ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Բարոյական գերազանց սկզբունքներ կան՝ որոնք միջավայր չունին՝ տիեզերական եւ համատարած են անոնք, ժամանակ չունին՝ յաւիտենական, անժամանակ են անոնք։

Քրիստոնէական թուականէն գրեթէ վեց հարիւր տարի առաջ՝ Պուտտա մը՝ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ՝ Հնդկաստանի մէջ՝ կը քարոզէր սկզբունք մը, որով միեւնոյն ուղղութեան կամ առաքինացման կ՚ուզէր առաջնորդել մարդը բացասապէս, մինչ վեց հարիւր տարի վերջ՝ Քրիտստոս կը քարոզէր նման սկզբունք մը, նոյն առաքինացման առաջնորդելու համար մարդը՝ դրական կերպով։ Սակայն այդ դրականութեան մէ՛ջն է ինքնին քրիստոնէութեան աստուածային գերազանցութիւնը եւ սկզբունքային խոր իմաստը։

Պուտտա «յաւիտենական ոչնչութիւն»ը իրեն գաղափարական ունենալով՝ Նիրվանայէն ոգեւորուած կը պատուիրէր իր հետեւորդներուն. «Չընե՛լ ուրիշին ա՛յն, ինչ որ չէին ուզեր որ ուրիշը իրենց ընէ»։ Պուտտայի վարդապետութիւնը իր բարձրութեամբը հանդերձ եսասիրութեան յատկանիշը ունի. առանձինն բարձրանալ եւ առաքինանալ, ուրիշին գործին չխառնուիլ, որպէսզի իր այդ առաքինացումը չվրդովուի՝ ուրիշին ալ իր գործին խառնուելովը։

Սակայն քրիստոնէութիւնը ատոր հակառակ կերպով հասկցաւ եւ քարոզեց կատարելութեան ուղղութիւնը. ընդհակառակը հրամայեց գործել, աշխատիլ ուրիշին համար, եւ ատոր մէջ փնտռել կեանքին բանական նպատակը։ Այսու ամենայնիւ, խնդիրը վերաբերութիւն ունենալով ընկերին, բնական կարգով՝ Քրիստոս ուշադրութիւն պէտք էր ընէր նաեւ բացասականին վրայ։ Այդպիսով նախ բացասականին մէջ կը հրահանգէ մեզի, սահման մը կը դնէ ատոր եւ ապա կ՚անցնի դրականին։

Քրիստոսի ամենէն հիանալի՜ եւ բարացուցական քարոզներէն մէկուն այդ հատուածը՝ Լերան քարոզին վերջաբանն է՝ Մատթէոսի Աւետարանին հինգ մարգարիտ փունջերէն մին։

«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք։ Որովհետեւ ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք, անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես եւ քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր». (ՄԱՏԹ. Է 1-2)։ Ահաւասիկ, ա՛յսպէս կ՚ըսէ Յիսուս։

Ո՜րքան մարդիկ կան մեր շուրջը, որ չափազանց կը սիրեն քննադատութիւնը, քանի լսած են, որ ամէն ոք ազատ է դատողութիւն ընելու. բայց այսքան միայն, շատ անգամ ուրիշ ոչինչ գիտեն, թէ ո՞վ է, որ կը դատեն, թէ ի՞նչ է քննութեան նիւթը, թէ ի՞նչ փաստեր եւ իրողութիւններ են՝ որոնց շուրջը կը դառնայ խնդիրը, եւ թէ ի՞նչ եղանակով է, որ պէտք է դատեն։ Բաւական է, որ «իրաւունք չունի՛» որոտան եւ ցուցնեն, թէ իրենց ալ խելքը կը հասնի։

Քննադատութիւնը արդարեւ նոր քաղաքակրթեալ ժամանակի ամենէն յառաջդիմական քայլն է, որ անհրաժեշտութիւն մը եղած է բոլոր խնդիրներու համար։ Մանաւանդ այնպիսի խնդիրներ՝ որոնց գիտական կամ թուաբանական ճշդութենէն կախում ունին մարդկային եւ ընկերական կեանքի հետ վերաբերութիւն ունեցող երեւոյթներ, ըլլան անոնք պատմական կամ բնական, կամ տնտեսական կամ թէ քաղաքական։

Մտքի կատարելագործեալ ուժերէն մին է քննադատութիւնը, երբ երեւոյթները ներածական մեթոտով մի առ մի կը դիտենք, նախ նոր երեւոյթները անցեալ երեւոյթներու հետ կը բաղդատենք, ատոնց տարբերութիւնները եւ նմանութիւնները կը զտենք, եւ կը յառաջբերենք եզրակացութիւն մը, որ ճշմարտութի՛ւն է։ 

Այսօր բնական գիտութիւնները, ընկերական բարքերը եւ կազմակերպութիւնները, նոյնպէս պատմութիւնը, այդ դրութեան կը պարտին իրենց լուսաբանութիւնը եւ փաստարկութիւնը։ Զոր օրինակ, փոքրիկ կաթսային մէջ եռացուած ջուրին յառաջ բերած շոգիին ուժովը անոր կափարիչին շարժիլը, պատճառ եղած է շոգեկառքերու, շոգենաւերու եւ ուրիշ մեծ գործարաններու հսկայ մեքենաներու գիւտին, թէեւ անոնք ալ բարեփոխուած են այսօր նոր գիւտերով՝ որոնք ներշնչած են բնական երեւոյթներ։ Եւ սակայն բոլոր այս գիւտերը կատարելագործուած են բազմաթիւ փորձերու, երկար տարիներու եւ շատ մը գիտուններու ամբողջ կեանքին աշխատութեամբ։

Եւ քննադատութիւնն ալ, ընկերական կազմակերպութեան մէջ ուժ եւ տեւականութիւն կը բերէ։ Սակայն կարեւորագոյն հարցը եւ մեր նպատակն է ցուցնել, թէ ինչպէ՞ս պէտք է գործադրել այդ քննադատութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 12, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025