ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԲ.)

Ծնողք եւ զաւակ յարաբերութեան միւս հիմնական ու կարեւոր մէկ երեւոյթը հաւասարութիւնն է, որովհետեւ հաւասարութիւնը իւրաքանչիւր ընտանիքի սիրոյ եւ յարգանքի մէջ վճռորոշ դեր կը խաղայ. հաւասարութիւնը տան անդամներուն մօտ գնահատուած ըլլալու զգացում կու տայ, ինչ որ կարեւոր է մանաւանդ զաւակներու զարգացման մէջ: 

Հաւասարութիւնը աւելիով կարեւոր կը դառնայ, երբ ընտանիքը բազմանդամ է եւ ծնողքը լոյս աշխարհ բերած է մէկէ աւելի զաւակներ: Մերօրեայ բացթողումներէն մէկը այս է, որովհետեւ ամէն ծնողք չունի այն գիտակցութիւնը, թէ մէկ զաւակէն միւսին միջեւ անհաւասարութիւն մը կրնայ խոր ու երկարատեւ վէրքեր ստեղծել զաւակներուն միջեւ. շատ մը ծնողներ այս մէկը պարզի տալով կ՚որակեն որպէս «նախանձ», սակայն իրականութեան մէջ նախանձէ աւելի անարդարութիւնն է, որ կը տեսնուի անոնց միջեւ: Զաւակներու միջեւ հաւասարութիւնը առիթ կ՚ըլլայ, որ իւրաքանչիւր զաւակ ինքզինք գնահատուած ու սիրուած զգայ՝ անկախ սեռէն ու տարիքէն: 

Ծնողներ ընդունին թէ ոչ, միշտ ալ ունին «նախասիրութիւն» մը. օրինակի համար՝ մէկը կրնայ յատուկ սէր ունենալ իր առաջնեկին՝ անդրանիկին համար, ուրիշ մը իր վերջինին՝ տան ամէն փոքր անդամին հանդէպ, ինչ որ զգացմունքային խոր տարաձայնութիւններ կը ստեղծէ թէ՛ անձին ներքին կեանքին եւ թէ իր եղբայր-քոյրերուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ, անոնց մէջ ստեղծելով անտեսուած եւ կամ ատուած ըլլալու զգացողութիւնը: Այս մէկը ո՛չ միայն զաւակին անհատական կեանքը կը քանդէ, այլ պատճառ կ՚ըլլայ նաեւ եղբայրական կռիւներու եւ ապագայ խնդիրներու, որովհետեւ զաւակներուն իրենց եղբայր-քոյրերուն հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնը եւս կարեւոր մէկ մասն է դաստիարակութեան: 

Վստահաբար ամէն զաւակի հետ նոյն ձեւ վերաբերիլ կարելի չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր զաւակ ունի իրեն յատուկ բնաւորութիւն եւ որոշ նախասիրութիւններ. իւրաքանչիւր զաւակ ունի տարբեր կարիքներ, բնաւորութեան թերի ու լաւ կողմեր, որոնք կը կազմեն անոր անհատականութիւնը: Վստահաբար տարիքի տարբերութեան հիման վրայ ծնողքը տարբեր վերաբերում կ՚ունենայ իւրաքանչիւր զաւակի, սակայն, երբ կը խօսինք հաւասարութեան մասին, կը խօսինք սիրոյ եւ աջակցութեան հաւասարութեան մասին. այդ մէկը մանուկ-պատանին եւ մինչեւ անգամ երիտասարդը կը թարգմանէ որպէս սիրոյ պակաս ու անարդարութիւն: 

Մանկավարժութիւնը կը փաստէ, որ շատ անգամ ծնողք մը աւելի հոգատար կ՚ըլլայ այն զաւակին հանդէպ, որ աւելիով կը պահանջէ, մինչ բնաւորութեան գիծերով որոշ զաւակներ կրնան պահանջկոտ չըլլալ եւ շատ անգամ այս տարբերութիւնը կու գայ այն եզրակացութեան, որ պահանջկոտ զաւակը շատ աւելիով հետաքրքրութիւն կը տեսնէ, քան միւսը եւ կամ միւսները: Ծնողներ պարտաւոր են իւրաքանչիւր զաւակի համար անհատապէս ջանք գործադրել եւ հաւասարակշռել ուշադրութիւնը: Այս հարցը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ մանկութեան կամ պատանեկութեան կրնայ ըլլալ մանուկը չնկատէ (թէեւ կը հաւատանք, որ անոնք գրեթէ ամէն բան կը նկատեն) եւ այդ բոլորին ազդեցութիւնը ի յայտ գայ ապագային. մանուկներու համար ամենէն ահաւոր ու սարսափելի զգացումը գնահատուած չըլլալու զգացողութիւնն է, որ ինքնաբերաբար իր հետ կը բերէ սիրուած չըլլալու համոզումը: Օրինակի համար՝ պատկերացուցէք ծնողք մը, որ անդադար գրեթէ ամէն պարագաներու հիւրերու, բարեկամներու եւ ազգականներու ներկայութեամբ կը խօսի միայն իր մէկ որդիին ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն մասին եւ միւս զաւակին մասին ընդհանրապէս անդրադարձ չ՚ունենար. բարեկամական յարաբերութեան մէջ այս մէկը կրնայ պահի մէջ բնական թուիլ, սակայն, միւս զաւակին համար այդ մէկը ունի բազմաթիւ հարցականներ, որոնք կը տանջեն իր միտքը մինչեւ օր մը հասնի այն եզրակացութեան, որ ինք տան «չուզուած» ու «չսիրուած» անհատն է, հակառակ անոր, որ ծնողքը կ՚ըսէ, թէ բոլորը «հաւասար» կը սիրէ: 

Ամէն ծնողք խօսքով իրենց զաւակները հաւասար կը սիրեն, սակայն մանուկ-պատանիին համար խօսքէն աւելի գործն է կարեւորը, որովհետեւ եթէ խօսքն ու գործը զիրար հակասեն, խօսքը կը կորսնցնէ իր արժէքը: 

Շատ անգամ այս վատ զգացումը ծնողներ իրե՛նք կը սերմանեն. օրինակի համար՝ մէկ զաւակը կը սխալի եւ այդ սխալը սրբագրելու փոխարէն ընտանիքը կու տայ եղբօր օրինակը. «Տե՛ս եղբայրդ, օրինակ ա՛ռ». կամ դասերու պարագային մէկ զաւակը տկար արդիւնքներ կ՚ապահովէ. ծնողքը այդ բացթողումին պատճառը գտնելու փոխարէն կու տայ քրոջ կամ եղբօր օրինակը. «Տե՛ս եղբօրդ նիշերը, ինչքան բարձր են. քեզի պէս չեն իր նիշերը»: Նման խօսքերով ծնողներ եթէ կը կարծեն կրնան սրբագրել իրենց զաւակները եւ լաւ արդիւնքի առաջնորդել՝ չարաչար կը սխալին. նման մօտեցումով պարզապէս մրցակցութեան վատ հոգեբանութիւն մը սերմանած կ՚ըլլան իրենց զաւակներուն մէջ. այո՛, մեծահասակներու համար մրցակցութիւնը կրնայ դրական թուիլ՝ նորանոր յաջողութիւններու հասնելու համար, սակայն, մանուկ-պատանիներու պարագային այդ մէկը կրնայ իր բացասական հետեւանքները ունենալ, որովհետեւ անոնք զարգանալու փոխարէն կրնան ունենալ ինքնագահատականի խնդիր: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Զաւակներու միջեւ խտրութիւն դնելը ինչպիսի՞ բացասական ազդեցութիւններ ունի:

Պատասխան. Զաւակներու միջեւ խտրականութիւնը կրնայ լուրջ բացասական ազդեցութիւն ունենալ անոնց յուզական ու հոգեբանական բարեկեցութեան վրայ: Այդ մէկը կրնայ զարգացնել վրդովմունք, ցած ինքնագնահատական, ինչպէս նաեւ անապահովութեան զգացում. կը զգայ, որ անարդար են անոր նկատմամբ, ինչ որ հոգեկան լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել: Խտրութիւնը կրնայ վատառողջ մրցակցութիւն ստեղծել, վնասելով ընտանեկան յարաբերութիւնները: Խտրականութեան զոհ գացած զաւակներ կրնան ունենալ վստահութեան հետ խնդիրներ եւ նոյնիսկ հասուն տարիքին ունենալ բաւարարուած չըլլալու զգացում, ինչ որ մեծապէս կ՚ազդէ անոնց անձնական եւ մասնագիտական կեանքին վրայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2025