ԿԱՆԱՅԻ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ

Իր հրապարակային կեանքին սեմին, Յիսուս հարսանիքի մը տօնակատարութեան ժամանակ Իր առաջին նշանը՝ հրաշքը կը գործէ՝ Իր Մօր խնդրանքով. (ՅՈՎՀ. Բ 1-11)։ Եկեղեցին Յիսուսի Կանայի հարսանիքին ներկայութեան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ։ Անոր մէջ կը տեսնէ ամուսնութեան պատուականութեան արժեւորումը եւ նախանշանը, թէ այնուհետեւ ամուսնութիւնը Քրիստոսի ներկայութեան ազդու նշանը պիտի ըլլայ։

Աւետարանը կը յայտնէ մեզի, թէ Մարիամ ի՛նչպէս կ՚աղօթէ եւ կը բարեխօսէ հաւատքով, Կանայի մէջ. (ՅՈՎՀ. Բ 12), Յիսուսի Մայրը կը դիմէ Իր Որդիին՝ հարսանեկան խնջոյքի մը կարիքներուն համար։ Ան նշանն է ուրիշ Խնջոյքի մը՝ որ հարսանեկան խնջոյքն է Գառնուկին, որ Եկեղեցւոյ Իր Հարսին խնդրանքով Իր Մարմինը եւ Իր Արիւնը կ՚ընծայէ։ Իսկ Նոր ուխտի ժամուն՝ Մարիամ լսելի կ՚ըլլայ Խաչին ոտքին. (ՅՈՎՀ. ԺԹ 25-27), իբրեւ Կին, իբրեւ Նոր Եւա, իբրեւ ճշմարիտ Մայր ողջերուն…

Յիսուս նկատի չառաւ ժամանակի սրբութեան չափանիշները. Ան սրբութիւնը ձեւակերպութեան, ցուցամոլութեան մէջ չընդունեց, այլ սրբութեան տուաւ «ներքին արժէք» մը։ Յիսուս ցոյց կու տայ, թէ՝ ամէն բարի բանի չափազանցութիւնը չարիք եւ մեղք կրնայ ստեղծել, նոյնիսկ ամենէն սովորական եւ անմեղ արարքներ երբ շեղին իրենց նպատակէն՝ չափազանցուին, կրնան մեղքի վերածուիլ. զոր օրինակ՝ ճաշելը, ուտելը բնական եւ սովորական արարք մըն է, բայց երբ չափազանցուի՝ մարմնապէս կրնայ վնասել ենթական, իսկ հոգեպէս կրնայ մեղքի վերածուիլ՝ որկրամոլութիւն, այսինքն՝ շատ ուտելու ախտ, փորապաշտութիւն, որ եօթը մահացու մեղքերէն մէկն է։ Այս օրինակները կարելի է բազմացնել։

Ժողովողի Գիրքի մէջ ցոյց կը տրուի, որ ամէն բան իր ժամանակը, ատենը ունի. «Ամէն բանի ատենը կայ եւ երկինքի տակ եղող ամէն գործի՝ դիտաւորութեան ժամանակը։ Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ, տնկելու ժամանակ եւ տնկուածը խլելու քաղելու ժամանակ, մեռցնելու ժամանակ եւ բժշկելու ժամանակ, փլցնելու ժամանակ եւ շինելու ժամանակ, լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, սուգ ընելու ժամանակ եւ կաքաւելու ժամանակ, քարեր դուրս նետելու ժամանակ եւ քարեր հաւաքելու ժամանակ, գրկելու ժամանակ եւ գրկէ հեռացնելու ժամանակ, փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ, պատռելու ժամանակ եւ կարելու ժամանակ, լռելու ժամանակ եւ խօսելու ժամանակ, սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ, պատերազմի ժամանակ եւ խաղաղութեան ժամանակ…». (ԺՈՂՈՎ. Գ 1-8)։

Եւ Յիսուս ըսաւ. «… իմ ժամանակս դեռ հասած չէ». (ՅՈՎՀ. Բ 4), բայց հնազանդեցաւ իր Մօր…։

Ամէն բան իր ժամանակը ունի, եւ ժամանակը պէտք է գործածուի առանց չափազանցելու եւ միշտ բարիին եւ օգտակարին ի նպաստ…։ (Տ. Գէորգ Քհնյ. Ապեանի խօսած 19.1.2025 թուականի իմաստալից եւ օգտաշատ քարոզէն)։

Կանայի հարսանիքը հաւատքի եւ հրաշքի խորհրդաբանական արժէք ունի։ Արդարեւ, ջուրը ինքնին անհամ է, բայց երբ գինիի վերածուի՝ ախորժ, ճաշակ եւ արժէք կը ստանայ, եւ քանի որ գինին Յիսուսի Արեան խորհրդանիշն է, ապա ուրեմն ան ախորժելի է եւ բաւականութի՛ւն։ Այս նաեւ չափաւորութեան խորհուրդը կը բովանդակէ իր մէջ։

Արդարեւ, հարսանիքը, խնջոյքը առանց գինիի կարելի չէ կատարելութեան հասնի, գինին հարսանիքի անբաժանելի տարրն է։

Ուրեմն՝ հարսանիքը կեա՛նքն իսկ է, եւ որպէսզի ան իր կատարելութեան հասնի՝ երանելի՜ ըլլայ, անհրաժեշտ է գինին, այսինքն Յիսուս Քրիստոսի Արիւնը։ Ուրիշ խօսքով կեանքը իմաստ կը ստանայ եւ կը կատարելագործուի Յիսուսի ներկայութեամբ, Անոր փրկարար էութեամբ։ Եթէ գինին կը պակսի՝ կեանքը անտանելի ընթացք մը կ՚ըլլայ՝ աննպատակ եւ անշահ։

Այն կեանքին մէջ՝ ուր Աստուած բացակայ է, կիսատ եւ անկատար կեանք մը կ՚ըլլայ ան, ինչպէս Կանայի հարսանիքին՝ ուր գինին պակսեցաւ եւ ջուրը գինիի վերածելով՝ Յիսուս զայն կատարելագործեց եւ կիսատ չթողուց։

Առանց Աստուծոյ կատարելութիւն գոյութիւն չունի՛. Աստուած ստեղծեց եւ Ան կը նախախնամէ, կը հոգայ Իր արարածը։

Այն հրամանները, որոնք դատարկ են եւ անգործադրելի՝ վերջացած է անոնց կենսատու պաշտօնը։ Այս իմաստով, Կանայի հարսանիքին Աստուածամօր խօսքը, թէ՝ «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք». (ՅՈՎՀ. Բ 5), կը նշանակէ՝ Աստուծոյ հնազանդիլ՝ կեանքի յաջողութեան, կատարելութեան, երջանկութեան եւ փրկութեան միակ ճամբան է, որ կը փարատէ կէս մնալու վախը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 14, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 15, 2025