ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ՝ ԲԱՅՑ ՈՉ ԱՂՔԱՏ

Իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար անընդունելի իրողութիւն է տեսնել հայ մուրացկան։ Անշուշտ, այս մէկը պէտք չէ հասկցուի այնպէս, որ սփիւռքի հայութեան մէջ չկան աղքատներ։ Աղքատութիւնը մի՛շտ եւ ամէն տեղ ալ կայ, սակայն, մուրացկանութիւնը այլ երեւոյթ մըն է: Լիբանանի մէջ տեսած ենք բազմաթիւ աղքատ ու անօգնական ընտանիքներ, սակայն, երբեւէ անոնց մուրալը տեսած չենք։ Եկեղեցին, կուսակցութիւնները, ընկերային միութիւնները իրենց կրցածին չափ օգնութիւն ցուցաբերած են եւ ինչ պարագաներու մէջ ալ յայտնուին, մուրացկանութեան չեն դիմած: 

Սակայն, Հայաստանի մէջ պատկերը տարբեր է. հայ մուրացկան տեսնելու զգացումը սփիւռքահայը երբեք պիտի չկարենայ հասկնալ, մինչեւ իր սեփական աչքերով չտեսնէ հայ մը, որ դրամ կը խնդրէ՝ հաց գնելու համար: Անշուշտ, անոնցմէ քանի՞ն իրապէս անօգնական է եւ քանի՞ն շահադիտական նպատակ ունի՝ քննարկման լուրջ խնդիր է, որովհետեւ շատ աւելի առաջ եւ վեր կայ հայու արժանապատուութեան հարց մը. Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ գաղութներու մէջ փոխանցուած հայրենասիրութիւնը մարդուն կու տայ հպարտութիւն մը, սուտ համոզում մը, որ հայը չի կրնար մուրացկան ըլլալ, հայը չի կրնար պոռնիկ ըլլալ, հայը չի՛ կրնար գող ըլլալ, սակայն, ճշմարտութիւնը կը մնայ ճշմարտութիւն. ինչպէս ամէ՛ն ազգի մէջ, մեր մէջ ալ գոյութիւն ունի գողը, պոռնիկն ու մուրացկանը: 

Սակայն, Հայաստանի մէջ մուրացկանութիւնը կրնայ արդարանալ այն դժբախտութեամբ, որ ծերերու տրամադրուած թոշակը իրականութեան մէջ կեանքի ամենէն պարզ պէտքերը հոգալու համար նոյնիսկ անբաւարար է: Այո, Հայաստանի մէջ կան հարուստներ, կան մարդիկ, որոնք կ՚ապրին եւրոպացիէ, ամերիկացիէ մը շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ, սակայն, միւս կողմէ, բնակչութեան մեծ մասը կը շարունակէ ապրիլ աղքատութեան մէջ. կ՚ապրին չնչին եկամուտով՝ որ իրականութեան մէջ բաւարար չէ կենսական նուազագոյն պահանջները հոգալու: Հայաստան երկիր մըն է, ուր գոյութիւն ունի անհաւասարութիւն եւ այդ մէկը վստահաբար կու գայ ո՛չ թէ անհատներէն, այլ՝ պետութենէն: 

Տնտեսագէտ մը չեմ, սակայն զգալի է, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի լուրջ կազմակերպուածութեան պակաս մը։ Հայ ժողովուրդը ունի բերրի հող, սակայն, չես գիտեր ինչո՞ւ, կախեալ կը շարունակէ մնալ ռուսէն ու պարսիկէն. Հայաստանի շուկան այսօր ողողուած է պարսկական եւ ռուսական արտադրութիւններով եւ զարմանալի ձեւով անոնք շատ անգամ աւելի աժան են՝ քան հայկական արտադրութիւնը։ Այդ կախուածութիւնը մի քանի ներմուծողներ հարուստ կը դարձնեն եւ կը տկարացնեն երկրի մը տնտեսութիւնը, որովհետեւ վերջաւորութեան շահողը կ՚ըլլայ ռուսը, պարսիկը եւ վաճառականը եւ ո՛չ ժողովուրդը: 

Հայաստանի նիւթական տնտեսութեան տկարութեան մէկ այլ պատճառն է Երեւանէն դուրս ապրող ժողովուրդի «անտեսում»ը. անտեսում ըսելով նկատի ունինք այս մէկը. ցաւ ի սիրտ, մեր ազգը իր ամբողջական ուժն ու կեդրոնացումը տուած է Երեւանին։ Համալսարաններ, հիւանդանոցներ, գործատեղիներ եւ գրեթէ ամէն ինչ կը գտնուի Երեւանի մէջ. մարզերը՝ գիւղերը կամաց կամաց կը պարպուին եւ այս մէկը պետական մակարդակով մտահոգութեան եւ ուշադրութեան նիւթ չի՛ դառնար: Այսօր Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ գիւղեր, ուր երիտասարդներ չկան. դպրոցը աւարտող երիտասարդը ուսման համար կու գայ Երեւան եւ 3-4 տարուան մէջ քաղաքի կեանքին վարժուելով՝ չ՚ուզեր վերադառնալ իր ծննդավայրը։ Անոնցմէ շատեր իրենց ուսման ճամբով գործեր կը գտնեն, իսկ ուրիշներ կը փորձեն Երեւանի մէջ իրենց գոյութիւնը ապահովել՝ դժուարին պայմաններու մէջ: Այսօր ունինք գիւղեր, որոնց ծերերը երբ մահանան՝ անմարդաբնակ պիտի դառնան: 

Կը հաւատանք, որ Հայաստանի պետութիւնը լուրջ ձեւով պէտք է աշխատի այդ գիւղերուն մէջ գործատեղիներ ստեղծելու, որովհետեւ գիւղացիին լաւ պայմաններ տալով՝ գիւղի մը, մարզի մը ապագան կարելի կ՚ըլլայ փրկել: Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն յետոյ Հայաստանի արտաքին պարտքը աւելցած է մօտաւորապէս 7 միլիառ տոլարով. այդ գումարներէն քանի՞ն իրապէս ծառայած է մարզերու եւ գիւղերու մէջ ապրող ժողովուրդին կեանքը բարելաւելու: Ինչպէս ամէ՛ն պետութիւն, մեր պետութիւնը եւս կը հպարտանայ իր ճանապարհաշինութեամբ. սակայն, ճշմարտութիւն է, որ նորոգուած ճամբաները ո՛չ գիւղացիին ապագային նպաստ մը ունի եւ ո՛չ ալ անոր նիւթական բարօրութեան: 

Այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլայ, որ կամաց կամաց ժողովուրդին մէջ մեռնի հողագործութիւնը։ Հայաստանի մէկ այլ խոցելի կէտը այն է, որ Հայաստանի դրամատուները ժողովուրդին շատ դիւրութեամբ պարտքի գումար կը հայթայթեն. որովհետեւ ժողովուրդը չունի տնտեսական գիտելիք, կամայ թէ ակամայ կ՚իյնայ դրամատուներու հսկայական տոկոսներու ճնշումին տակ: 

Այս բոլորին մասին կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ժողովուրդի մը կեանքը փոխելու համար նախ պէտք է բարձրացնել անոր աղքատ դասակարգին կարողութիւնները. պէտք է ստեղծել ներքին տնտեսութիւն. զարգացնել գիւղատնտեսութիւնը եւ ստեղծել ուրիշէն անկախ վիճակ մը: 

Հետեւաբար հաւատացող ենք, որ մինչեւ պետութիւնը լաւապէս աշխատանք չտանի՝ ո՛չ Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի յառաջդիմէ եւ ո՛չ ալ մուրացկանութիւնը վերջ գտնէ. բոլորս ալ լսած ենք, որ Հայաստանի մէջ գործ կայ, դրամ կայ.... սակայն, մի քանի անհատի հարստանալը պէտք չէ համեմատել կամ շփոթել ժողովուրդի բարօրութեան հետ:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կա՞յ երկիր մը, ուր մուրացկաններ չըլլան:

Պատասխան. Աշխարհի մէջ չկայ այնպիսի երկիր մը, ուր գոյութիւն չունենան մուրացկաններ՝ նոյնիսկ ամենէն հարուստ եւ զարգացած երկիրներու մէջ: Տարբերութիւնը այն է, որ որոշ երկիրներու մէջ այդ երեւոյթը քիչ է՝ ընկերային ապահովութեան, աշխատատեղիներու առատութեան եւ պետական աջակցութեան շնորհիւ: Այն երկիրները՝ որոնք չունին այս երեք հիմնական կէտերը՝ աւելի աղքատութեան, անգործութեան եւ ընկերային անհաւասարութեան մէջ կը գտնուին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 15, 2025