ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ
«Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի». (ՂՈՒԿ. Դ 24)։
Եղիա մարգարէ (Ք. Ա. 904-850 թթ.)՝ սքանչելագործ մարգարէն. Թեզբացի՝ Գաղաադի Թեզբա քաղաքէն, Ահարոնի տոհմէն է։ Էլիյահու՝ որ կը նշանակէ. «Իմ Աստուածը Եահվէն է»։ Ամբողջ Հին կտակարանը, իր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ, օրէնքի եւ փոխադարձ արդարութեան մը սկզբունքը կը ներկայացնէ։
Եղիա մարգարէ Սինա լերան վրայ կը լսէ Տէրոջը խօսքը. «Տէրը անոր ըսաւ.- Ելի՛ր եւ լեռը Տէրոջը առջեւ կայնէ։ Ահա Տէրը կ՚անցնէր եւ Տէրոջը առջեւէն լեռները քակող եւ ապառաժները կոտրտող մեծ եւ սաստիկ հով մը ելաւ, բայց Տէրը այն հովին մէջ չէր։ Հովին ետեւէն երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։ Երկրաշարժին ետեւէն կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակին ետեւէն մեղմ եւ բարակ ձայն մը կը լսուէր։ Եւ Եղիա զանիկա լսածին պէս՝ իր վերարկուովը երեսը ծածկեց եւ ելաւ քարայրին բերանը կայնեցաւ։ Ահա անոր ձայն մը եկաւ եւ ըսաւ.- Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ գործ ունիս». (Գ ԹԱԳ. ԺԹ 11-13)։
Մեղադրելի չէր անտարակոյս Եղիան, հոգեկան իր այս տագնապին համար։ Բծախնդիր, արդար եւ մեծ հոգիներու տագնապն է, որ կ՚ապրէր ան։ Արդարեւ, «արդարութիւն»ը երկկողմանի եւ փոխադարձ է՝ մէկ կողմէ կատարուած արդարութիւնը «արդարութիւն» չէ՛։ Անտարբեր եւ չէզոք, միջակ հոգիներ գուցէ չկարենան ըմբռնել Եղիայի հոգեվիճակը՝ իր պոռթկումը, սակայն երբ հոգին բռնկած է գաղափարով մը, եւ կը ջանայ ամէն կերպով շահիլ այդ դատը, եւ երբ մանաւանդ յաջողած է մեծաւ մասամբ իր այդ յառաջդիմութեանը մէջ, նման պարտութիւն մը կրնար յուսահատութեան եւ յուսալքումի առաջնորդել զինք։
Այս ուղղութեամբ՝ լռութիւնը եւ անձայնութիւնը, միջակութիւնը թէեւ խոհեմութիւն նկատուի, անոնց ծայրայեղութիւնը կամ չափազանցութիւնը անտարբերութեան կը տանի ենթական, ինչ որ վտանգ կը ստեղծէ հասարակութեան մէջ եւ վնաս կը պատճառէ։ Ճշմարտութիւնը, արդարեւ, կ՚իրականանայ արդարութեամբ գործելու մէջ։ Իմաստասէրներ կրնան երեւոյթները դիմաւորել այնպէս՝ ինչպէս որ անոնք կը դասաւորուին, առանց պահանջելու աւելին՝ որ երեւոյթներու դասաւորումէն չի ստացուիր, սակայն, գաղափարի մարդիկ հեռո՛ւ են այդ անհոգ դատողութենէն եւ հաստատամիտ կը պահանջեն, որ երեւոյթները դասաւորուին իրենց բուռն զգացումներուն եւ փափաքին համաձայն։
Չափ, սահման եւ կշիռ. ահաւասի՛կ այն արժէքները՝ որոնք մարդուն՝ բանաւոր էակին յատուկ են, հարկ է գործածել տեղին՝ եւ արդար մարդը այն է, որ կը գործէ չափով, սահմանով եւ կշիռով։ Տեղին ձայն բարձրացնել՝ պոռթկումներ ունենալ, արդար դատ պաշտպանել, բայց տեղին՝ լռել, անձայն մնալ եւ դիտել երեւոյթները խոհեմութեամբ…
Աստուած ամէն մէկու պաշտօն մը, պարտաւորութիւն մը որոշած է. այս պարտաւորութեան միջակութեան պատրուակով անտարբեր մնալ պատուիրազանցութիւն է, եւ «մարդ» գաղափարին ներհակ շարժում մըն է։ Իմաստուն մարդը այն է՝ որ կ՚անդրադառնայ իր պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան եւ ըստ այնմ կը վարուի։ Ուստի, կրօնական եւ ընկերային մեծ բարեկարգութիւնները եւ յեղաշրջումները այս կարգի հաւատաւոր ե՛ւ իմաստուն հազուագիւտ մարդոց գործն են։
Արդարեւ, ընդհանրապէս, կ՚ըսուի, որ խղճամիտ մարդ ըլլալ բաւական է եւ ասոր համար հաւատք ունենալ՝ կրօնքի մը հետեւիլ պայման չէ։ Այսպէս խորհողներ կ՚անտեսեն այն իրականութիւնը, թէ մարդը իր խղճին անդրադարձնողը հաւատքն է. իրականութիւնը տեսնել չի բաւեր, այլ պէ՛տք է անոր պատճառը որոնել՝ «ինչո՞ւ», «ինչպէ՞ս» եւ «ի՞նչ» հարցումներուն պատասխան գտնելու նպատակով։ Ասիկա ընկերութեան վրայ կրօնական կամ բարոյական ազդեցութիւն մը ի գործ դնելու համար նախապայման է եւ անհրաժե՛շտ։
Եւ Եղիա մարգարէ տիպա՛ր մըն է այս կարգին։
Այս ճշմարտութիւնը միայն Եղիա մարգարէի պարագային չէ, անիկա կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն։ Եւ խղճի եւ անշահադէտ, պարկեշտ հաւատքի մարդոց պարտականութիւնն է անդադար պայքարիլ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ կրօնքի շեղումներուն կամ մեքենայութիւններու չէմ։
Հին կտակարանի այս հրաշալի՜ պատկերին մէջ քաղցօրէն կը փայլի եւ կը շողայ նախազգացումը եւ ներկայութիւնը ա՛յն ոգիին, զոր Աստուած յետոյ պիտի յայտնէր մարդկութեան Նոր կտակարանով։ Ինչ որ է ձգողութեան օրէնքը ֆիզիքական աշխարհի մէջ, նո՛յնն է Աստուծոյ սէրը բարոյական-հոգեւոր կեանքի նկատմամբ։ Այն Սէրը զոր օր մը պատմութեան մէջ յայտնուեցաւ մարդկութեան, Քրիստոսի միջոցաւ, իբր Ստեղծիչ, Փրկիչ, Ազատարար եւ Հա՛յր։
Հոգեւոր յաղթանակներու կերպը իմաստութեամբ, բարութեամբ եւ գեղեցկութեամբ լեցուն հոգեւոր պայքարներու հաւատարմութի՛ւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 13, 2025, Իսթանպուլ