ԲՈԼՈՐՆ ԱԼ ՏԵ՛Ղ ՈՒՆԻՆ
Վերջին տասնամեակներուն՝ մասնաւորաբար անցնող տարուան ընթացքին շատերու կողմէ հարցականի տակ դրուեցաւ եկեղեցւոյ «ազգային» ըլլալը՝ մանաւանդ երբ եկեղեցին փորձեց միջամուխ ըլլալ քաղաքականութեան: Անշուշտ, թէ՛ մամուլի մէջ եւ թէ քաղաքական զանազան ելոյթներու ընթացքին ծեծուեցաւ «ազգային» բառի նշանակութիւնը. եկեղեցին իրաւունք ունի՞ խառնուելու քաղաքականութեան, թէ ոչ։ Սակայն, միւս կողմէ, նոյնքան կարեւոր հարց է պատասխանել հետեւեալին՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ. կուսակցութիւնն ու քաղաքական ուժերը իրաւունք ունի՞ն խառնուելու եկեղեցական կեանքին ու որոշումներուն։ Եթէ այս երկուքէն մէկուն պատասխանը այո է, ապա ինքնաբերաբար միւսը եւս պէտք է «այո» նկատենք, որովհետեւ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ երկու տարբեր ճիւղաւորումներ՝ հոգեւոր եւ ազգային, տեղ մը միանալով հանդերձ ամբողջութեամբ տարբեր կառոյցներ են: Շատերու համար այդ «ազգային»ը մշակութային մասը նկատի ունի, իսկ ուրիշներու համար իր մէջ կը ներառէ նաեւ քաղաքականութիւնը, որպէս փաստ ու ապացոյց բերելով այն ճշմարտութիւնը, որ հին դարերուն՝ թագաւորներն ու եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը իրարու հետ միատեղ որոշում կայացնելով կ՚առաջնորդուէին. թագաւորութիւնը կը ստանար եկեղեցւոյ օրհնութիւնը, իսկ եկեղեցին թագաւորութեան հովանաւորութիւնը:
«Սիոն» ամսագիրը իր 1932 թուականի հոկտեմբերի թիւի խմբագրականին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ազգային Եկեղեցի: Եկեղեցիի Աստուածաբանութեան ըմբռնումին հետ չի կրնար հաշտուիլ բնաւ գաղափարը, զոր կ՚արտայայտէ այս մակդիրը: Եկեղեցին, իբրեւ հաւատքի զարգացման եւ նոյնիսկ սկզբունքներու վրայ կանգնուած հաստատութիւն մը, արդարեւ օտար կը մնայ եւ պէտք է մնայ այն բոլոր իմացումներէն՝ որոնք որեւէ կողմով կամ կերպով քաղաքական մտածում մը կը շօշափեն» («Սիոն», Զ. տարի, թիւ 10, էջ 289): Անշուշտ, «ազգային» յորջորջումը սխալ կամ թերի չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ի տարբերութիւն միւս եկեղեցիներուն՝ մեր եկեղեցին դարձած է ազգային, որովհետեւ եղած է ամենէն հզօր պաշտպանը մեր ազգային բարքերուն եւ սովորութիւններուն, լեզուին ու գրականութեան, ազգային ու բարոյական զարգացումին։ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ է, որ զարգացած է ազգը՝ իր համալսարաններով, վանքերով եւ ուսումնարաններով։ Եկեղեցւոյ յարկին տակ է, որ զարգացած է հայկական երաժշտութիւնը, արուեստը: Ազգային եղած է՝ որովհետեւ գերութեան ժամանակ, երբ չենք ունեցած պետականութիւն, չենք ունեցած ղեկավարութիւն, եկեղեցին ի՛նք առաջնորդած է ժողովուրդը: Սակայն, այս ազգային բոլոր արժէքներու կողքին պէտք չէ մոռնալ, որ եկեղեցին հոգեւոր կեդրոն է եւ ո՛չ քաղաքական հաստատութիւն մը։ Քաղաքական գործիչներ տեղի-անտեղի կը նեղանան, երբ եկեղեցին քաղաքականութեան կամ նոյնիսկ քաղաքական անձերու մասին այս կամ այն արտայայտութիւնը ունենայ, սակայն, միւս կողմէ, կը մոռնան, որ քաղաքական ուժեր իրե՛նք եւս միջամուխ կ՚ըլլան եկեղեցւոյ գործունէութեան։ Տարօրինակ մտայնութիւն ունի մեր ժողովուրդը. այս կամ այն երեւոյթին դիմաց եթէ եկեղեցին լուռ մնայ՝ կը մեղադրուի իր լռութեան պատճառով։ Բոլորը կը սպասեն, որ եկեղեցին իր կարծիքը ունենայ, իր կեցուածքը ցուցաբերէ, իսկ այս սպասումին ի պատասխան երբ իր կեցուածքը ցուցաբերէ, ապա դարձեալ քննադատութեան կ՚արժանանայ, որովհետեւ մարդոց մտայնութեան համաձայն «եկեղեցին պարտաւոր է միայն ու միայն զբաղիլ հոգեւոր գործունէութեամբ»։ Այլ խօսքով՝ լռութեան մէջ ալ, կարծիք յայտնելու ընթացքին մէջ ալ գտնուի եկեղեցին՝ մէկ է. պիտի քննադատուի:
Անշուշտ, եկեղեցւոյ կեցուածք արտայայտելը կ՚ունենայ նաեւ այլ հետեւանքներ. կողմնակալութեան հիմնական խնդիրը սկիզբ կ՚առնէ։ Օրինակի համար, եթէ այսօր եկեղեցին քննադատէ Փաշինեանի այս կամ այն կեցուածքը՝ ինքնաբերաբար պիտի դասուի ընդդիմադիրներու կողմնակից, եթէ պաշտպանէ՝ ապա Փաշինեանի կողմնակից պիտի նկատուի. կարծես եկեղեցին չի՛ կրնար իր սեփական կեցուածքն ու կարծիքը ունենալ: Անշուշտ, այս մէկը հետեւանքն է այն սխալին, որ մարդիկ մի՛շտ փորձած են գոյներու բաժնուիլ։ Երբեւէ լսա՞ծ էք եկեղեցի՝ որ «կը պատկանի» այս կամ այն կուսակցութեան. եթէ ո՛չ, ապա կրնաք Լիբանան այցելել ու տեսնել… կայ եկեղեցի, որ իր դռները կը բանայ որոշ կուսակցութեան դիմաց եւ անոր «իշխանութեան» տակ կը գործէ, իսկ այլ եկեղեցի ու եկեղեցիներ, որոնք կուսակցական միւս ուժին «կը հետեւին»։ Եկեղեցին քաղաքականութենէն հեռացնելէ առաջ քաղաքականութիւնը պէտք է եկեղեցիէն հեռացնել։ Եկեղեցին այս կամ այն կուսակցութեան «հրամանին» տակ չի՛ կրնար գտնուիլ։ Եկեղեցին այս կամ այն գոյն չի՛ կրնար ունենալ. եկեղեցին բոլորինն է։ կուսակցական խնդիրներով յայտնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Կաթողիկոսը յետ ընտրութեան արտասանած իր ելոյթին մէջ կ՚ըսէ. «Այս ընտրութեան մէջ յաղթող չկայ, յաղթուող չկայ: Գիտակցեցէ՛ք եւ մաղթեցէ՛ք, որ այս ընտրութեան մէջ յաղթողը ըլլայ միայն ու միայն Հայց. Եկեղեցին, Ս. Աւետարանը եւ քրիստոնէական մեր կեանքը, ու յաղթող ոգին ըլլայ մեր ազգային գիտակցութեան եւ ինքնաճանաչումի ոգին: Ո՛չ ոքի հանդէպ քէն եւ ատելութիւն գոյութիւն ունի կամ ունեցած է իմ սրտին մէջ: Բոլո՛րն ալ Հայց. Եկեղեցւոյ զաւակներն են, մեր Ս. Միւռոնով մկրտուած: Բոլորն ալ կրնան վստահ ըլլալ, որ այս Կաթողիկոսարանէն ներս տե՛ղ ունին»:
Այս բոլորը նկատի ունենալով այսօր սխալի մէջ է թէ՛ եկեղեցին եւ թէ քաղաքական կեանքը ղեկավարողները. մերօրեայ հակառակութիւնները այս օրերու յատուկ դէպքեր կը նկատենք, սակայն ամբողջ ապագայի մը ճակատագիրը կ՚ընդգրկէ իր մէջ։ Եկեղեցի եւ իշխանութիւն հակառակութիւնը միայն ու միայն կրնայ վնաս պատճառել թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ պետութեան. դարեր շարունակ կուսակցութիւններով, երկու եկեղեցիներով ու տարբեր ձեւերով բաժան բաժան էինք. ահաւասիկ նոր մը. եկեղեցի եւ պետութիւն:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Պէտք
չէ մոռնալ, թէ որովայնապարար եւ խաբեբայ եկեղեցականներուն քով կան գործունեայ եւ աշխատասէր եկեղեցականներ ալ, որ իրենց ազգը եւ ժողովուրդը կը սիրեն եւ գիտեն նաեւ զիրենք անոնց համար զոհել:
ԾԵՐԵՆՑ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան