գործադրուին, կիրարկուին անձնական շահեր ապահովելու համար, այլ՝ հասարակաց բարիքին եւ օգտին ի նպաստ։ Ուստի աստիճաններ, դիրքեր, «աթոռ»ներ պէտք է նուիրուին ծառայութեան, հասարակութեան օգուտին։
Դիրք ունեցողներ, ուրեմն պէտք է նախ քննեն իրենց ներքին աշխարհը՝ հոգին եւ ըստ այնմ շարժին եւ անդրադառնան, թէ «դիրք»ը ինքնահաւանութեան միջոց մը չէ՛, այլ ծառայասիրութեան զգացումին արտայայտութիւն։
Հարցը սա է, որ պաշտօնատարներ կ՚ընդունի՞ն, թէ իրենց տրուած «պաշտօն»ը հասարակութեան ծառայել է, թէ ոչ այդ «պաշտօն»ը իրենց դիրքերը, կարողութիւնները, աստիճանները ամրացնելու համար է։
Հասարակաց բարիքը եւ օգուտը ամէն բանէ առաջ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 12, 2025, Իսթանպուլ