ՀՈՆՈԼՈՒԼՈՒԻ ՊՈԼՍԵՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ
Խօսակցական կատակներու ժամանակ վստահաբար լսած ենք «Հոնոլուլու» դարձուածքը, որովհետեւ Հոնոլուլուն հայութեան համար հեռու է այնքան՝ ինչքան արեւը երկիր մոլորակէն. սակայն ճշմարտութիւնը այդքան այլ այդպէս չէ. այսօր Հոնոլուլուի թանգարանին մէջ տեղ կը գտնէ ստեղծագործութիւնները հայու մը, որուն մասին գրեթէ շատ քիչ բան գիտենք:
Այսօր ծննդեան օրն է այդ հայ արուեստագէտին՝ Արման Մանուկեանին, որ արմատներով պոլսեցի էր՝ ծնած էր Պոլիս: Արուեստագէտը փոքր տարիքէն ցեղասպանութենէն ազատելով հասած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ստացած էր իր կրթութիւնը, մասնաւորաբար հետեւելով Ռոտ Այլընտի գեղագիտական դասընթացքներուն: Ուսումը աւարտելէ ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ որոշ ժամանակ զբաղած է գիրքերու ձեւաւորումով. միաժամանակ զբաղած է նկարչութեամբ՝ հետաքրքրութեան առարկայ ունենալով ծովն ու կղզիները: Ապա ընդունուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծովային հետեւակին, ուր ստանձնած է քարտուղարի պաշտօնը, միաժամանակ շարունակելով իր արուեստի հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Իր աշխատանքին միատեղ Արման Մանուկեան իր գծանկարներով կ՚աշխատակցէր «Լիտըրնէք» ամսագիրին:
Իր զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք Մանուկեան կ՚որոշէ մնալ Հաւայեան կղզիներուն մէջ, շարունակելով իր աշխատանքը, գործակցելով տարբեր հրատարակութիւններու. ինչպէս օրինակ՝ «Խաղաղական ովկեանոսի դրախտ» ամսագիրին եւ ուրիշներուն:
Տարօրինակ է, որ Արման Մանուկեան հայ է, սակայն, անոր փառքը եւ վաստակը եղած է միայն օտարներուն մօտ։ Ան թէ՛ իր կենդանութեան եւ թէ մահէն ետք Հայաստանի մէջ երբեւէ անհատական ցուցահանդէս չէ ունեցած։ Առաջին անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպած է Հաւայեան կղզիներուն մէջ՝ 1929 թուականին, Հոնոլուլուի Գեղարուեստի ակադեմիան յետ մահու ցուցահանդէսներ կազմակերպած է, սակայն պոլսեցի հայուն գործերը երբեք Հայաստան չեն հասած:
Իրականութեան մէջ Արման Մանուկեանի գեղարուեստի գործերը թիւով շատ չեն, սակայն, ժամանակակիցներ անոր տուած են «Հաւայեան Վան Կոք» անունը՝ մեծարելու համար անոր արժէքը:
Ցաւ ի սիրտ, արուեստագէտ Արման Մանուկեան չէ ունեցած երկար կեանք մը. 27 տարեկան հասակին՝ 1931 թուականին ինքնասպանութեամբ վերջ տուած է կեանքին:
Արման Մանուկեանի արուեստը գնահատած են բազմաթիւ արուեստի գործիչներ. օրինակի համար, արուեստի քննադատ Կլիֆըրտ Քեսլեր սքանչացումով արտայայտուած է Մանուկեանի արուեստին մասին՝ ըսելով, որ ան յաջողած է գոյներու միջոցով տարբեր յուզական պահեր ներկայացնել:
Դժբախտաբար հայ ազգը գրեթէ մոռցած է իր այս արուեստագէտը, սակայն, միւս կողմէ, բարեբախտաբար, որ օտարը յաջողած է պահել անոր յիշատակը. Արման Մանուկեանին վերջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է անոր մահէն 80 տարիներ ետք՝ 2011 թուականին:
***
Իրականութեան մէջ այս յօդուածին նպատակը Արման Մանուկեանը ներկայացնելը չէ, այլ անոր անձին մէջէն անդրադառնալ այն դժբախտ իրականութեան, որ մենք ունինք բազմաթիւ արուեստագէտներ, բազմաթիւ հանճարներ՝ որոնք հայրենիքէն հեռու ըլլալով տրուած են մոռացութեան։ Անշուշտ, հայրենիքէն ակնկալութիւն ունենալով՝ պէտք է մտածել նաեւ, թէ արուեստագէտը ի՛նք ինչ տուած է իր հայրենիքին եւ կամ որպէս արուեստագէտ երբեւէ մտածա՞ծ է իր հայութեան մասին: Անշուշտ, այստեղ խօսքը Արման Մանուկեանին մասին չէ. խօսքը ընդհանուրին կը վերաբերի: Սակայն մտահոգութիւնը կը մնայ. մենք որպէս ազգ, ի՞նչ կ՚ընենք մեր մոռցուած արժէքները կենդանի պահելու համար. գուցէ այսօր եւս ունինք բազմաթիւ հանճարներ ու արուեստագէտներ, որոնք ազգութեամբ հայ ըլլալով, օտարին համար կը գործեն, օտարինով կ՚ապրինք, սակայն, մենք որպէս ազգ ի՞նչ կ՚ընենք զանոնք մօտեցնելու հայրենիքին, այն համոզումով, որ արուեստն է, որ ազգի մը մշակութային եւ մտային արժէքները կը զարգացնէ:
Անշուշտ, այս բոլորին մէջ մեծ դեր ունի նաեւ հայու ճակատագիրը. Արման Մանուկեան եթէ կամքէ անկախ պատճառներով գաղթած չըլլար, գուցէ ստեղծագործէր Պոլսոյ մէջ. օտար մամուլի հետ աշխատակցելու փոխարէն աշխատակցէր պոլսահայ մամուլին եւ իր նկարներուն մէջ Հաւայեան կղզիները նկարելու փոխարէն նկարէր հայոց դպրոցը, եայոց եկեղեցին եւ հայկական արժէքները: Սակայն, Պոլիսը պիտի կարենա՞ր կենդանի պահել անոր արժէքը՝ նոյնիսկ մահէն 80 տարիներ ետք: Այսօր Պոլսոյ մէջ ինչքա՞ն մոռցուած արժէքներու ունինք. Կ՚ըսուի, որ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան աւելի քան 250 մտաւորականներ ձերբակալուեցան. անոնցմէ քանի՞ն իրապէս ծանօթ է մեզի:
Այս հարցը ո՛չ միայն Պոլսոյ, այլ ամբողջ հայութեան կը վերաբերի, որովհետեւ մտաւորականներն ու արուեստագէտները ազգի մը հայելին են. պէտք է փնտռել, գտնել ու իրենց օտարութեան մէջ նոյնիսկ հայացնել։ Հայաստանի կառավարութեան, մա՛նաւանդ արուեստի թանգարանին համար դժուար բան մը չէ համագործակցիլն ու Արման Մանուկեանին համար հայրենիքի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելը. պարզապէս կամքն է, որ կը պակսի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգի մը համար արուեստագէտն ու մտաւորականը կարեւո՞ր են:
Պատասխան. Ազգի մը համար մտաւորականն ու արուեստագէտը կարեւոր են, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն մտապէս կը զարգացնեն ժողովուրդը, այլ նաեւ կը ստեղծեն մշակութային ժառանգութիւն: Արուեստագէտը իր գործերուն միջոցով հայու ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ պատմութիւնը կը ներկայացնէ, իսկ մտաւորականը վերլուծութիւններով կրթութիւնը կը զարգացնէ եւ կը նպաստէ ազգային գիտակցութեան զարգացման: Միատեղ, անոնք կ՚ապահովեն ազգի առաջընթացը, ստեղծելով աւելի իմաստուն ու հզօր համայնք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան