ԵԿՈՒՐ ԿԱՄ ԼՌԷ՛

Գուցէ սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներէն ոմանց համար «վիրաւորական» թուի այս մէկը, սակայն, ժամանակ մը ետք հասանք այն համոզումին, որ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող իւրաքանչիւր հայ՝ ի՛նչ պայմաններու բերումով ալ սփիւռքի մէջ գտնուի, «իրաւունք» չունի Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մասին կարծիք յայտնելու։ Որոշ ժամանակ դէմ էինք այս կարծիքին եւ համոզուած էինք, որ Հայաստանը կը պատկանի ամբողջ հայութեան, հետեւաբար, բոլորը համահաւասար իրաւունք ունին կարծիք յայտնելու։ Սակայն, ինչպէ՞ս փոխուեցաւ այս մէկը. բացատրե՛նք: 

Որոշ ժամանակ ետք եկանք այն համոզումին, որ սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդը պայմաններու բերումով եւ «պարտաւորուած» չ՚ապրիր սփիւռքի մէջ. անոր կեցութիւնը այդտեղ կամաւոր է եւ Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային կեանքին հետ ընդհանրապէս աղերս չունի։ Հայաստանի ներքին վիճակը իր ամենէն կատարեալ վիճակին մէջ ալ գտնուի, սփիւռքի մէջ ապրող հայութենէն շա՜տ շատեր պիտի շարունակեն մնալ ու ապրիլ այնտեղ՝ ուր այժմ կ՚ապրին։ 1915 թուականէն ետք ակամայ գաղթական դարձած ժողովուրդը՝ իր առաջին սերունդով կապուած կը մնար այն երազին, որ օր մը բախտաւորութիւնը պիտի ունենայ վերադառնալու հայրենիք։ Այդ սպասումին մեծագոյն վկան 1940-ական թուականներու ներգաղթն է։ Անոնց յաջորդող սերունդներուն մօտ այդ «երազ»ն ու «կամք»ը կը պակսի։ Այսօր անոնք չունին նոյն այդ սպասումները եւ հետեւաբար այն անձը, որ երբեւէ հայրենիք վերադառնալու երազն ու նպատակը չունի, Հայաստանի մասին կարծիք յայտնելու իրաւունքն ալ թող չունենայ, որովհետեւ փոփոխութիւն պահանջելը հեռուէն «ուզել»ով չի՛ սահմանափակուիր. այդ մէկը հայրենադարձութիւն ու աշխատանք կը պահանջէ։ Պատկերացուցէք՝ պահ մը բոլոր հայութիւնը դուրս բերենք հայրենիքէն եւ հեռուէն սկսինք այս կամ այն ուզել:

Բնական կարծուող այս իրաւունքը կ՚ուզենք արգելք դառնայ, որպէսզի մարդիկ սկսին հասկնալ ու հաւատալ, թէ շատ մը յառաջդիմութիւններ լոկ ուզելով չի կրնար սահմանափակուիլ։ Փոփոխութիւն կարելի չէ ակնկալել եթէ մարդ ի՛նք անձնապէս մասնակից չէ այդ փոփոխութեան. Փոփոխութիւնը աշխատանք կը պահանջէ. օրինակի համար՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նստած հայ ազգային մը «հզօր բանակ» կ՚երազէ եւ կ՚ուզէ, ո՞ր հայը պիտի չուզէ այդ մէկը, սակայն, հզօր բանակ ունենալու համար հարուստ եւ հզօր պետութեան կարիքը կայ։ Պետութիւն մը կը հարստանայ եւ կը հզօրանայ իր քաղաքացիներով, իր տնտեսական աճը կ՚ապրի իր ժողովուրդի հարկերով։ Այդ փոփոխութիւնը լոկ պետութենէն կամ հայրենիքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդէն սպասել հնարաւոր չէ։ Անշուշտ, որպէս հակադրութիւն այս բոլորին, շատեր պիտի գտնուին, որոնք հետեւեալ առարկութիւնը ընեն. պետութիւնը այդ հարկերն ու տնտեսութիւնը լաւագոյնս չի կառավարեր եւ բանակը զարգացնելու փոխարէն՝ սեփական շահեր կը հետապնդէ։ Այս կէտին եւս մեղաւորը ժողովուրդն է։ Այսօր հայ ժողովուրդը ընդհանուր աւելի քան տասը միլիոն կը հաշուէ։ Անցնող ընտրութիւններուն մասնակցած են ընդհանուր մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար մարդ. ո՞ւր են մնացած ութ միլիոնը։ Կառավարութիւնը եթէ սխալ է, ապա ո՛չ թէ կառավարողները, այլ այդ մարդիկը կառավարութեան պաշտօնին առաջնորդողները պէտք է մեղադրել։ Սփիւռքի հայրենասէրներուն երազած Հայաստանը զէնքէն առաջ պատասխանատուութեամբ, երկրի զարգացման մէջ անմիջական մասնակցութիւն բերելով կրնան սատարել: 

Վահրամ Մավեան աւելի քան կէս դար առաջ գրած իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը մեղադրէր բոլոր այն սփիւռքահայերը, որոնք զբօսաշրջիկի զգացումով Հայաստան կ՚այցելեն՝ կարծելով, որ եւրոպական զարգացած երկիրներ այցելելու փոխարէն Հայաստան այցելելը ազգասիրութեան մե՜ծ երեւոյթ մըն է: 

Անշուշտ, այս բոլորին մէջ մեղաւոր է նաեւ դպրոցը, մեղաւոր է կուսակցութիւնը։ Երկար ժամանակ սփիւռքի մէջ հայրենասիրութեան ի՛նչ ըլլալը սխալ ձեւով բացատրուեցաւ նոր սերունդին։ Շատեր կարծեցին, որ հայրենասիրութիւնը ամէ՛ն տարի հայրենիքի համար հանգանակուող հիմնադրամներուն մի քանի «ղուրուշ» նուիրել է: 

Աշխարհի մեծամասնութիւնը կ՚ատէ իսրայելացի ժողովուրդը. սիրելի են թէ ատելի՝ մեզ չի հետաքրքրեր, սակայն, ազգովին պէտք է դասեր քաղենք անոնցմէ. անոնք ոչինչէն յաջողեցան ստեղծել իրենց չունեցած հայրենիքը. պատահականութեամբ տեղի չունեցաւ այդ մէկը. անոնք կրցան միութիւն ըլլալ, կրցան որոշ արժէքներով իրարու կապել աշխարհի տարածքին գտնուող բոլոր իսրայէլացիները՝ որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս իրենց նպաստը բերէին «հայրենիք»ի ստեղծման։ Մենք ոչինչէն հայրենիք մը ստեղծելու կարիքը չունինք. բախտաւոր ենք, որ ունինք տակաւին ազատ ու անկախ հայրենիք մը, սակայն, եղածը պահելու լուրջ խնդիրի մը դիմաց կը գտնուինք։ Ոչինչէն Իսրայէլը ստեղծող ժողովուրդի մը դիմաց՝ եղած Հայաստանը պահելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուինք: 

Այո՛, այսօրուան երիտասարդ սերունդը մեր վաղուան ապագան է։ Մեր ազգի վիճակը կախեալ է անոնց դաստիարակութենէն եւ անոնց որոշումներէն, սակայն, ապագան փրկելու համար պէտք է ներկան ամուր հիմքերու վրայ դնել։ Այդ հիմքը Եւրոպայի կամ այլ զարգացած երկիրներու մէջ հանգիստ վիճակով նստելով կարելի չէ՛ կառուցել. կա՛մ պէտք է ամբողջ հայութիւնը համոզուի՝ օր մը հայրենիք վերադառնալու սրբազան գաղափարին, կամ առ յաւէտ հեռու մնայ թէ՛ Հայաստանի քաղաքական եւ թէ ազգային հարցերէն:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Պէտք է լքել հայը, որքան ատեն որ կ՚ըսէ սէր չկայ մեր մէջ, այսինքն հայը իր ազգակիցը չի սիրեր, որքան ատեն որ հայը իր ազգային փրկութեան մասին այլեւս յոյս չունի եւ ատով իսկ ոչինչ կ՚ընէ, պէտք է հեռանալ հայէն:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026