ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, բայց, մեր հայոց պատմութեան դասագիրքերը, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրը ամբողջական ու ճիշդ պատկերացում մը չեն փոխանցեր Հայաստանի Ա. հանրապետութեան ստեղծումին, ինչպէս նաեւ անոր տապալման մասին. մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատ շատեր լոկ գիտեն 1918 թուական մը, մի քանի հատ ու կտոր անուններ... ու վերջ: Ահաւասիկ, մի քանի շաբաթներ առաջ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան տօնն էր, սակայն որպէս ժողովուրդ կը շարունակենք մնալ անտեղեակ:
Անկախութեան ժամանակաշրջանը լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է աչքի առջեւ ունենալ ժամանակը. այնպէս մը չէ, որ խաղաղութեան եւ հարստութեան մէջ հիմնուեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը եւ մի քանի սխալներու պատճառով դարձեալ կործանեցաւ: Կար բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնք հայ ժողովուրդը՝ մանաւանդ նորաստեղծ կառավարութիւնը պարտէր յաղթահարել:
Ա.- ՍՈՎ.- Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր սնունդի պակաս. մանաւանդ ցեղասպանութենէն ետք բազմաթիւ փախստականներ մահապուրծ հասած էին Երեւան եւ Կիւմրի. այդ թուականներուն ո՛չ ներմուծելու հնարաւորութիւն կար եւ ո՛չ ալ զարգացած էր հողագործութիւնը եւ կար սնունդի լուրջ պակաս: Այս վիճակը լաւապէս հասկնալու համար բաւարար է դիմել ժամանակակից մի քանի օտար հեղինակութիւններու. օրինակի համար՝ «Near East Relief» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ճէյմս Պարթոն իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «1918 թուականին Հայաստանի ժողովուրդը բառացիօրէն կը մեռնէր սովէն: Մանուկները խոտ, արմատներ ու նոյնիսկ կաշուէ բաներ կ՚ուտէին՝ պարզապէս գոյատեւելու համար: Այս ընթացքին հազարաւոր մարդիկ մահացան»:
Հայաստանի Ա. հանրապետութեան համար լուրջ խնդիր էր այդ թշուառ վիճակը. ի տես այդ բոլորին՝ զօրավար Անդրանիկ իր օգնութեան յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէր. «Թշնամւոյն ահեղ ուժը, իր անհամար գնդացիրներն ու թնդանօթները չէին կրնար երբեք սարսել մեզ ու երկիւղ ազդել մեր սրտին, բայց համատարած թշուառութիւնը որ կը հետեւէր ու կը շրջապատէր մեզ, մերկ, անպատսպար ու սովալլուկ որբերու եւ այրիներու սրտակեղեք ճիչերը, որոնք հարիւրներով իրենց աչքերը կը փակէին ամէն օր բրդուճ մը չոր հացի կարօտով, արիւնը կը սառեցնէր մեր երակներուն մէջ եւ սարսուռով կը պատէր մեզ»:
Իրականութեան մէջ մենք սով չենք ապրած եւ գուցէ այդ իսկ պատճառով չենք կրնար պատկերացնել, թէ ինչ ըսել է ազգի մը սովամահ ըլլալը. այդ իսկ պատճառով կը դիմենք ժամանակակիցներուն՝ աւելիով հասկնալու համար այդ մէկը։ Միջազգային Կարմիր խաչի 1919 թուականի հաշուետուութեան մէջ կը կարդանք. «Երեւանի մէջ հանդիպեցանք մարդոց, որոնք օրերով չէին կերած: Մանուկները ծառերու տերեւներ կ՚ուտէին». իսկ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան առողջապահութեան աղբիւրներուն մէջ կը կարդանք. «Երեւանի փողոցներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ սովամահ մարդոց դիակներու: Հացի համար կռիւներ տեղի կ՚ունենար: Բժիշկները միջոցներ չունենալով, ստիպուած մարդիկը տուն կը ղրկէին՝ սովէն մեռնելու»:
Բ.- Կարծես սովը բաւարար չ՚ըլլար, հայ ժողովուրդը լուրջ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու դէմ կը պայքարէր։ Տարածուած էր «տիֆ» հիւանդութիւնը (typhoid fever)։ Սնունդի պակասի, ինչպէս նաեւ աղտոտ ջուրի օգտագործման պատճառով մարդիկ կ՚ունենային տաքութիւն՝ մինչեւ 40 աստիճան, թուլութիւն, գլխացաւ եւ այլ աննկարագրելի ցաւեր. այդ թուականներուն Հայաստան գտնուող ամերիկացի բժիշկ Հարվէյ Փարոն կը գրէ. «Ես տեսած եմ, թէ ինչպէս ամբողջ գիւղ մը մահացած է տիֆի պատճառով: Դեղօրայք չի կար։ Մարդիկ կը մեռնէին իրենց ընտանիքներով»: Նման արտայայտութիւն մը կարելի է գտնել Երեւանի որբանոցներէն մէկուն մէջ պաշտօնավարած ամերիկացի բժիշկ Ճոն Մակնալիի մօտ. «Տիֆը օրական կը սպաննէր հարիւրաւոր մարդիկ: Անբացատրելի էր տեսնել, թէ ինչպէս մանուկներ գիշերով իրարու քով քնացած կը մեռնէին բարձր ջերմաստիճանի պատճառով»: Պարզապէս վիճակը աւելի յստակ դարձնելու համար կ՚ուզենք յիշել Ֆրանսայի Կարմիր խաչի 1919 թուականի զեկոյցը. «Համաճարակը խլեց ամբողջ որբանոցին եւ անձնակազմին կեանքը։ Մանուկները արիւն կը հազային եւ դեղօրայք չի կար. անոնք կը մեռնէին՝ օգնութիւն աղերսող աչքերով մեզ նայելով»:
Այս բոլորի կողքին կար պատերազմական իրավիճակ. այս բոլորին կողքին կար նիւթական անկայունութիւն։ Առաջին հանրապետութիւնը չունէր բանակ, չունէր դրօշ, չունէր թղթադրամ. անոնք այդ դժուարին պայմաններուն մէջ փորձեցին Հայրենիք պահել եւ եթէ համաձայնեցան օտար պետութեան «լուծին» տակ յայտնուիլ, ապա միայն ժողովուրդը սովէն փրկելու համար էր, որովհետեւ եթէ այդ հիւանդութիւններուն եւ սովին վերջ չտրուէր, այսօր Հայաստանի վիճակը կրնար ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ: Առաջին հանրապետութեան նուիրեալները այս պայմաններու մէջ փորձեցին ստեղծել ազատ անկախ Հայաստան մը՝ որ իրապէս ալ դիւրին չէր, որովհետեւ ժողովուրդի հիւանդութիւնն ու սովամահ վիճակը շատ աւելի մեծ վտանգ էր՝ քան արտաքին թշնամիները:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ էր Հայաստանի վիճակը 1918 թուականին:
Պատասխան. 1918 թուականին Հայաստանի վիճակը ծայր աստիճան ծանր էր: Համաշխարհային Ա. պատերազմին, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան պատճառով բազմաթիւ գաղթականներ լեցուած էին Հայաստան եւ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր սով եւ հիւանդութիւն: Հայութիւնը կ՚ապրէր խիստ պայմաններու մէջ. կար դեղի, սնունդի եւ տարրական պէտքերու պակաս: Տարածքին մէջ կար հիւանդութիւններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան