ԱՐԱԲԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՎԱ՜Յ»ԵՐԸ

Այսօր հայկական կուսակցութիւններու պատերուն ինչպիսի՞ լոզունգներ ու արտայայտութիւններ կան փակցուած՝ չեմ գիտեր, սակայն աւելի քան երբեք վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն պարտի իր պատերուն վրայ մեծատառով ունենալ արաբ բանաստեղծին այս վերջին «վա՜յ»ը, որ ամբողջական պատկերացումն է մերօրեայ Հայաստանին. 

«Վա՜յ այն ազգին, որուն ամէն մէկ խմբակցութիւնը ինքզինք ազգ կը նկատէ»։

Արաբ բանաստեղծը մինչեւ այսօր ինն «վա՜յ» բարձրացուց, սակայն իւրաքանչիւր «վա՜յ» իրականութեան մէջ զգօնութեան կոչ էր թէ՛ մեզմէ իւրաքանչիւրիս եւ թէ մեր ազգին. ազգի մը ճակատագիրը ի վերուստ տրուած չէ. ազգի մը յաղթութիւնն ու պարտութիւնը եւս պատահականութեան արդիւնք մը չէ. ինչքան իրաւացի են ֆրանսացի փիլիսոփայ Ժան Փոլ Սարթրի բառերը. «Մարդը ոչինչ է, բացի այն բանէն՝ որ ինք կը ստեղծէ» եւ մեր պատմութիւնն ալ մեր ստեղծածն է՝ 1915 թուականը ներառեալ:

Ցաւ ի սիրտ, մեր ազգը ունի բազմաթիւ կուսակցութիւններ ու խմբակցութիւններ. դժբախտութեամբ կը յիշենք այս ճշմարտութիւնը պարզ այն պատճառով, որ անոնք բոլորն ալ նոյն նպատակին համար կը պայքարին, կ՚ուզեն հասնիլ նոյն տեղը՝ սակայն այդ «տեղ»ը միասնաբար ստեղծելու փոխարէն իրարու դէմ կը պայքարին: Դժբախտութեամբ կը յիշենք, որովհետեւ թէեւ կ՚ընդունինք, որ տարբերութիւնները անհրաժեշտ են աւելի զարգանալու եւ սեփական գաղափարը բիւրեղացնելու համար, սակայն ինչքան շատ բաժանում՝ այնքան շատ հակառակութիւն ու տկարութիւն. պէտք չէ մոռնալ ըսուած յայտնի խօսքը. «Ազգ մը զօրաւոր է միասնութեամբ. երբ կը բաժնուի՝ կը տկարանայ»: 

Մեր կուսակցութիւնները կը նմանին այն անմիտներուն, որոնք կը կռուին արեւը տեսնելու համար՝ մոռնալով, որ արեւը բոլորին համար կը ծագի, արեւը բոլորին համար է. այստեղ արեւը մեր հայրենիքն է. մեր խմբակցութիւնները, կուսակցութիւնները կը կռուին այդ արեւը՝ հայրենիքը տեսնելու, ունենալու համար, մոռնալով, որ այդ մէկը սեփականութիւնն է բոլորին եւ ո՛չ թէ մենաշնորհը անոնցմէ մէկուն: Արեւը տեսնելու համար անոնց դիմաց գոյացած է սար մը. անոնք միասնաբար սարը շրջելու եւ կամ սարին միւս կողմը անցնելու փոխարէն անիմաստ պայքար կը մղեն՝ արեւին տիրանալու համար: 

Պահ մը աչքէ անցուցէք, թէ մեր բոլոր կուսակցութիւնները ի՞նչ կ՚ուզեն. ազատ ու անկախ Հայաստան, բարօրութիւն ու բարգաւաճում, արդարութեան հաստատում, խաղաղութիւն ու ապահովութիւն. բոլորն ալ կ՚ուզեն նո՛յն բաները, պայքարիլ կը փորձեն նոյն նպատակին հասնելու, սակայն, չես գիտեր ինչպէս իրարու հետ հասնելու եւ այդ երազը իրականութիւն դարձնելու փոխարէն իրարու դէմ կը պայքարին: Մեր կուսակցութիւններն ու խմբակցութիւնները կը մոռնան, որ եթէ նպատակը նոյնն է՝ ապա գործը եւս պարտի նոյնը ըլլալ: Հաւատացէ՛ք, որ մենք ազգովի ճառախօսներու պէտք չունինք, որովհետեւ գիտենք ի՛նչն է ճիշդը, գիտենք ի՛նչն է մեր մէջ պակսողը։ Հայրենասիրութեան եւ կամ ազգասիրութեան նոր լոզունգներ, նոր նպատակներու կարիքը չունինք. մենք պարզապէս կարիքը ունինք գիտակցութեան. գիտակցելու որ, եթէ ազատ ու անկախ Հայաստան մը կ՚ուզենք ունենալ՝ պէտք է միասնութեամբ պայքարինք արտաքին թշնամիներուն դէմ եւ ո՛չ թէ ներքին թշնամութիւն ստեղծենք: 

Մեր թուականէն հազարամեակներ առաջ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ով որ մեզի հետ չէ՝ մեզի հակառակ է»։ Այսօր մեր խմբակցութիւններուն ու կուսակցութիւններուն մէջ նոյն հոգեբանութիւնն է, որ տեղ կը գտնէ եւ այդ հոգեբանութեան լոյսին տակ մէկուն յաջողութիւնը միւսին դժբախտութիւն ու անհանգստութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ, ինչպէս արաբ բանաստեղծը կ՚ըսէ. իւրաքանչիւրը ազգը իրեն սեփականութիւնը կը կարծէ: Այսօր ընտրութիւններու նախօրեակին կը լսենք նման արտայայտութիւններ. «Եթէ մեզի ընտրէ՝ կ՚ընենք». եթէ ազգը սեփականութիւնդ կը նկատես, կարիքը չունիս սպասելու, որ պաշտօնի կոչուիս՝ եւ ապա նոր սկսիս ընել, որովհետեւ ազգին համար կարեւորութիւն չունի ընողը ո՛վ է. կարեւորը իրագործումն է, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի նպատակ: 

Այսօր մեր պատմութիւնը լեցուն է եղբայրասպան ամօթալի դէպքերով՝ որոնք այսպէս կամ այնպէս կը փորձենք պատմութեան փոշիներուն մատնել: Մենք ազգ մըն ենք, որ գիտենք ճիշդը. նոյնիսկ նման երեւոյթներու համար առածներ ու խօսքեր կը ստեղծենք՝ սակայն անոր գործածութեան համար ոչինչ կ՚ընենք։ Ահաւասիկ այս խօսքերէն մի քանին. «Ուր երկու հայ կռուի, հոն թշնամին հարստութիւն կը գտնէ». մեր մօտ երկու հայ չէ, մի քանի տասնեակ հայեր օրական դրութեամբ իրարու դէմ կը կռուին... եւ կ՚ուզեն թշնամին չհարստանայ: 

Չեմ գիտեր, սակայն, տակաւին ժամանակի կը կարօտինք, հասկնալու համար, որ քաղաքական ներքին կռիւները ազգային ինքնասպանութիւն է. մեր մաղթանքն ու ակնկալութիւնն է, որ մեր խմբակցութիւններն ու կուսակցութիւնները օր մը յաջողին այդ «ես»ը «մենք»ի վերածել, որովհետեւ անոնց առաքելութիւնը պէտք է ծառայէ ժողովուրդին եւ ո՛չ ներքին բարձրացումի եւ կամ պաշտօնի մուրացկանութեան: Դարեր շարունակ հաւատացինք ու կը շարունակենք հաւատալ, որ միասնութիւնը կեանքի ճամբան է, իսկ բաժանումը՝ մահ. հաւատացինք, սակայն յոյսով ենք գործադրենք, որպէսզի «վա՜յ»ին զոհը դառնալով, ազգը չառաջնորդենք դէպի գերեզման:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Եթէ ազգ մը միասնական չըլլայ, ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ:

Պատասխան. Եթէ ազգ մը միասնական չըլլայ, խոցելի կը դառնայ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին թշնամիներուն համար: Անմիաբան ազգի մը մօտ սկիզբ կ՚առնէ հասարակական պառակտում, որուն կը յաջորդէ քաղաքացիներու միջեւ վստահութեան պակաս, իսկ այդ մէկը կը թուլացնէ միասնական ջանքերով ազգային հարցերը լուծելու համախմբուած ջանքերը: Անմիաբան ազգի մը մօտ տեղ կը գտնէ քաղաքական անկայունութիւն, տնտեսական թուլութիւն, մշակութային ինքնութեան նահանջ եւ այլ դժուարութիւններ: Միասնութիւնը ազգի մը հիմքն է, առանց որուն բարգաւաճումը դժուար կ՚ըլլայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14, 2025